«Եհովան կը թագաւորէ»
Երգ 33
«Եհովան կը թագաւորէ»
1. Եհովա քեզ կը պանծացնենք,
Քու վսեմութիւնդ մարդոց կը յայտնենք։
Անուանդ գովութիւններ կը մատուցանենք,
Արարչութիւնդ կը ճանչցնենք։
(Կրկներգ)
2. Հաւատքի մարտին մէջ միացած,
Քու փառքդ կը պատմենք մենք սքանչացած։
Ցնծա՛ դուն ո՛վ Սիօն, Եհովան կը տիրէ,
Ու կուռքերը կը խռովեցնէ։
(Կրկներգ)
3. Մեղքի մէջ յղացուած մարդը Տէր,
Փրկեցիր քու Որդւոյդ արեանը գինով։
Միասնաբար պաշտենք սուրբ զարդարանքներով,
Քեզ գովենք մենք ուրախ սրտերով։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Ցնծա՛ դուն ո՛վ երկինք, Աղաղակէ՛ երկիր,
Եահը թագաւորութիւնն առաւ իր։
Ցնծա՛ դուն ո՛վ երկինք, Աղաղակէ՛ երկիր,
Եահը թագաւորութիւնն առաւ իր։