Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարգարէութիւններ որոնք կատարուած են

Մարգարէութիւններ որոնք կատարուած են

Գլուխ 9

Մարգարէութիւններ որոնք կատարուած են

Մարդիկ չեն կրնար ապագան ստոյգ կերպով նախագուշակել։ Անոնց նախագուշակութիւնները ողորմելիօրէն կը ձախողին։ Ուստի, գիրք մը, որուն մարգարէութիւնները կատարուած են, մեր ուշադրութիւնը պէտք է գրաւէ։ Աստուածաշունչը այսպիսի գիրք մըն է։

1. (Յառաջաբանը ներառեալ.) Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած մարգարէութիւններուն կատարուիլը ի՞նչ կապացուցանէ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ շատ մը մարգարէութիւններ այնքան մանրամասնութեամբ կատարուած են որ քննադատներ կը պնդեն թէ անոնք կատարուէլէ ետք արձանագրուած են։ Սակայն, այսպիսի դաւանութիւններ շիտակ չեն։ Աստուած ամենակարող ըլլալով, լիովին կարող է մարգարէանալ։ (Եսայեայ 41։2126. 42։8, 9. 46։810) Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարուիլը կապացուցանէ թէ անոնք Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած են եւ ոչ թէ վերջը գրի առնուած։ Արդ, մի քանի կատարուած աչքառու մարգարէութիւններ նկատի առնենք, որոնք յաւելեալ ապացոյց մըն են թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, ոչ թէ՝ մարդոց։

Բաբելոնի մէջ Գերութիւն

2, 3. Ի՞նչ բան Եզեկիա Թագաւորին առաջնորդեց Բաբելոնի պատգամաւորներուն ցուցնելու իր տան ամբողջ հարստութիւնը եւ իր իշխանութեան տարողութիւնը։

2 Եզեկիա Երուսաղէմի մէջ շուրջ 30 տարիներ թագաւորեց։ Հ.Դ.Ա. 740–ին, ան ականատես եղաւ իր հիւսիսային դրացիին՝ Իսրայէլի՝ կործանման, երբ անիկա Ասորեստանցիներուն ձեռքը ինկաւ։ Հ.Դ.Ա. 732–ին, ան զգաց Աստուծոյ պահպանիչ ոյժը, երբ Երուսաղէմը գրաւելու Ասորեստանցիներուն փորձը ձախողեցաւ, ներխուժողները մեծ պարտութիւն մը կրելով։—Եսայեայ 37։3338

3 Արդ, Բաբելոնի թագաւորը՝ Մարովդաք–Բաղադան՝ պատուիրակութիւն մը կը ղրկէ Եզեկիայի։ Դեսպանները եկած են որպէս թէ ծանր հիւանդութենէ մը ապաքինած Եզեկիային իրենց մաղթանքները յայտնելու։ Սակայն, հաւանաբար Մարովդաք–Բաղադան հաւանական դաշնակից մը կը նկատէ Եզեկիան, Ասորեստանին՝ աշխարհակալ ոյժին՝ դէմ։ Եզեկիա բան մը չընէր այս գաղափարը վանելու համար, քանի որ ան այցելու Բաբելոնացիներուն կը ցուցնէ իր տան ամբողջ հարստութիւնը եւ իր իշխանութեան տարողութիւնը։ Թերեւս ինքն ալ դաշնակիցներ կը փնտռէ Ասորեստանցիներուն հաւանական վերադարձի մը դէմ դնելու համար։—Եսայեայ 39։1, 2

4. Ըստ Եսայի մարգարէութեան, թագաւորին սխալը ի՞նչ եղերական հետեւանք պիտի ունենար։

4 Եսայի այդ ժամանակաշրջանի կարկառուն մարգարէն է, որ անմիջապէս կը նշմարէ Եզեկիայի անխոհեմութիւնը։ Ան գիտէ թէ Եզեկիայի ամենավստահելի պաշտպանը Եհովան է, ոչ թէ՝ Բաբելոնը։ Ան թագաւորին կըսէ որ իր հարստութիւնը Բաբելոնացիներուն ցուցնելը եղերական պիտի ըլլայ։ «Օրեր պիտի գան», կըսէ Եսայի, «որ քու տանդ մէջ ինչ որ կայ ու ինչ որ քու հայրերդ մինչեւ այսօր հաւաքեցին Բաբելոն պիտի տարուին»։ Եհովան հրամայած է. «Բան մը պիտի չմնայ»։—Եսայեայ 39։5, 6

5, 6. (ա) Երեմիայի ո՞ր խօսքերը Եսայիի մարգարէութիւնը կը հաստատեն։ (բ) Եսայիի եւ Երեմիայի մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս կատարուեցան։

5 Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, այդ մարգարէութեան կատարուիլը անհաւանական կը թուէր։ Հարիւր տարի ետք սակայն, վիճակները փոխուեցան։ Բաբելոնը Ասորեստանին փոխարինեց որպէս տիրող աշխարհակալ ոյժ, մինչ Յուդան կրօնապէս այնքան նուաստացաւ որ Աստուած իր օրհնութիւնը քաշեց անոր վրայէն։ Արդ, ուրիշ մարգարէ մը՝ Երեմիա՝ ներշնչուեցաւ Եսայիի ազդարարութիւնը կրկնելու։ Երեմիա ծանուցանեց. «Այս երկրին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ [Բաբելոնացիները] ... պիտի բերեմ ...։ Այս բոլոր երկիրը անապատ ու ամայութիւն պիտի ըլլայ եւ այս ազգերը եօթանասուն տարի Բաբելոնի թագաւորին պիտի ծառայեն»։—Երեմիա 25։9, 11

6 Երեմիա այս մարգարէութիւնը տալէն շուրջ չորս տարիներ ետք, Բաբելոնացիները Յուդան իրենց կայսրութեան միացուցին։ Անկէ երեք տարի ետք, անոնք կարգ մը Հրեայ գերիներ, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի տաճարին հարստութենէն մաս մը, առին ու Բաբելոն տարին։ Ութ տարի ետք, Յուդա ըմբոստացաւ եւ դարձեալ գրաւուեցաւ Բաբելոնի թագաւորին՝ Նաբուգոդոնոսորին՝ կողմէ։ Այս անգամ, քաղաքը եւ անոր տաճարը կործանեցան։ Անոր ամբողջ հարստութիւնը եւ նոյնիսկ Հրեաները հեռաւոր Բաբելոն տարուեցան, ճիշդ ինչպէս Եսային եւ Երեմիան նախագուշակած էին։—Բ. Մնացորդաց 36։6, 7, 12, 13, 1721

7. Հնագիտութիւնը ինչպէ՞ս կը հաստատէ Երուսաղէմի մասին Եսայիի եւ Երեմիայի մարգարէութիւններուն կատարումը։

7 Սուրբ Երկրին Հնագիտական Համայնագիտարանը (Անգլ.) կը նշէ որ երբ Բաբելոնական յարձակումը վերջ գտաւ, «[Երուսաղէմ] քաղաքին կործանումը ամբողջական էր»։1 Հնագէտ Ու. Ֆ. Ալպրայթ կը նշէ. «Յուդայի մէջ պեղումները եւ մակերեսային հետախուզութիւնը փաստած են թէ Յուդայի քաղաքները ոչ միայն ամբողջովին կործանեցան Քաղդէացիներուն երկու արշաւանքներէն, այլ անբնակելի մնացին սերունդներու տեւողութեան—յաճախ պատմութեան մէջ անկրկնելի երեւոյթ մը»։2 Այսպիսով, հնագիտութիւնը կը հաստատէ այս մարգարէութիւններուն ապշեցուցիչ կատարումը։

Տիւրոսի Ճակատագիրը

8, 9. Եզեկիէլ ի՞նչ մարգարէացաւ Տիւրոսի մասին։

8 Եզեկիէլ ուրիշ վաղեմի գրող մըն էր, որ Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած մարգարէութիւններ արձանագրեց։ Ան Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ վեցերորդ դարը մարգարէացաւ, այսինքն, Երուսաղէմի կործանման առաջնորդող տարիներուն եւ ապա Բաբելոնի մէջ Հրեաներու աքսորի առաջին տասնամեակներուն ընթացքին։ Նոյնիսկ կարգ մը արդի քննադատներ կը համաձայնին որ այս գիրքը գրուեցաւ մօտաւորապէս այդ ժամանակաշրջանին։

9 Եզեկիէլ ուժեղ մարգարէութիւն մը արձանագրեց Իսրայէլի հիւսիսային դրացիին՝ Տիւրոսի՝ կործանման մասին, որ նախապէս Աստուծոյ ժողովուրդին հետ բարեկամ էր, բայց ապա թշնամին դարձած էր։ (Գ. Թագաւորաց 5։19. Սաղմոս 83։28) Ան գրեց. «Տէր Եհովան այսպէս կըսէ. Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Տիւրոս ու քու վրադ շատ ազգեր պիտի բարձրացնեմ, ինչպէս ծովը իր ալիքները կը բարձրացնէ եւ անոնք Տիւրոսի պարիսպները պիտի աւերեն ու անոր աշտարակները պիտի փլցնեն։ Ես անոր հողը անկէ պիտի աւլեմ եւ զանիկա չոր ապառաժի պիտի վերածեմ։ ... Քու քարերդ, փայտերդ ու հողդ ջուրերուն մէջ պիտի ձգեն»։—Եզեկիէլ 26։3, 4, 12

1012. Եզեկիէլի մարգարէութիւնը ե՞րբ իր ամբողջ մանրամասնութեամբ վերջապէս կատարուեցաւ եւ ինչպէ՞ս։

10 Ասիկա իրապէս տեղի ունեցա՞ւ։ Եզեկիէլ այս մարգարէութիւնը տալէն քանի մը տարիներ ետք, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորը Տիւրոսը պաշարեց։ (Եզեկիէլ 29։17, 18) Բայց ասիկա դիւրին պաշարում մը չէր։ Տիւրոս մասամբ կը գտնուէր ցամաքի վրայ (այն մասը որ կը կոչուէր Հին Տիւրոս)։ Սակայն, քաղաքին մէկ մասը կղզիի մը վրայ կը գտնուէր, ծովեզերքէն մօտ 800 մեթր հեռուն։ Կղզին 13 տարի պաշարուած վիճակի մէջ մնալէ ետք, Նաբուգոդոնոսոր ի վերջոյ գրաւեց զայն։

11 Սակայն, Հ.Դ.Ա. 332–ին էր որ Եզեկիէլի մարգարէութիւնը վերջապէս իր մանրամասնութեամբ կատարուեցաւ։ Այն ժամանակ, Մեծն Աղեքսանդր՝ Մակեդոնացի տիրակալը՝ Ասիա կը ներխուժէր։ Իր կղզիին վրայ ապահով զգալով, Տիւրոս անոր դիմադրեց։ Աղեքսանդր չէր ուզէր ուժեղ թշնամի մը իր ետին ձգել, բայց նաեւ չէր ուզէր Տիւրոսը գրաւելու համար տարիներ վատնել, Նաբուգոդոնոսորին նման։

12 Ան ինչպէ՞ս լուծեց այս ռազմավարական խնդիրը։ Ան ցամաքէն դէպի կղզի կամուրջ մը, կամ թումբ մը, շինեց, որպէսզի իր զինուորները կարենային անոր վրայէն քալելով յարձակիլ կղզի քաղաքին վրայ։ Բայց նկատի առէք թէ այդ թումբը շինելու համար ան ի՛նչ գործածեց։ Ամերիքանա Համայնագիտարանը (Անգլ.) կը տեղեկագրէ. «Ան ցամաքամասին վրայ գտնուած քաղաքին իր քանդած աւերակներով հսկայական թումբ մը շինեց 332–ին, կղզին ցամաքամասին միացնելու համար»։ Յարաբերաբար կարճ պաշարումէ մը ետք, կղզի քաղաքը կործանեցաւ։ Այսպիսով, Եզեկիէլի մարգարէութիւնը իր ամենայն մանրամասնութեամբ կատարուեցաւ։ Հին Տիւրոսի նոյնիսկ քարերը, փայտերը եւ հողը ջուրերուն մէջ ձգուեցան։

13. ԺԹ. դարու ուղեւոր մը ինչպէ՞ս նկարագրեց հին Տիւրոսի վայրը։

13 ԺԹ. դարու ուղեւոր մը նկարագրեց թէ իր օրերուն վաղեմի Տիւրոսէն ի՛նչ մնացած էր, ըսելով. «Սողոմոնի եւ Իսրայէլի մարգարէներուն ծանօթ նախկին Տիւրոսէն հետք մը չի մնար, լերան լանջի վէմերու մէջ փորուած անոր գերեզմաններէն եւ պարիսպի հիմնաքարերէն զատ ...։ Նոյնիսկ կղզին, զոր Մեծն Աղեքսանդր, քաղաքը պաշարած ատեն, հրուանդանի մը փոխեց, անոր եւ ցամաքամասին միջեւ եղած ջուրերը լեցնելով, ոչ մէկ ճանաչելի հետք կը պարունակէ Խաչակիրներուն նախորդող ժամանակաշրջանէն։ Արդի քաղաքը, որ յարաբերաբար ամբողջովին նոր է, վաղեմի կղզիին հիւսիսային կէս մասը կը գրաւէ, մինչ գրեթէ ամբողջ մնացեալ մակերեսը անճանաչելի աւերակներով ծածկուած է»։3

Բաբելոնը

14, 15. Եսայի եւ Երեմիա Բաբելոնի դէմ ի՞նչ մարգարէութիւններ արձանագրեցին։

14 Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, Եսայի, այն մարգարէն որ Հրեաներուն ազդարարած էր Բաբելոնին մօտալուտ նուաճման մասին, ուրիշ ապշեցուցիչ բան մըն ալ մարգարէացաւ. Բաբելոնին ամբողջական բնաջնջումը։ Ան պատկերաւոր մանրամասնութեամբ նախագուշակեց ասիկա. «Ահա անոնց դէմ Մարերու ազգը ոտքի պիտի հանեմ ...։ Թագաւորութիւններուն փառքը եւ Քաղդէացիներուն փառաւորութեանը պարծանքը եղող Բաբելոնը տակնուվրայ պիտի ըլլայ, ինչպէս Աստուած Սոդոմն ու Գոմորը կործանեց։ Հոն յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ եւ ազգէ ազգ մարդ պիտի չբնակի»։—Եսայեայ 13։1720

15 Երեմիա մարգարէն ալ նախագուշակեց Բաբելոնի անկումը, որ տեղի պիտի ունենար շատ մը տարիներ ետք։ Ան հետաքրքրական մանրամասնութիւն մըն ալ աւելցուց. «Անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն պիտի գայ ու պիտի ցամքին»։ «Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը պատերազմէն դադարեցան եւ բերդերու մէջ բնակեցան. ուժերնին հատաւ»։—Երեմիա 50։38. 51։30

16. Բաբելոն ե՞րբ գրաւուեցաւ, եւ որո՞ւ կողմէ։

16 Հ.Դ.Ա. 539–ին, Բաբելոն առաջնակարգ աշխարհակալ ոյժը ըլլալէ դադրեցաւ, երբ Պարսիկ հզօր իշխանը՝ Կիւրոս, Մարերու բանակին ընկերակցութեամբ, քաղաքին վրայ արշաւեց։ Սակայն, Կիւրոս ահաւոր բանի մը դիմաց գտնուեցաւ։ Բաբելոն հսկայական պարիսպներով շրջապատուած էր եւ անառիկ կը թուէր։ Մեծ գետը՝ Եփրատն ալ՝ քաղաքին մէջէն կանցնէր եւ մեծապէս կը նպաստէր անոր պաշտպանման։

17, 18. (ա) Ի՞նչ կերպով Բաբելոնի «ջուրերուն վրայ չորութիւն» եկաւ։ (բ) Ինչո՞ւ «Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը պատերազմէն դադարեցան»։

17 Յոյն պատմաբան՝ Հերոդոտոս կը նկարագրէ թէ Կիւրոս ի՛նչպէս խնդիրը ձեռք առաւ. «Ան իր բանակէն մեծ մաս մը զետեղեց հո՛ն ուր գետը քաղաք կը մտնէ, իսկ ուրիշ մաս մը՝ հո՛ն ուր անիկա կը հոսի, հրամայելով գետին հունէն անցնիլ եւ քաղաքը մտնել երբ ջուրերը բաւական ցածնան ...։ Ան ջրանցքով մը, Եփրատին հոսանքը դարձուց ճահիճի դարձած լճակին մէջ [արուեստական լիճ մը զոր Բաբելոնի նախկին կառավարիչ մը փորել տուած էր], այսպիսով գետին մակարդակը այնքան ցածցաւ որ անոր բնական հունէն անցնիլը կարելի դարձաւ։ Ասոր վրայ, Բաբելոն մտնելու նպատակաւ գետեզերքը ձգուած Պարսիկները գետ իջան, որու ջուրերը մինչեւ անոնց սրունքները կը հասնէին, ու այսպիսով քաղաք մտան»։4

18 Այս կերպով քաղաքը ինկաւ, ինչպէս Երեմիան եւ Եսային ազդարարած էին։ Բայց նշմարեցէք մարգարէութիւններուն մանրամասնօրէն կատարուիլը։ Բառացիօրէն անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն եկաւ եւ անոնք ցամքեցան։ Եփրատի ջուրերուն ցածնալը թոյլ տուաւ որ Կիւրոս քաղաք մտնէ։ «Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը պատերազմէն դադարեցա՞ն», ինչպէս նախագուշակած էր Երեմիան։ Աստուածաշունչը, ինչպէս նաեւ Յոյն պատմաբաններ՝ Հերոդոտոս եւ Քսենոփոն՝ կը տեղեկագրեն թէ Բաբելոնացիները իրապէս տօնախմբութեան մէջ էին, երբ Պարսիկները յարձակեցան։5 Նաբունիտոսի Մնացորդացը, պաշտօնական սեպագիր արձանագրութիւն մը, կըսէ որ Կիւրոսի զօրքերը Բաբելոն մտան «առանց կռուելու», հաւանաբար ըսել ուզելով՝ առանց մեծ ընդդիմութեան։6 Բացայայտօրէն, Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը շատ ջանք չթափեցին քաղաքը պաշտպանելու համար։

19. Բաբելոնի մէջ «յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ» մարգարէութիւնը կատարուեցա՞ւ։ Բացատրեցէք։

19 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել այն նախագուշակութեան մասին թէ Բաբելոնի մէջ «յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ»։ Ասիկա Հ.Դ.Ա. 539–ին անմիջական կատարում մը չունեցաւ։ Բայց այս մարգարէութիւնը ամենայն ճշգրտութեամբ կատարուեցաւ։ Իր անկումէն ետք, Բաբելոն բազմաթիւ ըմբոստութիւններու կեդրոնը եղաւ մինչեւ Հ.Դ.Ա. 478–ը, երբ Քսերքսէս կործանեց զայն։ Դ. դարու վերջաւորութեան, Մեծն Աղեքսանդր ծրագրեց զայն վերակառուցանել, բայց գործը շատ չյառաջացած, ան մահացաւ։ Անկէ ի վեր, քաղաքը երթալով իր կարեւորութիւնը կորսնցուց։ Մեր Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարուն, մարդիկ տակաւին հոն կը բնակէին, բայց ներկայիս հին Բաբելոնը լոկ աւերակներու կոյտ մըն է Իրաքի մէջ։ Եթէ նոյնիսկ անոր աւերակները մասամբ վերականգնել տրուին, Բաբելոնը միմիայն զբօսաշրջիկներու այցելութեան վայր մը կը մնայ, առանց բնակելի, զեղուն քաղաք մը դառնալու։ Անոր աւերակ վայրը կը վկայէ որ իր դէմ տրուած ներշնչեալ մարգարէութիւնները վերջնականապէս կատարուած են։

Աշխարհակալ Ուժերուն Յաջորդականութիւնը

20, 21. Աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութեան մասին Դանիէլ ի՞նչ տեսիլք ունեցաւ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

20 Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն, երբ Հրեաները Բաբելոն գերութեան մէջ էին, ուրիշ մարգարէ մը՝ Դանիէլ՝ ներշնչուեցաւ աշխարհի դէպքերու ապագայ ընթացքը նախատեսող աչքառու տեսիլքներ արձանագրելու համար։ Անոնցմէ մէկուն մէջ, Դանիէլ կը նկարագրէ կարգ մը խորհրդանշական անասուններ որոնք աշխարհի թատերաբեմին վրայ իրարու տեղը կը գրաւեն։ Հրեշտակ մը կը բացատրէ որ այս անասունները աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութիւնը կը նախագուշակեն այդ ժամանակէն սկսեալ։ Վերջին երկու անասուններուն մասին խօսելով, ան կըսէ. «Այն տեսնուած խոյին երկու եղջիւրները՝ Մարերու ու Պարսիկներու թագաւորներն են։ Այդ այծը՝ քօշը՝ Յոյներու թագաւորն է ու անոր աչքերուն մէջտեղի մեծ եղջիւրը առաջին թագաւորն է։ Ան որ կոտրեցաւ ու անոր տեղը չորսը ելաւ, այս կը ցուցնէ թէ այն ազգէն չորս թագաւորութիւն պիտի ելլէ, բայց ո՛չ թէ անոր զօրութիւնովը»։—Դանիէլ 8։2022

21 Այս մարգարէական նախատեսութիւնը ճշգրտօրէն կատարուեցաւ։ Բաբելոնական Կայսրութիւնը տապալեցաւ Մարա–Պարսկաստանի կողմէ, որ իր կարգին, 200 տարի ետք, տեղի տուաւ Յունական աշխարհակալ ոյժին։ Յունական Կայսրութեան գլուխը անցաւ Մեծն Աղեքսանդրը՝ «մեծ եղջիւրը»։ Սակայն, Աղեքսանդրի մահէն ետք, իր զօրավարները տիրելու համար իրարու դէմ կռուեցան եւ վերջապէս հեռածաւալ կայսրութիւնը չորս աւելի փոքր կայսրութիւններու՝ «չորս թագաւորութիւն»ներու՝ բաժնուեցաւ։

22. Աշխարհակալ ուժերու հետ առնչուած մարգարէութեան մը մէջ, ուրիշ ո՞ր աշխարհակալ ոյժը մարգարէացուեցաւ։

22 Դանիէլի 7–րդ գլուխին մէջ, հեռաւոր ապագայի մասին նոյնանման տեսիլք մըն ալ կայ։ Բաբելոնական աշխարհակալ ոյժը պատկերացուած էր առիւծով մը, Պարսկականը՝ արջով մը, իսկ Յունականը՝ ինձով մը, որու կռնակին վրայ չորս թեւեր կային եւ ան չորս գլուխ ունէր։ Ապա Դանիէլ ուրիշ գազան մը կը տեսնէ, որ «ահեղ, սոսկալի ու խիստ զօրաւոր էր ...։ [Անիկա] տասը եղջիւր ունէր»։ (Դանիէլ 7։27) Այս չորրորդ գազանը կը պատկերացնէր Հռովմէական հզօր Կայսրութիւնը որ սկսաւ զարգանալ Դանիէլ այս մարգարէութիւնը արձանագրելէ շուրջ երեք դարեր ետք։

23. Դանիէլի մարգարէութեան չորրորդ գազանը ի՞նչ կերպով «բոլոր թագաւորութիւններէն տարբեր» էր։

23 Հռովմի մասին հրեշտակը մարգարէացաւ. «Չորրորդ գազանը երկրի վրայ չորրորդ թագաւորութիւնը պիտի ըլլայ, որ բոլոր թագաւորութիւններէն տարբեր պիտի ըլլայ ու բոլոր երկիրը պիտի ուտէ ու զանիկա պիտի կոխկռտէ ու փշրէ»։ (Դանիէլ 7։23) Աշխարհի Ամփոփուած Պատմութիւն մը խորագրով իր գրքին մէջ (Անգլ.), Հ. Կ. Ուէլզ կըսէ. «Այս Հռովմէական նոր զօրութիւնը որ արեւմտեան աշխարհին տիրելու համար Ք.Ա. երկրորդ եւ առաջին դարերուն երեւան եկաւ, բազմաթիւ մարզերու մէջ, ցարդ քաղաքակրթուած աշխարհին տիրած մեծ կայսրութիւններէն տարբեր էր»։7 Անիկա սկսաւ որպէս հանրապետութիւն, ապա դարձաւ միապետութիւն մը։ Նախորդ կայսրութիւններուն հակառակը, անիկա մէկ տիրակալով մը չստեղծուեցաւ, այլ դարերու ընթացքին անընդհատ մեծցաւ։ Անիկա շատ աւելի երկար տեւեց եւ շատ աւելի հողերու տիրացաւ քան նախկին որեւէ կայսրութիւն։

24, 25. (ա) Գազանին տասը եղջիւրները ինչպէ՞ս երեւան եկան։ (բ) Դանիէլ գազանին եղջիւրներուն միջեւ ի՞նչ կռիւ նախատեսեց։

24 Իսկ այս հսկայ գազանին տասը եղջիւրները ի՞նչ են։ Հրեշտակը ըսաւ. «Այն տասը եղջիւրները տասը թագաւորներ են, որ այն թագաւորութենէն պիտի ելլեն։ Անոնցմէ ետքը ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ անիկա առաջուաններէն տարբեր պիտի ըլլայ։ Անիկա երեք թագաւոր պիտի կործանէ»։ (Դանիէլ 7։24) Ասիկա ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

25 Երբ Հռովմէական Կայսրութիւնը սկսաւ տկարանալ Հ.Դ. հինգերորդ դարուն, անիկա անմիջապէս չփոխարինուեցաւ ուրիշ աշխարհակալ ոյժով մը։ Այլ անիկա բազմաթիւ թագաւորութիւններու՝ «տասը թագաւոր»ներու՝ բաժնուեցաւ։ Վերջապէս, Բրիտանական Կայսրութիւնը պարտութեան մատնեց իր երեք մրցակից կայսրութիւնները՝ Սպանիան, Ֆրանսան եւ Հոլանտան եւ դարձաւ գլխաւոր աշխարհակալ ոյժը։ Այս կերպով այս նոր ելլող եղջիւրը«երեք թագաւորներ» կործանեց։

Դանիէլի Մարգարէութիւնները Դէպքերը Կատարուելէ Ե՞տք Գրուեցան

26. Ըստ քննադատներուն, Դանիէլի գիրքը ե՞րբ գրուած ըլլալու է եւ ինչո՞ւ։

26 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ Դանիէլի գիրքը գրուեցաւ Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն։ Սակայն, անոր մարգարէութիւններուն կատարումները այնքա՛ն ճշգրիտ են որ քննադատներ կը դաւանին որ անիկա գրուած ըլլալու է շուրջ Հ.Դ.Ա. 165–ին, երբ անոր շատ մը մարգարէութիւնները արդէն կատարուած էին։8 Հակառակ այն իրողութեան որ անոնց դաւանութեան բուն պատճառը Դանիէլի մարգարէութիւններուն կատարուած ըլլալն է, այսուհանդերձ, վերագրեալ բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ այս հետագայ թուականը կը ներկայացնեն որպէս հաստատուած իրողութիւն մը։

27, 28. Ի՞նչ են կարգ մը իրողութիւնները որոնք կը փաստեն թէ Դանիէլի գիրքը Հ.Դ.Ա. 165–ին չգրուեցաւ։

27 Այս վարկածին դէմ սակայն, մենք հետեւեալ իրողութիւնները հաշուի պէտք է առնենք։ Նախ, Դանիէլի գրքին ակնարկուած է Հրէական երկերուն մէջ, որոնք Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարէն են, ինչպէս Մակաբայեցիներուն առաջին գիրքը։ Երկրորդ, անիկա մաս կը կազմէր Յունարէն Եօթանասնից թարգմանութեան, որու թարգմանութիւնը սկսաւ Հ.Դ.Ա. երրորդ դարուն։9 Երրորդ, Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներուն մէջ, մեծ տեղ կը գրաւեն Դանիէլի գիրքին ընդօրինակութիւններու բեկորները որոնք, ըստ ընդունուած կարծիքին, Հ.Դ.Ա. 100 թուականէն են։10 Ուրեմն որոշ է որ Դանիէլի գիրքը արդէն հանրածանօթ եւ յարգուած էր անոր գրութեան կարծուած թուականէն անմիջապէս ետք. զօրաւոր փաստ մը՝ որ անիկա գրուած էր քննադատներուն ըսած թուականէն շատ առաջ։

28 Ասոնցմէ զատ, Դանիէլի գիրքը կը պարունակէ պատմական մանրամասնութիւններ որոնցմէ չէր կրնար տեղեակ ըլլալ երկրորդ դարու գրող մը։ Ուշագրաւ օրինակ մըն է Բաբելոնի կառավարիչ Բաղտասարի պարագան, որ սպաննուեցաւ երբ Բաբելոն ինկաւ Հ.Դ.Ա. 539–ին։ Բաբելոնի անկման մասին մեր ունեցած ոչ–սուրբ գրային գիտութեան գլխաւոր աղբիւրներն են, Հերոտոդոս (Ե. դար), Քսենոփոն (Ե. եւ Դ. դար) եւ Բերոսոս (Գ. դար)։ Ասոնցմէ ո՛չ մէկը Բաղտասարի մասին գաղափար ունէր։11 Որքա՜ն անհաւանական է որ Բ. դարու գրող մը տեղեկութիւններ ունեցած ըլլար, որոնք մատչելի եղած չըլլային այս նախկին գրողներուն։ Բաղտասարի մասին Դանիէլի 5–րդ գլուխին արձանագրութիւնը զօրաւոր պատճառաբանութիւն մըն է թէ Դանիէլ իր գիրքը գրեց միւս գրողները իրենց գիրքերը գրելէ առաջ։ *

29. Ինչո՞ւ անկարելի է որ Դանիէլի գիրքը գրուած ըլլայ իր մէջի մարգարէութիւնները կատարուելէ ետք։

29 Վերջապէս, Դանիէլի գիրքին մէջ բազմաթիւ մարգարէութիւններ կան, որոնք Հ.Դ.Ա. 165–էն շատ ետքը կատարուեցան։ Անոնցմէ մէկն էր Հռովմէական Կայսրութեան մասին եղած մարգարէութիւնը զոր նախապէս յիշեցինք։ Իսկ ուրիշ մը Յիսուսի՝ Մեսիային՝ գալը նախագուշակող աչքառու մարգարէութիւնն է։

Օծեալին Գալը

30, 31. (ա) Դանիէլի ո՞ր մարգարէութիւնը կը նախագուշակէր Մեսիային գալու ժամանակը։ (բ) Դանիէլի մարգարէութեան վրայ հիմնուած, ինչպէ՞ս կրնանք հաշուել Մեսիայի յայտնուելիք տարին։

30 Այս մարգարէութիւնը արձանագրուած է Դանիէլի 9–րդ գլուխին մէջ, ուր կը կարդանք. «Քու ժողովուրդիդ ու սուրբ քաղաքին համար [տարիներու] եօթանասուն եօթնեակ [կամ չորս հարիւր ինիսուն տարի] որոշուած է»։ * (Դանիէլ 9։24) Ի՞նչ տեղի պիտի ունենար այս 490 տարուան ընթացքին։ Կը կարդանք. «Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն մինչեւ Օծեալ իշխանին գալը [տարիներու] եօթը եօթնեակ ու [տարիներու] վաթսունըերկու եօթնեակ կայ»։ (Դանիէլ 9։25) Ուստի, ասիկա Մեսիային՝ «Օծեալ»ին գալու ժամանակին մասին մարգարէութիւն մըն է։ Ասիկա ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

31 Երուսաղէմը վերահաստատելու ու նորէն շինելու հրամանը ելաւՊարսկաստանի «Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին», այսինքն, Հ.Դ.Ա. 455–ին։ (Նէեմեայ 2։19) 49 տարուան [տարիներու 7 եօթնեակի] վերջաւորութեան, Երուսաղէմը գրեթէ իր փառքը վերագտած էր։ Ապա, Հ.Դ.Ա. 455–էն դարձեալ 483 տարի (7 առաւել 62 տարիներու եօթնեակ) հաշուելով, կը հասնինք Հ.Դ. 29–ին։ Այս թուականը կը համապատասխանէ «Տիբերիոս կայսրին թագաւորութեան տասնըհինգերորդ» տարուան, այն տարին երբ Յիսուս մկրտուեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ։ (Ղուկաս 3։1) Այդ ժամանակ, Յիսուս հանրապէս բնորոշուեցաւ որպէս Աստուծոյ Որդի եւ Հրեայ ազգին բարի լուրը քարոզելու իր ծառայութիւնը սկսաւ։ (Մատթէոս 3։1317. 4։23) Ան «Օծեալ»ը, կամ Մեսիան եղաւ։

32. Ըստ Դանիէլի մարգարէութեան, Յիսուսի երկրային ծառայութիւնը որքա՞ն պիտի տեւէր, եւ անոր վերջաւորութեան ի՞նչ պիտի պատահէր։

32 Մարգարէութիւնը կաւելցնէ. «[Տարիներու] վաթսունըերկու եօթնեակէն ետքը Օծուածը պիտի կտրուի»։ Ան նաեւ կըսէ. «Ու եօթնեակ մը [7 տարի] շատերուն հետ ուխտը պիտի հաստատէ եւ եօթնեակին մէջտեղը զոհն ու պատարագը պիտի դադրեցնէ»։ (Դանիէլ 9։26, 27) Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Յիսուս միայն «շատերուն», այսինքն, մարմնաւոր Հրեաներուն գնաց։ Եղան առիթներ երբ ան Սամարացիներուն ալ քարոզեց, որոնք Սուրբ Գրութիւններուն մէկ մասին կը հաւատային, սակայն Հրէականութեան գլխաւոր հոսանքէն բաժնուած աղանդ մը կազմած էին։ Ապա, «եօթնեակին մէջտեղը», երեքուկէս տարի քարոզելէ ետք, ան իր կեանքը տուաւ որպէս զոհ եւ այսպիսով կտրուեցաւ։ Ասով վերջ գտաւ Մովսիսական Օրէնքը, իր զոհերով եւ ընծաներով։ (Գաղատացիս 3։13, 24, 25) Հետեւաբար, իր մահով, Յիսուս «զոհն ու պատարագը» դադրեցուց։

33. Եհովա որքա՞ն ժամանակ միմիայն Հրեաներուն հետ առնչութիւն պիտի ունենար, եւ ո՞ր դէպքը նշեց այս ժամանակաշրջանին վերջը։

33 Այսուհանդերձ, երեքուկէս տարի եւս, Քրիստոնէական նորածին ժողովքը միմիայն Հրեաներուն քարոզեց եւ հետագային՝ անոնց ազգական Սամարացիներուն։ Սակայն, Հ.Դ. 36–ին, տարիներու 70 եօթնեակին վերջաւորութեան, Պետրոս առաքեալ առաջնորդուեցաւ Հեթանոսի մը՝ Կոռնելիոսի՝ քարոզելու։ (Գործք 10։148) «Շատերուն հետ ուխտը» այլեւս միայն Հրեաներուն չէր սահմանուած։ Անթլփատ հեթանոսներուն ալ փրկութիւն քարոզուեցաւ։

34. Դանիէլի մարգարէութեան հետ ներդաշնակ ըլլալով, քանի որ մարմնաւոր Իսրայէլը Մեսիան մերժեց, անոր ի՞նչ պատահեցաւ։

34 Քանի որ Հրեայ ազգը Յիսուսը մերժեց եւ իր մահը դաւադրեց, Եհովա զայն չպաշտպանեց, երբ Հռովմէացիները եկան ու Երուսաղէմը կործանեցին, Հ.Դ. 70–ին։ Այսպիսով Դանիէլի միւս խօսքերն ալ կատարուեցան. «Եկող իշխանին ժողովուրդը քաղաքն ու սրբարանը պիտի կործանէ եւ հեղեղով մը վերջը պիտի ըլլայ։ Մինչեւ պատերազմին վերջի աւերումները սահմանուած են»։ (Դանիէլ 9։26բ) Այս երկրորդ «իշխան»ը Հռովմէացի Տիտոս զօրավարն էր, որ Երուսաղէմը կործանեց Հ.Դ. 70–ին։

Մարգարէութիւններ Որոնք Ներշնչուած Էին

35. Յիսուսի մասին ուրիշ ի՞նչ մարգարէութիւններ կատարուեցան։

35 Այս կերպով, 70 եօթնեակի Դանիէլի մարգարէութիւնը աչքառու ճշգրտութեամբ կատարուեցաւ։ Արդարեւ, Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած բազմաթիւ մարգարէութիւններ առաջին դարուն կատարուեցան, որոնց մեծամասնութիւնը Յիսուսի հետ առնչուած էր։ Յիսուսի ծննդավայրը, Աստուծոյ տան հանդէպ իր նախանձախնդրութիւնը, իր քարոզչութիւնը, 30 կտոր արծաթի փոխարէն մատնուիլը, իր մահուան կերպը, իր հանդերձին վրայ վիճակ ձգուիլը. այս բոլոր մանրամասնութիւնները մարգարէացուած էին Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ։ Անոնց կատարումը աներկբայելիօրէն կը փաստէր որ Յիսուս Մեսիան էր, նաեւ կապացուցանէր որ մարգարէութիւները ներշնչուած էին։—Միքիայ 5։2. Ղուկաս 2։17. Զաքարեայ 11։12. 12։10. Մատթէոս 26։15. 27։35. Սաղմոս 22։18. 34։20. Յովհաննու 19։3337

36, 37. Ի՞նչ կը սորվինք այն իրողութենէն թէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կատարուած են, եւ այս գիտութիւնը ի՞նչ վստահութիւն կը ներշնչէ մեզի։

36 Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի բոլոր մարգարէութիւնները, որոնք պէտք էր կատարուէին, իրապէս կատարուեցան։ Դէպքերը տեղի ունեցան ճիշդ ինչպէս որ Աստուածաշունչը նախագուշակած էր։ Ասիկա զօրաւոր փաստ մըն է որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ Այսքան ճշգրիտ ելլելու համար, այս տրուած մարգարէութիւններուն ետին մարդկային իմաստութենէն գերիվեր իմաստութիւն մը եղած ըլլալու է։

37 Բայց Աստուածաշունչին մէջ ուրիշ նախագուշակութիւններ ալ կան, որոնք այդ օրերուն չկատարուեցան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք մեր օրերուն եւ նոյնիսկ մօտ ապագային պէտք էր կատարուէին։ Այդ անցեալի մարգարէութիւններուն արժանահաւատ ըլլալը մեզ կը վստահեցնէ որ միւս նախագուշակութիւններն ալ անվարանօրէն պիտի կատարուին։ Ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդ գլուխին մէջ, իրապէս այս է պարագան։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 28 Տես «Հին Կտակարանը Որքա՞ն Արժանահաւատ Է» վերնագրով 4–րդ գլուխին 16–րդ եւ 17–րդ պարբերութիւնները։

^ պարբ. 30 Այս թարգմանութեան մէջ, մեծ փակագիծի մէջ առնուած բառերը աւելցուած են իմաստը յստակ ընելու համար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 133]

Բոլոր մարգարէութիւնները, որոնք պէտք էր կատարուէին, իրապէս կատարուեցան։ Դէպքերը տեղի ունեցան ճիշդ ինչպէս Աստուածաշունչը նախագուշակած էր

[Նկար՝ էջ 118]

Հնագէտներ երեւան հանած են որ Նաբուգոդոնոսորին կողմէ Երուսաղէմին կործանումը ամբողջական էր

[Նկար՝ էջ 121]

Տիւրոս՝ մեր օրերուն։ Իսրայելացի մարգարէներուն ծանօթ Տիւրոսէն հազիւ հետք մը կը մնայ

[Նկար՝ էջ 123]

Հին Բաբելոնի աւերակները այցելող զբօսաշրջիկներ կը վկայեն որ քաղաքին դէմ տրուած մարգարէութիւնները կատարուած են

[Նկարներ՝ 126]

Աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութեան մասին Դանիէլի մարգարէութիւնները այնքան ճշգրտութեամբ կատարուած են որ արդի քննադատներ կը խորհին որ անոնք կատարուելէ ետք գրուեցան

ԲԱԲԵԼՈՆ

ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

ՀՌՈՎՄ

ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻԱ

[Նկար՝ էջ 130]

Դանիէլ Իսրայէլի մէջ Մեսիային յայտնուելուն ճշգրիտ թուականը մարգարէացաւ