Երախտապարտ Աստուծոյ ողորմութեան համար
Երգ 152
Երախտապարտ Աստուծոյ ողորմութեան համար
1. Իմաստութիւնն ու հանճարը
Աստուծոյ կը պատկանին.
Ճամբաներն իր անզննելի,
Գտնողներուն երանի՜։
Ո՞վ անոր խորհուրդ մը տուաւ
Եւ կամ օգնութեան հասաւ։
Ո՞վ է ան որ բան մը տուաւ,
Ու փոխարէն չստացաւ։
2. Յայտնէ շնորհակալութիւնդ,
Կեանքդ անոր նուիրէ։
Իր ողորմութեան փոխարէն,
Պաշտամունք մատուցանէ։
Ջանայ հաւատարիմ ըլլալ,
Ծառայելով միշտ Եահի։
Տուած խոստումդ կատարէ,
Մի՛ նմանիր աշխարհի։
3. Լքէ աշխարհային ճամբան,
Դուն ճշմարտութեան համար.
Սիրոյ այս ճամբան քեզ կու տայ
Օրհնութիւններ անհամար։
Շարունակէ միշտ աղօթել,
Մնայ խոնարհ եւ հլու,
Սիրոյ ճամբուն մէջ միշտ քալէ,
Եւ տուր առանց զզուելու։