Սիրոյ եւ միութեան մէջ կերտելու համար ժողովքներ
Սիրոյ եւ միութեան մէջ կերտելու համար ժողովքներ
Թերեւս ձեր շրջանի Եհովայի Վկաներու ժողովքի մը ժողովներուն ներկայ եղած էք։ Հոն ամէն մակարդակի պատկանող անհատներու՝ ընտանիքներու, ամուրիներու, ծերերու, երիտասարդներու՝ հանդիպած ըլլալու էք։ Անոնք բոլորն ալ իրենց պաշտամունքին մէջ միացած են եւ ուրիշներուն օգնելով կը հետաքրքրուին։
Երբ մեծ թիւով անհատներ կը փափաքին իրարու հետ միակամօրէն աշխատիլ, վերատեսչութեան կարիքը կը ծագի։ Աստուած կարգապահ Աստուած մըն է. ուստի այդ կարգապահութիւնը պէտք է արտացոլանայ իր ժողովուրդով կազմուած ժողովքին մէջ։ Ինչպէս առաջին դարուն, նոյնպէս այսօր, որակելի, հասուն եւ փորձառու Քրիստոնեայ այրեր կը նշանակուին որպէս երէցներ, կամ տեսուչներ։ Անոնք կը ղեկավարեն ժողովքը եւ անոր հոգեւոր կարիքներուն հոգ կը տանին։ Անոնց կ’օգնեն ուրիշ հաւատարիմ այրեր որոնք կը կոչուին օգնական ծառաներ։ Այս մարդիկը ոչ ամսական, ոչ ալ ուրիշ նիւթական վարձատրութիւն կը ստանան, այլ յօժարակամօրէն կը ծառայեն եւ, սովորաբար աշխարհային գործ մը ընելով, իրենց անձնական ծախսերը կը հոգան։—Ա. Կորնթացիս 14։33, 40. Փիլիպպեցիս 1։1. Ա. Տիմոթէոս 3։8, 9
Այս մարդիկը ինչպէ՞ս կ’ընտրուին։ Անոնք Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներ պէտք է ըլլան, որոնք սուրբ գրային որոշ որակումներ կը ցուցաբերեն։ Այդ որակումներէն քանի մը հատը հետեւեալներն են. ‘Զգաստ, խոհեմ, կարգապահ, հիւրասէր, սորվեցնելու ատակ եւ տրամաբանող. ոչ դրամասէր, իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընող, ոչ նորահաւատ, դուրսիններէն ալ լաւ վկայուած’ ըլլալ. ‘վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը հաստատ բռնող’ ըլլալ։—Ա. Տիմոթէոս 3։1–15, ՆԱ. Տիտոս 1։7–9
Այս մարդիկը ժողովքին կողմէ չեն ընտրուիր իրենց պաշտօններուն, ուր մեծամասնութիւնը կրնայ երբեմն նորահաւատներէ բաղկանալ։ Այլ անոնք հասուն եւ փորձառու Քրիստոնեայ մարդոց կողմէ կը յանձնարարուին, որոնք երէցներ են եւ ներատեսութիւն ունին տեսնելու համար թէ նկատի առնուած անհատները ո՛ր չափով կը լեցնեն սուրբ գրային պահանջները։ Ապա, երէցներու եւ օգնական ծառաներու
նշանակումը կը կատարուի Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին վերատեսչութեան ներքեւ, առաջին դարու Քրիստոնէական ժողովքին դրած օրինակին համաձայն։Այս երէցները, կամ տեսուչները, կղեր դասակարգ մը չեն. անոնք ուրիշներուն վրայ չեն տիրապետեր։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, առաջնորդութիւնը առնողը բոլորին ծառան պէտք է ըլլայ։ Եհովայի Վկաներու ժողովքին մէջ, երէցները իրապէս Աստուծոյ Թագաւորութեան համար գործակիցներ են։—Մատթէոս 20։26, 27. 23։8–11. Հռովմայեցիս 12։8. Ա. Կորնթացիս 3։5. 4։1, 2. Կողոսացիս 4։11. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12–14
Որպէս տեսուչներ, անոնք ժողովներուն ընթացքին տրուած ուսուցումը կը ղեկավարեն եւ քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնեն։ Ժողովքին գլխաւոր նպատակակէտն է իրեն նշանակուած ամբողջ թաղամասին մէջ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել։ Տեսուչները նաեւ կը ծառայեն որպէս հովիւներ, ժողովքին անդամները այցելելով եւ հարկ եղած քաջալերութիւնը տալով։—Մատթէոս 24։14. Գործք 1։8. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։11, 12. 5։14, 15. Բ. Տիմոթէոս 2։24–26. Եբրայեցիս 13։17. Յակոբու 5։13–16. Ա. Պետրոս 5։1–4
Երէցներուն պարտականութիւնն է նաեւ յանդիմանել եւ կրթել որեւէ մէկը որ սխալ ընթացքի կը հետեւի եւ կրնայ ժողովքին հոգեւոր ու բարոյական մաքրութեան, ինչպէս նաեւ միութեան, վտանգ մը ներկայացնել։—Ա. Կորնթացիս 5։4, 5, 7, 11–13. Տիտոս 1։9. 2։15. 3։10, 11
Ժողովքը կանոնաւորաբար յաճախելը լաւ ընկերակցութիւն եւ շատ մը հոգեւոր օգուտներ պիտի բերէ ձեզի։—Սաղմոս 35։18. 84։10
• Որո՞նք կը ղեկավարեն իւրաքանչիւր ժողովքի գործունէութիւնները։
• Տեսուչները ի՞նչ հիմի վրայ կ’ընտրուին։
• Անոնց պատասխանատուութիւնները ի՞նչ են։
[Նկարներ՝ էջ 13]
Տեսուչները ժողովքը կ’ուսուցանեն, տունէ տուն քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնեն, հովուական այցելութիւններով կը քաջալերեն եւ երբ հարկ ըլլայ, կը խրատեն ու կը յանդիմանեն