Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ կարդալ Աստուածաշունչը

Ինչո՞ւ կարդալ Աստուածաշունչը

Գլուխ 1

Ինչո՞ւ կարդալ Աստուածաշունչը

Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր շա՜տ խնդիրներ կան, բայց շատ քիչ՝ լուծումներ։ Միլիոնաւորներու համար անօթութիւնը առօրեայ հարց է։ Թմրեցուցիչի մոլիները օրէ օր կ’աւելնան։ Երթալով աւելի շատ ընտանիքներ կը քայքայուին։ Ազգապղծութիւնը եւ ընտանեկան բռնութիւնները յաճախ լուրերուն մաս կը կազմեն։ Մեր շնչած օդը եւ խմած ջուրը աստիճանաբար կը թունաւորուին։ Այս բոլորին հետ մէկտեղ, երթալով աւելի շատ անհատներ ոճիրի զոհ կը դառնան։ Կը խորհի՞ք թէ այսպիսի խնդիրներ օր մը լուծում պիտի գտնեն։

1. (Յառաջաբանը ներառեալ.) Արդի ի՞նչ խնդիրներ ցոյց կու տան թէ մարդկութիւնը առաջնորդութեան կը կարօտի։

ԱՅՍ բոլորէն զատ, կապրինք դժուար որոշումներու դարու մը մէջ։ Շատեր, զոր օրինակ, բուռն կերպով կը հակառակին վիժումին, զայն կոչելով անծիններու սպանութիւն։ Ուրիշներ նոյնքան ուժգնութեամբ կը խորհին թէ կիները իրենք իրենց մարմիններուն վրայ հեղինակութիւն ունին եւ այսպիսի խնդիրներու մէջ որոշում տալը անոնց կիյնայ։ Շատեր միասեռականութիւնը, պոռնկութիւնը եւ նախամուսնական սեռային յարաբերութիւնը անբարոյութիւն կը նկատեն։ Իսկ ուրիշներ կը խորհին թէ այսպիսի սովորութիւններ անձնական ընտրութեան հարց են։ Ո՞վ իրաւասութիւն ունի ըսելու թէ ո՛վ շիտակ է եւ ո՛վ՝ սխալ։

2, 3. Ներկայիս, շատեր ինչպէ՞ս կը նկատեն Աստուածաշունչը։

2 Աստուածաշունչը բարոյական հարցերու մէջ առաջնորդութիւն կը մատուցանէ եւ ոճիրի, անօթութեան ու ապականութեան խնդիրներուն ազդեցիկ լուծումներ կու տայ։ Սակայն դժուարութիւնը այդ է որ շատեր Աստուածաշունչը այլեւս չեն նկատեր որպէս այս խնդիրներուն մէջ հեղինակութիւն ունեցող գիրք մը։ Ժամանակին՝ առնուազն Արեւմտեան երկիրներուն մէջ՝ անոր յարգանքով մտիկ կընէին։ Թէեւ Աստուածաշունչը մարդոց կողմէ գրի առնուած էր, սակայն անցեալին, Քրիստոնեայ Աշխարհին մեծամասնութիւնը զայն կընդունէր որպէս Աստուծոյ Խօսքը եւ կը հաւատար որ Աստուած անձամբ ներշնչած էր անոր բովանդակութիւնը։

3 Այսօր սակայն, նորաձեւութիւն դարձած է ամէն բանի՝ սովորութիւններու, գաղափարներու, բարոյագիտութեան, նոյնիսկ Աստուծոյ գոյութեան՝ վրայ կասկածիլ։ Մարդիկ մասնաւորաբար Աստուածաշունչին արժէքը կասկածի տակ կը դնեն։ Այնպէս կը թուի որ շատեր զայն ժամանակավրէպ կը նկատեն եւ այս հարցերուն հետ՝ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցող։ Արդի մտաւորականներէն քիչեր զայն կը նկատեն որպէս Աստուծոյ Խօսքը։ Շատեր, ընդհակառակը, պիտի համաձայնէին ուսումնական Ճէյմս Պառին հետ, որ գրեց. «Ըստ ինծի, սուրբ գրային աւանդութեան կազմութիւնը պարզապէս մարդկային աշխատանքի յօրինուածք մըն է։ Անիկա իր հաւատալիքներուն մասին մարդուն խօսքն է»։1

4, 5. Ինչո՞ւ կենսական է գիտնալ թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ՞ ներշնչուած է թէ ոչ։ Այս գրականութեան նպատակը ի՞նչ է։

4 Ձեր կարծի՞քն ալ այս է։ Աստուածաշունչը կը նկատէք որպէս Աստուծո՞յ խօսքը, թէ՝ մարդոց։ Ձեր պատասխանը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, հետեւեալը նկատի առէք. Եթէ Աստուածաշունչը պարզապէս մարդոց խօսքն է, այդ պարագային տրամաբանականօրէն մարդկութեան խնդիրները անլուծելի են։ Մարդիկ պարզապէս իրենց ամբողջ ոյժով պէտք է պայքարին, յուսալով կերպով մը խուսափիլ իրենք զիրենք թունաւորելէ, կամ կորիզային պատերազմով մը իրենք զիրենք կործանելէ։ Սակայն եթէ Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է, ուրեմն ճիշդ անոր պէտք ունինք, որպէսզի կարենանք այս դժուարին ժամանակներէն անվնաս դուրս գալ։

5 Այս գրականութիւնը պիտի ապացուցանէ որ Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է։ Այս գրքին հրատարակիչները կը յուսան որ, անձամբ իրողութիւնները քննելէ ետք, դուք ալ անդրադառնաք թէ Աստուածաշունչը մարդկային խնդիրներուն միակ վաւերական լուծումը կը պարունակէ։ Բայց նախ կուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել կարգ մը իրողութիւններ որոնք Աստուածաշունչը ձեր նկատողութեան կարժանացնեն։

Մեծ Տպաքանակ Ունեցող Գիրք մը

6, 7. Աստուածաշունչին մասին ի՞նչ յատկանշական իրողութիւններ մեր ուշադրութեան կը կարօտին։

6 Նախ ըսենք որ Աստուածաշունչը շատ մեծ տպաքանակ մը ունի եւ ամբողջ պատմութեան մէջ մեծագոյն շրջաբերութիւն ունեցող գիրքն է։ Ըստ Կիննէսի Աշխարհի Մրցանիշերու Գիրքին, 1988–ի հրատարակութիւն (Անգլ.), շուրջ 2,500,000,000 օրինակներ տպուած են 1815–ի եւ 1975–ի միջեւ։ Ասիկա հսկայական թիւ մըն է։ Պատմութեան մէջ ո՛չ մէկ գիրք նոյնիսկ մօտեցած է Աստուածաշունչի շրջաբերութեան տպաքանակին։

7 Ասկէ զատ, ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք այսքան շատ լեզուներու թարգմանուած է։ Հիմա Աստուածաշունչը կարելի է կարդալ, ամբողջութեամբ կամ մասամբ, աւելի քան 1,800 տարբեր լեզուներով։ Աստուածաշունչի Ամերիկեան Ընկերութիւնը կը տեղեկագրէ թէ անիկա հիմա մատչելի է մեր երկրագունդի բնակչութեան 98 առ հարիւրին։ Երեւակայեցէք այսքան շատ թարգմանութիւններ արտադրելուն պահանջած հսկայական ջանքը։ Ուրիշ ո՞ր գիրքը այսքան ուշադրութեան արժանացած է։

Ազդեցիկ Գիրք մը

8, 9. Աստուածաշունչին բանեցուցած ազդեցութեան մատնանշելով, կարգ մը անհատներ ի՞նչ արտայայտուած են։

8 Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլ.) Աստուածաշունչը կը կոչէ «մարդկային պատմութեան մէջ հաւանաբար ամենէն մեծ ազդեցութիւն ունեցած գրքերու հաւաքածոն»։2 ԺԹ. դարու Գերմանացի բանաստեղծ Հայնրիշ Հայնը խոստովանեցաւ. «Ես իմ պայծառամտութիւնս մեծաւ մասամբ կը պարտիմ գիրք մը՝ ... Աստուածաշունչ կարդալուս։ Տեղին ըլլալով, անիկա կոչուած է Սուրբ Գրութիւններ։ Ան որ իր Աստուածը կորսնցուցած է, կրնայ Զինք վերագտնել այս գրքով»։3 Նոյն դարուն, հակաստրկութեան գործիչ Ուիլիըմ Հ. Սիուըրտ յայտարարեց. «Մարդկային յառաջդիմութեան ամբողջ յոյսը Աստուածաշունչի յարաճուն ազդեցութենէն կախեալ է»։4

9 Աբրահամ Լինքըլն, Միացեալ Նահանգներու 16–րդ նախագահը, Աստուածաշունչը կոչեց «լաւագոյն նուէրը զոր Աստուած տուած է մարդուն ...։ Եթէ անիկա չըլլար, մենք պիտի չգիտնայինք շիտակը սխալէն զանազանել»։5 Բրիտանացի իրաւագէտ Սըր Ուիլիըմ Պլաքսթոն, Աստուածաշունչին ազդեցութիւնը ընդգծեց, երբ ըսաւ. «Այս երկու հիմերէն՝ բնութեան օրէնքէն եւ յայտնուած օրէնքէն [Աստուածաշունչէն]՝ կախեալ են մարդկային բոլոր օրէնքները, ուրիշ խօսքով, մարդկային ո՛չ մէկ օրէնքի պէտք է թոյլատրել որ ասոնց հակասէ»։6

Ատուած եւ Սիրուած

10. Աստուածաշունչին դէմ հակառակութիւնը ինչպէ՞ս արտայայտուած է։

10 Միեւնոյն ատեն, պէտք է նշենք որ ուրիշ ոչ մէկ գիրք այսքան բուռն հակառակութեան եւ նոյնիսկ ատելութեան թիրախը դարձած է ամբողջ պատմութեան մէջ։ Միջին դարէն մինչեւ Ի. դարը, շատ մը Աստուածաշունչեր հանրապէս հրոյ ճարակ դարձած են։ Իսկ Աստուածաշունչ կարդալը կամ զայն ցրուելը տուգանքներու եւ բանտարկութեան արժանացած է, նոյնիսկ արդի ժամանակներուն։ Անցեալ դարերուն, այսպիսի «ոճիրներ» յաճախ չարչարանքի եւ մահուան առաջնորդած են։

11, 12. Թինտէյլ ինչպէ՞ս Աստուածաշունչին հանդէպ իր ունեցած սէրը ցոյց տուաւ։

11 Սակայն ասոր հետ զուգահեռ ընթացած է Աստուածաշունչին ներշնչած նուիրումը։ Շատեր շարունակած են զայն կարդալ հակառակ անողոք հալածանքներու։ Նկատի առէք Ուիլիըմ Թինտէյլը, ԺԶ. դարու Անգլիացի մը, որ Օքսֆորտ Համալսարանին մէջ իր ուսումը ստացած էր եւ Քէմպրիճի Համալսարանին մէջ յարգուած ուսուցիչ մըն էր։

12 Թինտէյլ կը սիրէր Աստուածաշունչը։ Սակայն իր օրերուն, կրօնական հեղինակութիւնները կը պնդէին զայն Լատիներէնով պահել, որ արդէն մեռած լեզու մըն էր։ Ուստի, զայն իր երկրացիներուն մատչելի դարձնելու համար, Թինտէյլ որոշեց Աստուածաշունչը Անգլերէնի թարգմանել։ Քանի որ ասիկա օրէնքին հակառակ էր, ան ստիպուեցաւ իր հանգստաւէտ ակադեմական ասպարէզը լքել ու Եւրոպական երկիրներ փախչիլ։ Թինտէյլ փախստական կեանք մը ապրեցաւ, բայց բաւական ժամանակ ունեցաւ Յունարէն Գրութիւնները («Նոր Կտակարան»ը) եւ Եբրայերէն Գրութիւններէն («Հին Կտակարան»էն) մաս մը իր մայրենի լեզուին թարգմանելու։ Սակայն ան վերջապէս ձերբակալուեցաւ, դատապարտուեցաւ որպէս հերետիկոս եւ զինք խեղդամահ ընելէ ետք, իր դիակը այրուեցաւ։

13. Աստուածաշունչը բացառիկ դարձնող բաներէն մէկը ի՞նչ է։

13 Թինտէյլ պարզապէս այն բազմաթիւ անհատներէն մէկն է, որոնք ամէն բան զոհեցին Աստուածաշունչը կարդալու եւ զայն ուրիշներուն մատչելի դարձնելու համար։ Ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք այս աստիճան քաջութիւն ներշնչած է այսքան մեծ թիւով այրերու ու կիներու։ Այս առնչութեամբ Աստուածաշունչը բացառիկ է։

Անիկա կը Դաւանի Աստուծոյ Խօսքը Ըլլալ

14, 15. Աստուածաշունչը գրողները յաճախ ի՞նչ կը դաւանէին։

14 Աստուածաշունչը բացառիկ է նաեւ իր գրողներէն շատերուն ըրած դաւանութեամբ։ Շուրջ 40 անհատներ, մէջը ըլլալով՝ թագաւորներ, հովիւներ, ձկնորսներ, պաշտօնեաներ, քահանաներ, առնուազն զօրավար մը եւ բժիշկ մը, իրենց մասնակցութիւնը բերած են Աստուածաշունչին տարբեր մասերը գրելու մէջ։ Սակայն գրողները շատ յաճախ նոյն բանը դաւանած են. անոնք կը գրէին ոչ թէ իրենց խորհուրդները, այլ՝ Աստուծոյ։

15 Հետեւաբար, Աստուածաշունչի մէջ յաճախ կը կարդանք այսպիսի արտայայտութիւններ. «Տէրոջը հոգին ինծմով խօսեցաւ ու անոր խօսքը իմ լեզուիս վրայ էր», կամ, «Զօրքերու Եհովա Տէրը այսպէս ըսաւ»։ (Բ. Թագաւորաց 23։2. Եսայեայ 22։15) Աւետարանիչ ընկերակիցի մը յղած նամակի մը մէջ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէսզի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

16. Աստուածաշունչը ի՞նչ հարցումներու կը պատասխանէ։

16 Քանի որ Աստուածաշունչը կը դաւանի Աստուծոյ Խօսքը ըլլալ եւ ոչ թէ մարդոց, անիկա կը պատասխանէ այն հարցումներուն որոնց միմիայն Աստուած կրնայ պատասխանել։ Անիկա կը բացատրէ, զոր օրինակ, թէ ի՛նչու մարդկային կառավարութիւններ չեն կրցած մնայուն խաղաղութիւն բերել, թէ մարդիկ ի՛նչպէս կրնան խոր գոհունակութիւն գտնել կեանքի մէջ եւ թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ երկրին եւ անոր վրայ գտնուող մարդկութեան համար։ Արդ, դուք ալ հաւանաբար շատ անգամ խորհած էք այսպիսի հարցումներու մասին։ Ինչո՞ւ առնուազն նկատի չառնէք այն կարելիութիւնը թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է եւ թէ անիկա միակն է, որ կրնայ վաւերական պատասխաններ հայթայթել։

17, 18. (ա) Աստուածաշունչին դէմ եղած կարգ մը ամբաստանութիւնները ի՞նչ են, որոնք պիտի շօշափուին այս գրականութեան մէջ։ (բ) Ուրիշ ի՞նչ յաւելեալ նիւթերու մասին պիտի խօսինք։

17 Ձեզ կը քաջալերենք որ ուշադրութեամբ քննէք այս գրքին մէջ ներկայացուած փաստերը։ Այս գրքին կարգ մը գլուխները պիտի շօշափեն Աստուածաշունչին շուրջ յաճախ լսուած քննադատութիւններ։ Աստուածաշունչը հակա–գիտակա՞ն գիրք մըն է։ Անիկա ինքզինք կը հակասէ՞։ Անիկա պատմական իրողութիւննե՞ր թէ պարզապէս առասպելներ կը պարունակէ։ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած հրաշքները իրապէս տեղի ունեցա՞ծ են։ Այս հարցումներուն պատասխանելու համար տրամաբանական փաստեր ներկայացուած են։ Ապա, Աստուածաշունչը աստուածային ներշնչման արտադրութիւնը ըլլալուն մասին ուժեղ իրողութիւններ ներկայացուած են. անոր մարգարէութիւնները, անոր խոր իմաստութիւնը եւ մարդոց կեանքերուն վրայ անոր ունեցող յատկանշական ազդեցութիւնը։ Վերջապէս, պիտի տեսնենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ձեր կեանքին վրայ։

18 Սակայն, նախ պիտի խօսինք թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս մեր ձեռքը հասած է։ Այս ապշեցուցիչ գրքին պատմութիւնն իսկ կը փաստէ թէ անիկա պարզ մարդկային ծագում մը չունի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 4]

[Նկար՝ էջ 6]

Աստուածաշունչը ամբողջ պատմութեան մէջ ամենէն շատ տարածուած եւ ամենէն շատ թարգմանուած գիրքն է։

[Նկար՝ էջ 9]

Ինչպէս ժԵ. դարու այս փայտագրութիւնը կը պատկերացնէ, շատեր ողջ հրկիզուեցան Աստուածաշունչը կարդալու «ոճիր»ին համար

[Նկար՝ էջ 11]

Աստուածաշունչը գրողները կը դաւանէին Աստուծմէ ներշնչուած ըլլալ