Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շարունակէ նայիլ մրցանակին

Շարունակէ նայիլ մրցանակին

Երգ 222

Շարունակէ նայիլ մրցանակին

(Բ. Կորնթացիս 4։18)

1. Երբ կոյրերուն աչքերն տեսնեն,

Ու խուլերն ալ կրկին լսեն,

Երբ չոր գետնէն զով ջուր հոսի,

Եւ անապատներն իսկ ծաղկեն.

Կաղերն ցատկեն եղնիկի պէս,

Սիրելիներ չբաժանուին։

Օրհնեալ այս օրերն պիտ’ տեսնես,

Եթէ նայիս մրցանակին։

2. Երբ որ համրեր դարձեալ խօսին,

Ծերեր երիտասարդանան.

Երկիր առատ իր բերքը տայ,

Ու բարիքներ վերջ չունենան.

Հեռուէն լսուին մանկանց երգեր,

Մարդիկ ուրախ խաղաղ ապրին,

Մեռելներն պիտ’ տեսնես արթուն,

Եթէ նայիս մրցանակին։

3. Երբ գայլեր, ոչխարներ մէկտեղ,

Արջեր, հորթեր խոտ արածեն,

Տղէկ մը զանոնք պիտ’ հովուէ

Ու մանկական կոչին վազեն.

Երբ արցունքներ չգոյացուին,

Երբ ցաւ ու վախ անհետացուին,

Պիտ’ տեսնես թէ Տէրն կը հոգայ,

Եթէ նայիս մրցանակին։