ԴԱՍ 114
Երբ Յիսուս գայ, ոչխարներն ու այծերը պիտի դատէ
ՅԻՍՈՒՍ ՈՉԽԱՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՅԾԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ
Ձիթենեաց լերան վրայ, Յիսուս դեռ նոր պատմած է տասը կոյսերուն առակը եւ տաղանդներուն առակը։ Ան ինչպէ՞ս իր ներկայութեան եւ աշխարհի վախճանին նշանին նկատմամբ առաքեալներուն ուղղած հարցումին պատասխանը կ’եզրափակէ։ Ան կը պատմէ ոչխարներուն եւ այծերուն առակը։
Ան այս առակը կը սկսի պատմել հետեւեալ խօսքերով. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի» (Մատթէոս 25։31)։ Յիսուս յստակ կերպով ցոյց կու տայ, որ ինքն է առակին գլխաւոր դերակատարը։ Ան շատ անգամ ինքզինք կոչած է՝ «Որդին մարդոյ» (Մատթէոս 8։20. 9։6. 20։18, 28)։
Այս առակը ե՞րբ պիտի կատարուի։ Երբ Յիսուս հրեշտակներուն հետ «իր փառքովը գայ» եւ ‘իր փառաց աթոռը նստի’։ Ան արդէն ըսած էր, որ ‘Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ պիտի գայ զօրութիւնով ու մեծ փառքով’ եւ իր հրեշտակներուն հետ։ Ատիկա ե՞րբ պիտի ըլլայ։ «Նեղութեան օրերէն յետոյ» (Մատթէոս 24։29-31. Մարկոս 13։26, 27. Ղուկաս 21։27)։ Ուրեմն, առակին մէջ նկարագրուածը պիտի կատարուի ապագային՝ երբ Յիսուս իր փառքով գայ։ Այդ ժամանակ ի՞նչ պիտի ընէ։
Յիսուս կը բացատրէ. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ. . . Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը» (Մատթէոս 25։31-33)։
Ոչխարներուն ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Այն ատեն թագաւորը իր աջ կողմը եղողներուն պիտի ըսէ. ‘Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք’» (Մատթէոս 25։34)։ Թագաւորը ինչո՞ւ ոչխարներուն կը հաճի։
Թագաւորը կը բացատրէ. «Անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք. ծարաւեցայ ու ինծի խմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս առիք. մերկ էի, զիս հագուեցուցիք. հիւանդ էի, ինծի տես եկաք. բանտի մէջ էի, ինծի եկաք»։ Երբ այս ոչխարները՝ «արդարները»՝ հարց կու տան, թէ ի՛նչ կերպով այդ բարի բաները ըրին, ան կը պատասխանէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք» (Մատթէոս 25։35, 36, 40, 46)։ Անոնք այս լաւ բաները չեն ըներ երկնքի մէջ, քանի որ հոն հիւանդ կամ անօթի մէկը չկայ։ Անոնք կ’օգնեն Քրիստոսի եղբայրներուն, հո՛ս՝ երկրի վրայ։
Ի՞նչ կարելի է ըսել այծերուն մասին, որոնք Թագաւորին ձախ կողմն են։ Յիսուս կ’ըսէ. «Այն ատեն [Թագաւորը] ձախ կողմը եղողներուն ալ պիտի ըսէ. ‘Մէկդի գացէք ինձմէ, անի՛ծեալներ, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն։ Վասն զի անօթեցայ, ինծի ուտելիք չտուիք. ծարաւեցայ, ինծի չխմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս չառիք. մերկ էի, զիս չհագուեցուցիք. հիւանդ էի ու բանտի մէջ էի, ինծի տես չեկաք’» (Մատթէոս 25։41-43)։ Անոնք այս դատաստանին արժանի են, քանի որ երկրի վրայ Քրիստոսի եղբայրներուն հետ ազնուութեամբ չվարուեցան։
Առաքեալները Յիսուսի յաջորդ խօսքերէն կը հասկնան, որ ոչխարներուն եւ այծերուն այս ապագայ դատաստանը վերջնական պիտի ըլլայ, քանի որ Յիսուս կ’ըսէ. «Այն ատեն [Թագաւորը] պատասխան պիտի տայ անոնց ու ըսէ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. որովհետեւ ինչ որ ասոնցմէ ամենէն պզտիկներէն մէկուն չըրիք, ինծի ալ չըրիք’։ Ասոնք պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը [«մահը», ՆԱ], իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը» (Մատթէոս 25։45, 46)։
Այսպէս Յիսուս իր առաքեալներուն հարցումին կը պատասխանէ։ Եւ այս պատասխանը իր բոլոր հետեւորդները կը մղէ, որ մտածեն ու լրջօրէն քննեն իրենց կեցուածքը եւ գործերը։