Եհովա պատուհասներ կը բերէ քրիստոնեայ աշխարհին վրայ
Գլուխ 21
Եհովա պատուհասներ կը բերէ քրիստոնեայ աշխարհին վրայ
Տեսիլք 5—Յայտնութիւն 8։1–9։21
Նիւթ. Եօթը փողերուն վեցին հնչուիլը
Կատարման ժամանակ. 1914–ին Յիսուս Քրիստոսի թագադրումէն մինչեւ մեծ նեղութիւն
1. Ի՞նչ կը պատահի, երբ Գառնուկը եօթներորդ կնիքը կը բանայ։
«ՉՈՐՍ հովերը» բռնուած են մինչեւ որ հոգեւոր Իսրայէլի 144,000 անդամները կնքուին եւ մեծ բազմութիւնը վերապրելու արժանի գտնուի։ (Յայտնութիւն 7։1-4, 9) Սակայն այդ մրրիկը երկրի վրայ գալէն առաջ, Սատանայի աշխարհին դէմ Եհովայի վճիռներն ալ պէտք է գիտցուին։ Մինչ Գառնուկը կը պատրաստուի եօթներորդ ու վերջին կնիքը բանալու, վստահաբար Յովհաննէս մեծ հետաքրքրութեամբ կը նայի թէ ի՛նչ պիտի բացուի։ Արդ, ան իր փորձառութիւնը մեզի հետ կը բաժնէ. «Երբ [Գառնուկը] եօթներորդ կնիքը քակեց, լռութիւն մը տիրեց երկինքը՝ կէս ժամու չափ։ Տեսայ այն եօթը հրեշտակները, որոնք Աստուծոյ առջեւ կը կայնէին։ Անոնց եօթը փող տրուեցաւ»։—Յայտնութիւն 8։1, 2
Ջերմեռանդ Աղօթքի Ժամանակ մը
2. Երկնքի մէջ այլաբանական կէս ժամուան լռութեան ընթացքին ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։
2 Շա՜տ յատկանշական լռութիւն մը։ Կէս ժամը երկար կը թուի, երբ բանի մը պատահիլը կը սպասէք։ Այժմ, փառաբանութիւն երգող երկնային երգչախումբն անգամ լռած է։ (Յայտնութիւն 4։8) Ինչո՞ւ։ Յովհաննէս ասոր պատճառը կը տեսնէ տեսիլքին մէջ. «Ուրիշ հրեշտակ մը եկաւ սեղանին առջեւ կայնեցաւ։ Ոսկեղէն խնկանոց մը ունէր։ Իրեն շատ խունկ տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր սուրբերուն աղօթքներուն հետ աթոռին առջեւ եղող ոսկի սեղանին վրայ մատուցանէ։ Խունկերուն ծուխը սուրբերուն աղօթքներուն հետ հրեշտակին ձեռքէն Աստուծոյ առջեւ ելաւ»։—Յայտնութիւն 8։3, 4
3. (ա) Խունկին ծխուիլը մեզի ի՞նչ կը յիշեցնէ։ (բ) Երկնքի մէջ կէս ժամուան լռութեան նպատակը ի՞նչ է։
3 Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ որ հրէական իրերու դրութեան ներքեւ, տաղաւարին ու հետագային Երուսաղէմի տաճարին մէջ, ամէն օր խունկ կը ծխուէր։ (Ելից 30։1-8) Խունկ ծխուելու ժամանակ, քահանայ չեղող Իսրայելացիները սրբազան վայրէն դուրս կը սպասէին ու անկասկած իրենց սրտերէն լռելեայն կ’աղօթէին Անոր, որու կը բարձրանար խունկին ծուխը։ (Ղուկաս 1։10) Յովհաննէս նոյնանման բան մը կը տեսնէ երկնքի մէջ։ Հրեշտակին մատուցած խունկին կը միանան «սուրբերուն աղօթքներ»ը։ Իրականութեան մէջ, նախորդ տեսիլքի մը մէջ ըսուեցաւ որ խունկը այսպիսի աղօթքներ կը ներկայացնէր։ (Յայտնութիւն 5։8. Սաղմոս 141։1, 2) Բացայայտօրէն ուրեմն, այս խորհրդանշական լռութիւնը թոյլ պիտի տար որ երկրի վրայի սուրբերուն աղօթքները լսուէին։
4, 5. Պատմական ո՞ր իրադարձութիւնները մեզի կ’օգնեն այլաբանական կէս ժամուան լռութեան համապատասխան ժամանակաշրջանը սահմանելու։
4 Կրնա՞նք որոշել թէ ասիկա երբ տեղի ունեցաւ։ Այո կրնանք, եթէ ընդհանուր բովանդակութիւնը նկատի առնենք եւ զայն համեմատենք տէրունական օրուան սկիզբը տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւններուն հետ։ (Յայտնութիւն 1։10) 1918–ի եւ 1919–ի ընթացքին, երկրի վրայի իրադարձութիւնները աչքառու կերպով ներդաշնակ էին Յայտնութիւն 8։1-4–ի մէջ նկարագրուած տեսարանին հետ։ 1914–էն շուրջ 40 տարի առաջ, Աստուածաշունչի Աշակերտները՝ ինչպէս կը կոչուէին Եհովայի Վկաները այդ ատեն, սկսան խիզախօրէն քարոզել որ ազգերուն ժամանակները այդ տարին պիտի վերջանային։ 1914–ի եղերական դէպքերը անոնց իրաւունք տուին։ (Ղուկաս 21։24. Մատթէոս 24։3, 7, 8) Բայց անոնցմէ շատեր կը հաւատային նաեւ որ 1914–ին այս երկրէն պիտի առնուէին, իրենց երկնային ժառանգութիւնը ստանալու համար։ Ասիկա տեղի չունեցաւ։ Ընդհակառակը, Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, անոնք բիրտ հալածանք կրեցին։ Դիտարանի Ընկերութեան առաջին նախագահը՝ Չարլզ Թ. Ռասըլ 31 Հոկտեմբեր 1916–ին մահացաւ։ Իսկ 4 Յուլիս 1918–ին, նոր նախագահը Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ, Ընկերութեան ուրիշ եօթը ներկայացուցիչներու հետ Աթլանթայի, Ճորճիա, բանտը ղրկուեցան, անիրաւ տեղ երկար տարիներու բանտարկութեան դատապարտուելով։
5 Յովհաննէս դասակարգը կազմող անկեղծ Քրիստոնեաները շփոթած էին։ Հիմա Աստուած ի՞նչ կը սպասէր իրենցմէ։ Ե՞րբ երկինք պիտի առնուէին։ Դիտարան–ի 1 Մայիս 1919 թիւին մէջ յօդուած մը հրատարակուեցաւ՝ «Հունձքը Վերջացաւ. Ի՞նչ Պիտի Յաջորդէ» խորագրով։ Այդ յօդուածին մէջ այս անորոշ վիճակը կ’արտացոլացուէր եւ հաւատարիմները կը քաջալերէր որ շարունակէին համբերել, ըսելով. «Կը հաւատանք որ հիմա այլեւս թագաւորութեան դասին հունձքը վերջացած իրողութիւն մըն է, եւ թէ բոլորը կնքուած են եւ դուռը գոցուած է»։ Այս դժուար շրջանին, Յովհաննէս դասակարգի ջերմեռանդ աղօթքները խունկի ծուխին նման քուլայ–քուլայ երկինք կը բարձրանային։ Այս աղօթքները իրապէս լսուեցան։
Երկրի Վրայ Կրակ Ձգել
6. Երկնքի մէջ եղած լռութեան ի՞նչ կը յաջորդէ, եւ ասիկա ի՞նչին պատասխանն է։
6 Յովհաննէս մեզի կ’ըսէ. «Հրեշտակը առաւ խնկանոցը ու անոր մէջ սեղանին կրակէն լեցուց եւ ձգեց երկրին վրայ։ Ձայներ եւ որոտումներ ու փայլակներ ու երկրաշարժ եղան»։ (Յայտնութիւն 8։5) Լռութենէն ետք, յանկարծ շշմեցուցիչ գործունէութիւն տեղի կ’ունենայ։ Հաւանաբար ասիկա սուրբերուն աղօթքին պատասխանն է, քանի որ անիկա խունկի սեղանէն առնուած կրակով կը պատճառուի։ Հ.Դ.Ա. 1513–ին, Սինա Լերան վրայ որոտումներ եւ փայլակներ, բարձր ձայն, կրակ ու լերան դողալը նշեցին որ Եհովա իր ուշադրութիւնը դարձուցած էր իր ժողովուրդին վրայ։ (Ելից 19։16-20) Յովհաննէսի կողմէ տեղեկագրուած երեւոյթներն ալ ցոյց կու տային որ Եհովա իր երկրային ծառաներուն վրայ կը դարձնէր իր ուշադրութիւնը։ Բայց Յովհաննէսի տեսած բաները նշաններով ներկայացուած էին։ (Յայտնութիւն 1։1, ՆԱ) Արդ, ներկայիս ի՞նչպէս կարելի է խորհրդանշական կրակը, որոտումները, ձայները, փայլակները եւ երկրաշարժը մեկնել։
7. (ա) Յիսուս իր երկրային ծառայութեան ընթացքին այլաբանական ի՞նչ կրակ ձգեց։ (բ) Յիսուսի հոգեւոր եղբայրները ի՞նչպէս կրակ ձգեցին Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ։
7 Առիթով մը Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ես կրակ ձգելու եկայ երկրի վրայ»։ (Ղուկաս 12։49) Իրապէս, ան կրակ մը բռնկեցուց։ Իր նախանձախնդիր քարոզչութեամբ, Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Հրեայ ժողովուրդին դիմաց կարեւորագոյն հարցը դարձուց եւ ասիկա տաք հակաճառութեան դուռ բացաւ այդ ազգին մէջ։ (Մատթէոս 4։17, 25. 10։5-7, 17, 18) 1919–ին, երկրի վրայ Յիսուսի հոգեւոր եղբայրները, օծեալ Քրիստոնեաներու պզտիկ խումբը, որ Ա. Աշխարհամարտի ծանր օրերէն վերապրած էր, նոյնանման կրակ մը բռնկեցուց Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ։ Նոյն տարուան Սեպտեմբերին, Եհովայի հոգին ուշագրաւօրէն զգալի էր, երբ իր հաւատարիմ Վկաները ամէն կողմերէն հաւաքուեցան Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ (Ա.Մ.Ն.)։ Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ, որ տակաւին նոր ելած էր բանտէն եւ հետագային իրեն դէմ եղած ամբաստանութիւնները չեղեալ պիտի նկատուէին, խիզախօրէն խօսք առնելով, այդ նահանգային համաժողովին ըսաւ. «Մեր Տէրոջ պատուէրին հնազանդելով, եւ երկար ժամանակ մարդիկը իր կապանքներուն մէջ պահած սխալ աշտարակներու դէմ պատերազմելու մեր առանձնաշնորհումին եւ պարտականութեան գիտակցելով, մեր կոչումն էր եւ տակաւին է, մօտալուտ Մեսիական փառաւոր թագաւորութիւնը ծանուցանել»։ Ահաւասիկ կարեւորագոյն հարցը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։
8, 9. (ա) Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ ի՞նչպէս նկարագրեց պատերազմի դժուար տարիներուն Աստուծոյ ժողովուրդին կեցուածքն ու փափաքը։ (բ) Երկրի վրայ ի՞նչպէս կրակ ձգուեցաւ։ (գ) Ի՞նչպէս որոտումներ, ձայներ, փայլակներ եւ երկրաշարժ եղան։
8 Աստուծոյ ծառաներուն կրած վերջին ծանր փորձառութիւններուն ակնարկելով, դասախօսը ըսաւ. «Թշնամիին յարձակումը ա՛յնքան անգութ էր, որ Տէրոջ սիրելի հօտին շատ մը անդամները ապշահար եղան ու զարմացած մնացին, աղօթելով եւ սպասելով Տէրոջ, որ իր կամքը ցոյց տայ։ . . . Բայց ի հեճուկս ժամանակաւոր յուսահատութեան, թագաւորութեան պատգամը ծանուցանելու վառ ցանկութիւն մը կար անոնց մէջ»։—Տես՝ Դիտարան 15 Սեպտեմբեր 1919, էջ 280։
9 1919–ին, այդ ցանկութեան գոհացում տրուեցաւ, երբ այս սակաւաթիւ, բայց աշխոյժ Քրիստոնեաներու խումբը հոգեւոր առումով բռնկեցաւ՝ քարոզչութեան համաշխարհային արշաւի մը ձեռնարկելով։ (Համեմատել՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։19) Երկրի վրայ կրակ ձգուեցաւ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հրատապ հարց մը դարձնելով, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի։ Լռութեան տեղը առին զօրաւոր ձայներ, Թագաւորութեան պատգամը յստակօրէն ծանուցանելով։ Աստուածաշունչէն ազդարարութիւններ որոտումի նման թնդացին։ Փայլակի լոյսերուն նման, Եհովայի մարգարէական Խօսքէն ճշմարտութեան ճառագայթներ արձակուեցան եւ, զօրաւոր երկրաշարժի նման, կրօնական աշխարհը իր հիմէն ցնցուեցաւ։ Յովհաննէս դասակարգը տեսաւ որ կատարուելիք գործ կար։ Մինչեւ օրս այդ գործը անկաց ու փառաւոր կերպով կ’ընդլայնի մինչեւ աշխարհի ծայրերը։—Հռովմայեցիս 10։18
Փողերը Հնչեցնելու Պատրաստութիւն
10. Եօթը հրեշտակները ի՞նչ ընելու կը պատրաստուին եւ ինչո՞ւ։
10 Յովհաննէս կը շարունակէ ըսել. «Եօթը հրեշտակները, որոնք եօթը փողեր ունէին, պատրաստուեցան որ հնչեցնեն»։ (Յայտնութիւն 8։6) Փողերուն հնչուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։ Իսրայէլի օրերուն, կարեւոր օրերը, կամ ուշագրաւ դէպքերը նշելու համար փող կը հնչեցնէին։ (Ղեւտացւոց 23։24. Դ. Թագաւորաց 11։14) Նմանապէս, Յովհաննէսի լսելիք փողերու ձայնը մեր ուշադրութիւնը մահու ու կենաց հարցերու վրայ պիտի հրաւիրէ։
11. 1919-1922, Յովհաննէս դասակարգը երկրի վրայ ի՞նչ նախապատրաստական գործով զբաղած էր։
11 Մինչ հրեշտակները կը պատրաստուին այս փողերը հնչեցնել, անկասկած անոնք երկրի վրայ նախապատրաստական գործի մը ուղղութիւն ալ կու տան։ 1919–էն 1922, վերակազդուրուած Յովհաննէս դասակարգը հանրային քարոզչութիւնը վերակազմակերպելով եւ տպագրական միջոցներ կառուցանելով զբաղած էր։ 1919–ին Ոսկեդարը պարբերաթերթը՝ ներկայիս ճանչցուած որպէս Զարթի՛ր՝ լոյս տեսաւ, որպէս «Իրողութեան, Յոյսի եւ Համոզումի Վրայ Հիմնուած Պարբերաթերթ մը». փողանման գործիք մը որ սուտ կրօնքին՝ քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալը քօղազերծելու մէջ, մեծ դեր պիտի ունենար։
12. Փողին ամէն մէկ հնչուելով ի՞նչ ծանուցուեցաւ եւ ասոնք մեզի ի՞նչ կը յիշեցնեն Մովսէսի օրերէն։
12 Ինչպէս պիտի տեսնենք, փողին ամէն մէկ հնչեցուիլը թատերական արար մը կը ծանուցանէ, որու մէջ ահռելի պատուհասներ կը հարուածեն երկրի որոշ մասերը։ Անոնցմէ ոմանք մեզի կը յիշեցնեն այն պատուհասները, զորս Եհովա ղրկեց Մովսէսի օրերուն Եգիպտացիները պատժելու համար։ (Ելից 7։19–12։32) Ասոնք այդ ազգին վրայ Եհովայի դատաստանի արտայայտութիւններն էին եւ անոնք ճամբայ բացին որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը գերութենէն ազատագրուի։ Յովհաննէսի կողմէ տեսնուած պատուհասները նոյն նպատակին կը ծառայեն, բայց, անոնք բառացի պատուհասներ չեն։ Անոնք Եհովայի արդար դատաստանները խորհրդանշող նշաններ են։—Յայտնութիւն 1։1, ՆԱ
«Երրորդ Մասը» Բնորոշել
13. Ի՞նչ կը պատահի երբ առաջին չորս փողերը կը հնչուին եւ ասիկա ի՞նչ հարցում կը յարուցանէ։
13 Ինչպէս պիտի տեսնենք, երբ առաջին չորս փողերը կը հնչուին, պատուհասներ կը հարուածեն երկրին, ծովուն, գետերուն ու ջուրերու աղբիւրներուն եւ երկրին լոյսի աղբիւրներուն «երրորդ մասը»։ (Յայտնութիւն 8։7-12) Երրորդ մասը բանի մը կարեւոր մէկ մասն է, բայց ամբողջութիւնը չէ։ (Համեմատել՝ Եսայեայ 19։24. Եզեկիէլ 5։2. Զաքարեայ 13։8, 9) Ուստի, ո՞ր «երրորդ մասը» աւելի արժանի է այս պատուհասներուն։ Մարդկութեան մեծամասնութիւնը Սատանայի եւ իր սերունդին կողմէ կուրցած ու ապականած է։ (Ծննդոց 3։15. Բ. Կորնթացիս 4։4) Կացութիւնը Դաւիթի նկարագրութեան կը յարմարի. «Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ»։ (Սաղմոս 14։3) Այո, ամբողջ մարդկութիւնը դատապարտուելու վտանգին մէջ է։ Սակայն անոր մէկ հատուածը մասնաւորաբար յանցաւոր է։ Այս մէկ մասը՝ «երրորդ մասը», աւելի շատ տեղեակ պէտք էր ըլլար։ Ի՞նչ է այդ «երրորդ մասը»։
14. Եհովայէն հարուածող պատգամներ ստացող այլաբանական երրորդ մասը ի՞նչ է։
14 Անիկա Քրիստոնեայ Աշխարհն է։ 1920–ական թուականներուն, անիկա մարդկութեան շուրջ մէկ երրորդը կը կազմէր։ Անոր կրօնքը ճշմարիտ Քրիստոնէութենէն մեծ ապստամբութիւն մըն է, ապստամբութիւն մը, որու մասին մարգարէացան Յիսուս եւ իր աշակերտները։ (Մատթէոս 13։24-30. Գործք 20։29, 30. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3. Բ. Պետրոս 2։1-3) Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները կը դաւանին Աստուծոյ տաճարին մէջ ըլլալ եւ իրենք զիրենք կը ներկայացնեն որպէս Քրիստոնէութեան ուսուցիչներ։ Բայց իրենց վարդապետութիւնները շա՜տ հեռու են Աստուածաշունչի ճշմարտութենէն եւ յարատեւաբար Աստուծոյ անունը կը վարկաբեկեն։ Ուստի, տեղին ըլլալով Քրիստոնեայ Աշխարհը ներկայացուած է խորհրդանշական երրորդ մասով եւ անիկա ուժգին հարուածող պատգամներ կը ստանայ Եհովայէ։ Մարդկութեան այդ երրորդ մասը որեւէ կերպով Աստուծոյ հաճութեան արժանի չէ։
15. (ա) Փողերուն իւրաքանչիւր հնչուիլը միայն որոշ տարուա՞ն մը սահմանուած էր. բացատրեցէք։ (բ) Եհովայի դատաստանները ծանուցանելու համար ո՞վ իր ձայնը միացուցած է Յովհաննէս դասակարգի ձայնին։
15 Փողի յաջորդական հնչուելուն նման, 1922-1928–ի եօթը նահանգային համաժողովներուն, մասնաւոր որոշումներ որդեգրուեցան։ Բայց փողերուն հնչուիլը միայն այդ տարիներուն սահմանափակուած չէր։ Տէրունական օրը իր ընթացքին մէջ ըլլալէն ի վեր, Քրիստոնեայ Աշխարհի ամբարիշտ ճամբաները ուժգին կերպով ու շարունակաբար քօղազերծուած են։ Եհովայի դատաստանները համայն աշխարհի մէջ, բոլոր ազգերուն պէտք է ծանուցանուին, հակառակ միջազգային ատելութեան եւ հալածանքներու։ Միայն այն ատեն է որ Սատանայի դրութեան վախճանը պիտի գայ։ (Մարկոս 13։10, 13) Բարեբախտաբար, մեծ բազմութիւնը հիմա իր ձայնը միացուցած է Յովհաննէս դասակարգին, համաշխարհային կարեւորութիւն ունեցող այս որոտանման ծանուցումները ընելու համար։
Երկրին Երրորդ Մասը կ’Այրի
16. Ի՞նչ կը յաջորդէ, երբ առաջին հրեշտակը իր փողը կը հնչեցնէ։
16 Հրեշտակներուն մասին տեղեկագրելով, Յովհաննէս կը գրէ. «Առաջին հրեշտակը փողը հնչեցուց ու եղաւ կարկուտ ու կրակ արիւնով խառնուած ու երկրի վրայ ձգուեցաւ, [ու երկրին երրորդ մասը այրեցաւ,] եւ ծառերուն երրորդ մասն ալ այրեցաւ ու բոլոր կանանչ խոտերը այրեցան»։ (Յայտնութիւն 8։7) Ասիկա Եգիպտոսի վրայ եկած եօթներորդ պատուհասին կը նմանի, բայց ի՞նչ կը նշանակէ մեր օրերուն։—Ելից 9։24
17. (ա) Յայտնութիւն 8։7–ի մէջ «երկիր» բառը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհը՝ երկրին երրորդ մասը՝ ի՞նչպէս կ’այրի։
17 Աստուածաշունչին մէջ «երկիր» բառը յաճախ մարդկութեան կ’ակնարկէ։ (Ծննդոց 11։1. Սաղմոս 96։1) Քանի որ երկրորդ պատուհասը ծովը կը հարուածէ, որ դարձեալ մարդկութեան առնչուած է, «երկիրը» պէտք է ակնարկէ մարդկային երեւութապէս կայուն ընկերութեան, զոր Սատանան կերտած է եւ որ կործանումի դատապարտուած է։ (Բ. Պետրոս 3։7. Յայտնութիւն 21։1) Պատուհասներու թատերական ուրուագիծը կը յայտնէ թէ երկրին երրորդ մասը՝ Քրիստոնեայ Աշխարհը՝ Եհովայի տհաճութեան կիզիչ տաքութեամբ կը խանձուի։ Եհովայի դատապարտական պատգամին ծանուցումին որպէս հետեւանք, անոր կարկառուն անհատները՝ որոնք անոր մէջ ծառերու պէս կանգուն են՝ կ’այրին։ Անոր եկեղեցիի հարիւր միլիոնաւոր անդամները եթէ շարունակեն թիկունք կանգնիլ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքին, այրած խոտի նման, Աստուծոյ աչքին հոգեւորապէս չորցած պիտի ըլլան։—Համեմատել՝ Սաղմոս 37։1, 2 *
18. Եհովայի դատաստանի պատգամը ի՞նչպէս ծանուցանուեցաւ 1922–ի Սիտըր Փոյնթի համաժողովին։
18 Դատաստանի այս պատգամը ի՞նչպէս կը տրուի։ Ընդհանրապէս աշխարհի տեղեկատուական սպասարկութեանց կողմէ չէ, որոնք աշխարհի մէկ մասն են եւ յաճախ Աստուծոյ ‘ծառային’ հանդէպ նախատալից կեցուածք մը ունին։ (Մատթէոս 24։45) Անիկա ծանուցուեցաւ շատ աչքառու կերպով, 10 Սեպտեմբեր 1922–ին, Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ, Աստուծոյ ժողովուրդին պատմական երկրորդ հաւաքին։ Հոն անոնք միաձայնութեամբ եւ խանդավառութեամբ որդեգրեցին որոշում մը, որուն խորագիրն էր՝ «Ասպարէզ՝ Աշխարհի Առաջնորդներուն»։ Առանց բառերը ծամծմելու, անիկա արդի այլաբանական երկիրը զգուշացուց, հետեւեալ կերպով. «Հետեւաբար, մենք կոչ կ’ընենք երկրի ազգերուն, անոր կառավարիչներուն ու առաջնորդներուն, եւ երկրի բոլոր յարանուանութեանց կղերներուն, անոնց հետեւորդներուն ու դաշնակիցներուն, մեծ առեւտրականներուն եւ մեծ քաղաքագէտներուն, որ ապացուցանեն երկրի վրայ խաղաղութիւն ու բարգաւաճութիւն եւ մարդոց ուրախութիւն բերելու համար իրենց բռնած դիրքին արդարացի ըլլալը. իսկ եթէ չեն կրնար ասոր մէջ իրենք զիրենք արդարացնել, անոնց կոչ կ’ընենք որ ականջ տան այն վկայութեան որ իրենց կը հրամցնենք որպէս Տէրոջ վկաները, ապա կը ձգենք որ իրենք ըսեն թէ մեր վկայութիւնը ճշմարիտ կը հնչէ թէ ոչ»։
19. Աստուծոյ ժողովուրդը Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՞նչ վկայութիւն տուաւ Քրիստոնեայ Աշխարհին։
19 Այս Քրիստոնեաները ի՞նչ վկայութիւն հրամցուցին։ Հետեւեալը. «Մենք կը հաւատանք եւ կը յայտարարենք որ Մեսիայի թագաւորութիւնն է մարդկութեան բոլոր ախտերուն լիակատար բալասանը եւ անիկա է որ երկրի վրայ խաղաղութիւն եւ մարդոց բարեհաճութիւն պիտի բերէ, ինչ որ բոլոր ազգերուն ցանկութիւնն է. եւ թէ անոնք որ անոր արդար իշխանութեան կամաւորաբար կ’ենթարկուին՝ որ արդէն սկսած է՝ պիտի օրհնուին մնայուն խաղաղութեամբ, կեանքով, ազատութեամբ եւ անվերջ ուրախութեամբ»։ Այս ապականած ժամանակներուն, երբ մարդակերտ կառավարութիւնները, մասնաւորաբար Քրիստոնեայ Աշխարհի՝ իրապէս չեն կրնար աշխարհի խնդիրները լուծել, այդ փողանման ասպարէզը 1922–էն ասդին աւելի ուժգին կերպով կը հնչէ։ Ո՜րքան ճշմարիտ է որ յաղթական Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է մարդկութեան միակ ու միակ յոյսը։
20. (ա) 1922–ին եւ անկէ ետք, օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը դատաստանական պատգամները ի՞նչ կերպերով հնչեցուցած է։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ ի՞նչ տեղի ունեցաւ առաջին փողին հնչուելով։
20 Առնուած որոշումներով, թերթիկներով, գրքոյկներով, գիրքերով, պարբերաթերթերով եւ դասախօսութիւններով այս եւ հետագային ուրիշ ծանուցումներ փողահարուեցան օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքին կողմէ։ Առաջին փողին հնչուելով, Քրիստոնեայ Աշխարհը որպէս թէ ծանր կարկուտներու տարափով հարուածուեցաւ։ Ի. դարու պատերազմներուն մէջ իր մասնակցութեան պատճառաւ անոր արիւնապարտութիւնը քօղազերծուեցաւ եւ ցոյց տրուեցաւ որ ան Եհովայի կրակոտ բարկութեան արժանի է։ Յովհաննէս դասակարգը, որու ետքը օգնութեան փութաց մեծ բազմութիւնը, շարունակած է արձագանգել առաջին փողին ձայնը, ուշադրութիւն հրաւիրելով որ Եհովայի աչքին Քրիստոնեայ Աշխարհը կործանումի արժանի է։—Յայտնութիւն 7։9, 15
Որպէս Բռնկած Լեռ մը
21. Ի՞նչ կը պատահի երբ երկրորդ հրեշտակը իր փողը կը հնչեցնէ։
21 «Երկրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց եւ բան մը, որպէս մեծ լեռ մը՝ կրակով բռնկած՝ ծովը ձգուեցաւ։ Ծովուն երրորդ մասը արիւն եղաւ եւ ծովուն մէջի շնչաւոր արարածներուն երրորդ մասը մեռաւ ու նաւերուն երրորդ մասը ընկղմեցաւ»։ (Յայտնութիւն 8։8, 9) Այս ահաւոր տեսարանը ի՞նչ կը պատկերացնէ։
22, 23. (ա) Անկասկած ի՞նչ որոշում երկրորդ փողի հնչուելուն հետեւանքն էր։ (բ) Ի՞նչ կը ներկայացնէ «ծովուն երրորդ մասը»։
22 Ասիկա աւելի լաւ կրնանք հասկնալ զայն համեմատելով 18-26 Օգոստոս 1923–ին Լոս Անճէլոսի մէջ, Քալիֆորնիա (Ա.Մ.Ն.), Եհովայի ժողովուրդին համաժողովին կատարուած բաներուն հետ։ Շաբաթ յետմիջօրէին, Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտի կողմէ դասախօսութիւն մը տրուեցաւ, որուն խորագիրն էր՝ «Ոչխարները եւ Այծերը»։ «Ոչխարները» յստակօրէն բնորոշուեցան որպէս այն արդարամիտ անհատները, որոնք պիտի ժառանգեն Աստուծոյ Թագաւորութեան երկրային ծիրը։ Անոր յաջորդեց որոշում մը, որ ուշադրութիւն կը հրաւիրէր «հաւատուրաց կղերներուն եւ ‘իրենց հօտերու գլխաւորներուն’» կեղծաւորութեան վրայ, «որոնք զօրաւոր նիւթական եւ քաղաքական հեղինակութիւն ունեցող աշխարհիկ մարդիկ են»։ Անիկա կոչ ըրաւ «յարանուանական եկեղեցիներու մէջ խաղաղութիւն եւ կարգապահութիւն սիրողներուն, . . . որ հեռանան եկեղեցական անիրաւ դրութիւններէն, զորս Տէրը կը կոչէ ‘Բաբելոն’», եւ իրենք զիրենք պատրաստեն «Աստուծոյ թագաւորութեան օրհնութիւնները ընդունելու»։
23 Անկասկած, այս որոշումը երկրորդ փողի հնչուելուն արդիւնքն էր։ Անոնք որ յարմար ժամանակին այդ պատգամին պիտի ընդառաջէին, պիտի զատուէին անոնցմէ, զորս Եսայի հետեւեալ կերպով նկարագրեց. «Ամբարիշտները ալեծուփ ծովու պէս են, որ չի կրնար հանդարտիլ, որուն ջուրերը տիղմ ու ցեխ դուրս կը նետեն»։ (Եսայեայ 57։20. 17։12, 13) Հետեւաբար, «ծով»ը լաւ կերպով կը պատկերացնէ անհանդարտ, անկայուն եւ ըմբոստ մարդկութիւնը, որ տակնուվրայութիւն եւ յեղափոխութիւններ կը հրահրէ։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 13։1) Ժամանակ մը պիտի գայ, երբ այդ «ծով»ը պիտի չքանայ։ (Յայտնութիւն 21։1) Մինչ այդ, երկրորդ փողին հնչուելով, Եհովա դատաստան կը ծանուցանէ անոր երրորդ մասին՝ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ գտնուող անզուսպ մասին դէմ։
24. Ծովուն մէջ ձգուած բռնկած լեռնանման զանգուածը ի՞նչ կը պատկերացնէ։
24 Կրակով բռնկած լեռնանման մեծ զանգուած մը այս «ծով»ուն մէջ կը նետուի։ Աստուածաշունչին մէջ, լեռները շատ յաճախ կը խորհրդանշեն կառավարութիւնները։ Օրինակ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը լեռով մը պատկերացուած է։ (Դանիէլ 2։35, 44) Քանդուած Բաբելոնը «այրած լեռ» մը եղաւ։ (Երեմեայ 51։25) Բայց Յովհաննէսի տեսած լեռնանման զանգուածը տակաւին կ’այրի։ Անոր ծովուն մէջ նետուիլը լաւ կերպով կը ներկայացնէ թէ ինչպէս Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին եւ անկէ ետք կառավարութեան հարցը հրատապ հարց մը դարձած է մարդոց մէջ, մասնաւորաբար Քրիստոնեայ Աշխարհի երկիրներուն մէջ։ Իտալիոյ մէջ, Մուսոլինին Ֆաշիզմը ներմուծեց։ Գերմանիան Հիթլերի Նացիականութիւնը ողջունեց, մինչ ուրիշ երկիրներ ընկերվարութեան տարբեր ձեւեր փորձեցին։ Ռուսիոյ մէջ արմատական փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ, ուր Պոլշեւիկ յեղափոխութիւնը Համայնավար առաջին պետութիւնը մէջտեղ բերաւ, որուն հետեւանքով Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական առաջնորդները իրենց հեղինակութիւնն ու զօրութիւնը կորսնցուցին, նախապէս իրենց ամրոցներէն մէկը եղող այդ երկրին մէջ։
25. Կառավարութեան հարցը ի՞նչպէս կը շարունակէ հրատապ հարց մը ըլլալ, Բ. Աշխարհամարտէն ետք։
25 Ֆաշիստական եւ Նացիական փորձերը վերջ գտան Բ. Աշխարհամարտով, բայց տակաւին կառավարութեան հարցը կը շարունակէ հրատապ հարց մը ըլլալ եւ մարդկային ծովը կը շարունակէ տակնուվրայ վիճակ մը ունենալ ու յեղափոխական նոր կառավարութիւններ մէջտեղ բերել։ 1945–էն ետք, այսպիսի կառավարութիւններ հաստատուեցան շատ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Չինաստան, Վիեթնամ, Քուպա եւ Նիքարակուա։ Յունաստանի մէջ, զինուորական բռնիշխանութեան մը փորձը ձախողեցաւ։ Գամբուչիայի (Գամպոտիա) մէջ, արմատական Համայնավարութեան փորձ մը երկուքուկէս միլիոն մահ պատճառեց։
26. ‘Կրակով բռնկած լեռը’ ինչպէս կը շարունակէ մարդկութեան ծովը ալեկոծել։
26 ‘Կրակով բռնկած այդ լեռը’ շարունակած է ալեկոծել մարդկութեան ծովը։ Տեղեկագրութիւններու համաձայն, Ափրիկէի, Ամերիկաներու, Ասիոյ եւ Խաղաղականի կղզիներու մէջ վարչաձեւի պայքարները շարունակուած են։ Այս պայքարներէն շատեր Քրիստոնեայ Աշխարհի երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած են, կամ հո՛ն՝ ուր Քրիստոնեայ Աշխարհի միսիոնարները քաղաքականութեան մէջ գործօն բաժին ունին։ Կաթողիկէ վարդապետներ նոյնիսկ Համայնավար ֆէտայական ջոկատներու միացած եւ անոնց հետ կռուած են։ Միեւնոյն ժամանակ, Բողոքական աւետարանչական խումբեր Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ աշխատած են, ըստ իրենց, Համայնավարներու «զօրութեան հանդէպ ունեցած կատաղի եւ անյագ պապակը» չէզոքացնելու համար։ Սակայն մարդկութեան ծովուն մէջ այս շարժումներէն որեւէ մէկը խաղաղութիւն ու ապահովութիւն չէ բերած։—Համեմատել՝ Եսայեայ 25։10-12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3
27. (ա) «Ծովուն երրորդ մասը» ի՞նչպէս արիւն դարձաւ։ (բ) ‘Ծովուն մէջի արարածներուն երրորդ մասը’ ի՞նչպէս մեռաւ, եւ «նաւերուն երրորդ մաս»ին ի՞նչ կը պատահի։
27 Երկրորդ փողին հնչուիլը կը յայտնէ թէ մարդոց մէջէն անոնք որոնք իշխանութեան հարցով յեղափոխական պայքարներու կը մասնակցին, փոխանակ Աստուծոյ Թագաւորութեան ենթարկուելու՝ արիւնապարտ են։ Մասնաւորաբար Քրիստոնեայ Աշխարհի «ծովուն երրորդ մասը» արիւն դարձաւ։ Աստուծոյ աչքին, անոր մէջ գտնուած բոլոր ապրողները մեռան։ Ծովուն այդ երրորդ մասին մէջ նաւերու նման ծփացող արմատական կազմակերպութիւններէն որեւէ մէկը չի կրնար նաւաբեկութենէ խուսափիլ։ Ո՜րքան ուրախ ենք որ ներկայիս միլիոնաւոր ոչխարանման անհատներ փողանման ձայնին անսալով զատուած են անոնցմէ, որոնք այդ ծովուն նեղմիտ ազգայնամոլութեան ու արիւնապարտութեան մէջ տակաւին կը թաւալին։
Երկնքէն Աստղ մը կ’Իյնայ
28. Ի՞նչ կը պատահի, երբ երրորդ հրեշտակը իր փողը կը հնչեցնէ։
28 «Երրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու երկնքէն մեծ աստղ մը՝ լամբարի պէս բորբոքած՝ գետերուն ու ջուրի աղբիւրներուն երրորդ մասին վրայ ինկաւ։ Այն աստղին անունը Օշինդր էր ու ջուրերուն երրորդ մասը օշինդր եղաւ եւ շատ մարդիկ ջուրերէն մեռան, քանզի դառն էին»։ (Յայտնութիւն 8։10, 11) Անգամ մը եւս, Աստուածաշունչի ուրիշ մասերէն կրնանք տեսնել թէ այս համարը ի՛նչպէս կը կիրարկուի տէրունական օրուան ընթացքին։
29. ‘Լամբարի պէս բորբոքած մեծ աստղը’ ի՞նչ կը խորհրդանշէ եւ ինչո՞ւ։
29 Եօթը ժողովքներուն ղրկած Յիսուսի պատգամներուն մէջ արդէն հանդիպեցանք այլաբանական աստղերու, ուր եօթը աստղերը կը խորհրդանշէին ժողովքներու երէցները։ * (Յայտնութիւն 1։20) Այս օծեալ «աստղերը» մնացեալ բոլոր օծեալներուն հետ, հոգեւոր առումով երկնային վայրերու մէջ կը բնակին, իրենց երկնային ժառանգութեան գրաւը նշող սուրբ հոգիով կնքուելէն սկսեալ։ (Եփեսացիս 2։6, 7) Սակայն, Պօղոս առաքեալ ազդարարեց որ այդպիսի աստղանմաններուն մէջէն հաւատուրացներ, աղանդապաշտներ պիտի ելլէին եւ հօտը պիտի մոլորեցնէին։ (Գործք 20։29, 30) Այս անհաւատարմութեան հետեւանքը պիտի ըլլար մեծ հաւատուրացութիւն, եւ այս սայթաքած երէցները հաւաքականօրէն պիտի կազմէին բաղադրեալ անօրէնութեան մարդը, որ ինքզինք մարդկութեան մէջ աստուածանման դիրքի մը պիտի բարձրացնէր։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3, 4) Պօղոսի տուած ազդարարութիւնները իրենց կատարումը ունեցան, երբ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները երեւան եկան աշխարհի թատերաբեմին վրայ։ Այս խումբը լաւ կերպով կը ներկայացուի ‘լամբարի պէս բորբոքած մեծ աստղի’ խորհրդանշով։
30. (ա) Երբ Բաբելոնի թագաւորին երկինքէն իյնալուն մասին կը խօսուի, ի՞նչ ըսել կ’ուզուի։ (բ) Երկինքէն իյնալը ի՞նչ բանի կրնայ ակնարկել։
30 Յովհաննէս կը տեսնէ որ այս մասնայատուկ աստղը երկնքէն կ’իյնայ։ Ի՞նչպէս։ Վաղեմի թագաւորի մը ունեցած փորձառութիւնը ասիկա հասկնալու կ’օգնէ։ Բաբելոնի թագաւորին խօսելով, Եսային կ’ըսէ. «Ով առտուն ծագող Արուսեակ, ի՜նչպէս երկնքէն ինկար ու մինչեւ գետինը կործանեցար, դուն որ ազգերը նկուն կ’ընէիր»։ (Եսայեայ 14։12) Այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ, երբ Կիւրոսի բանակները տապալեցին Բաբելոնը եւ անոր թագաւորը աշխարհի տիրապետութեան աստիճանէն յանկարծ իջաւ ամօթալի պարտութեան վիճակին։ Հետեւաբար, երկնքէն իյնալը կրնայ ակնարկել բարձր դիրքէ մը ամօթալի վիճակի մէջ իյնալուն։
31. (ա) Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ե՞րբ «երկնաւոր» դիրքէն ինկան։ (բ) Կղերներուն հրամցուցած ջուրերը ի՞նչպէս «օշինդր» դարձան եւ շատերուն համար ի՞նչ հետեւանք ունենալով։
31 Երբ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ճշմարիտ Քրիստոնէութենէն ապստամբեցան, անոնք Եփեսացիս 2։6, 7–ի մէջ Պօղոս առաքեալի նկարագրած «երկնաւոր» բարձր դիրքէն ինկան։ Փոխանակ ճշմարտութեան թարմացուցիչ ջուրեր մատուցանելու, անոնք հրամցուցին «օշինդր». դժոխքի կրակի, քաւարանի, Երրորդութեան եւ ճակատագրի նման դառն սուտեր։ Անոնք ազգերն ալ պատերազմներու առաջնորդեցին, թերանալով զանոնք կերտել որպէս Աստուծոյ բարոյալից ծառաներ։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Այդ սուտերուն հաւատացողները հոգեւորապէս թունաւորուեցան։ Անոնք նմանեցան Երեմիայի օրուան անհաւատարիմ Իսրայելացիներուն, որոնց Եհովա ըսաւ. «Ահա ես անոնց օշինդր պիտի կերցնեմ եւ անոնց դառնութեան ջուր պիտի խմցնեմ, վասն զի Երուսաղէմի մարգարէներէն ամբարշտութիւն ելաւ ու բոլոր երկրին մէջ տարածուեցաւ»։—Երեմեայ 9։15. 23։15
32. Քրիստոնեայ Աշխարհի հոգեւոր երկինքէն իյնալը ե՞րբ բացայայտ եղաւ, եւ անիկա ի՞նչպէս աչքառու եղաւ։
32 Հոգեւոր երկինքէն իրենց այս անկումը բացայայտ եղաւ 1919–ին, երբ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն փոխարէն, օծեալ Քրիստոնեաներու պզտիկ մնացորդը Թագաւորութեան շահերուն վրայ դրուեցաւ։ (Մատթէոս 24։45-47) Իսկ 1922–էն ասդին, այս անկումը աւելի աչքառու եղաւ, երբ Քրիստոնեաներու այս խումբը Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն թերացումները բացէ ի բաց քօղազերծելու արշաւի մը ձեռնարկեց։
33. 1924–ի Գոլըմպըսի համաժողովին, Օհայօ (Ա.Մ.Ն.), Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ի՞նչպէս քօղազերծուեցան։
33 Այս առնչութեամբ, ուշագրաւ ծանուցում մը եղաւ համաժողովի մը մէջ, զոր Ոսկեդարը պարբերաթերթը նկարագրեց, որպէս «Աստուածաշունչի Աշակերտներուն կողմէ կազմակերպուած մեծագոյն համաժողովը»։ Այս համաժողովը տեղի ունեցաւ Գոլըմպըսի մէջ, Օհայօ, 20-27 Յուլիս 1924–ին։ Անկասկած, երրորդ փողը հնչեցնող հրեշտակին առաջնորդութեամբ, այդ համաժողովին ազդու որոշում մը որդեգրուեցաւ, ապա թերթիկի ձեւով 50 միլիոն օրինակներ բաշխուեցան։ Անոր խորագիրն էր՝ Եկեղեցականները Ամբաստանուած։ Ենթագլուխներէն մէկը հետեւեալ հարցը մէջտեղ կը դնէր. «Խոստացեալ Սերունդը Ընդդէմ Օձի Սերունդին»։ Այս ամբաստանութիւնը բացայայտօրէն կը մերկացնէր Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները, որպէս կրօնական բարձրահնչիւն տիտղոսներ առնողներ, մեծ առեւտրականներն ու արհեստավարժ քաղաքագէտները իրենց հօտերուն կարկառուն անդամները դարձնողներ, մարդոց առջեւ փայլելու ցանկութիւն ունեցողներ եւ մարդոց Մեսիական Թագաւորութեան պատգամը քարոզելու մէջ թերացողներ։ Անիկա կ’ընդգծէր որ ամէն մէկ նուիրուած Քրիստոնեայ Աստուծոյ կողմէ յանձնարարութիւն ստացած է «մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու, բոլոր սգաւորները մխիթարելու»։—Եսայեայ 61։2
34, 35. (ա) Երրորդ հրեշտակը իր փողը հնչեցնելէն ի վեր ի՞նչ պատահած է կղերներու ունեցած հեղինակութեան ու ազդեցութեան։ (բ) Ապագան ի՞նչ վերապահած է Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն։
34 Երրորդ հրեշտակը իր փողը հնչեցնելու սկսելէն ի վեր, մարդոց վրայ կղերներու ունեցած հեղինակութիւնը հետզհետէ նսեմացած է, այն աստիճան որ ներկայիս անոնցմէ շատ քիչեր նախկին դարերուն իրենց վայելած աստուածանման հեղինակութիւնը ունին։ Եհովայի Վկաներու քարոզչութեան որպէս արդիւնք, մեծ թիւով անհատներ անդրադարձած են որ կղերներուն ուսուցանած վարդապետութիւններուն մեծ մասը հոգեւոր թոյներ՝ «օշինդր» է։ Ասկէ զատ, հիւսիսային Եւրոպայի մէջ, կղերներուն հեղինակութիւնը գրեթէ վերցուած է, իսկ կարգ մը ուրիշ երկիրներու մէջ, կառավարութիւնը խստօրէն կը սահմանափակէ անոնց ազդեցութիւնը։ Եւրոպայի Կաթողիկէ երկիրներուն եւ Ամերիկաներու մէջ, դրամական, քաղաքական եւ բարոյական հարցերու մէջ կղերներու գայթակղեցուցիչ վարքը իրենց համբաւը արատաւորած է։ Ասկէ ետք, անոնց դիրքը հետզհետէ կը վատթարանայ, քանի որ շուտով միւս բոլոր սուտ կրօնականներուն ճակատագրին պիտի ենթարկուին։—Յայտնութիւն 18։21. 19։2
35 Քրիստոնեայ Աշխարհի վրայ Եհովայի բերած պատուհասները տակաւին չեն վերջացած։ Նկատի առէք թէ չորրորդ փողը հնչուելէն ետք ի՛նչ տեղի կ’ունենայ։
Խաւար
36. Ի՞նչ կը պատահի, չորրորդ հրեշտակը իր փողը հնչեցնելէն ետք։
36 «Չորրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու արեւին երրորդ մասը եւ լուսնին երրորդ մասը ու աստղերուն երրորդ մասը զարնուեցան, այնպէս որ անոնց երրորդ մասը խաւարեցաւ եւ օրուան երրորդ մասը լոյս չտուաւ, նոյնպէս ալ՝ գիշերուանը»։ (Յայտնութիւն 8։12) Եգիպտոսի վրայ եկած իններորդ պատուհասը բառացի խաւար էր։ (Ելից 10։21-29) Բայց այս այլաբանական խաւարը ի՞նչ է որ մարդիկը հարուածելու կու գայ։
37. Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալները ի՞նչպէս կը նկարագրեն քրիստոնէական ժողովքէն դուրս եղողներուն հոգեւոր վիճակը։
37 Պետրոս առաքեալ իր հաւատակիցներուն ըսաւ որ Քրիստոնեաներ ըլլալէ առաջ հոգեւոր առումով խաւարի մէջ էին։ (Ա. Պետրոս 2։9) Պօղոս ալ «խաւար» բառը գործածեց, քրիստոնէական ժողովքէն դուրս գտնուողներուն հոգեւոր վիճակը նկարագրելու համար։ (Եփեսացիս 5։8. 6։12. Կողոսացիս 1։13. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։4, 5) Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել Քրիստոնեայ Աշխարհի այն անդամներուն մասին, որոնք կը դաւանին թէ Աստուծոյ կը հաւատան եւ կ’ըսեն որ Յիսուսը որպէս իրենց Փրկիչը կ’ընդունին։
38. Չորրորդ հրեշտակը ի՞նչ իրողութիւն կը հնչեցնէ Քրիստոնեայ Աշխարհի «լոյս»ին մասին։
38 Յիսուս ըսաւ որ ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրենց պտուղներէն պիտի ճանչցուէին եւ թէ իր հետեւորդները ըլլալ դաւանողներէն շատեր ‘անօրէնութիւն գործողներ’ պիտի ըլլային։ (Մատթէոս 7։15-23) Աշխարհի երրորդ մասին՝ Քրիստոնեայ Աշխարհի, պտուղներուն նայող ոեւէ մէկը չի կրնար ուրանալ որ անիկա հոգեւոր թանձր խաւարի մէջ է։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Անիկա շատ այպանելի է, քանի որ Քրիստոնեայ ըլլալ կը դաւանի։ Ուստի, պարզապէս պատշաճ է որ չորրորդ հրեշտակը հնչեցնէ այն իրողութիւնը թէ Քրիստոնեայ Աշխարհի «լոյս»ը իրականութեան մէջ խաւար է եւ թէ անոր «լոյս»ի աղբիւրները բաբելոնական են եւ ոչ թէ՝ քրիստոնէական։—Մարկոս 13։22, 23. Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4
39. (ա) 1925–ի համաժողովին որդեգրուած որոշումը ի՞նչպէս կը նկարագրէր Քրիստոնեայ Աշխարհի կեղծ լոյսը։ (բ) 1955–ին ուրիշ ի՞նչ քօղազերծում եղաւ։
39 Այդ երկնային ծանուցման հետ քայլ պահելով, Աստուծոյ ծառաները խուռներամ հաւաքուեցան Ինտիանաբոլիս, Ինտիանա (Ա.Մ.Ն.), համաժողով մը գումարելու համար, 29 Օգոստոս 1925–ին, եւ «Յոյսի Պատգամ» խորագրով անկեղծ որոշում մը որդեգրեցին։ Դարձեալ, անկէ շուրջ 50 միլիոն օրինակներ բաշխուեցան՝ բազմաթիւ լեզուներով։ Անիկա վաճառաշահ մարդոց, քաղաքական առաջնորդներու եւ կղերականներու ունեցած լոյսին կեղծ ըլլալը կը նկարագրէր, որու հետեւանքով «մարդիկ խաւարի մէջ ինկած էին»։ Իսկ կը մատնանշէր Աստուծոյ Թագաւորութիւնը որպէս իրական յոյս մը, «խաղաղութեան, բարգաւաճութեան, առողջութեան, կեանքի, ազատութեան եւ յաւիտենական ուրախութեան օրհնութիւնները» ստանալու համար։ Քաջութիւն կը պահանջէր, որպէսզի օծեալ Քրիստոնեաներու այս պզտիկ խումբը Քրիստոնեայ Աշխարհի հսկայական կազմակերպութեան դէմ այսպիսի պատգամներ ծանուցանէ։ Սակայն անոնք, հաստատօրէն, 1920–ական թուականներէն մինչեւ հիմա շարունակած են ասիկա ընել։ Աւելի վերջերս, 1955–ին, կղեր դասակարգը քօղազերծող գրքոյկ մը հրատարակուեցաւ շատ մը լեզուներով եւ համայն աշխարհի մէջ բաշխուեցաւ, որուն խորագիրն էր՝ Քրիստոնեայ Աշխա՞րհը թէ Քրիստոնէութիւնը—Ո՞ր Մէկն Է «Աշխարհի Լոյսը»։ Ներկայիս Քրիստոնեայ Աշխարհի կեղծաւորութիւնը ա՛յնքան բացայայտ է, որ աշխարհի մէջ շատեր ինքնաբերաբար կը նկատեն զայն։ Բայց Եհովայի ծառաները կը շարունակեն անոր ինքնութիւնը քօղազերծել, որպէս խաւարի թագաւորութիւն մը։
Թռչող Արծիւ մը
40. Չորս փողերուն հնչուիլը Քրիստոնեայ Աշխարհին ի՞նչ ըլլալը ցոյց տուաւ։
40 Այս առաջին չորս փողերու հնչուիլը արդարեւ քօղազերծեց Քրիստոնեայ Աշխարհի ամայացած, մահամերձ վիճակը։ ‘Երկրին’ այն մասը որ իրեն կը պատկանի, քօղազերծուեցաւ որպէս Եհովայի դատաստանին արժանի եղող բան մը։ Իր երկիրներուն մէջէն եւ ուրիշ տեղեր ծագում առնող յեղափոխական կառավարութիւնները հոգեւոր կեանքի հակառակ են։ Իր կղերներուն ինկած վիճակը բացայայտ դարձած է, իսկ իր հոգեւոր վիճակին ընդհանուր խաւարը ամենուն կողմէ տեսանելի դարձած է։ Իրապէս, Քրիստոնեայ Աշխարհը Սատանայի իրերու դրութեան ամենէն այպանելի մասը կը կազմէ։
41. Փողերու յաջորդական հնչուելուն միջեւ եղած դադարի ընթացքին, Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ ու կը լսէ։
41 Տակաւին յայտնուելիք բան մը կա՞յ։ Այս հարցումին պատասխանը գտնելէ առաջ, փողերու յաջորդական հնչուելուն միջեւ կարճ դադար մը կ’ըլլայ։ Յովհաննէս կը բացատրէ. «Նայեցայ ու երկնքի մէջ թռչող հրեշտակի [«արծիւի», Անթիլիաս] մը ձայնը լսեցի, որ մեծ ձայնով կ’ըսէր. ‘Վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ երկրի վրայ բնակողներուն՝ այն մնացած փողի ձայներուն համար, որոնք երեք հրեշտակները պիտի հնչեցնեն’»։—Յայտնութիւն 8։13
42. Թռչող արծիւը ի՞նչ կրնայ նշանակել եւ ի՞նչ պատգամ կը կրէ։
42 Արծիւ մը երկնքի բարձրութեան մէջ կը թռչի, որպէսզի շատ ընդարձակ շրջաններէ մարդիկ կարենան զինք տեսնել։ Անիկա բացառիկ սուր տեսողութիւն ունի եւ շա՜տ հեռուն կը տեսնէ։ (Յոբայ 39։29) Աստուծոյ աթոռին շուրջ գտնուող չորս քերովբէական կենդանի արարածներէն մէկը նկարագրուած էր որպէս թռչող արծիւ մը։ (Յայտնութիւն 4։6, 7) Խնդրոյ առարկան այս քերովբէն ըլլայ թէ Աստուծոյ հեռատես ուրիշ ծառաներէն մէկը, անիկա բարձրաձայն կը ծանուցանէ զօրաւոր պատգամը մը. «Վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ»։ Մինչ մնացեալ երեք փողերը կը հնչուին, երկրի բնակիչները թող ուշադրութեամբ հետեւին, քանի որ ամէն մէկը այս վա՜յերուն առնչուած է։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 17 Ճիշդ հակառակը, Յայտնութիւն 7։16–ն ցոյց կու տայ որ մեծ բազմութիւնը Եհովայի տհաճութեան տաքութենէն չի տառապիր։
^ պարբ. 29 Թէեւ Յիսուսի աջ ձեռքին մէջի եօթը աստղերը կը պատկերացնեն քրիստոնէական ժողովքի օծեալ տեսուչները, բայց համայն աշխարհի մէջ շուրջ 100,000 ժողովքներու երէցները մեծաւ մասամբ մեծ բազմութենէն են։ (Յայտնութիւն 1։16. 7։9) Ի՞նչ է անոնց դիրքը։ Քանի որ անոնք իրենց նշանակումը սուրբ հոգիին կողմէ կը ստանան, հաւատարիմ ու իմաստուն օծեալ ծառայ դասակարգին միջոցաւ, կրնանք ըսել որ անոնք Յիսուսի աջ ձեռքին մէջ՝ անոր հսկողութեան ներքեւ են, քանի որ անոնք ալ իր ենթահովիւներն են։ (Եսայեայ 61։5, 6. Գործք 20։28) Անոնք թիկունք կը կանգնին «եօթը աստղեր»ուն, քանի որ կը ծառայեն հո՛ն՝ ուր որակեալ օծեալ եղբայրներ մատչելի չեն։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Ցուցակ՝ էջ 139]
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ՋՈՒՐԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆ ԵԼԱՆ ԹԷ ՕՇԻՆԴՐ ԵՆ
Քրիստոնեայ աշխարհի հաւատալիքներն ու կեցուածքները
Աստուծոյ անձնական անունը կարեւոր չէ. «Մէկ ու միակ Աստուծոյ մը համար որեւէ յատուկ անուն գործածելը . . . Քրիստոնէական Եկեղեցիին տիեզերական հաւատքին համար բոլորովին անպատշաճ է»։ (Րիվայզտ Սթէնտըրտ Վըրժըն–ի ներածականը)
Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կ’ըսէ
Յիսուս Աստուծոյ անուան սրբացման համար աղօթեց։ Պետրոս ըսաւ. «Ամէն ո՛վ որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։ (Գործք 2։21. Յովելեայ 2։32. Մատթէոս 6։9. Ելից 6։3. Յայտնութիւն 4։10. 15։3. 19։6)
Քրիստոնեայ աշխարհի հաւատալիքներն ու կեցուածքները
Աստուած Երրորդութիւն մըն է. «Հայրը Աստուած է, Որդին Աստուած է, եւ Սուրբ Հոգին Աստուած է, այսուհանդերձ երեք Աստուածներ չկան, այլ՝ մէկ Աստուած»։ (Կաթողիկէ Համայնագիտարանը, 1912–ի հրատարակութիւն)
Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կ’ըսէ
Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Եհովան Յիսուսէն մեծ է եւ Քրիստոսի Աստուածն ու գլուխն է։ (Յովհաննու 14։28. 20։17. Ա. Կորնթացիս 11։3) Սուրբ հոգին Աստուծոյ գործօն ուժն է։ (Մատթէոս 3։11. Ղուկաս 1։41. Գործք 2։4)
Քրիստոնեայ աշխարհի հաւատալիքներն ու կեցուածքները
Մարդկային հոգին անմահ է. «Երբ մարդը մեռնի իր հոգին մարմնէն կ’անջատուի։ Անոր մարմինը . . . կը փտի . . . Մարդկային հոգին, սակայն, չի մեռնիր»։ (Մահուընէ Ետք Ինչ կը Պատահի, Հռովմէական Կաթողիկէ հրատարակութիւն մը)
Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կ’ըսէ
Մարդը հոգի մըն է։ Մահուան ժամանակ հոգին կը դադրի մտածելէ կամ զգալէ եւ կը վերադառնայ հողին, որմէ շինուած էր։ (Ծննդոց 2։7. 3։19. Սաղմոս 146։3, 4. Ժողովողի 3։19, 20. 9։5, 10. Եզեկիէլ 18։4, 20)
Քրիստոնեայ աշխարհի հաւատալիքներն ու կեցուածքները
Ամբարիշտները մահուընէ ետք կը պատժուին դժոխքին մէջ. «Քրիստոնէական աւանդական հաւատքին համաձայն, դժոխքը անվերջ նեղութեան ու տառապանքի վայր մըն է»։ (Տը Ուըրլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա, 1987–ի հրատարակութիւն)
Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կ’ըսէ
Մեղքին վարձքը մահ է, եւ ոչ թէ ողջ–ողջ տանջուիլ։ (Հռովմայեցիս 6։23) Մեռելները դժոխքին (Հատէսին, Շէօլին) մէջ անգիտակից են, ուր կը հանգչին յարութեան սպասելով։ (Սաղմոս 89։48. Յովհաննու 5։28, 29. 11։24, 25. Յայտնութիւն 20։13, 14)
Քրիստոնեայ աշխարհի հաւատալիքներն ու կեցուածքները
«Մեր Տիրուհիին՝ Միջնորդուհի տիտղոսը կու տանք»։ (Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան, 1967–ի հրատարակութիւն)
Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կ’ըսէ
Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ միակ միջնորդը Յիսուս է։ (Յովհաննու 14։6. Ա. Տիմոթէոս 2։5. Եբրայեցիս 9։15. 12։24)
Քրիստոնեայ աշխարհի հաւատալիքներն ու կեցուածքները
Մանուկները պէտք է մկրտուին. «Սկիզբէն իսկ, Եկեղեցին Մկրտութեան Արարողութիւնը մատակարարած է մանուկներու։ Այս սովորութիւնը ոչ միայն օրինաւոր սեպուած էր, այլ նոյնիսկ կը սորվեցուէր թէ անիկա բացարձակապէս անհրաժեշտ է փրկութեան համար»։ (Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան, 1967–ի հրատարակութիւն)
Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կ’ըսէ
Մկրտութիւնը անոնց համար է, որոնք աշակերտ եղած են ու սորված են որ Յիսուսի պատուիրաններուն հնազանդին։ Մկրտութեան որակեալ ըլլալու համար, անհատ մը Աստուծոյ Խօսքը պէտք է հասկնայ եւ հաւատք ի գործ դնէ։ (Մատթէոս 28։19, 20. Ղուկաս 3։21-23. Գործք 8։35, 36)
Քրիստոնեայ աշխարհի հաւատալիքներն ու կեցուածքները
Եկեղեցիներուն մեծ մասը բաժնուած է աշխարհիկ դասի եւ կղերական դասի, այս վերջինը կը ծառայէ առաջինին։ Սովորաբար կղերականները իրենց ծառայութեան համար ամսական կ’առնեն եւ աշխարհիկներուն կողմէ կը մեծարուին հետեւեալին նման տիտղոսներով՝ «Պատուելի», «Հայր», կամ «Գերապատիւ»։
Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կ’ըսէ
Առաջին դարու բոլոր Քրիստոնեաները ծառաներ էին եւ բարի լուրի քարոզչութեան մասնակցեցան։ (Գործք 2։17, 18. Հռովմայեցիս 10։10-13. 16։1) Քրիստոնեայ մը «ձրի» պէտք է տայ, եւ ոչ թէ ամսականի փոխարէն։ (Մատթէոս 10։7, 8) Յիսուս բացարձակապէս արգիլեց կրօնական տիտղոսներու գործածութիւնը։ (Մատթէոս 6։2. 23։2-12. Ա. Պետրոս 5։1-3)
Քրիստոնեայ աշխարհի հաւատալիքներն ու կեցուածքները
Պաշտամունքի մէջ պատկերներ, արձաններ եւ խաչեր կը գործածուին. «Քրիստոսի, Կոյս Աստուածամօր եւ ուրիշ սուրբերուն . . . պատկերները, պէտք է . . . եկեղեցիներուն մէջ ըլլան եւ անոնց պատշաճ մեծարանք եւ պատիւ տրուի»։ (Թրէնթի Խորհուրդին Յայտարարութիւնը [1545-1563])
Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կ’ըսէ
Քրիստոնեաները ամէն տեսակ կռապաշտութենէ պէտք է փախչին, մէջը ըլլալով, այդպէս կոչուած պատկերներու յարաբերական պաշտամունքէն։ (Ելից 20։4, 5. Ա. Կորնթացիս 10։14. Ա. Յովհաննու 5։21) Անոնք Աստուած կը պաշտեն ոչ թէ երեւոյթով, այլ հոգիով եւ ճշմարտութիւնով։ (Յովհաննու 4։23, 24. Բ. Կորնթացիս 5։7)
Քրիստոնեայ աշխարհի հաւատալիքներն ու կեցուածքները
Եկեղեցիի անդամներուն կը սորվեցնեն թէ Աստուծոյ նպատակները պիտի իրագործուին քաղաքականութեան միջոցաւ։ Հանգուցեալ Կարդինալ Սփէլմըն ըսաւ. «Խաղաղութեան առաջնորդող միայն մէկ ճամբայ կայ . . ., ժողովրդավարութեան պողոտան»։ Լուրերը կը տեղեկագրեն թէ կրօնքը միջամուխ կ’ըլլայ աշխարհի քաղաքականութեան (նոյնիսկ յեղափոխութիւններու), նաեւ Միացեալ Ազգերուն նեցուկ կը կանգնի որպէս «ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան վերջին յոյսը»։
Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կ’ըսէ
Յիսուս քարոզեց թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է մարդկութեան յոյսը եւ ոչ թէ քաղաքական որեւէ դրութիւն։ (Մատթէոս 4։23. 6։9, 10) Ան մերժեց քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալ։ (Յովհաննու 6։14, 15) Անոր Թագաւորութիւնը այս աշխարհի մէկ մասը չէր. հետեւաբար, իր հետեւորդներն ալ աշխարհի մէկ մասը պէտք չէր ըլլային։ (Յովհաննու 18։36. 17։16) Յակոբոս աշխարհին հետ բարեկամ ըլլալուն դէմ ազդարարեց։ (Յակոբու 4։4)
[Նկար՝ էջ 132]
Եօթը կնիքներուն բացուիլը եօթը փողերու հնչուելուն կ’առաջնորդէ
[Նկար՝ էջ 140]
«Ասպարէզ՝ Աշխարհի Առաջնորդներուն» (1922)
Այս որոշումը նպաստեց որ «երկրի» դէմ Եհովայի պատուհասը ծանուցանուի
[Նկար՝ էջ 140]
«Ազդարարութիւն մը Բոլոր Քրիստոնեաներուն» (1923)
Այս որոշումով, «ծովուն երրորդ մաս»ին դէմ Եհովայի դատապարտութիւնը ծանուցանուեցաւ
[Նկար՝ էջ 141]
«Եկեղեցականները Ամբաստանուած» (1924)
Այս թերթիկին ընդարձակ շրջաբերութիւնը մարդոց օգնեց տեսնելու որ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն «աստղ»ը ինկած է
[Նկար՝ էջ 141]
«Յոյսի Պատգամ» (1925)
Այս անկեղծ որոշումը գործածուեցաւ Քրիստոնեայ Աշխարհի ենթադրեալ լոյսի աղբիւրներուն՝ խաւարի աղբիւրներ ըլլալը քօղազերծելու համար