Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 32

Յիսուս ինչպէ՞ս պաշտպանուեցաւ

Յիսուս ինչպէ՞ս պաշտպանուեցաւ

ԵՀՈՎԱՆ ատեններ հոյակապ կերպով կարգ մը բաներ կ’ընէ, որպէսզի պաշտպանէ պզտիկները եւ անոնք՝ որոնք չեն կրնար իրենք զիրենք պաշտպանել։ Պարտէզին մէջ քալած ատենդ, թերեւս տեսնես կերպ մը, որով Եհովան ասիկա կ’ընէ։ Բայց սկիզբը, թերեւս չհասկնաս թէ ի՛նչ կը պատահի։

Գետինը թռչուն մը կը տեսնես։ Կը կարծես որ վիրաւորուած է, քանի որ իր թեւերէն մէկը չի գործածեր։ Երբ իրեն կը մօտենաս, քեզմէ կը հեռանայ։ Մինչ անոր ետեւէն կ’երթաս, ան կը շարունակէ քեզմէ հեռանալ։ Ետքը, մէկ անգամէն թռչունը կը թռչի։ Անոր թեւը բնա՛ւ չէր վիրաւորուած։ Գիտե՞ս թէ թռչունը ի՛նչ կ’ընէր։—

Այն տեղը, ուր թռչունը տեսար, հոն խոտերուն մէջ իր ձագերը պահած էր։ Ան վախցաւ, որ իր ձագերը գտնես եւ անոնց վնաս հասցնես։ Անոր համար, անանկ մէկ ըրաւ որ վիրաւորուած է, եւ քեզ ձագերէն հեռացուց։ Գիտե՞ս ով կրնայ մեզ պաշտպանել, ինչպէս որ թռչունը իր ձագերը կը պաշտպանէ։— Աստուածաշունչին մէջ, Եհովան կը նմանցուի արծիւի մը, որ իր ձագերուն կ’օգնէ (Բ. Օրինաց 32։11, 12

Այս թռչունը ինչպէ՞ս իր ձագերը կը պաշտպանէ

Եհովայի ամենաթանկագին զաւակը իր սիրելի Որդին է՝ Յիսուս։ Երբ Յիսուս երկինքն էր, իր Հօր պէս շատ զօրաւոր էր։ Ան կրնար իր անձին հոգ տանիլ։ Բայց երբ Յիսուս երկրի վրայ ծնաւ, ան մանուկ մըն էր, որ օգնութեան եւ պաշտպանութեան պէտք ունէր։

Յիսուս պէտք էր մեծնար, որպէսզի կարենար ընել այն ինչ որ Աստուած կ’ուզէր որ ընէր։ Բայց Սատանան ասոր արգելք ըլլալու համար, փորձեց Յիսուսը մեռցնել երբ ան տակաւին մանուկ էր։ Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ Սատանան ինչպէ՛ս փորձեց Յիսուսը մեռցնել, եւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս զինք պաշտպանեց։ Կ’ուզե՞ս այս պատմութիւնը լսել։—

Յիսուսի ծնունդէն քիչ ետք, Սատանան կը պատճառէ, որ բան մը աստղի պէս փայլի արեւելքին մէջ։ Մարդիկ, որոնք աստղերը կը սերտեն, այդ աստղին հետեւելով՝ Երուսաղէմ կը հասնին։ Հոն, անոնք կը հարցնեն, թէ ո՛ւր ծնաւ ան, որ հրեաներուն թագաւորը պիտի ըլլայ։ Անոնք որոնք գիտեն, թէ ասոր մասին Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ, կը պատասխանեն. «Բեթլեհէմին մէջ» (Մատթէոս 2։1-6

Արեւելքէն եկողները Յիսուսին այցելելէ ետք, Աստուած անոնց ի՞նչ կ’ըսէ, որպէսզի Յիսուսի կեանքը ազատէ

Երբ Երուսաղէմի մէջ Հերովդէս չար թագաւորը կը լսէ այս նոր թագաւորին մասին, որ Բեթլեհէմի մէջ ծնած է, անոնց կ’ըսէ. ‘Գացէք մանուկը գտէք եւ ետքը եկէք ու ինծի ըսէք’։ Գիտե՞ս Հերովդէս ինչո՛ւ կ’ուզէ Յիսուսին տեղը գիտնալ։— Քանի որ իրեն կը նախանձի եւ կ’ուզէ զինք մեռցնել։

Աստուած ինչպէ՞ս իր Որդին կը պաշտպանէ։— Երբ անոնք՝ որոնք աստղերը կը սերտեն, Յիսուսը կը գտնեն, իրեն նուէրներ կու տան։ Ետքը, Աստուած երազի մը մէջ անոնց կ’ըսէ, որ Հերովդէսին չվերադառնան։ Անոնք ալ ուրիշ ճամբայով մը իրենց երկիրը կ’երթան։ Երբ Հերովդէս ասիկա կը գիտնայ, շա՜տ կը բարկանայ։ Ուզելով Յիսուսը մեռցնել, ան կը հրամայէ որ Բեթլեհէմի մէջ մեռցուին բոլոր տղաները, որոնք երկու տարեկանէն վար են։ Բայց այն ատեն, Յիսուս արդէն հոն չէ։

Գիտե՞ս Յիսուս ինչպէս կ’ազատի։— Եհովան Մարիամի ամուսինին՝ Յովսէփին կ’ըսէ, որ իր ընտանիքը առնէ եւ փախչի դէպի Եգիպտոս։ Հոն, Յիսուս չար Հերովդէսէն հեռու ըլլալով, ապահով է։ Տարիներ ետք, երբ Մարիամ ու Յովսէփ Յիսուսին հետ Եգիպտոսէն կը վերադառնան, Աստուած երազի մը մէջ Յովսէփին կ’ըսէ, որ Նազարէթ փոխադրուին, ուր Յիսուս աւելի ապահով պիտի ըլլայ (Մատթէոս 2։7-23

Յիսուս նորէն ինչպէ՞ս կ’ազատի

Կը տեսնե՞ս թէ ինչպէ՛ս Եհովան իր Որդին պաշտպանեց։— Թռչունին ձագերուն պէս եւ մանուկ Յիսուսին պէս, այսօր պզտիկները պաշտպանուելու պէտք ունին։ Կան մարդիկ, որոնք կ’ուզեն քեզի վնաս հասցնել։ Գիտե՞ս ով են։—

Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Սատանան մռնչող առիւծի պէս է, որ կ’ուզէ մեզ ուտել։ Եւ ինչպէս որ առիւծները յաճախ պզտիկ անասուններու վրայ կը յարձակին, Սատանան եւ դեւերն ալ յաճախ պզտիկներուն վրայ կը յարձակին (Ա. Պետրոս 5։8)։ Բայց Եհովան Սատանայէն շա՜տ աւելի զօրաւոր է։ Ան կրնայ զինք պաշտող պզտիկները պաշտպանել կամ ջնջել որեւէ վնաս, որ Սատանան իրենց կը հասցնէ։

Այս գիրքին 10–րդ գլուխէն կը յիշե՞ս, թէ Սատանան եւ դեւերը ի՛նչ կ’ուզեն որ ընենք։— Այո, անոնք կ’ուզեն որ մարդիկ ունենան այն սեռային յարաբերութիւնը, որ Աստուած կ’ըսէ թէ սխալ է։ Միայն որո՞նց համար է սեռային յարաբերութիւնը։— Այո, այն մարդուն ու կնոջ համար, որոնք իրարու հետ ամուսնացած են։

Սակայն, կարգ մը չար մարդիկ կը սիրեն սեռային յարաբերութիւն ունենալ պզտիկներու հետ։ Եւ այդ պզտիկներէն ոմանք թերեւս սկսին ընել գէշ բաներ, որոնք այդ մարդոցմէ սորվեցան։ Եւ այս տղաներն ու աղջիկները նաեւ կը սկսին իրենց սեռային անդամները սխալ կերպով գործածել։ Ասանկ բան մը պատահեցաւ շա՜տ առաջ, Սոդոմ քաղաքին մէջ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ այդտեղի մարդիկը՝ «երիտասարդներէն մինչեւ ծերերը», փորձեցին սեռային յարաբերութիւն ունենալ այն երկու մարդոց հետ, որոնք Ղովտին այցելելու եկած էին (Ծննդոց 19։4, 5

Անոր համար, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս պաշտպանութեան պէտք ունեցաւ, դուն ալ պէտք ունիս պաշտպանուելու այսպիսի մարդոցմէ,– եւ նոյնիսկ պզտիկներէ,– որոնք թերեւս փորձեն քեզի հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Ընդհանրապէս, անոնք պիտի ձեւացնեն, որ քեզի ընկերներ են։ Անոնք թերեւս նոյնիսկ քեզի նուէր մը տան, եթէ խոստանաս ուրիշին չըսել թէ ի՛նչ կ’ուզեն քեզի հետ ընել։ Բայց անոնք Սատանային եւ դեւերուն պէս անձնասէր են ու միայն իրենց հաճոյքը կը փնտռեն։ Եւ անոնք կը փորձեն այս հաճոյքը առնել՝ պզտիկներուն հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալով։ Ասիկա շա՜տ սխալ բան մըն է։

Գիտե՞ս թէ անոնք ի՛նչ ընելով հաճոյք կ’առնեն։— Թերեւս փորձեն սեռային անդամներդ շոյել, կամ նոյնիսկ փորձեն իրենց սեռային անդամները քսել քու սեռային անդամներուդ։ Բայց դուն պէտք չէ ձգես, որ ոեւէ մէկը սեռային անդամներուդ հետ խաղայ, նոյնիսկ եթէ անիկա եղբայրդ է, քոյրդ է, մամադ է կամ պապադ է։ Քեզմէ զատ, ո՛չ մէկը պէտք է մարմնիդ այս անդամներուն դպնայ։

Ի՞նչ պէտք է ըսես եւ ընես, եթէ մէկը փորձէ սխալ կերպով քեզի դպնալ

Ինչպէ՞ս կրնաս մարմինդ պաշտպանել այն մարդոցմէ, որոնք այսպիսի գէշ բաներ կ’ընեն։— Նախ եւ առաջ, բնաւ մի՛ ձգեր որ մէկը քու սեռային անդամներուդ հետ խաղայ։ Եթէ մէկը փորձէ ասիկա ընել, զօրաւոր ու բարձր ձայնով անոր ըսէ. «Ո՛չ։ Մի՛ ըներ։ Պապայիս ու մամայիս պիտի ըսեմ»։ Եւ մի՛ հաւատար եթէ ան ըսէ, որ ի՛նչ որ պատահեցաւ, քու յանցանքդ է։ Ասիկա ճիշդ չէ։ Ան ո՛վ որ ալ ըլլայ, գնա՛ ու եղածը պատմէ։ Պէտք է այդպէս ընես, նոյնիսկ եթէ ան ըսէ թէ ի՛նչ որ միասին կ’ընէք, ձեր միջեւ գաղտնիք մըն է։ Նոյնիսկ եթէ ան քեզի խոստանայ գեղեցիկ նուէրներ կամ քեզ վախցնէ, պէտք է իրմէ հեռանաս եւ ուրիշի մը պատմես պատահածը։

Պէտք չունիս վախնալու, բայց պէտք է ուշադիր ըլլաս։ Երբ պապադ ու մամադ քեզի ըսեն, թէ որոշ մարդիկ կամ որոշ տեղեր քեզի համար վտանգաւոր են, պէտք է անոնց մտիկ ընես։ Այսպէս, պիտի չձգես որ չար մէկը քեզի վնաս հասցնէ։

Կարդա՛ այս համարները, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս կրնաս դուն քեզ պաշտպանել այն սեռային յարաբերութենէն, որ սխալ է. Ծննդոց 39։7-12. Առակաց 4։14-16. 14։15, 16. Ա. Կորնթացիս 6։18. եւ Բ. Պետրոս 2։14։