Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լիաժամ ծառաները մեծապէս կը նպաստեն քարոզչութեան

Լիաժամ ծառաները մեծապէս կը նպաստեն քարոզչութեան

Լիաժամ ծառաները մեծապէս կը նպաստեն քարոզչութեան

Ձեզի այցելած առաջին Եհովայի Վկան հաւանաբար լիաժամ ծառայ՝ ռահվիրայ կամ միսիոնար՝ մըն էր։ Քանի որ Եհովայի Վկաներու մատուցած ծառայութիւնը վճարովի չէ, թերեւս դուք ձեզի հարց տուած էք թէ այս անհատները ի՛նչպէս կարող են լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկել։

Աստուծոյ նուիրուած եւ մկրտուած բոլոր Եհովայի Վկաները քարոզիչներ են, բայց անոնց մեծամասնութիւնը ընտանիք կամ ուրիշ պարտականութիւններ ունի, որոնց պատճառով, անոնք շաբաթը միայն քանի մը ժամեր կը յատկացնեն իրենց ծառայութեան։ Սակայն, համայն աշխարհի մէջ հազարաւոր Վկաներ իրենց ապրելակերպը փոխած են, որպէսզի կարենան իրենց նուազած ծախսերը հոգալ մասնակի ժամեր աշխատելով եւ տարին 1,000 կամ աւելի ժամեր յատկացնել ծառայութեան։

Ճիշդ է որ լիաժամ ծառաները՝ ռահվիրաները՝ իրենց համար ծախսելիք քիչ դրամ ունին, սակայն անոնց համար, ասիկա նախ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը փնտռելու կերպ մըն է։ Ասոր փոխարէն, անոնք շատ մը օրհնութիւններ կը ստանան։ Կարենալ ամիսը 90 ժամ ուրիշներուն Աստուծոյ Խօսքին մասին միայն խօսիլը ինքնին հոյակապ փորձառութիւն մըն է։ Լիաժամ ծառայ մը իր հմտութիւնը կը սրէ ծառայութեան մէջ եւ ժամանակ ալ ունի ցոյց տրուած հետաքրքրութիւնը պատշաճօրէն հետապնդելու։ Ասիկա շատ քաջալերական արդիւնքներ կը բերէ։ Նիւթական գետնի վրայ, անոնք անհրաժեշտ եղածը ունին եւ շատ կը գնահատեն ի՛նչ որ ունին։Մատթէոս 6։33, ՆԱ։

Փետրուար 1943–ին, Դիտարանի Ընկերութիւնը Գաղաադու Սուրբ Գրոց Դպրոցը հիմնեց։ Ասոր նպատակն էր փորձառու լիաժամ քարոզիչներ մարզել որպէս միսիոնարներ օտար երկիրներու մէջ ծառայելու համար։ Հինգ ամսուայ դասընթացքը կը ներփակէ Աստուածաշունչին, սուրբ գրային պատմութեան, Եհովայի կազմակերպութեան եւ օտար երկրի մէջ ծառայութեան համար պատրաստուելուն հետ կապ ունեցող նիւթերու խտացուած ուսումնասիրութիւն մը։

Ընկերութիւնը միսիոնարին ճամբորդութեան ծախքերը կը հոգայ եւ միսիոնարական տան մը մէջ առողջապահական ճաշ եւ համեստ բնակարան մը կը հայթայթէ։ Անիկա նաեւ իւրաքանչիւր միսիոնարի կու տայ նիւթական չնչին օժանդակութիւն մը իր անձնական ծախսերուն համար։ Միսիոնարները կարգով կը մասնակցին ընդհանուր առտնի գործերուն. Գնումներ, մաքրութիւն եւ ճաշերու պատրաստութիւն։ Այս տրամաբանական հոգածութեամբ, միսիոնարները կրնան ամիսը առնուազն 140 ժամ յատկացնել տունէ տուն քարոզչութեան եւ հետաքրքրուած անհատներուն հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն։

Այս միսիոնարներէն շատեր իրենց տունէն եւ ընտանիքէն հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու ղրկուած են։ Անոնք պէտք էր յարմարէին տարբեր ապրելակերպի եւ մշակոյթի, ուտելու նոր սովորութիւններու, տարբեր կլիմայի եւ ուրիշ լեզու մը սորվելու։ Անոնք այս գործունէութիւնը կը կատարեն, քանի որ կը սիրեն մարդիկը եւ զօրաւոր փափաք մը ունին անոնց օգնելու, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվին։

1943–էն մինչեւ 1991, Դիտարանի Գաղաադու Սուրբ Գրոց Դպրոցը 92 դասարաններ վարած է եւ աւելի քան 6,500 միսիոնարներ օտար երկիրներ ղրկած է։ Ընկերութեան վերատեսչութեան ներքեւ, անոնք համայն Ափրիկէի, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի, Արեւելքի եւ Հարաւային Խաղաղականի մէջ Աստուածաշունչի դաստիարակչութեան ընդլայնման մեծապէս նպաստած են եւ Եւրոպայի մէջ ալ մեծ գործ կատարած են։

Լիաժամ ծառայութեան մէջ, Եհովայի Վկաները, ըլլան՝ ռահվիրաներ թէ միսիոնարներ կամ մասնակի ժամերով մասնակցողներ, նիւթական ոչ մէկ շահ կը ստանան։ Անոնք իրենց ժամանակը, դրամը եւ իրենց անձերը կը տրամադրեն ուրիշներուն օգնելու համար, որ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող գիտութիւնը ստանան։—Յովհաննու 17։3

Եհովայի Վկաներէն ոմանք ինչպէ՞ս կրնան իրենց ամբողջ ժամանակը յատկացնել ծառայութեան, եւ անոնք ինչո՞ւ կ’ընեն ասիկա։

Ծառաները ի՞նչ մարզում կը ստանան միսիոնարական գործունէութեան համար։

Միսիոնարները իրենց օտար թաղամասին մէջ ի՞նչ օգնութիւն կը ստանան։

[Նկարներ՝ էջ 22]

Ձախին. Գաղաադու Դպրոցի դասարան մը՝ Պրուքլին, Նիւ Եորք, Ա.Մ.Ն.

Աջին. Միսիոնար մը Աստուծոյ Խօսքը կը սորվեցնէ Բաբուա Նոր Կուինիայի մէջ

[Նկարներ՝ էջ 23]

Տարբեր երկիրներու մէջ Աստուծոյ Խօսքը քարոզող ռահվիրաներ եւ միսիոնարներ

Պրազիլիա

Տոմինիքեան Հանրապետութիւն

Սպանիա

Սիերրա Լէոնէ (Ափրիկէ)