Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւոր նպատակակէտեր դիր որ Ստեղծիչիդ փառք բերես

Հոգեւոր նպատակակէտեր դիր որ Ստեղծիչիդ փառք բերես

Հոգեւոր նպատակակէտեր դիր որ Ստեղծիչիդ փառք բերես

«ԵԹԷ մէկը չի գիտեր ո՛ր նաւահանգիստը կ’ուղղուի, օգուտ չունի թէ հովը ո՛ր կողմէն կը փչէ»։ Առաջին դարու հռոմայեցի փիլիսոփայի մը այս խօսքը ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն կարեւոր է կեանքի մէջ նպատակներ ունենալ։

Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք անհատներու օրինակներ, որոնք կեանքի մէջ նպատակներ ունէին։ Նոյը մօտ 50 տարի «տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար»։ Մովսէս մարգարէն «դիտելով կը սպասէր վարձքին հատուցումին» (Եբրայեցիս 11։7, 26)։ Մովսէսին յաջորդը՝ Յեսուն՝ նպատակ դրած էր որ Քանանի երկիրը գրաւէ, ճիշդ ինչպէս որ Աստուած իրմէ խնդրած էր (Բ. Օրինաց 3։21, 22, 28. Յեսու 12։7-24

Առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալը շա՛տ ազդուած էր Յիսուսին այս խօսքէն. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի» (Մատթէոս 24։14)։ Անոր համար, ան հոգեւոր նպատակակէտեր դրած էր։ Պօղոս քաջալերուեցաւ Յիսուսին խօսքերէն, տուած տեսիլքներէն եւ տուած նշանակումէն, որ ‘իր անունը կրէ հեթանոսներուն առջեւ’։ Ասանկով, Պօղոս կրցաւ շատ մը ժողովքներ հաստատել Փոքր Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ (Գործք 9։15. Կողոսացիս 1։23

Պատմութեան ընթացքին, Եհովային ծառաները դրած են այնպիսի նպատակներ, որ իրեն փառք բերեն։ Եւ ատոնց հասած են։ Ինչպէ՞ս կրնանք այսօր հոգեւոր նպատակակէտեր դնել։ Ի՞նչ նպատակակէտեր կրնանք դնել եւ ի՞նչ գործնական քայլեր կրնանք առնել, որ ատոնց հասնինք։

Շա՛տ կարեւոր է թէ ինչո՛ւ կ’ուզես դրած նպատակակէտիդ հասնիլ

Մէկը կրնայ ոեւէ նպատակակէտ ունենալ։ Եւ այս աշխարհը լեցուն է անհատներով, որոնք կեանքի մէջ նպատակակէտեր ունին։ Բայց աստուածպետական նպատակակէտերը շատ տարբեր են աշխարհային նպատակակէտերէ։ Աշխարհի մէջ, ընդհանրապէս մարդիկ նպատակակէտեր կը դնեն, որ հարուստ դառնան եւ բարձր դիրքերու հասնին։ Ի՜նչ յիմարութիւն է այս տեսակ նպատակակէտեր ունենալ կեանքի մէջ։ Իսկ այն նպատակակէտերը, որոնք Եհովա Աստուծոյ փառք կը բերեն, կապ ունին իր պաշտամունքին եւ իր Թագաւորութեան համար ըրած մեր բոլոր բաներուն հետ (Մատթէոս 6։33)։ Մէկը այս տեսակ նպատակակէտեր կը դնէ, քանի որ Աստուած ու իր ընկեր արարածը կը սիրէ եւ կ’ուզէ աստուածպաշտութեամբ ապրիլ (Մատթէոս 22։37-39. Ա. Տիմոթէոս 4։7

Ուրեմն պէտք է ճիշդ դրդապատճառներ ունենանք, երբ հոգեւոր նպատակակէտեր կը դնենք։ Օրինակի համար, երբ նպատակակէտեր դնենք որ ուրիշ կերպերով ծառայենք կամ ալ որ հոգեւորապէս յառաջդիմենք։ Բայց նոյնիսկ ասանկ պարագաներու, թերեւս երբեմն մեր նպատակակէտերուն չհասնինք։ Ինչպէ՞ս կրնանք նպատակակէտեր դնել եւ ի՞նչ կրնանք ընել որ ատոնց հասնինք։

Պէտք է զօրաւոր փափաք ունենանք

Նկատի առ թէ Եհովան ինչպէ՛ս տիեզերքը ստեղծեց։ Եհովան ամէն մէկ ստեղծագործական ժամանակաշրջանի վերջաւորութեան ըսաւ. «Իրիկուն ու առտու ըլլալով» (Ծննդոց 1։5, 8, 13, 19, 23, 31)։ Ամէն մէկ ստեղծագործական ժամանակաշրջանի մը սկիզբը, Եհովա Աստուած շատ լաւ գիտէր իր նպատակակէտը այդ ժամանակաշրջանին համար։ Եւ կրցաւ ամէն ինչ ստեղծելու իր նպատակակէտին հասնիլ (Յայտնութիւն 4։10բ)։ Յոբ ըսաւ. «Եհովան իր սրտին ուզածը կ’ընէ» (Յոբ 23։13)։ Եհովան որքա՜ն գոհունակ եւ ուրախ զգացած ըլլալու էր, երբ իր բոլոր ըրածը տեսաւ եւ ըսաւ որ ատիկա «շատ բարի էր» (Ծննդոց 1։31

Մեր նպատակակէտերը իրագործելու համար, պէտք է որ ատոնց հասնելու զօրաւոր փափաք ունենանք։ Ինչպէ՞ս կրնանք զօրաւոր փափաք ունենալ։ Օրինակ, նոյնիսկ երբ երկիրը անձեւ եւ պարապ էր, Եհովան կրցաւ տեսնել, թէ ատիկա վերջաւորութեան ինչպէ՛ս պիտի ըլլար. գեղեցիկ գոհար մը տիեզերքին մէջ, որ իրեն փառք եւ պատիւ պիտի բերէր։ Նոյնպէս, մեր նպատակակէտերուն հասնելու նկատմամբ մեր ունեցած փափաքը կը զօրանայ, երբ որ խոկանք այն օգուտներուն եւ արդիւնքներուն վրայ, որոնք պիտի ունենանք, երբ մեր նպատակակէտին հասնինք։ Ասիկա պատահեցաւ 19 տարեկան Թոնիին հետ։ Ան բնաւ չմոռցաւ իր առաջին տպաւորութիւնը որ ունեցաւ, երբ այցելեց Եհովայի վկաներուն մասնաճիւղը արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։ Անկէ ի վեր, Թոնին կը մտածէր միայն մէկ բանի մասին. ‘Իր կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլար, եթէ ծառայէր այդ տեսակ տեղ մը’։ Թոնին միշտ ասոր մասին կը մտածէր եւ ատոր համար ջանքեր թափեց։ Տարիներ ետք, ան շատ ուրախացաւ, երբ մասնաճիւղին մէջ ծառայելու իր դիմումնագիրը ընդունուեցաւ։

Ուրիշ բան մըն ալ մեզի կ’օգնէ որ մեր նպատակակէտերուն հասնելու նկատմամբ մեր փափաքը զօրանայ. ընկերակցիլը անոնց հետ՝ որոնք արդէն իրենց որոշ նպատակակէտերուն հասած են։ 30 տարեկան Ճէյսըն չէր սիրեր դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ երբ որ պատանի էր։ Բայց երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք, ան ծառայեց որպէս ռահվիրայ,– այսինքն՝ Թագաւորութեան լիաժամ քարոզիչ դարձաւ։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ ռահվիրայութեան նկատմամբ փափաք ունենայ։ Ան կը պատասխանէ. «Երբ խօսեցայ ուրիշ ռահվիրաներու հետ եւ անոնց հետ ծառայեցի, ատիկա իմ վրաս մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ»։

Մեր նպատակակէտերը թուղթի վրայ գրելը կրնայ օգնել

Երբ մտածած նպատակակէտիդ մասին արտայայտուիս, ատիկա մտքիդ մէջ աւելի յստակ կը դառնայ։ Սողոմոն ըսաւ որ ճիշդ ընտրուած բառերը կրնան մեր կեանքը ուղղել, ճիշդ ինչպէս որ խթանը,– այսինքն՝ սուր փայտը,– անասունները կ’ուղղէ (Ժողովող 12։11)։ Երբ որ այդ բառերը գրի առնես, ատոնք մտքիդ եւ սրտիդ մէջ կը քանդակուին։ Եւ ճիշդ ասոր համար է որ անցեալին, Եհովան Իսրայէլի թագաւորներէն խնդրած էր որ Օրէնքը իրենց ձեռքով գրեն (Բ. Օրինաց 17։18)։ Ուրեմն կրնանք թուղթի վրայ գրի առնել մեր նպատակակէտերը, ատոնց հասնելու մեր ծրագիրները, արգելքները եւ ատոնց լուծումները։ Ասիկա կրնայ նաեւ մեզի օգնել որ տեսնենք թէ ի՛նչ բաներ պէտք է գիտնանք, ի՛նչ ձիրքեր պէտք է ունենանք եւ որո՛նք կրնան մեզի օգնել։

Հոգեւոր նպատակակէտեր դնելը օգնեց Ճէֆրիին, որ տարիներով մասնաւոր ռահվիրայութիւն կ’ընէր ասիական երկրի մը ամայի մէկ թաղամասին մէջ։ Ճէֆրիին կինը անակնկալ կերպով մահացաւ։ Ժամանակ մը ետք, Ճէֆրին նպատակակէտեր դրաւ եւ որոշեց ռահվիրայութեամբ զբաղիլ։ Իր ծրագիրները թուղթի վրայ գրելէ ետք, ան աղօթեց որ մինչեւ ամսուն վերջը երեք հոգի ընդունին իրեն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Ամէն օր, ան իր ծառայութիւնը աչքէ կ’անցընէր եւ տասը օր անգամ մը իր յառաջդիմութիւնը կը ստուգէր։ Ան իր նպատակակէտին հասա՞ւ։ Ճէֆրին ուրախութեամբ կ’ըսէ որ ամսուան վերջաւորութեան, ո՛չ միայն երեք հոգի, հապա չորս հոգի ընդունեց իրեն հետ Աստուածաշունչը սերտել։

Պզտիկ նպատակակէտեր դնելը քեզի կ’օգնէ

Կարգ մը նպատակակէտեր սկիզբը շատ դժուար կ’երեւին։ Թոնին կ’ըսէ որ Եհովայի վկաներուն մասնաճիւղին մէջ ծառայելը սկիզբը իրեն համար երազ մըն էր, քանի որ նախ ան իր ապրելակերպին մէջ պէտք էր փոփոխութիւններ մտցնէր եւ Աստուծոյ նուիրուէր։ Բայց ան որոշեց Եհովային ուզած կերպով ապրիլ եւ նպատակ դրաւ որ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընէ, որ մկրտուի։ Երբ որ այդ նպատակակէտին հասաւ, նպատակակէտ դրաւ որ նախ օժանդակ ռահվիրայ ըլլայ եւ յետոյ կանոնաւոր ռահվիրայ։ Ամէն անգամ ան օրացոյցին մէջ գրեց, որ ե՛րբ ռահվիրայ եղաւ։ Ժամանակ մը ռահվիրայութիւն ընելէ ետք, աւելի դիւրին դարձաւ որ մասնաճիւղին մէջ ծառայելու իր նպատակակէտին հասնի։

Մենք ալ կրնանք պզտիկ նպատակակէտեր դնել, քանի որ ատոնք մեզի պիտի օգնեն որ մեր մեծ նպատակակէտին հասնինք։ Լաւ է որ միշտ տեսնենք թէ որքա՛ն յառաջդիմած ենք, որ կարենանք մեր նպատակակէտերուն վրայ կեդրոնացած մնալ։ Ասկէ զատ, մեր ծրագիրներուն մասին Եհովային աղօթելը մեզի պիտի օգնէ։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Անդադար աղօթք ըրէ՛ք» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17

Մի՛ յանձնուիր եւ շարունակէ ջանք թափել

Ատեններ մեր դրած նպատակակէտին չենք կրնար հասնիլ, որքան ալ լաւ ծրագրած ըլլանք եւ զօրաւոր փափաք ունենանք։ Օրինակ, Յովհաննէս Մարկոս աշակերտը շատ յուսախաբ եղաւ, երբ որ Պօղոս առաքեալ զինք իրեն հետ չառաւ իր երկրորդ միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին (Գործք 15։37-40)։ Մարկոս պէտք էր ասկէ դաս մը սորվէր եւ Աստուծոյ ծառայելու իր նպատակակէտին մէջ փոփոխութիւններ մտցնէր։ Այսպէս ալ ըրաւ։ Ժամանակ մը ետք, Պօղոս լաւ բաներ խօսեցաւ Մարկոսին մասին եւ Մարկոս Պետրոսին ընկերակցութիւնը վայելեց Բաբելոնի մէջ (Բ. Տիմոթէոս 4։11. Ա. Պետրոս 5։13)։ Թերեւս իր ամէնէն մեծ առանձնաշնորհումն էր՝ Յիսուսին կեանքին ու ծառայութեան մասին գրել։

Մենք ալ թերեւս դժուարութիւններ ունենանք։ Բայց պէտք չէ յանձնուինք։ Պէտք է տեսնենք թէ որքա՛ն յառաջդիմած ենք եւ թէ մեր դրած նպատակակէտը տրամաբանակա՞ն է կամ ոչ։ Եւ եթէ ոչ, ատիկա փոխենք։ Երբ արգելքներ ըլլան, պէտք է շարունակենք ջանք թափել որ յառաջդիմենք։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւորը ըսաւ. «Քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին» (Առակաց 16։3

Բայց ատեններ մեր պայմանները անկարելի կը դարձնեն որ մեր նպատակակէտին հասնինք։ Օրինակ, թերեւս մեր առողջութիւնը լաւ չըլլայ կամ ընտանեկան պարտականութիւններ ունենանք։ Այսպիսի պարագաներու, պէտք է միշտ մեր միտքը պահենք որ մեր վարձքը յաւիտենական կեանքն է,– ըլլայ երկինքի մէջ կամ երկրի վրայ (Ղուկաս 23։43. Փիլիպպեցիս 3։13, 14)։ Լաւ ինչպէ՞ս կրնանք այդ վարձքը ստանալ։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» (Ա. Յովհաննէս 2։17)։ Կրնայ ըլլալ որ մեր պարագաները չեն ներեր, որ որոշ նպատակակէտի մը հասնինք, բայց կրնանք տակաւին ‘Աստուծմէ վախնալ ու անոր պատուիրանքները պահել’ (Ժողովող 12։13)։ Հոգեւոր նպատակակէտերը մեզի կ’օգնեն որ կեդրոնացած մնանք Աստուծոյ կամքը ընելու վրայ։ Անոր համար, լաւ է որ դնենք նպատակակէտեր, որ Ստեղծիչին փառք բերենք։

[Շրջանակ]

Հոգեւոր նպատակակէտեր՝ որոնք կրնանք դնել

○ Ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդալ

Դիտարան–ին եւ Զարթի՛ր–ին ամէն մէկ թիւը կարդալ

○ Մեր աղօթքներուն որակը բարելաւել

○ Սուրբ հոգիին պտուղը զարգացնել

○ Աւելի՛ ծառայել

○ Աւելի լաւ կերպով քարոզել եւ սորվեցնել

○ Վարժուիլ վկայել հեռաձայնով, անպաշտօն կերպով կամ առեւտրական թաղամասերու մէջ