Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆԸՎԵՑ

Մնայուն ապագայ մը ապահովեցէք ձեր ընտանիքին համար

Մնայուն ապագայ մը ապահովեցէք ձեր ընտանիքին համար

1. Ընտանեկան կարգադրութեան համար ի՞նչ էր Եհովայի նպատակը։

ԵՐԲ Եհովա Աստուած ամուսնութեամբ Ադամն ու Եւան միացուց, Ադամ իր ուրախութիւնը արտայայտեց, արձանագրուած առաջին Եբրայերէն բանաստեղծութիւնը արտասանելով։ (Ծննդոց 2։22, 23) Սակայն Ստեղծիչին նպատակը միմիայն իր երկրային որդւոյն հաճոյք տալ չէր։ Ան կ’ուզէր որ ամուսնացած զոյգը իր կամքը կատարէր։ Ան առաջին զոյգին ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։ (Ծննդոց 1։28) Ատիկա ի՜նչ վարձահատոյց նշանակում մըն էր։ Անոնք եւ իրենց ապագայ զաւակները որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլային, եթէ Ադամն ու Եւան Եհովայի կամքին լիովին հնազանդէին։

2, 3. Ընտանիքներ ի՞նչպէս կրնան ներկայիս մեծագոյն ուրախութիւնը վայելել։

2 Այսօր ալ, ընտանիքներ աւելի ուրախ կ’ըլլան, երբ միասնաբար աշխատին Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, որ թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։8) Այն ընտանիքները, որոնք աստուածապաշտ են եւ Աստուածաշունչի մէջ ցոյց տրուած Եհովայի առաջնորդութեան կը հետեւին, ուրախութիւն պիտի գտնեն «ներկայ» կեանքին մէջ։ (Սաղմոս 1։1-3. 119։105. Բ. Տիմոթէոս 3։16) Նոյնիսկ երբ ընտանիքէն միայն մէկ անդամ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկէ, կացութիւնը աւելի լաւ կ’ըլլայ, քան երբ ո՛չ ոք կիրարկէ զանոնք։

3 Այս գրքին մէջ, ընտանեկան ուրախութեան նպաստող սուրբ գրային բազմաթիւ սկզբունքներ ձեռք առնուեցան։ Հաւանաբար, նշմարեցիք որ անոնցմէ քանի մը հատը բազմիցս կրկնուած են ամբողջ գրքին մէջ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք զօրեղ ճշմարտութիւններ կը ներկայացնեն, որոնք ընտանեկան տարբեր մարզերու մէջ բարերար ազդեցութիւն ունին։ Ընտանիք մը որ կը ջանայ սուրբ գրային այս սկզբունքները կիրարկել, կ’անդրադառնայ որ աստուածպաշտութիւնը ‘ներկայ կեանքին խոստումը ունի’։ Այս չորս կարեւոր սկզբունքներուն վրայ անգամ մը եւս աչք նետենք։

ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

4. Ամուսնութեան մէջ ժուժկալութիւնը ինչո՞ւ կենսական է։

4 Սողոմոն Թագաւոր ըսաւ. «Իր ոգին չզսպող մարդը՝ փլած ու անպարիսպ քաղաքի պէս է»։ (Առակաց 25։28. 29։11) Անոնք որոնք կը փափաքին ուրախ ամուսնութիւն մը ունենալ, կենսական է որ իրենց ‘ոգին զսպեն’՝ ժուժկալ ըլլան։ Ցասումի կամ անբարոյ միտումներու նման քանդիչ զգացումներու անձնատուր ըլլալը, վնասներ կը հասցնէ, զորս շտկելը կրնայ տարիներ տեւել, ան ալ եթէ երբեք կարելի ըլլայ։

5. Անկատար անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ ժուժկալութիւն մշակել, եւ ի՞նչ օգուտներ քաղելով։

5 Անշուշտ, Ադամի սերունդէն ո՛չ ոք կրնայ լիովին սանձել իր անկատար մարմինը։ (Հռովմայեցիս 7։21, 22) Սակայն, ժուժկալութիւնը հոգիին պտուղներէն մէկն է։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Եթէ այս յատկութեան համար աղօթենք, Աստուծոյ հոգին մեր մէջ ժուժկալութիւն պիտի յառաջացնէ, եթէ՝ այս առնչութեամբ Աստուածաշունչի խրատները կիրարկենք եւ ընկերակցինք զայն յայտնաբերող անհատներու հետ, ու եթէ խուսափինք՝ զայն չմշակող անհատներէ։ (Սաղմոս 119։100, 101, 130. Առակաց 13։20. Ա. Պետրոս 4։7) Այսպիսի ընթացք մը պիտի օգնէ որ ‘պոռնկութենէ փախինք’, նոյնիսկ երբ փորձուինք։ (Ա. Կորնթացիս 6։18) Պիտի մերժենք բռնութիւնը, պիտի յաղթահարենք ալքոլամոլութիւնը։ Նաեւ աւելի հանդարտօրէն ձեռք պիտի առնենք ջղագրգռութիւններն ու դժուար կացութիւնները։ Թող որ բոլորս՝ երախաներն ալ՝ սորվինք հոգիին այս կենսական պտուղը մշակել։—Սաղմոս 119։1, 2

ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ ՊԱՏՇԱՃ ՏԵՍԱԿԷՏ

6. (աԳլխաւորութեան նկատմամբ աստուածային շարքաւորումը ի՞նչ է։ (բՈրպէսզի տղամարդու մը գլխաւորութիւնը ուրախութիւն բերէ իր ընտանիքին, ան ի՞նչ բան պէտք չէ մոռնայ։

6 Երկրորդ կարեւոր սկզբունքն է՝ գլխաւորութեան ճանաչումը։ Պօղոս ասոր պատշաճ շարքաւորումը տուաւ, երբ ըսաւ. «Կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած»։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Ասիկա կը նշանակէ թէ տղամարդը կ’առաջնորդէ ընտանիքը, կինը հաւատարմօրէն թիկունք կը կանգնի եւ երախաները կը հնազանդին ծնողքին։ (Եփեսացիս 5։22-25, 28-33. 6։1-4) Նկատի առէք սակայն, որ գլխաւորութիւնը ուրախութիւն կը պատճառէ միայն՝ երբ պատշաճ կերպով գործադրուի։ Աստուածապաշտ ամուսիններ գիտեն որ գլխաւորութիւն չի նշանակեր բռնատիրութիւն։ Անոնք իրենց Գլուխին՝ Յիսուսի՝ օրինակին կը հետեւին։ Թէեւ Յիսուս ‘բոլոր բաներուն գլուխը’ պիտի ըլլար, ան «չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու»։ (Եփեսացիս 1։22. Մատթէոս 20։28) Քրիստոնեայ տղամարդն ալ նոյն կերպով ի գործ կը դնէ իր գլխաւորութիւնը, ո՛չ թէ ի շահ իրեն, այլ իր կնոջ ու զաւակներուն ի նպաստ։—Ա. Կորնթացիս 13։4, 5

7. Սուրբ գրային ո՞ր սկզբունքները պիտի օգնեն որ կին մը իր աստուածատուր դերը կատարէ ընտանիքէն ներս։

7 Իսկ աստուածապաշտ կինը իր ամուսնոյն հետ չի՛ մրցիր, ո՛չ ալ կը փորձէ անոր տիրել։ Այլ, անոր թիկունք կանգնելով եւ անոր հետ համագործակցելով՝ ուրախ է։ Աստուածաշունչը երբեմն կնոջ մասին կը խօսի որպէս իր ամուսնոյն «սեփականութիւնը», բացայայտ ընելով որ ան իր գլուխն է։ (Ծննդոց 20։3, ՆԱ) Ամուսնութեամբ, ան իր ‘էրկան կը կապուի օրէնքով’։ (Հռովմայեցիս 7։2) Միաժամանակ, Աստուածաշունչը զինք կը կոչէ «օգնական» կամ «լրացուցիչ»։ (Ծննդոց 2։20, ՆԱ) Ան այնպիսի յատկութիւններ ու կարողութիւններ ունի, զորս իր ամուսինը չունի, եւ անոր հարկ եղած օժանդակութիւնը կը բերէ։ (Առակաց 31։10-31) Աստուածաշունչը կ’ըսէ նաեւ որ կինը «ընկեր» մըն է, մէկը՝ որ իր կողակիցին կողքին կ’աշխատի։ (Մաղաքեայ 2։14) Սուրբ գրային այս սկզբունքները կ’օգնեն որ ամուսին ու կին իրարու դիրքը գնահատեն եւ յարգանք ու պատիւ ցուցաբերեն իրարու հանդէպ։

‘ԱՐԱԳ ԸԼԼԱՆՔ ԼՍԵԼՈՒ’

8, 9. Թուեցէք կարգ մը սկզբունքներ, որոնք ընտանիքէն ներս հաղորդակցութիւնը բարելաւելու կը նպաստեն։

8 Այս գրքին մէջ, հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը յաճախ շեշտուած է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատ աւելի հեշտ է խնդիրները լուծել, երբ մարդիկ կը խօսակցին եւ իրապէս ականջ կու տան իրարու։ Յաճախ շեշտուած է որ հաղորդակցութիւնը երկկողմանի ճամբայ մըն է։ Յակոբոս աշակերտ ասիկա հետեւեալ կերպով արտայայտեց. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ»։—Յակոբու 1։19

9 Կարեւոր է ուշադիր ըլլալ թէ ի՛նչպէս կը խօսինք։ Անխորհրդաբար, ցասումով ըսուած խօսքերը, կամ՝ շատ քննադատական արտայայտութիւնները, յաջող հաղորդակցութեան չեն նպաստեր։ (Առակաց 15։1. 21։9. 29։11, 20) Նոյնիսկ երբ մեր ըսածը ճիշդ է, եթէ անիկա կոշտութեամբ, հպարտութեամբ կամ անզգամութեամբ արտայայտենք, հաւանաբար աւելի վնաս պիտի ընէ, քան՝ բարիք։ Մեր խօսակցութիւնը պէտք է հաճելի, «որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ»։ (Կողոսացիս 4։6) Մեր խօսքերը՝ «արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու» պէտք է նմանին։ (Առակաց 25։11) Այն ընտանիքները, որոնք լաւ կերպով հաղորդակցիլ սորված են, դէպի ուրախութիւն հսկայ քայլ մը առած են։

ՍԻՐՈՅ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԴԵՐԸ

10. Ամուսնութեան մէջ ի՞նչպիսի սէր կենսական է։

10 «Սէր» բառը, յաճախ կը տեսնուի ամբողջ գրքին մէջ։ Կը յիշէ՞ք թէ մանաւանդ ո՛ր սիրոյն վրայ շեշտ դրինք։ Ճիշդ է որ վիպական սէրը (Յունարէն՝ էրոս) կարեւոր դեր մը կը խաղայ ամուսնութեան մէջ, իսկ յաջող ամուսնութեան մէջ, խոր խանդաղատանք ու բարեկամութիւն (Յունարէն՝ ֆի·լիա) կը զարգանայ ամուսինի ու կնոջ միջեւ։ Սակայն շատ աւելի կարեւոր է այն սէրը, որու Յունարէն արտայայտութիւնն է՝ ա·կաբէ։ Ասիկա այն սէրն է որ Եհովայի, Յիսուսի ու մեր դրացիներուն հանդէպ կը մշակենք։ (Մատթէոս 22։37-39) Ասիկա այն սէրն է որ Եհովա կը ցուցաբերէ մարդոց հանդէպ։ (Յովհաննու 3։16) Ի՜նչ հոյակապ է որ այսպիսի սէր կրնանք արտայայտել մեր կողակիցին ու զաւակներուն հանդէպ։—Ա. Յովհաննու 4։19

11. Սէրը ի՞նչպէս կը նպաստէ լաւ ամուսնութեան։

11 Ամուսնութեան մէջ, այս վեհ սէրը, իրապէս «միութեան կատարեալ կապ»ն է։ (Կողոսացիս 3։14, ՆԱ) Անիկա զոյգը իրարու կը կապէ եւ կը մղէ որ անոնք իրարու ու իրենց զաւակներուն հաճելի եղած բաները ընեն։ Երբ ընտանիքներ դժուար պարագայ դիմագրաւեն, սէրը անոնց կ’օգնէ որ միասնականօրէն զայն լուծեն։ Մինչ անոնք տարիքի մէջ կը յառաջանան, սէրը պիտի օգնէ որ անոնք իրարու նեցուկ կանգնին եւ շարունակեն իրար գնահատել։ «Սէրը . . . իրենը չի փնտռեր, . . . ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չիյնար»։—Ա. Կորնթացիս 13։4-8

12. Աստուծոյ հանդէպ սէրը ինչո՞ւ զոյգի մը ամուսնութիւնը կը զօրացնէ։

12 Ամուսնական միութիւնը մասնաւորաբար զօրաւոր կ’ըլլայ, երբ անիկա ոչ միայն իրարու հանդէպ, այլ մանաւանդ՝ Եհովայի հանդէպ սիրով կնքուած ըլլայ։ (Ժողովողի 4։9-12) Ինչո՞ւ։ Յովհաննէս առաքեալ բացատրեց. «Վասն զի ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք»։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Ուստի, զոյգ մը իր զաւակները պէտք է աստուածպաշտութեան մէջ մարզէ, ո՛չ թէ անոր համար որ խորապէս կը սիրէ զանոնք, հապա, քանի որ Եհովա՛ն կը պատուիրէ ասիկա։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7) Անոնք անբարոյութենէ պէտք է խուսափին, ո՛չ միայն քանի որ իրարու հանդէպ սէր ունին, հապա գլխաւորաբար՝ քանի որ Եհովա՛ն կը սիրեն, որ «պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»։ (Եբրայեցիս 13։4) Եթէ կողակիցներէն մէկը լուրջ խնդիրներ յարուցանէ ամուսնութեան մէջ, Եհովայի հանդէպ սէրը պիտի մղէ որ միւսը շարունակէ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետեւիլ։ Արդարեւ, ուրախ են ա՛յն ընտանիքները, ուր իրարու հանդէպ սէրը շաղախուած է Եհովայի սիրով։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ԿԱՏԱՐՈՂ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

13. Աստուծոյ կամքը ընելու վճռակամութիւնը ի՞նչպէս անհատներու կ’օգնէ որ ի՛րապէս կարեւոր եղող բաներուն վրայ սեւեռեն իրենց աչքերը։

13 Քրիստոնեային կեանքին առանցքը կը կազմէ Աստուծոյ կամքին գործադրութիւնը։ (Սաղմոս 143։10) Աստուածպաշտութիւնը ճիշդ ասիկա կը նշանակէ։ Աստուծոյ կամքը կատարելը ընտանիքներուն կ’օգնէ որ իրապէս կարեւոր եղող բաներուն վրայ սեւեռեն իրենց աչքերը։ (Փիլիպպեցիս 1։9, 10) Օրինակ, Յիսուս զգուշացուց. «Վասն զի եկայ տղան իր հօրմէն զատելու ու աղջիկը՝ իր մօրմէն ու հարսը՝ կեսուրէն։ Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան»։ (Մատթէոս 10։35, 36) Յիսուսի խօսքերը շիտակ ելլելով, իր հետեւորդներէն շատեր ընտանիքի անդամներու կողմէ հալածուած են։ Ի՜նչ տխուր, ցաւագին կացութիւն մը։ Այսուհանդերձ, ընտանեկան կապերը Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ մեր սէրէն գերադաս պէտք չէ նկատենք։ (Մատթէոս 10։37-39) Եթէ անհատ մը ընտանեկան հակառակութիւն ունենալով հանդերձ յարատեւէ, հակառակորդները աստուածպաշտութեան լաւ արդիւնքը տեսնելով՝ կրնան փոխուիլ։ (Ա. Կորնթացիս 7։12-16. Ա. Պետրոս 3։1, 2) Նոյնիսկ երբ պարագան այս չըլլայ, հակառակութեան պատճառաւ Աստուծոյ ծառայութիւնը դադրեցնելը ո՛չ մէկ օգուտ կը բերէ։

14. Աստուծոյ կամքը ընելու փափաքը ի՞նչպէս ծնողներու կ’օգնէ որ իրենց զաւակներուն լաւագոյն շահերը փնտռեն։

14 Աստուծոյ կամքը ընելը ծնողներուն կ’օգնէ որ շիտակ որոշումներու յանգին։ Կարգ մը համայնքներու մէջ, զոր օրինակ, ծնողներ զաւակները որպէս ներդրում կը նկատեն, եւ ծերութեան ժամանակ անոնց հոգածութեան կ’ապաւինին։ Թէեւ շիտակ եւ պատշաճ է որ չափահաս զաւակներ իրենց տարեց ծնողներուն հոգ տանին, սակայն ասիկա ի մտի ունենալով ծնողներ պէտք չէ իրենց զաւակներուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնեն որ անոնք նիւթապաշտութեան ետեւէ իյնան։ Ծնողներ իրենց զաւակներուն ծառայութիւն մատուցանած չեն ըլլար, եթէ զանոնք քաջալերեն որ հոգեւոր բաներէ աւելի նիւթական ստացուածքները արժեւորեն։—Ա. Տիմոթէոս 6։9

15. Տիմոթէոսի մայրը, Եւնիկէ, ի՞նչպէս Աստուծոյ կամքը կատարողի հոյակապ տիպար մըն է։

15 Ասոր մէջ գեղեցիկ տիպար մըն է Եւնիկէն, Պօղոսի երիտասարդ բարեկամին՝ Տիմոթէոսի՝ մայրը։ (Բ. Տիմոթէոս 1։5) Թէեւ անհաւատի մը հետ ամուսնացած էր, Եւնիկէն եւ Տիմոթէոսի մեծ–մայրը՝ Լաւոդիան, յաջողեցան Տիմոթէոսը աստուածապաշտ մեծցնել։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15) Երբ Տիմոթէոս չափահաս եղաւ, Եւնիկէ թոյլ տուաւ որ ան տունը ձգելով Թագաւորութեան քարոզչութեան ձեռնարկէ, Պօղոսի միսիոնարական ուղեկիցը ըլլալով։ (Գործք 16։1-5) Եւնիկէն որքա՜ն ուրախացած ըլլալու էր իր տղուն կարկառուն միսիոնար մը ըլլալը տեսնելով։ Որպէս չափահաս անոր աստուածպաշտութիւնը կ’արտացոլացնէր իր մանկութեան ստացած մարզումը։ Վստահաբար, Եւնիկէ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն զգաց, Տիմոթէոսի հաւատարիմ ծառայութեան տեղեկագրութիւնները լսելով, հակառակ անոր որ հաւանաբար կը փափաքէր որ ան իր քով ըլլար։—Փիլիպպեցիս 2։19, 20

ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԵՒ ՁԵՐ ԱՊԱԳԱՆ

16. Որպէս որդի, Յիսուս ի՞նչ պատշաճ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ, բայց ի՞նչ էր իր գլխաւոր նպատակակէտը։

16 Յիսուս աստուածապաշտ ընտանիքի մը մէջ մեծցաւ եւ երբ չափահաս եղաւ, իր մօրը հանդէպ որդիական հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ։ (Ղուկաս 2։51, 52. Յովհաննու 19։26) Սակայն, Յիսուսի գլխաւոր նպատակակէտն էր Աստուծոյ կամքը կատարել եւ իր պարագային ասիկա կը նշանակէր մարդոց առջեւ յաւիտենական կեանքի ճամբան բանալ։ Յիսուս ասիկա ըրաւ, երբ իր մարդկային կատարեալ կեանքը մեղաւոր մարդկութեան համար որպէս փրկանք մատուցանեց։—Մարկոս 10։45. Յովհաննու 5։28, 29

17. Յիսուսի հաւատարիմ ընթացքը ի՞նչ փառաւոր հեռանկար մը բացաւ Աստուծոյ կամքը կատարողներուն առջեւ։

17 Յիսուս մեռնելէ ետք, Եհովա զինք երկնային կեանքի յարուցանեց եւ անոր մեծ հեղինակութիւն յանձնեց եւ վերջապէս զինք գահակալեց որպէս երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը։ (Մատթէոս 28։18. Հռովմայեցիս 14։9. Յայտնութիւն 11։15) Յիսուսի զոհը կարելիութիւն տուաւ որ մարդոց մէջէն ոմանք ընտրուին, որպէսզի իրեն հետ այդ Թագաւորութեան մէջ իշխեն։ Անիկա մնացեալ արդարամիտ մարդոց առջեւ, դրախտային վիճակի մէջ վերահաստատուած երկրին վրայ յաւիտենական կեանք վայելելու ճամբան բացաւ։ (Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1, 4. 21։3-5. 22։1-4) Ներկայիս, մեր վայելած մեծագոյն առանձնաշնորհումներէն մէկն է այս փառաւոր բարի լուրը տալ մեր դրացիներուն։—Մատթէոս 24։14

18. Ի՞նչ վերյիշեցում եւ ի՛նչ քաջալերութիւն տրուած է թէ՛ ընտանիքներու եւ թէ անհատներու։

18 Ինչպէս Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ, աստուածապաշտ կեանք վարելը «ապագայ» կեանքին մէջ այս օրհնութիւնները վայելելու խոստումը կու տայ։ Վստահաբար, ասիկա ուրախութիւն գտնելու լաւագո՛յն կերպն է։ Մի՛ մոռնաք որ «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Ա. Յովհաննու 2։17) Ուստի ո՛վ որ ալ ըլլաք՝ երախայ թէ ծնող, ամուսին թէ կին, զաւակով կամ առանց զաւկի առանձին չափահաս, ջանացէք Աստուծոյ կամքը կատարել։ Նոյնիսկ երբ ճնշումներու ներքեւ կը գտնուիք, կամ չափազանց դժուար պարագայ մը կը դիմագրաւէք, բնաւ մի՛ մոռնաք որ կենդանի Աստուծոյ մէկ ծառան էք։ Ուստի, թող ձեր արարքները ուրախացնեն Եհովան։ (Առակաց 27։11) Իսկ ձեր վարքը ձեզի ուրախութիւն թող բերէ հիմա, եւ մօտալուտ նոր աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանք։