Ինչպէս կրնանք գիտնալ թէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
Դաս 1
Ինչպէս կրնանք գիտնալ թէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
Աստուածաշունչին մէջ ի՞նչ կարեւոր տեղեկութիւններ կան։ (1)
Ո՞վ է անոր հեղինակը։ (2)
Ինչո՞ւ պէտք է ուսումնասիրէք Աստուածաշունչը։ (3)
1. Աստուածաշունչը թանկագին նուէր մըն է Աստուծմէ։ Անիկա սիրալիր հօր մը կողմէ իր զաւակներուն գրուած նամակի մը կը նմանի։ Անիկա մեզի ճշմարտութիւնը կ’ըսէ Աստուծոյ մասին. Ո՛վ է Ան եւ ի՛նչպիսի յատկութիւններ ունի։ Անիկա կը բացատրէ թէ ինչպէս կրնանք գլուխ ելլել մեր խնդիրներուն հետ եւ թէ ինչպէս կրնանք իրական ուրախութիւն գտնել։ Միմիայն Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք Աստուած հաճեցնելու համար։—Սաղմոս 1։1-3. Եսայեայ 48։17, 18
2. Աստուածաշունչը գրուած է շուրջ 40 անհատներու կողմէ, աւելի քան 1,600 տարուան ժամանակաշրջանի մը մէջ, սկսելով Հ.Դ.Ա. 1513–ին։ Անիկա 66 պզտիկ գրքերէ բաղկացած է։ Աստուածաշունչը գրողները Աստուծմէ ներշնչուեցան։ Անոնք ո՛չ թէ իրենց խորհուրդները գրեցին, հապա՝ Աստուծոյ։ Ուստի, Աստուած է անոր Հեղինակը եւ ոչ թէ երկրային մարդ մը։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17. Բ. Պետրոս 1։20, 21
3. Աստուած հոգ տարաւ որ Աստուածաշունչը ճշգրիտ կերպով ընդօրինակուի եւ պահպանուի։ Աստուածաշունչը որեւէ գրքէ աւելի տպուած է։ Երբ Աստուածաշունչը սկսիք սերտել, ամէն մարդ ուրախ պիտի չըլլայ, բայց թոյլ մի՛ տաք որ ասիկա ձեզ ետ պահէ։ Ի՛նչ հակառակութիւն ալ ըլլայ, ձեր յաւիտենական ապագան, Աստուած ճանչնալէն եւ անոր կամքը կատարելէն կախեալ է։—Մատթէոս 5։10-12. Յովհաննու 17։3