Ի՛նչպէս կրնանք գիտնալ թէ Աստուած մը գոյութիւն ունի
Մաս 3
Ի՛նչպէս կրնանք գիտնալ թէ Աստուած մը գոյութիւն ունի
1, 2. Ո՞ր սկզբունքը մեզի կ’օգնէ որոշելու թէ Աստուած մը գոյութիւն ունի՛, թէ՝ ոչ։
ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ հետեւեալ սկզբունքը կիրարկելը կերպ մըն է որոշելու թէ Աստուած մը գոյութիւն ունի՛, թէ՝ ոչ. Շինուածը շինող մը կը պահանջէ։ Շինուած բանը ո՛րքան բարդ ըլլայ, ա՛յդքան ձեռնհաս պէտք է ըլլայ շինողը։
2 Օրինակի համար, ձեր տան բոլորտիքը նայեցէք։ Սեղանները, աթոռները, գրասեղանները, անկողինները, սաները, տապակները, ամանները եւ խոհանոցի ուրիշ իրերը, բոլորն ալ շինող մը պահանջած են, ինչպէս նաեւ՝ պատերը, տախտակամածները եւ առաստաղները։ Բայց յարաբերաբար դիւրին է շինել այս իրերը։ Քանի որ պարզ բաները շինող մը կը պահանջեն, տրամաբանական չէ՞ որ բարդ բաները ա՛լ աւելի իմաստուն շինող մը պահանջեն։
Մեր Ահարկու Տիեզերքը
3, 4. Տիեզերքը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ գիտնալու թէ Աստուած գոյութիւն ունի։
3 Ժամացոյց մը ժամագործ մը կը պահանջէ։ Ի՞նչ կրնանք ըսել անհունօրէն աւելի բարդ մեր արեգակնային դրութեան մասին, ուր մոլորակները դարէ դար մեծ ճշգրտութեամբ կը հոլովին արեւուն շուրջ։ Ի՞նչ կրնանք ըսել աւելի քան 100 միլիառ աստղեր պարունակող այն ահարկու հոյախումբին՝ Ծիր Կաթինին՝ մասին, որու մէջ կ’ապրինք։ Գիշեր մը երբեք կանգ առա՞ծ էք Ծիր Կաթինը դիտելու համար։ Չէ՞ք տպաւորուած անկէ։ Պահ մը խորհեցէք այն անհաւատալիօրէն անսահման տիեզերքին մասին, որ մեր Ծիր Կաթինին նման միլիառաւոր հոյախումբեր կը պարունակէ։ Ասկէ զատ, երկնային մարմինները դարէ դար այնքան անվրէպ են իրենց շարժումներուն մէջ որ շատ ճշգրիտ ժամաչափերու նմանցուած են անոնք։
4 Եթէ ժամացոյց մը, որ յարաբերաբար պարզ է, ժամագործի մը գոյութեան կ’ակնարկէ, վստահաբար անհունօրէն աւելի բարդ եւ ահարկու տիեզերքը ծրագրողի ու շինողի մը գոյութիւնը կ’ենթադրէ։ Անոր համար, Աստուածաշունչը մեզ կը հրաւիրէ ‘մեր աչքերը վեր վերցնել եւ նայիլ’, ապա անիկա կը հարցնէ. «Ասոնք ո՞վ ստեղծեց»։ Պատասխանը. «Անիկա [Աստուած] անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։ Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր»։ (Եսայեայ 40։26) Հետեւաբար, տիեզերքը իր գոյութիւնը կը պարտի անտեսանելի, ղեկավարող, մտացի զօրութեան մը՝ Աստուծոյ։
Երկիրը Անզուգական Կերպով Ծրագրուած Է
5–7. Երկրին նկատմամբ ո՞ր իրողութիւնները ցոյց կու տան որ անիկա Ծրագրող մը ունեցած է։
5 Գիտնականները ո՛րքան ուսումնասիրեն երկիրը,
այդքան անոնք կ’անդրադառնան որ անիկա անզուգական կերպով մարդկային բնակութեանը համար ծրագրուած է։ Անիկա արեւէն ճիշդ յարմար հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ այսպիսով պէտք եղածին չափ լոյս ու ջերմութիւն կը ստանայ։ Տարին անգամ մը, անիկա արեւուն շուրջ կը հոլովի, իր յարմար կերպով հակած ըլլալը երկրի շատ մը մասերուն մէջ եղանակները կարելի դարձնելով։ Երկիրը նաեւ իր առանցքին վրայ կը թաւալի 24 ժամը անգամ մը, ինչ որ լոյսի եւ մթութեան փոփոխակի շրջաններ կը պատճառէ։ Անիկա մթնոլորտ մը ունի, որ կազերու յարմար խառնուրդէ մը կը բաղկանայ, կարելի ընելով որ մենք շնչենք եւ անջրպետէն եկող վնասակար ճառագայթներէ պաշտպանուինք։ Երկիրը նաեւ ունի ուտելիքի արտադրութեան համար անհրաժեշտ եղող կենսական ջուր ու հող։6 Եթէ այս բոլոր ազդակները եւ ուրիշներ միասին չկազմուէին, կեանքը անկարելի պիտի ըլլար։ Այս բոլորը դիպուա՞ծ մըն էր։ Պարբերաթերթ մը (Science News) կ’ըսէ. «Այնպէս կը թուի որ այսպիսի բացառիկ եւ ճշգրիտ պայմաններ կրնան դժուարութեամբ դիպուածով պատահած ըլլալ»։ Ո՛չ, անոնք չեն կրնար դիպուածի մը վերագրուիլ։ Անոնք Գերաստիճան Ծրագրողի մը կողմէ նպատակի յարմարող ծրագիր մը կ’ենթադրեն։
7 Եթէ գեղեցիկ տուն մը մտնէիք եւ տեսնէիք որ անիկա ուտելիքի առատ մթերում մը, ջեռուցումի ու օդի պայմանադրութեան սքանչելի դրութիւն մը եւ ջուր հայթայթելու համար խողովակներու լաւ զետեղում մը ունի, ի՞նչ պիտի եզրակացնէիք։ Թէ անոնք ինքնաբերաբա՞ր եղած են։ Ո՛չ. վստահաբար պիտի եզրակացնէիք որ մտացի անհատ մը մեծ հոգածութեամբ ծրագրած ու շինած է այդ տունը։ Երկիրն ալ մեծ հոգածութեամբ ծրագրուած ու շինուած է, որպէսզի իր բնակիչներուն կարիքներուն գոհացում տայ, իսկ անիկա ո՛րեւէ տունէ շատ աւելի բարդ ու լաւ սարքուած է։
8. Երկրին նկատմամբ ուրիշ ի՞նչ բաներ մեզի հանդէպ Աստուծոյ սիրալիր հոգածութիւնը ցոյց կու տան։
8 Նկատի առէք նաեւ մեր կեանքին յաւելեալ հաճոյք պատճառող բազմաթիւ բաները։ Նայեցէք հաճելի բուրմունքներով երփներանգ ծաղիկներու ընդարձակ պէսպիսութեան, զորս մարդիկ կ’ըմբոշխնեն։ Ապա կայ ուտելիքներու մեծ այլազանութիւնը, որոնց համը հաճելի է մեր քիմքին։ Կան անտառները, լեռները, լիճերը եւ ուրիշ ստեղծագործութիւնները որոնց հաճոյքով կը դիտենք։ Նաեւ, ի՞նչ կրնանք ըսել գեղեցիկ արեւնամուտերու մասին, որոնք մեր ապրելու ուրախութիւնը կ’աւելցնեն։ Իսկ անասնական ծիրին մէջ, շնիկներու, փիսիկներու եւ ուրիշ ձագերու զաւեշտական խաղերն ու սիրուն երեւոյթը մեզի հաճոյք չե՞ն պատճառեր։ Ուստի, երկիրը շատ հաճելի անակնկալներ կը հայթայթէ, որոնք անհրաժեշտ չեն կեանքը գոյատեւել տալու համար։ Ասոնք ցոյց կու տան որ երկիրը սիրալիր հոգածութեամբ ծրագրուած էր, մարդիկը ի մտի ունենալով, այնպէս որ մենք ոչ միայն գոյութիւն ունենայինք, այլ կեանքը վայելէինք։
9. Երկիրը ո՞վ ստեղծեց, եւ ի՞նչ նպատակով։
9 Հետեւաբար, բանաւոր եզրակացութիւնն է գիտակցիլ այս բոլոր բաները Տուողին, ինչպէս ըրաւ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը որ Եհովա Աստուծոյ մասին ըսաւ. «Երկինքն ու երկիրը դուն ստեղծեցիր»։ Ի՞նչ նպատակով։ Ան կը պատասխանէ Աստուած նկարագրելով որպէս ‘երկիրը Կազմողը, զանիկա Շինողը եւ Հաստատողը, որ զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց’։—Եսայեայ 37։16. 45։18
Ապշեցուցիչ Ապրող Բջիջը
10, 11. Ապրող բջիջ մը ինչո՞ւ շատ ապշեցուցիչ է։
10 Ի՞նչ կրնանք ըսել ապրող բաներուն մասին։ Անոնք ալ շինող մը չե՞ն պահանջեր։ Օրինակի համար, նկատի առէք ապրող բջիջի մը քանի մը ապշեցուցիչ երեսակները։ Իր գրքին մէջ (Evolution: A Theory in Crisis), մասնկային կենսաբան Մայքըլ Տէնթըն կը նշէ. «Ներկայիս երկրի վրայ բոլոր ապրող դրութիւններուն նոյնիսկ ամենէն պարզերը՝
մանրէական բջիջները՝ չափազանցօրէն բարդ են։ Թէեւ ամենէն փոքր մանրէական բջիջները անհաւատալիօրէն մանր են, ... սակայն իւրաքանչիւրը արդարեւ չափէ դուրս մանրացուած իսկական գործարան մըն է, որ մասնկային բարդ մեքենականութեան գերազանցօրէն ծրագրուած հազարաւոր կտորները իր մէջ կը պարունակէ ... մարդուն կողմէ կառուցուած որեւէ մեքենայէ՝ շատ աւելի խրթին եւ անկենդան աշխարհին մէջ՝ բացարձակապէս անհամեմատելի»։11 Իւրաքանչիւր բջիջի մէջ սերնդագիտական կանոնին նկատմամբ, ան կը նշէ. «Տեղեկութիւն մթերելու DNA–ի կարողութիւնը մեծապէս կը գերազանցէ գիտցուած ուրիշ որեւէ դրութեան. անիկա ա՛յնքան ատակ է որ բարդ կազմուած մարմին մը, ինչպէս՝ մարդը, յատկանշելու համար պէտք եղած ամբողջ տեղեկութիւնը քանի մը միլիառերորդ կրամէն պակաս կը կշռէ։ ... Կեանքի մասնկային մեքենականութեամբ ցուցադրուած հնարամտութեան եւ բարդութեան մակարդակին քով, նոյնիսկ մեր ամենէն յառաջդիմական [նիւթերը] անճարակ կը թուին։ Մենք մեզ նուաստացած կը զգանք»։
12. Գիտնական մը ի՞նչ ըսաւ բջիջին ծագումին մասին։
12 Տէնթըն կ’աւելցնէ. «Մեր գիտցած ամենէն պարզ բջիջներուն բարդութիւնը այնքան մեծ է որ անկարելի է ընդունիլ որ այսպիսի նիւթ մը յանկարծ իրարու միացած ըլլայ որոշ տեսակի այլանդակ, մեծապէս անհաւանական, դէպքով մը»։ Անիկա ծրագրող ու շինող մը ունեցած ըլլալու է։
Մեր Զարմանալի Ուղեղը
13, 14. Ուղեղը ինչո՞ւ ապրող բջիջէ մը շատ աւելի ապշեցուցիչ է։
13 Նոյն գիտնականը ապա կ’ըսէ. «Բարդութեան հարցով, անհատական բջիջ մը բան մը չէ, բաղդատած՝ ստնաւորներու ուղեղին նման դրութեան մը բարդութեան հետ։ Մարդկային ուղեղը կը բաղկանայ տասնեակ միլիառաւոր ջղաբջիջներէ։ Իւրաքանչիւր ջղաբջիջ իր մէջ կը պարունակէ տասը հազարի եւ հարիւր հազարի միջեւ կցորդիչ նեարդներ, որոնցմով անիկա ուղեղին միւս ջղաբջիջներուն կապուած է։ Մարդկային ուղեղին կցորդութիւններու ընդհանուր թիւը կը հասնի ... մէկ միլիոն միլիառի»։
14 Տէնթըն կը շարունակէ. «Եթէ նոյնիսկ ուղեղին կցորդութիւններու մէկ հարիւրերորդը յատկանշական կերպով կազմակերպուած ըլլար, ասիկա տակաւին դրութիւն մը պիտի ներկայացնէր, որ Երկրին հաղորդակցութեան բոլոր գիծերէն շա՜տ աւելի մեծ թիւով մասնայատուկ կցորդութիւններ պիտի պարփակէր»։ Ան ապա կը հարցնէ. «Պարզապէս պատահական որեւէ գործողութիւն մը պիտի կարենա՞ր բնաւ այսպիսի դրութիւններ համախմբած ըլլալ»։ Բացայայտօրէն, պատասխանը ո՛չ պէտք է ըլլայ։ Ուղեղը հոգածու Ծրագրող ու Շինող մը ունեցած ըլլալու է։
15. Ուրիշ գիտնականներ ի՞նչ բացատրութիւն տուած են ուղեղին մասին։
15 Ամենէն կատարելագործուած համակարգիչներն անգամ շատ նախնական կը սեպուին,
բաղդատած՝ մարդկային ուղեղին հետ։ Գիտական գրող Մորթըն Հանթ ըսաւ. «Մեր գործօն յիշողութիւնները բազմաթիւ միլիառ անգամներ աւելի տեղեկութիւն կը պահեն քան ընթացիկ մեծ հետազօտիչ համակարգիչ մը»։ Հետեւաբար, ուղեղի վիրաբուժ Բժ. Ռապըրթ Ժ. Ուայթ եզրակացուց. «Ուրիշ ընտրութիւն մը չունիմ, բացի ընդունիլ Գերագոյն Իմացականութեան մը գոյութիւնը, որ պատասխանատու է ուղեղ–մտքի անհաւատալի յարաբերութեան ծրագրին ու զարգացման. բան մը որ մարդուն ըմբռնելու կարողութենէն գերիվեր է։ ... Ստիպուած եմ հաւատալ թէ այս բոլորը մտացի սկիզբ մը ունէր, թէ Մէկը անոնց պատահելուն պատճառ եղած է»։ Անիկա ալ հոգածու Մէկը ունեցած ըլլալու է։Արեան Աննման Դրութիւնը
16–18. (ա) Արեան դրութիւնը ի՞նչ կերպերով աննման է։ (բ) Ո՞ր եզրակացութեան պէտք է յանգինք։
16 Նկատի առէք նաեւ արեան աննման դրութիւնը որ սնուցիչ տարրերն ու թթուածինը կը փոխադրէ եւ վարակումի դէմ մեզ կը պաշտպանէ։ Այս դրութեան գլխաւոր բաղադրիչին՝ արեան կարմիր գնդիկներուն՝ նկատմամբ, գիրք մը (ABC’s of the Human Body) կը նշէ. «Արեան պարզ կաթիլ մը կը բաղադրէ աւելի քան 250 միլիոն արեան անջատ բջիջներ ...։ Մարմինը թերեւս անոնցմէ 25 հազար միլիառ կը պարունակէ, որոնք բաւարար են, եթէ տարածէինք, թենիսի չորս խաղագետիններ ծածկելու համար։ ... Անոնք նոր բջիջներով կը փոխարինուին՝ ամէն երկվայրկեան 3 միլիոնի համեմատութեամբ»։
17 Արեան աննման դրութեան ուրիշ մէկ բաղադրիչին՝ արեան ճերմակ գնդիկներուն՝ նկատմամբ, այս նոյն աղբիւրը կ’ըսէ. «Մինչ միայն մէկ տեսակ կարմիր գնդիկներ կան, սակայն արեան ճերմակ գնդիկներու շատ մը տեսակներ գոյութիւն ունին, իւրաքանչիւրը կարող է մարմնի թշնամիներուն դէմ տարբեր կերպով մը պատերազմ մղելու։ Անոնց մէկ տեսակը, զոր օրինակ, մեռած բջիջները կը բնաջնջէ։ Ուրիշ տեսակներ ժահրերու դէմ հակաթոյններ կ’արտադրեն, օտար նիւթերը կը չէզոքացնեն, կամ բառացիօրէն մանրէները կ’ուտեն ու կը մարսեն»։
18 Ի՜նչ ապշեցուցիչ եւ մեծապէս կազմակերպուած դրութիւն մը։ Այսքան լաւ կերպով կազմուած եւ պաշտպանութեան սատարող այսքան ազդու բան մը վստահաբար շա՛տ իմաստուն եւ հոգածու կազմակերպող մը ունեցած ըլլալու է, որ է՝ Աստուած։
Ուրիշ Սքանչելիքներ
19. Տրամաբանակա՞ն է աչքը բաղդատել մարդուն կողմէ շինուած գործիքներուն հետ։
19 Մարդկային մարմնին մէջ շատ մը ուրիշ սքանչելիքներ կան։ Անոնցմէ մէկը աչքն է, այնքան գերազանցօրէն ծրագրուած, որ ոչ մէկ լուսանկարչական մեքենայ կրնայ անոր հետ մրցիլ։ Աստղագէտ Ռապըրթ Ճէսթրօ ըսաւ. «Այնպէս կը թուի որ աչքը ծրագրուած է. հեռադիտակ շինողներէն ոչ մէկը կրցած պիտի ըլլար անկէ լաւը ընել»։ Իսկ գրականութիւն մը (Popular Photography) կը բացատրէ. «Մարդկային աչքերը շատ աւելի ընդարձակ տարողութեամբ մանրամասնութիւններու շարք մը կը նշմարեն քան լուսանկարչական ֆիլմ մը։ Անոնք եռաչափ կը տեսնեն, չափազանց լայն անկիւնով մը, առանց պատկերածռութեան, շարունակական շարժումով ...։ Տրամաբանական չէ լուսանկարչական մեքենան բաղդատել մարդկային աչքին հետ։ Մարդկային աչքը աւելի նման է մարդուն կողմէ շինուած որեւէ սարքէ, համակարգիչէ կամ լուսանկարչական մեքենայէ գերիվեր եղող արուեստական իմացականութիւնով, տեղեկութիւնը գործարկելու կարողութիւններով, գործելու արագութիւններով եւ կերպերով օժտուած անհաւատալիօրէն կատարելագործուած գերհամակարգիչի մը»։
20. Մարդկային մարմնին կարգ մը ուրիշ ապշեցուցիչ երեսակները ի՞նչ են։
20 Խորհեցէք նաեւ այն կերպին մասին թէ մեր մարմնին բոլոր բարդ գործարանները կը
համագործակցին իրարու հետ առանց մեր կողմէ գիտակից ջանքի մը։ Օրինակի համար, մենք մեր ստամոքսը կը լեցնենք շատ մը տարբեր տեսակ ուտելիքներով ու խմելիքներով, սակայն մարմինը զանոնք կը լուծէ եւ ուժականութիւն կ’արտադրէ։ Փորձեցէք այսպիսի տարբեր բաներ ինքնաշարժի մը վառելանիւթի ամբարին մէջ դնել եւ տեսէք թէ անիկա մինչեւ ո՛ւր կ’երթայ։ Ապա կայ որդեծնութեան հրաշքը՝ իր ծնողքին նմանող շատ սիրուն մանկիկի մը մէջտեղ գալը՝ միայն ինը ամսուան մէջ։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել միայն քանի մը տարեկան երախայի մը բարդ լեզու մը սորվելու եւ խօսելու կարողութեան մասին։21. Մարմնին սքանչելիքները նկատի ունենալով, տրամաբանող անհատներ ի՞նչ կ’ըսեն։
21 Այո, մարդկային մարմնին մէջ այդքան ապշեցուցիչ եւ կնճռոտ շատ մը ստեղծագործութիւնները մեզ երկիւղով կը լեցնեն։ Ոչ մէկ ճարտարագէտ կրնայ անոնց մէկ օրինակը վերարտադրել։ Անոնք կրնա՞ն պարզապէս կոյր դիպուածի մը վերագրուիլ։ Վստահաբար ո՛չ։ Ընդհակառակը, երբ մարդկային մարմնին բոլոր հոյակապ երեսակները նկատի կ’առնեն, տրամաբանող անհատներ, սաղմոսերգուին նման, կ’ըսեն. «Կը գոհանամ քեզմէ [Աստուած], որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են»։—Սաղմոս 139։14
Գերագոյն Շինարարը
22, 23. (ա) Ինչո՞ւ պէտք է ընդունինք Ստեղծիչին գոյութիւնը։ (բ) Աստուածաշունչը իրաւացիօրէն ի՞նչ կ’ըսէ Աստուծոյ մասին։
22 Աստուածաշունչը կը նշէ. «Ամէն տուն արդարեւ մէկու մը կողմէ շինուած է. բայց գոյութիւն ունեցող բոլոր բաները Աստուած շինեց»։ (Եբրայեցիս 3։4, Երուսաղէմի Աստուածաշունչը) Քանի որ որեւէ տուն, որքան ալ պարզ ըլլայ, շինող մը ունենալու է, ուրեմն շատ աւելի բարդ տիեզերքն ալ, ինչպէս նաեւ երկրի վրայ կեանքի ընդարձակ տեսակները, շինող մը ունեցած ըլլալու են։ Իսկ քանի որ մենք կ’ընդունինք սարքեր՝ օդանաւերը, հեռատեսիլը եւ համակարգիչները՝ հնարած մարդոց գոյութիւնը, նաեւ պէտք չէ՞ ընդունինք այն մէկուն գոյութիւնը որ մարդոց ուղեղ տուաւ այսպիսի բաներ շինելու համար։
23 Աստուածաշունչը կ’ընդունի ասիկա, զայն կոչելով «երկինքը ստեղծող ու զանիկա կազմող, երկիրը ու անոր մէջ բուսածը տարածող, անոր վրայ եղող ժողովուրդին՝ շունչ ... տուող Տէր Աստուածը»։ (Եսայեայ 42։5) Աստուածաշունչը իրաւացիօրէն կ’ըսէ. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասնզի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։—Յայտնութիւն 4։10
24. Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ Աստուած մը գոյութիւն ունի։
24 Այո, կրնանք գիտնալ թէ Աստուած մը գոյութիւն ունի իր շինած բաներուն միջոցաւ։ «Քանզի [Աստուծոյ] աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն [Աստուծոյ] ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին»։—Հռովմայեցիս 1։20
25, 26. Բանի մը սխալ գործածուիլը ինչո՞ւ առարկելու պատճառ մը չէ անոր շինող մը ունենալուն դէմ։
25 Շինուած բանի մը սխալ գործածուիլը չի նշանակեր թէ անիկա շինող մը չէ ունեցած։ Օդանաւ մը կրնայ խաղաղարար նպատակներու համար գործածուիլ որպէս ճամբորդատար օդանաւ մը։ Բայց անիկա կրնայ կործանելու համար ալ գործածուիլ որպէս ռմբաձիգ մը։ Անոր մահառիթ նպատակի մը համար գործածուիլը չի նշանակեր թէ անիկա շինող մը չէ ունեցած։
26 Նմանապէս, մարդոց շատ յաճախ գէշ ընթացքի հետեւիլը չի նշանակեր թէ անոնք Շինող մը չեն ունեցած, թէ Աստուած գոյութիւն չունի։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչը ճշգրտութեամբ դիտել կու տայ. «Դուք գործերը տակն ու վրայ կ’ընէք։ Միթէ բրուտը կաւին տեղ կը դրուի՞։ Քանզի կարելի՞ է, որ առարկան զինք շինողին համար ըսէ. ‘Անիկա զիս չշինեց’։ Ու ստեղծուածը՝ զինք ստեղծողին համար ըսէ. ‘Անիկա իր ըրածը չի գիտեր’»։—Եսայեայ 29։16
27. Ինչո՞ւ կրնանք ակնկալել որ Աստուած պատասխանէ տառապանքի նկատմամբ մեր հարցումներուն։
27 Ստեղծիչը իր իմաստութիւնը ցոյց տուած է իր շինածին ապշեցուցիչ բարդութեան միջոցաւ։
Ան ցոյց տուած է որ ինք իրապէս հոգ կը տանի մեզի՝ ապրելու համար երկիրը պէտք եղածին պէս կազմելով, մեր մարմիններն ու մտքերը սքանչելի կերպով շինելով եւ մեր վայելքին համար բազմաթիւ բաներ ընելով։ Վստահաբար ան նոյնանման իմաստութիւն եւ հոգածութիւն պիտի ցուցաբերէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները գիտցնելով. Աստուած ինչո՞ւ թոյլատրած է տառապանքը։ Ան ինչպէ՞ս պիտի լուծէ զայն։[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 5]
Երկիրը, իր պաշտպանիչ մթնոլորտով, հոգածու Աստուծոյ մը կողմէ մեզի համար ծրագրուած անզուգական բնակարան մըն է
[Նկար՝ էջ 6]
Երկիրը սիրալիր հոգածութեամբ շինուած է, որպէսզի մենք կարենանք կեանքը լիովին վայելել
[Նկար՝ էջ 7]
‘Ուղեղ մը Երկրին հաղորդակցութեան բոլոր գիծերէն աւելի կցորդութիւններ կը պարփակէ’։—Մասնկային կենսաբան մը
[Նկար՝ էջ 8]
«Այնպէս կը թուի որ աչքը ծրագրուած է. հեռադիտակ շինողներէն ոչ մէկը կրցած պիտի ըլլար անկէ լաւը ընել»։—Աստղագէտ մը