Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 60

Քրիստոս թագաւորական փառքով կ’երեւի

Քրիստոս թագաւորական փառքով կ’երեւի

ՄԱՏԹԷՈՍ 16։28–17։13 ՄԱՐԿՈՍ 8։39–9։12 ՂՈՒԿԱՍ 9։27-36

  • ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

  • ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՁԱՅՆԸ ԿԸ ԼՍԵՆ

Մինչ Յիսուս մարդոց կը սորվեցնէ Փիլիպպոսի Կեսարիայի մէջ, որ Հերմոն լեռնէն մօտ 25 քմ. հեռու է, զարմանալի բան մը կ’ըսէ իր առաքեալներուն. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած» (Մատթէոս 16։28

Աշակերտները թերեւս հարց կու տան, որ Յիսուս ինչ ըսել կ’ուզէ։ Քանի մը օր ետք, ան իր առաքեալներէն երեքը կ’առնէ,– Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը,– եւ հսկայ լեռ մը կը բարձրանայ։ Կրնայ ըլլալ որ գիշեր է, քանի որ երեք առաքեալներուն քունը կու գայ։ Հոն, Յիսուս աղօթք ըրած ատեն կ’այլակերպի։ Առաքեալները կը տեսնեն որ իր դէմքը արեւի պէս կը փայլի եւ հագուստը լոյսի պէս ճերմակ ու փայլուն կը դառնայ։

Ետքը, երկու կերպարանքներ կ’երեւին, որոնք «Մովսէսն ու Եղիան» կը ներկայացնեն։ Անոնք կը սկսին Յիսուսին հետ խօսիլ իր ‘այս կեանքէն ելլելուն վրայով, որ Երուսաղէմի մէջ պիտի կատարուի’ (Ղուկաս 9։30, 31)։ Այնպէս կ’երեւի որ «այս կեանքէն ելլել» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ Յիսուսին մահուան եւ յարութեան, որուն մասին ան վերջերս խօսած է (Մատթէոս 16։21)։ Այս խօսակցութիւնը ցոյց կու տայ, որ հակառակ Պետրոսին ըսածին, Յիսուսին մահը անխուսափելի է։

Հիմա երեք առաքեալները շատ արթուն վիճակի մէջ են եւ զարմանքով կը դիտեն ու մտիկ կ’ընեն։ Տեղի ունեցածը տեսիլք է. բայց այնքա՛ն իսկական կ’երեւի որ Պետրոս զրոյցին կը միջամտէ եւ կ’ըսէ. «Ռա՛բբի, աղէկ է որ հոս կենանք ու երեք խրճիթ շինենք, մէկը՝ քեզի, մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային» (Մարկոս 9։4)։ Արդեօք Պետրոս կ’ուզէ երեք խրճիթ շինել,– այսինքն երեք վրան լարել,– որ տեսիլքը աւելի՞ երկարի։

Մինչ Պետրոս կը խօսի, լուսաւոր ամպ մը զանոնք կը ծածկէ եւ ամպէն ձայն մը կ’ըսէ. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։ Աստուծոյ ձայնը լսելով, առաքեալները կը վախնան եւ իրենց երեսին վրայ կ’իյնան, բայց Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Ելէ՛ք, մի՛ վախնաք» (Մատթէոս 17։5-7)։ Երբ անոնք ոտքի կ’ելլեն, Յիսուսէն զատ ուրիշ մէկը չեն տեսներ։ Տեսիլքը վերջ գտած է։ Մինչ ցերեկը անոնք լեռնէն վար կ’իջնեն, Յիսուս կը պատուիրէ. «Այդ տեսիլքը մարդու մի՛ պատմէք, մինչեւ Որդին մարդոյ մեռելներէն յարութիւն առնէ» (Մատթէոս 17։9

Քանի՛ որ առաքեալները Եղիան կը տեսնեն տեսիլքին մէջ, Յիսուսին կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ համար դպիրները կ’ըսեն թէ ‘Պէտք է որ առաջ Եղիան գայ’»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եղիան արդէն եկած է եւ զանիկա չճանչցան» (Մատթէոս 17։10-12)։ Յիսուս կը խօսի Յովհաննէս Մկրտիչին մասին, որ Եղիային դերին նման դեր մը կատարեց։ Եղիան Եղիսէին առջեւ ճամբան պատրաստեց, իսկ Յովհաննէս նոյն բանը ըրաւ Քրիստոսին համար։

Անկասկած, այդ տեսիլքը զօրացուց թէ՛ Յիսուսը եւ թէ առաքեալները։ Անոր միջոցաւ առաքեալները կանխաւ տեսան Քրիստոսը իր թագաւորական փառքին մէջ. այսինքն՝ անոնք տեսան «Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած», ինչպէս Յիսուս խոստացած էր (Մատթէոս 16։28)։ Մինչ լերան վրայ էին, ‘անոր մեծափառութեանը ականատես եղան’։ Թէեւ փարիսեցիները նշան մը կ’ուզէին, փաստելու համար որ Յիսուս Աստուծոյ ընտրեալ Թագաւորն է, բայց Յիսուս անոնց նշան մը չտուաւ։ Միւս կողմէ, Յիսուսին մտերիմ աշակերտներուն առջեւ առիթ բացուեցաւ, որ ականատես ըլլան իր այլակերպութեան. ինչ որ կը փաստէ որ Թագաւորութեան մասին եղած մարգարէութիւնները պիտի կատարուին։ Անոր համար է որ Պետրոս յետագային գրեց. «Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է» (Բ. Պետրոս 1։16-19