Աշխարհի մեծագոյն շրջաբերութիւն ունեցած գիրքը
Աշխարհի մեծագոյն շրջաբերութիւն ունեցած գիրքը
«Աստուածաշունչը պատմութեան մէջ ամենէն շատ կարդացուած գիրքն է . . . ։ Անիկա ուրիշ որեւէ գիրքէ աւելի շրջաբերութիւն ունեցած է եւ բազմիցս թարգմանուած է ու շատ աւելի լեզուներով, քան որեւէ գիրք»։—«Տը Ուորլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա» (Անգլերէն)1
ԿԱՐԳ ՄԸ երեսակներով, ընդհանրապէս գիրքերը մարդոց կը նմանին։ Անոնք թատերաբեմին վրայ կ’երեւան, ժողովրդականութիւն կը շահին եւ կը ծերանան ու կը մեռնին՝ ի բացառեալ կարգ մը դասական գործերու։ Յաճախ մատենադարանները որպէս գերեզման կը ծառայեն անհամար գիրքերու, որոնք անգործածական դարձած են ու կարդացող չունին, հետեւաբար՝ մեռած են։
Աստուածաշունչը սակայն, բացառիկ է նոյնիսկ դասական գործերու մէջ։ Թէեւ գրուած է 3,500 տարիներ առաջ, անիկա տակաւին իրապէս կենդանի է։ Երկրի վրայ որե՛ւէ գիրք չի կրնար հաւասարիլ անոր շրջաբերութեան։ * Ամէն տարի, շուրջ 60 միլիոն Աստուածաշունչեր կը բաշխուին. լման՝ կամ անկէ մասեր։ Գերմանացի գիւտարար Ճոհաննէս Կիւթէնպէրկի շարժուն տպագրամեքենայէն առաջին հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ շուրջ 1455–ին։ Անկէ ի վեր, կը կարծուի որ չորս միլիառ Աստուածաշունչեր (ամբողջովին կամ մասամբ) տպուած են։ Ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք՝ կրօնական կամ այլ՝ նոյնիսկ կրցած է մօտենալ այդ թիւին։
Աստուածաշունչը նաեւ պատմութեան մէջ ամենէն շատ թարգմանուած գիրքն է։ Ամբողջ Աստուածաշունչը կամ անկէ մասեր թարգմանուած են աւելի քան 2,100 լեզուներու եւ բարբառներու։ * Մարդկային ընտանիքին աւելի քան 90 տոկոսը, իր անձնական լեզուով առնուազն Աստուածաշունչէն մաս մը կրնայ ձեռք ձգել։2 Հետեւաբար, այս գիրքը մատչելի դարձած է բազմաթիւ ազգերու եւ ցեղային ու տոհմային սահմանները անցած է։
Վիճակագրութիւնը ինքնին թերեւս դրդիչ պատճառ մը չէ որ Աստուածաշունչը քննէք։ Այսուհանդերձ, անոր շրջաբերութեան եւ թարգմանութեանց թիւը տպաւորիչ է, ինչ որ կը վկայէ որ Աստուածաշունչը համայն աշխարհի մէջ սիրուած է։ Մարդկային ամբողջ պատմութեան մէջ ամենաշատ ծախուած եւ լայնօրէն թարգմանուած գիրքը՝ վստահաբար ձեր նկատողութեան արժանի է։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 4 Կը կարծուի որ յաջորդ գիրքը որ ամենէն շատ շրջաբերութիւն ունեցած է, Մաօ Ցէ–թունկի Աշխատասիրութիւններէն Մէջբերումներ խորագրով կարմիր կողքով գրքոյկն է, որմէ շուրջ 800 միլիոն օրինակներ ծախուած կամ բաշխուած են։
^ պարբ. 5 Լեզուներու թիւին համար վիճակագրութիւնը Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութիւններու հրատարակութեան վրայ հիմնուած է։
[Նկար՝ էջ 6]
Շարժուն տպագրամեքենայով տպուած առաջին լման գիրքը՝ Կիւթէնպէրկի Լատիներէն Աստուածաշունչը