Յաղթողներ ըլլալու համար կը ճգնին
Գլուխ 8
Յաղթողներ ըլլալու համար կը ճգնին
ԶՄԻՒՌՆԻԱ
1. (ա) Այժմ ո՞ր ժողովքը պատգամ կը ստանայ փառաւորեալ Յիսուսէն։ (բ) Ինքզինք «Առաջինը ու Վերջինը» կոչելով, Յիսուս ի՞նչ կը յիշեցնէր այդ ժողովքի Քրիստոնեաներուն։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ հին Եփեսոսը աւերակ մըն է։ Բայց այն քաղաքը, որուն Յիսուս յղեց իր երկրորդ պատգամը, տակաւին զեղուն քաղաք մըն է։ Եփեսոսի աւերակներէն շուրջ 55 քմ. հիւսիսը, թրքական Իզմիր քաղաքը կայ, ուր նոյնիսկ հիմա Եհովայի Վկաներու եռանդուն չորս ժողովքներ գոյութիւն ունին։ Առաջին դարուն, հոն կը գտնուէր Զմիւռնիան։ Արդ, նկատի առէք Յիսուսի յաջորդ խօսքերը. «Եւ Զմիւռնիայի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. ‘Այսպէս կ’ըսէ Առաջինը ու Վերջինը, որ մեռաւ ու կենդանացաւ’»։ (Յայտնութիւն 2։8) Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաներուն ասիկա ըսելով, Յիսուս անոնց կը յիշեցնէ թէ ինք առաջին՝ ինչպէս նաեւ վերջին՝ ուղղամիտ անհատն է որ ուղղակի Եհովայի կողմէ յարուցանուեցաւ հոգեղէն անմահ կեանքի համար։ Միւս բոլոր օծեալ Քրիստոնեաները, Յիսուս ինք պիտի յարուցանէ։ Հետեւաբար, իրապէս որակեալ է իր եղբայրները խրատելու, որոնք կը յուսան իրեն հետ երկնային անմահ կեանք մը բաժնել։
2. Յիսուսի՝ ‘մեռայ ու կենդանացայ’ խօսքերը ինչո՞ւ կը մխիթարեն բոլոր Քրիստոնեաները։
2 Յիսուս արդարութեան սիրոյն հալածանքի տոկալու մէջ մեզի օրինակ հանդիսացաւ եւ իր պատշաճ վարձքը ստացաւ։ Մինչեւ մահ իր հաւատարմութիւնը եւ անկէ ետք իր յարութիւնը, բոլոր Քրիստոնեաներուն յոյսին հիմը կը կազմեն։ (Գործք 17։31) Այն իրողութիւնը թէ Յիսուս «մեռաւ ու կենդանացաւ», կ’ապացուցանէ որ ճշմարտութեան համար ի՛նչ ալ կրենք, զուր տեղը չէ։ Յիսուսի յարութիւնը, բոլոր Քրիստոնեաներուն համար մեծ քաջալերութեան աղբիւր մըն է, մանաւանդ երբ իրենց հաւատքին համար կը տառապին։ Ձեր պարագան ա՞յս է։ Եթէ այո՛, ուրեմն Զմիւռնիոյ ժողովքին ուղղուած Յիսուսի յաջորդ խօսքերը կրնան ձեզ ալ քաջալերել։
3. (ա) Յիսուս ի՞նչ քաջալերութիւն տուաւ Զմիւռնիոյ ժողովքին։ (բ) Թէեւ Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաները աղքատ էին, բայց Յիսուս ինչո՞ւ ըսաւ որ անոնք «հարուստ» էին։
3 «Գիտեմ քու գործերդ ու նեղութիւնդ եւ աղքատութիւնդ, (բայց հարուստ ես,) ու անոնց հայհոյութիւնը՝ որ կ’ըսեն թէ իրենք Հրեայ են, բայց չեն հապա Սատանայի ժողովուրդ»։ (Յայտնութիւն 2։9) Յիսուս ո՛չ մէկ քննադատութիւն ունի Զմիւռնիոյ իր եղբայրներուն հանդէպ, այլ միայն՝ ջերմ գովասանք։ Անոնք իրենց հաւատքին համար շատ տառապած էին։ Նիւթական գետնի վրայ աղքատ էին, հաւանաբար իրենց հաւատարմութեան պատճառաւ։ (Եբրայեցիս 10։34) Սակայն, անոնց գլխաւոր մտահոգութիւնը, հոգեւոր բաներն էին. այո, անոնք երկնքի մէջ գանձեր դիզած էին, ինչպէս Յիսուս խրատած էր։ (Մատթէոս 6։19, 20) Հետեւաբար, Հովուապետը զիրենք «հարուստ» կը սեպէ։—Համեմատել՝ Յակոբու 2։5
4. Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաները որո՞նց կողմէ մեծ հակառակութիւն կրեցին եւ Յիսուս ի՞նչպէս կը նկատէ այդ հակառակորդները։
4 Յիսուս մասնաւորաբար կը նշէ թէ Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաները մարմնաւոր Հրեաներէն բուռն հակառակութիւն կրած էին։ Սկիզբը, այդ կրօնքին պատկանողներէն շատեր վճռականօրէն հակառակեցան Քրիստոնէութեան տարածման։ (Գործք 13։44, 45. 14։18) Այժմ, Երուսաղէմի անկումէն միայն քանի մը տասնեակ տարիներ ետք, Զմիւռնիոյ այդ Հրեաները սատանայական նոյն հոգին կը ցուցաբերէին։ Զարմանալի չէ որ Յիսուս զանոնք կը նկատէ «Սատանայի ժողովուրդ»ը։ *
5. Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաներուն դիմաց ի՞նչ փորձութիւններ կային։
5 Այսպիսի ատելութեան դիմաց, Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաները կը մխիթարուին Յիսուսի խօսքերով. «Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես. ահա Բանսարկուն ձեզմէ մէկ քանիները բանտը պիտի ձգէ, որպէս զի փորձուիք եւ տասը օր նեղութիւն պիտի ունենաք։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ»։ (Յայտնութիւն 2։10) Հոս Յիսուս Յունարէն յոգնակի դերանուն մը կը գործածէ՝ «ձեզի», ցոյց տալու համար որ իր խօսքերը ամբողջ ժողովքը կը պարփակեն։ Յիսուս չի կրնար խոստանալ որ Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաներուն փորձութիւնները շուտով վերջ պիտի գտնեն։ Անոնցմէ ոմանք տակաւին պիտի հալածուէին եւ բանտ նետուէին։ Անոնք «տասը օր» նեղութիւն պիտի ունենային։ Տասն թիւ մըն է որ երկրային ամբողջութիւն կը խորհրդանշէ։ Նոյնիսկ ուղղամիտ Քրիստոնեաներ եւ հոգեւորապէս հարուստ եղողներ ամբողջական կերպով պիտի փորձուին, մարմնի մէջ գտնուած ընթացքին։
6. (ա) Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք չէր վախնային։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս եզրափակեց Զմիւռնիոյ ժողովքին տուած իր պատգամը։
6 Բայց եւ այնպէս, Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաները պէտք չէր վախնային կամ զիջումներ ընէին։ Եթէ մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնային, որպէս վարձատրութիւն իրենց պիտի շնորհուէր «կենաց պսակը», իրենց պարագային երկնքի մէջ անմահ կեանք մը։ (Ա. Կորնթացիս 9։25. Բ. Տիմոթէոս 4։6-8) Պօղոս առաքեալ այս անգին մրցանակին համար ամէն բան՝ նոյնիսկ իր երկրային կեանքը՝ զոհելու պատրաստ էր։ (Փիլիպպեցիս 3։8) Զմիւռնիոյ մէջ գտնուող հաւատարիմներն ալ բացայայտօրէն նոյնպէս կը խորհէին։ Յիսուս իր պատգամը կ’եզրափակէ ըսելով. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. ‘Ան որ կը յաղթէ, երկրորդ մահէն պիտի չվնասուի’»։ (Յայտնութիւն 2։11) Յաղթողներուն վերապահուած էր երկնային անմահ կեանք, որու չէր կրնար դպչիլ մահը։—Ա. Կորնթացիս 15։53, 54
«Տասը Օր Նեղութիւն»
7, 8. Զմիւռնիոյ ժողովքին նման, քրիստոնէական ժողովքը ի՞նչպէս ‘փորձուեցաւ’ 1918–ին։
7 Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաներուն նման, այժմ Յովհաննէս դասակարգը եւ իրենց ընկերակիցները ‘փորձուած’ են եւ կը շարունակեն փորձուիլ։ Փորձութիւններու ներքեւ անոնց հաւատարմութիւնը զիրենք կը զատորոշէ որպէս Աստուծոյ ժողովուրդը։ (Մարկոս 13։9, 10) Տէրունական օրը սկսելէն անմիջապէս ետք, Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքերը իրական մխիթարութեան աղբիւր մը եղան Եհովայի ժողովուրդի միջազգային պզտիկ խումբին։ (Յայտնութիւն 1։10) 1879–էն ի վեր, այդ Քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքէն հոգեւոր հարստութիւն կը պեղեն եւ զայն յօժարակամօրէն կը բաժնեն ուրիշներու հետ։ Բայց, Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, անոնք բուռն ատելութեան եւ հակառակութեան հանդիպեցան, մասամբ քանի որ պատերազմի տենդէն բռնուած չէին, իսկ մասամբ ալ, քանի որ անվախօրէն կը քօղազերծէին Քրիստոնեայ Աշխարհի սխալները։ Քրիստոնեայ Աշխարհի կարգ մը առաջնորդներուն դրդումով անոնց կրած հալածանքը իր գագաթնակէտին հասաւ 1918–ին, ինչ որ կարելի էր բաղդատել Հրեայ համայնքին կողմէ Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաներուն կրած հալածանքին հետ։
8 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, հալածանքի ալիք մը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Դիտարանի Ընկերութեան նոր նախագահը՝ Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ եւ եօթը ուրիշ ընկերակիցներ բանտ նետուեցան, 22 Յունիս 1918–ին, մեծամասնութիւնը 20 տարուան դատավճիռ ստանալով։ Ինը ամիս ետք, երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուեցան։ 14 Մայիս 1919–ին, վերաքննիչ ատեանը անոնց դէմ արձակուած սխալ վճիռները հակաշրջեց. ցոյց տրուեցաւ որ դատին մէջ 130 սխալներ կային։ Հռովմէացի Կաթողիկէ Դատաւոր Մանթոն, որ Մեծն Սբ. Գրիգորի դասի պատկանող ասպետ մըն էր եւ որ 1918–ին մերժած էր այս Քրիստոնեաներուն երաշխաւորութեամբ ազատ արձակելը, հետագային, 1939–ին, երկու տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ եւ 10,000 տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ, կաշառք խնդրելու եւ ընդունելու իրեն դէմ եղած վեց ամբաստանութիւններուն համար։
9. Հիթլեր Եհովայի Վկաներուն հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ Նացի Գերմանիոյ մէջ, իսկ կղերները ի՞նչպէս հակազդեցին։
9 Գերմանիոյ մէջ Նացի իշխանութեան ընթացքին, Հիթլեր ամբողջովին արգիլեց Եհովայի Վկաներու քարոզչութիւնը։ Հազարաւոր Վկաներ, տարիներ բրտօրէն նետուեցան կեդրոնացման ճամբարներու եւ բանտերու մէջ, ուր շատեր մահացան, իսկ շուրջ 200 երիտասարդներ մերժելով Հիթլերի բանակին մէջ կռուիլ՝ սպաննուեցան։ 29 Մայիս 1938–ի Տը Ճըրմըն Ուէյ լրագրին մէջ հրատարակուած Կաթողիկէ վարդապետի մը խօսքերէն յայտնի կ’ըլլայ կղերներուն ունեցած աջակցութիւնը ասոր մէջ։ Ի միջի այլոց ան կ’ըսէր. «Հիմա երկիր մը կայ, ուր այդպէս կոչուած . . . Աստուածաշունչի աշակերտները [Եհովայի Վկաները] արգիլուած են։ Այդ երկիրը Գերմանիան է։ . . . Երբ Ատոլֆ Հիթլեր իշխանութեան գլուխ անցաւ եւ Գերմանացի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները իրենց խնդրանքը կրկնեցին, Հիթլեր ըսաւ. ‘Այդպէս կոչուած Աստուածաշունչի այս Ջանադիր Աշակերտները [Եհովայի Վկաները] խռովարարներ են. . . . զանոնք շաղակրատներ կը նկատեմ. չեմ հանդուրժեր որ Գերմանացի Կաթողիկէները այս կերպով արատաւորուին այս Ամերիկացի Դատաւոր Ռատըրֆորտի կողմէ. ես Գերմանիոյ մէջ կը լուծեմ [Եհովայի Վկաները]’»։ Ասոր վրայ, վարդապետը աւելցուց. «Ապրի՛ս»։
10. (ա) Մինչ տէրունական օրը իր ընթացքին մէջ էր, Եհովայի Վկաները ի՞նչ հալածանքի տոկացին։ (բ) Ատեաններու մէջ կրօնական ազատութեան համար Քրիստոնեաներուն պայքարին արդիւնքը յաճախ ի՞նչ եղած է։
10 Մինչ տէրունական օրը իր ընթացքին մէջ էր, Օձը եւ իր սերունդը բնաւ չդադարեցան օծեալ Քրիստոնեաներուն եւ անոնց ընկերակիցներուն դէմ կռուելէ։ Անոնցմէ շատեր բանտարկուեցան եւ վայրագօրէն հալածուեցան։ (Յայտնութիւն 12։17) Այդ թշնամիները շարունակած են ‘օրէնքով չարիք պատրաստել’, բայց Եհովայի ծառաները վճռականօրէն կը պնդեն. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։ (Սաղմոս 94։20. Գործք 5։29) 1954–ին, Դիտարան պարբերաթերթը գրեց. «Անցեալ քառասուն տարիներու ընթացքին, աւելի քան եօթանասուն երկիրներ ժամանակ մը արգելքներ դրած են կամ հալածած են Եհովայի վկաները»։ Այն երկիրներուն մէջ ուր կարելի է կրօնական ազատութեան համար ատեաններու դիմել, այդ Քրիստոնեաները ասիկա ըրած են եւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ թնդացնող յաղթանակներ տարած են։ Միայն Միացեալ Նահանգներու Բարձրագոյն Ատեանին մէջ, Եհովայի Վկաները 50 յաղթանակ տարած են։
11. Իր ներկայութեան նշանին մասին Յիսուսի տուած ո՞ր մարգարէութիւնը կատարուած է Եհովայի Վկաներուն վրայ, տէրունական օրուան ընթացքին։
11 Կայսրին պատկանած բաները Կայսրին տալու Յիսուսի պատուէրին, ուրիշ ո՛չ մէկ խմբակցութիւն այդքան խղճմտօրէն հնազանդած է։ (Ղուկաս 20։25. Հռովմայեցիս 13։1, 7) Այսուհանդերձ, ուրիշ որեւէ խմբակցութեան անդամներ այսքան շատ երկիրներու մէջ չեն բանտարկուած, տարբեր ձեւի կառավարութիւններու ներքեւ, եւ մինչեւ օրս ասիկա կը շարունակուի Ամերիկաներու, Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ։ Իր ներկայութեան նշանին մասին Յիսուսի մեծ մարգարէութիւնը հետեւեալը կը պարփակէր. «Ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպաննեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք»։ (Մատթէոս 24։3, 9) Այս խօսքերը տէրունական օրուան ընթացքին ուղղակիօրէն կատարուած են Եհովայի Քրիստոնեայ Վկաներուն վրայ։
12. Յովհաննէս դասակարգը ի՞նչպէս զօրացուցած է Աստուծոյ ժողովուրդը հալածանքի դէմ։
12 Աստուծոյ ժողովուրդը նեղութիւններու դէմ զօրացնելու համար, Յովհաննէս դասակարգը յարատեւաբար անոր յիշեցուցած է Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքերուն միտքը։ Օրինակի համար, երբ Նացի հալածանքը սկսաւ, 1933 եւ 1934–ի Դիտարան–ը հետեւեալ խորագրերով յօդուածներ հրատարակեց. «Մի՛ Վախնաք», որ Մատթէոս 10։26-33–ը քննարկեց. «Հնոցը», Դանիէլ 3։17, 18–ի վրայ հիմնուած, եւ «Առիւծներու Բերանները»՝ Դանիէլ 6։22–ի վրայ հիմնուած։ 1980–ական թուականներուն, որոնց ընթացքին այս գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսաւ եւ Եհովայի Վկաները վայրագ հալածանքներու ենթարկուեցան աւելի քան 40 երկիրներու մէջ, Դիտարան–ը Աստուծոյ ժողովուրդը զօրացուց կարգ մը յօդուածներով, ինչպէս՝ «Հալածուած՝ Բայց Ուրախ» եւ «Քրիստոնեաները Հալածանքը կը Դիմագրաւեն՝ Համբերութեամբ»։ *
13. Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաներուն նման, Եհովայի Քրիստոնեայ Վկաները ինչո՞ւ հալածանքէն չեն վախնար։
13 Եհովայի Քրիստոնեայ Վկաները իրապէս ֆիզիքական հալածանք եւ ուրիշ փորձութիւններ կը կրեն, այլաբանական տասը օրուան ընթացքին։ Նախկին Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաներուն նման, անոնք չեն վախնար. երբ երկրի վրայ կացութիւնները վատթարանան, մեզմէ ոեւէ մէկը վախնալու պէտք չունի։ Մենք պատրաստուած ենք տառապանքներու տոկալու, եւ նոյնիսկ ‘մեր ստացուածքին կողոպտուիլը ուրախութեամբ’ ընդունելու։ (Եբրայեցիս 10։32-34) Աստուծոյ Խօսքը սերտելով եւ զայն իւրացնելով, հաւատքի մէջ անխախտ մնալու համար մենք մեզ զինած կ’ըլլանք։ Վստահ եղէք որ Եհովան կրնայ օգնել եւ պիտի օգնէ ձեզի որ ուղղամիտ մնաք։ «Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։—Ա. Պետրոս 5։6-11
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 4 Յովհաննէսի մահուընէ շուրջ 60 տարի ետք, 86 ամեայ Պողիկարպոսը Զմիւռնիոյ մէջ հրկիզուեցաւ, քանի որ Յիսուսի վրայ իր հաւատքը չուրացաւ։ Պողիկարպոսի Մարտիրոսութիւնը՝ երկ մը որ կը կարծուի այդ դէպքին ժամանակակից ըլլալ՝ կը նշէ թէ երբ այրելու համար փայտ կը ժողվուէր, «Հրեաները իրենց սովորութեան համաձայն, ծայր աստիճան խանդավառութեամբ իրենց աջակցութիւնը կը բերէին անոր». հակառակ անոր որ այդ դատապարտութիւնը տեղի ունեցաւ «մեծ Շաբաթ»ի մը ընթացքին։
^ պարբ. 12 Տես՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1933 (Անգլերէն). 1 եւ 15 Հոկտեմբեր, 1 եւ 15 Դեկտեմբեր 1934 (Անգլերէն). 1 Դեկտեմբեր 1983։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 39]
Բազմաթիւ տարիներէ ի վեր, պատմաբաններ կը վկայեն Նացի վարչաձեւի ընթացքին, Գերմանացի Եհովայի Վկաներուն ուղղամտութեան մասին։ Պատմաբան Գլոտիա Գունզ, 1986–ին հրատարակած Մայրեր՝ Հայրենիքի Մէջ խորագրով իր գրքին մէջ (Անգլերէն), հետեւեալը կ’ըսէ. «Նացի չեղող Գերմանացիներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կերպեր գտաւ իր ատած վարչաձեւին ներքեւ գոյատեւելու։ . . . Վիճակագրական եւ գաղափարաբանական պատկերին միւս կողմը կային 20,000 Եհովայի Վկաներ, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ, միաձայնութեամբ մերժեցին որեւէ հնազանդութիւն Նացի պետութեան։ . . . Ընդդիմացողներու ամենէն միաձուլուած խումբն իսկ կրօնքին կողմէ օգնութիւն ստացաւ։ Սկիզբէն իսկ, Եհովայի Վկաները Նացի պետութեան որեւէ տարրին հետ չհամագործակցեցան։ Նոյնիսկ երբ Կեսթափոները քանդեցին իրենց ազգային կեդրոնատեղին 1933–ին, եւ այս աղանդը արգիլեցին 1935–ին, անոնք մերժեցին ‘Հայլ Հիթլեր’ ըսել։ Եհովայի Վկաներուն գրեթէ կէսը (գլխաւորաբար տղամարդիկ), կեդրոնացման ճամբարներ ղրկուեցան, անոնցմէ հազար հոգի սպաննուեցան, իսկ ուրիշ հազար մըն ալ մահացան 1933-1945–ի միջեւ։ . . . Կաթողիկէներ եւ Բողոքականներ իրենց կղերներուն կողմէ քաջալերութիւն ստացան որ Հիթլերի հետ համագործակցին։ Եթէ անոնցմէ ոմանք ընդդիմացան, ասիկա ըրին եկեղեցիին եւ պետութեան պատուէրին հակառակ»։