Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պայքարի մէջ եղող երկու թագաւորներ

Պայքարի մէջ եղող երկու թագաւորներ

Գլուխ տասնըերեք

Պայքարի մէջ եղող երկու թագաւորներ

1, 2. Դանիէլ գրքի 11–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած մարգարէութեամբ ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուինք։

 ԵՐԿՈՒ մրցակից թագաւորներ գերիշխանութեան համար ամբողջական պայքարի մը մէջ նետուած են։ Մինչ տարիները կը սահին, նախ մէկը, ապա միւսը՝ կը գերակշռէ իր ազդեցութեամբ։ Կ’ըլլան ժամանակներ, երբ գերիշխանութիւնը թագաւորներէն մէկուն ձեռքը կ’անցնի, մինչ միւսը անգործունեայ կ’ըլլայ, կամ՝ երկուքին միջեւ պայքարը կը դադրի։ Յետոյ, յանկարծ ուրիշ կռիւ մը կը ծագի եւ պայքարը կը շարունակուի։ Այս թատերախաղին մասնակցողներուն մէջ եղած են Սուրիոյ թագաւոր Սելեւկոս Ա. Նիկատորը, Եգիպտոսի թագաւոր Պտղոմէոս Լագիսը, Սուրիացի իշխանուհի եւ Եգիպտոսի թագուհի Կղէոպատրա Ա.–ը, Հռովմէացի կայսրեր՝ Օգոստոսը եւ Տիբերիոսը, եւ Պալմիրացի Զենոբիա Թագուհին։ Մինչ պայքարը իր աւարտին կը մօտենար, Նացի Գերմանիան, ազգերու Համայնավար հատուածը, Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժը, Ազգերու Դաշնակցութիւնը եւ Միացեալ Ազգերն ալ անոր մէջ պարփակուեցան։ Վճռական պայքարը՝ այս քաղաքական ինքնութիւններուն կողմէ աննախատեսելի միջադէպ մըն է։ Եհովայի հրեշտակը այս շատ հետաքրքրաշարժ մարգարէութիւնը ծանուցանեց Դանիէլ մարգարէին, շուրջ 2,500 տարիներ առաջ։—Դանիէլ՝ գլուխ 11։

2 Դանիէլ որքա՜ն հրճուած ըլլալու էր, գալիք այս երկու թագաւորներուն միջեւ ըլլալիք մրցակցութեան մանրամասնութիւններուն մասին, հրեշտակին ըրած յայտնութիւնը լսելով։ Այս թատերախաղը մեզ ալ կը հետաքրքրէ, քանի որ երկու թագաւորներուն միջեւ իշխանութեան համար եղած պայքարը մինչեւ մեր օրերը կ’երկարի։ Երբ տեսնենք թէ ըստ պատմութեան, մարգարէութեան առաջին մասը ի՛նչպէս շիտակ ելած է, անիկա մեր հաւատքը եւ վստահութիւնը պիտի աւելցնէ, մարգարէութեան վերջին մասին կատարման վստահ ըլլալուն վրայ։ Այս մարգարէութեան ուշադրութիւն ընծայելով, աւելի յստակօրէն պիտի տեսնենք թէ ժամանակի հոսանքին մէջ ո՛ւր կը գտնուինք։ Անիկա՝ այդ պայքարին մէջ չէզոք մնալու մեր վճռակամութիւնն ալ պիտի զօրացնէ, մինչ համբերութեամբ կը սպասենք որ Աստուած ի նպաստ մեզի գործի լծուի։ (Սաղմոս 146։3, 5) Ուստի, սուր հետաքրքրութեամբ մտիկ ընենք, մինչ Եհովայի հրեշտակը Դանիէլի կը խօսի։

Յոյներու Թագաւորութեան Դէմ

3. Հրեշտակը որո՞ւ սատար կանգնեցաւ «Մարերու Դարեհ թագաւորին առաջին տարին»։

3 Հրեշտակը ըսաւ. «Մարերու Դարեհ թագաւորին առաջին տարին [Հ.Դ.Ա. 539/538] ես կայնեցայ որպէս զի զանիկա ուժովցնեմ ու զօրացնեմ»։ (Դանիէլ 11։1) Դարեհ ողջ չէր այդ ատեն, բայց հրեշտակը անոր իշխանութեան ակնարկեց, որպէս մարգարէական պատգամին մեկնակէտը։ Այս թագաւորն էր որ հրամայած էր Դանիէլը առիւծներու գուբէն հանել։ Դարձեալ Դարեհ էր որ հրամայած էր որ իր բոլոր հպատակները Դանիէլի Աստուծմէն վախնան։ (Դանիէլ 6։21-27) Սակայն, հրեշտակը կայնած էր ո՛չ թէ Մարերու Դարեհին սատար կանգնելու համար, այլ՝ Դանիէլի ժողովուրդին իշխանին՝ Միքայէլին։ (Համեմատել՝ Դանիէլ 10։12-14։) Աստուծոյ հրեշտակը այս օժանդակութիւնը հայթայթեց, մինչ Միքայէլ Մարա–Պարսկական դեւ իշխանին դէմ կը պայքարէր։

4, 5. Պարսկաստանի նախագուշակուած չորս թագաւորները որո՞նք էին։

4 Աստուծոյ հրեշտակը շարունակեց. «Ահա Պարսկաստանի մէջ երեք թագաւոր ալ պիտի ելլեն ու չորրորդը ամենէն հարուստը պիտի ըլլայ ու երբ իր հարստութիւնովը ուժովնայ, ամէնքը ոտքի պիտի հանէ Յոյներու թագաւորութեան դէմ»։ (Դանիէլ 11։2) Այս Պարսիկ թագաւորները որո՞նք էին։

5 Առաջին երեք թագաւորներն էին Մեծն Կիւրոս, Կամփիւսէս Բ. եւ Դարեհ Ա.։ Քանի որ Բարդիան (կամ Կոմաթա անուանակոչեալ կեղծաբարոյ մը) միայն եօթը ամիս իշխեց, մարգարէութիւնը անոր կարճ իշխանութիւնը հաշուի չ’առներ։ Հ.Դ.Ա. 490–ին, երրորդ թագաւորը՝ Դարեհ Ա., փորձեց երկրորդ անգամ ըլլալով ներխուժել Յունաստանի վրայ։ Սակայն, Պարսիկները ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեցին Մարաթոնի մէջ եւ Փոքր Ասիա քաշուեցան։ Թէեւ Դարեհ Յունաստանի դէմ ուրիշ արշաւանք կատարելու համար բծախնդիր պատրաստութիւններ տեսաւ, բայց չկրցաւ ասիկա իրագործել իր մահուընէ առաջ, որ տեղի ունեցաւ չորս տարի ետք։ Անիկա իր որդւոյն եւ յաջորդին ձգուեցաւ, «չորրորդ» թագաւորին՝ Քսերքսէս Ա.–ին, որ նոյն Ասուերոս Թագաւորն էր որ Եսթերի հետ ամուսնացաւ։—Եսթերայ 1։1. 2։15-17

6, 7. (ա) Չորրորդ թագաւորը ի՞նչպէս ‘ամէնքը ոտքի հանեց Յոյներու թագաւորութեան դէմ’։ (բՅունաստանի դէմ Քսերքսէսի արշաւանքին արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

6 Քսերքսէս Ա. արդարեւ ‘ամէնքը ոտքի հանեց Յոյներու թագաւորութեան դէմ’, ուրիշ խօսքով, յունական անկախ պետութիւններու խմբակցութեան դէմ։ Մարերը եւ Պարսիկները—Նուաճողներ եւ Դիւանագէտներ (Անգլերէն) խորագրով գիրքը կ’ըսէ. «Փառատենչ պալատականներու կողմէ դրդուած, Քսերքսէս ցամաքէն ու ծովէն յարձակումի մը ձեռնարկեց»։ Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարու Յոյն պատմաբան Հերոդոտոս կը գրէ թէ «ուրիշ ո՛չ մէկ յարձակում կարելի էր բաղդատել այս արշաւանքին հետ»։ Ան իր արձանագրութեան մէջ կը նշէ որ ծովային ոյժը «ընդամէնը 517,610 հոգի կը հաշուըւէր։ Հետեւազօրքին թիւն էր 1,700,000, իսկ հեծելազօրքը՝ 80,000. որու վրայ պէտք էր աւելցնել ուղտերու վրայ հեծած Արաբները եւ կառքերով կռուող Լիպիացիները, որոնք, ըստ իմ հաշիւներուս, 20,000 էին։ Ուստի, ցամաքային ու ծովային ուժերը միասնաբար 2,317,610 մարդոցմէ կը բաղկանային»։

7 Ամբողջական յաղթանակի հեռանկարով, Քսերքսէս Ա. իր հսկայ բանակով քալեց Յունաստանի վրայ՝ Հ.Դ.Ա. 480–ին։ Թերմոպիլէի մէջ յունական ձգձգող ռազմավարութենէն օգտուելով, Պարսիկները Աթէնքը աւերեցին։ Սակայն Սաղամինայի մէջ ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեցին։ Յոյները ուրիշ յաղթանակ մը տարին Պլադէայի մէջ, Հ.Դ.Ա. 479–ին։ Յաջորդող 143 տարիներուն, Պարսկական Կայսրութեան գահին վրայ Քսերքսէսի յաջորդող եօթը թագաւորներէն ո՛չ մէկը Յունաստանի դէմ պատերազմ մղեց։ Բայց յետոյ Յունաստանի մէջ հզօր թագաւոր մը ելաւ։

Մեծ Թագաւորութիւն մը Չորսի կը Բաժնուի

8. Ո՞վ էր այն «զօրաւոր թագաւոր»ը որ ելաւ, եւ անիկա ի՞նչպէս ‘մեծ իշխանութիւնով տիրեց’։

8 Հրեշտակը ըսաւ. «Ետքը զօրաւոր թագաւոր մը պիտի ելլէ ու մեծ իշխանութիւնով պիտի տիրէ, իր կամքին ուզածին պէս պիտի ընէ»։ (Դանիէլ 11։3) Քսան տարեկան Աղեքսանդրը ‘ելաւ’ որպէս Մակեդոնիայի թագաւոր՝ Հ.Դ.Ա. 336–ին։ Ան իրապէս «զօրաւոր թագաւոր մը» եղաւ՝ Մե՛ծն Աղեքսանդր։ Իր հօրը՝ Ֆիլիփ Բ.–ի ծրագիրներով տարուած, ան Միջին Արեւելքի մէջի պարսկական գաւառները գրաւեց։ Եփրատ ու Տիգրիս գետերը կտրելով, իր 47,000 մարդոցմով Դարեհ Գ.–ի 250,000 հոգիներէ բաղկացած բանակը ցրուեց Գավգամելլայի մէջ։ Որու հետեւանքով Դարեհ փախաւ եւ սպաննուեցաւ, վերջ դնելով պարսկական հարստութեան։ Արդ, Յունաստան աշխարհակալ ոյժ դարձաւ եւ Աղեքսանդր ‘մեծ իշխանութիւնով տիրեց եւ իր կամքին ուզածին պէս ըրաւ’։

9, 10. Աղեքսանդրի թագաւորութիւնը իր յաջորդներուն չմնալու մասին եղած մարգարէութիւնը ի՞նչպէս շիտակ ելաւ։

9 Աշխարհի վրայ Աղեքսանդրի իշխանութիւնը կարճատեւ պիտի ըլլար, քանի որ Աստուծոյ հրեշտակը աւելցուց. «Բայց ելլելուն պէս անոր թագաւորութիւնը պիտի կոտրի ու երկնքի չորս հովերուն պիտի բաժնուի. բայց ո՛չ իր յաջորդներուն, ո՛չ ալ իր վարած իշխանութեանը [պէս]. վասն զի անոր թագաւորութիւնը պիտի քակուի ու իրենցմէ ուրիշներուն պիտի անցնի»։ (Դանիէլ 11։4) Աղեքսանդր տակաւին 33 տարիքը չէր բոլորած, երբ յանկարծ հիւանդութիւն մը իր կեանքը խլեց Բաբելոնի մէջ՝ Հ.Դ.Ա. 323–ին։

10 Աղեքսանդրի հսկայ կայսրութիւնը «իր յաջորդներուն» չմնաց։ Իր եղբայրը, Ֆիլիփ Գ. Արհիտէոս եօթը տարիէն նուազ իշխեց եւ Ողիմպիասի՝ Աղեքսանդրի մօր դրդումով սպաննուեցաւ, Հ.Դ.Ա. 317–ին։ Աղեքսանդրի որդին՝ Աղեքսանդր Դ. իշխեց մինչեւ Հ.Դ.Ա. 311, երբ իր հօրը զօրավարներէն մէկուն՝ Կասանդրի ձեռքով սպաննուեցաւ։ Աղեքսանդրի ապօրինի որդին՝ Հերակղէս, ուզեց իր հօրը անունով իշխանութեան գլուխ անցնիլ, բայց սպաննուեցաւ՝ Հ.Դ.Ա. 309–ին։ Այսպիսով վերջ գտաւ Աղեքսանդրի շառաւիղը, ‘իշխանութիւնը’ իր ընտանիքին չմնալով։

11. Աղեքսանդրի թագաւորութիւնը ի՞նչպէս «երկնքի չորս հովերուն» բաժնուեցաւ։

11 Աղեքսանդրի մահուընէ ետք, իր թագաւորութիւնը ‘չորս հովերուն բաժնուեցաւ’։ Անոր զօրավարները իրարու մէջ կռուեցան, մինչ իրարու ձեռքէ հողամասեր կը խլէին։ Միաչքանի Զօրավար Անտիգոնոս Ա. փորձեց Աղեքսանդրի ամբողջ կայսրութիւնը իր ղեկավարութեան ներքեւ բերել։ Բայց ան Փռիւգիայի մէջ Իբսոսի պատերազմին սպաննուեցաւ։ Հ.Դ.Ա. 301–ին արդէն, Աղեքսանդրի չորս զօրավարները իրենց հեղինակութեան տակ առած էին իրենց հրամանատարին նուաճած ընդարձակ հողամասերը։ Կասանդր իշխեց Մակեդոնիայի ու Յունաստանի վրայ։ Լիսիմաքոս Փոքր Ասիան ու Թրակիան ձեռք ձգեց։ Սելեւկոս Ա. Նիկատոր Միջագետքն ու Սուրիան ապահովեց։ Իսկ Պտղոմէոս Լագիս՝ Եգիպտոսն ու Պաղեստինը առաւ։ Մարգարէական խօսքը շիտակ ելլելով, Աղեքսանդրի հսկայ կայսրութիւնը հելլենական չորս թագաւորութիւններու բաժնուեցաւ։

Երկու Մրցակից Թագաւորներ կ’Ելլեն

12, 13. (ա) Հելլենական չորս թագաւորութիւններէն ի՞նչպէս միայն երկուքը մնացին։ (բՍելեւկոս Սուրիոյ մէջ ո՞ր հարստութիւնը հիմնեց։

12 Իշխանութեան գլուխ անցնելէն քանի մը տարիներ ետք Կասանդր մահացաւ, եւ Հ.Դ.Ա. 285–ին, Լիսիմաքոս Յունական Կայսրութեան եւրոպական մասը գրաւեց։ Հ.Դ.Ա. 281–ին, Լիսիմաքոս՝ Սելեւկոս Ա. Նիկատորի դէմ մղած պատերազմին մէջ ինկաւ, եւ այսպիսով Սելեւկոս ասիական հողամասերու մեծ մասին վրայ իշխեց։ Աղեքսանդրի զօրավարներէն մէկուն թոռը՝ Անտիգոնոս Բ. Կոնաթաս, Մակեդոնիոյ գահը բարձրացաւ Հ.Դ.Ա. 276–ին։ Ժամանակ մը ետք, Մակեդոնիան Հռովմէն կախեալ եղաւ եւ ի վերջոյ հռովմէական գաւառ դարձաւ, Հ.Դ.Ա. 146–ին։

13 Հելլենական չորս թագաւորութիւններէն միայն երկուքը նշանաւոր եղան. մէկը Սելեւկոս Ա. Նիկատորի, իսկ միւսը՝ Պտղոմէոս Լագիսի իշխանութեան ներքեւ։ Սելեւկոս Սուրիոյ մէջ հիմնեց Սելեւկեան հարստութիւնը։ Անոր հիմնած քաղաքներուն մաս կը կազմէին Անտիոքը՝ Սուրիոյ նոր մայրաքաղաքը, եւ Սելեւկիա ծովեզերեայ քաղաքը։ Հետագային Պօղոս առաքեալ Անտիոքի մէջ սորվեցուց, ուր Յիսուսի հետեւորդները առաջին անգամ ըլլալով՝ Քրիստոնեաներ կոչուեցան։ (Գործք 11։25, 26. 13։1-4) Հ.Դ.Ա. 281–ին Սելեւկոս սպաննուեցաւ, բայց իր հարստութիւնը շարունակեց իշխել մինչեւ Հ.Դ.Ա. 64, երբ Հռովմէացի Զօրավար Գնեոս Պոմպէոս Սուրիան հռովմէական գաւառ դարձուց։

14. Պտղոմէական հարստութիւնը ե՞րբ հաստատուեցաւ Եգիպտոսի մէջ։

14 Հելլենական չորս թագաւորութիւններէն ամենէն երկար տեւողութիւն ունեցողը եղաւ Պտղոմէոս Լագիսի՝ կամ Պտղոմէոս Ա.–ի՝ թագաւորութիւնը, որ Հ.Դ.Ա. 305–ին ինքզինք թագաւոր հռչակեց։ Անոր հիմնած պտղոմէական հարստութիւնը շարունակեց Եգիպտոսի վրայ տիրել, մինչեւ որ անիկա Հռովմի ձեռքը ինկաւ՝ Հ.Դ.Ա. 30–ին։

15. Հելլենական չորս թագաւորութիւններէն ո՞ր երկու զօրաւոր թագաւորները ելան, եւ անոնք ի՞նչ պայքար սկսան։

15 Այսպիսով, հելլենական չորս թագաւորութիւններէն երկու զօրաւոր թագաւորներ ելան. Սուրիոյ վրայ Սելեւկոս Ա. Նիկատորը, իսկ Եգիպտոսի վրայ՝ Պտղոմէոս Ա.–ը։ Այս երկու թագաւորներով սկսաւ Դանիէլի 11–րդ գլուխին մէջ նկարագրուած «հիւսիսի թագաւոր» ու «հարաւի թագաւոր»ի միջեւ պայքարը։ Եհովայի հրեշտակը թագաւորներուն անունները չյիշեց, քանի որ այս երկու թագաւորներուն ինքնութիւնն ու ազգութիւնը դարերու ընթացքին պիտի փոխուէին։ Անհարկի եղող մանրամասնութիւնները զանց ընելով, հրեշտակը միայն յիշեց կառավարիչներ եւ իրադարձութիւններ, որոնք կշիռ պիտի ունենային այս պայքարին մէջ։

Պայքարը կը Սկսի

16. (ա) Երկու թագաւորները որո՞ւ հիւսիսը եւ հարաւը կը գտնուէին։ (բԱռաջին անգամ «հիւսիսի թագաւոր»ին եւ «հարաւի թագաւորը»ին պաշտօնները որո՞նք լեցուցին։

16 Մտի՛կ ըրէք, մինչ Եհովայի հրեշտակը այս շշմեցուցիչ պայքարին սկիզբը նկարագրելով կ’ըսէ. «Հարաւի թագաւորը պիտի ուժովնայ ու անոր [Աղեքսանդրի] իշխաններէն մէկը [հիւսիսի թագաւորը] աւելի պիտի ուժովնայ ու պիտի տիրէ։ Անոր իշխանութիւնը մեծ իշխանութիւն մը պիտի ըլլայ»։ (Դանիէլ 11։5) «Հիւսիսի թագաւոր» ու «հարաւի թագաւոր» անուանակոչումները, այն ատեն բաբելոնական գերութենէն ազատագրուած ու Հրէաստանի մէջ վերահաստատուած Դանիէլի ժողովուրդին հիւսիսը ու հարաւը եղող թագաւորներուն կ’ակնարկեն։ Սկիզբը՝ «հարաւի թագաւորը» Եգիպտոսի Պտղոմէոս Ա. էր։ Պտղոմէոս Ա.–ի յաղթող ու անոր վրայ «մեծ իշխանութիւնով» իշխողը Աղեքսանդրի զօրավարներէն մէկն էր՝ Սուրիացի թագաւոր Սելեւկոս Ա. Նիկատորը։ Ան՝ «հիւսիսի թագաւոր»ին պաշտօնը լեցուց։

17. Հիւսիսի թագաւորին ու հարաւի թագաւորին պայքարին սկիզբը, Հրէաստան որո՞ւ իշխանութեան ներքեւ էր։

17 Պայքարին սկիզբը, Հրէաստանը հարաւի թագաւորին իշխանութեան ներքեւ էր։ Հ.Դ.Ա. 320–էն սկսեալ, Պտղոմէոս Ա. ազդեցութիւն բանեցուց Հրեաներուն վրայ, որպէսզի Եգիպտոս գան ու հոն գաղութներ հաստատեն։ Աղեքսանդրիոյ մէջ հրէական գաղութ մը ծաղկեցաւ, ուր Պտղոմէոս Ա. հռչակաւոր գրադարան մը հիմնեց։ Հրէաստանի մէջ գտնուող Հրեաները պտղոմէական Եգիպտոսի՝ հարաւի թագաւորին, տիրապետութեան տակ մնացին մինչեւ Հ.Դ.Ա. 198։

18, 19. Ժամանակի ընթացքին, երկու մրցակից թագաւորները ի՞նչպէս ‘հաշտութիւն ըրին’։

18 Երկու թագաւորներուն մասին հրեշտակը մարգարէացաւ. «Մէկ քանի տարիէն ետքը անոնք իրարու հետ դաշնակցութիւն պիտի ընեն, վասն զի հարաւի թագաւորին աղջիկը հիւսիսի թագաւորին պիտի երթայ հաշտութիւն ընելու համար, բայց բազուկի ոյժ պիտի չունենայ։ Այն թագաւորը ու անոր բազուկը պիտի չկարենայ դիմանալ, հապա այն աղջիկն ու զանիկա բերողները ու զանիկա ծնանողը եւ զայն հոգացողը պիտի սպաննուին»։ (Դանիէլ 11։6) Ասիկա ի՞նչպէս իրականացաւ։

19 Մարգարէութիւնը հաշուի չէր առած Սելեւկոս Ա. Նիկատորի որդին եւ յաջորդը՝ Անտիոքոս Ա.–ը, քանի որ ան հարաւի թագաւորին դէմ վճռական պատերազմ մը չմղեց։ Բայց իր յաջորդը՝ Անտիոքոս Բ., երկար պատերազմ մը մղեց Պտղոմէոս Ա.–ի որդւոյն՝ Պտղոմէոս Բ.–ի դէմ։ Անտիոքոս Բ. եւ Պտղոմէոս Բ. յաջորդաբար կազմեցին հիւսիսի թագաւորը ու հարաւի թագաւորը։ Անտիոքոս Բ. ամուսնացած էր Լաւոդիկի հետ, որմէ որդի մը ունէր՝ Սելեւկոս Բ.–ը, իսկ Պտղոմէոս Բ.–ը աղջիկ մը ունէր Պերենիս անունով։ Հ.Դ.Ա. 250–ին, այս երկու թագաւորները «հաշտութիւն» ըրին։ Այս դաշնակցութեան որպէս գին, Անտիոքոս Բ. իր կնոջ՝ Լաւոդիկի հետ ամուսնալուծուեցաւ եւ ամուսնացաւ Պերենիսի՝ ‘հարաւի թագաւորին աղջկան’ հետ։ Ան Պերենիսէն որդի մը ունեցաւ որ սուրիական գահին ժառանգորդ եղաւ, Լաւոդիկի որդիներուն տեղ։

20. (ա) Պերենիսի «բազուկ»ը ի՞նչպէս չկրցաւ դիմանալ։ (բՊերենիս, «զանիկա բերողները» ու «զայն հոգացողը» ի՞նչպէս սպաննուեցան։ (գԱնտիոքոս Բ. իր «բազուկ»ը՝ կամ հեղինակութիւնը՝ կորսնցնելէ ետք, ո՞վ եղաւ Սուրիացի թագաւորը։

20 Պերենիսի «բազուկ»ը, կամ անոր թիկունք կանգնող ոյժը, իր հայրը՝ Պտղոմէոս Բ.–ն էր։ Երբ ան մեռաւ Հ.Դ.Ա. 246–ին, Պերենիս իր ամուսնոյն հետ ‘բազուկին ոյժը չունեցաւ’։ Անտիոքոս Բ. զինք մերժեց, վերամուսնացաւ Լաւոդիկի հետ եւ իրենց որդին իր յաջորդը նշանակեց։ Լաւոդիկի դաւադրութեամբ, Պերենիս ու իր որդին սպաննուեցան։ Այնպէս կ’երեւայ թէ Պերենիսը Եգիպտոսէն Սուրիա բերելու համար անոր ուղեկցորդները՝ «զանիկա բերողները», նոյն վախճանին արժանացան։ Լաւոդիկ նոյնիսկ թունաւորեց Անտիոքոս Բ.–ը, եւ այսպիսով «անոր բազուկ»ն ալ՝ կամ հեղինակութիւնը, ‘չկրցաւ դիմանալ’։ Ուստի, Պերենիսի հայրը՝ «զանիկա ծնանողը», եւ իր Սուրիացի ամուսինը՝ ժամանակաւորապէս «զայն հոգացողը», երկուքն ալ մեռան։ Այսպիսով ճամբան բացուեցաւ որպէսզի Լաւոդիկի որդին՝ Սելեւկոս Բ., Սուրիոյ թագաւորը ըլլայ։ Պտղոմէական յաջորդ թագաւորին հակազդեցութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլար այս բոլորին ի տես։

Թագաւոր մը Իր Քրոջ Սպանութեան Վրէժը կ’Առնէ

21. (ա) Պերենիսի «արմատներուն ընձիւղներէն մէկը» ո՞վ էր եւ ի՛նչպէս ‘կայնեցաւ’։ (բՊտղոմէոս Գ. ի՞նչպէս ‘հիւսիսի թագաւորին ամրոցները մտաւ’ եւ անոր յաղթեց։

21 Հրեշտակը ըսաւ. «Բայց անոր արմատներուն ընձիւղներէն մէկը պիտի ելլէ անոր տեղ ու անիկա զօրքով պիտի գայ եւ հիւսիսի թագաւորին ամրոցները պիտի մտնէ ու անոնց մէջ հաճելի եղածը պիտի ընէ ու պիտի յաղթէ»։ (Դանիէլ 11։7) Պերենիսի ծնողքին՝ կամ «արմատներուն»՝ «ընձիւղներէն մէկը», իր եղբայրն էր։ Իր հօրը մահէն ետք, ան ‘ելաւ’ որպէս հարաւի թագաւոր՝ Եգիպտացի Փարաւոն, Պտղոմէոս Գ.։ Ան շուտով իր քրոջ սպանութեան վրէժը առնել ուզեց։ Սուրիացի թագաւոր Սելեւկոս Բ.–ի դէմ արշաւելով, որու միջոցաւ Լաւոդիկ սպաննել տուած էր Պերենիսը եւ անոր որդին, ան «հիւսիսի թագաւորին ամրոցները» մտաւ։ Պտղոմէոս Գ. Անտիոքի ամրոցները առաւ եւ մահացու հարուած մը տուաւ Լաւոդիկի։ Հիւսիսի թագաւորին հողամասին մէջէն դէպի արեւելք յառաջանալով, ան Բաբելոնիան թալանեց եւ Հնդկաստանի վրայ արշաւեց։

22. Պտղոմէոս Գ. ի՞նչ բերաւ Եգիպտոս, եւ ան ինչո՞ւ ‘մէկ քանի տարի հիւսիսի թագաւորէն հեռու մնաց’։

22 Անկէ ետք ի՞նչ պատահեցաւ։ Աստուծոյ հրեշտակը մեզի կ’ըսէ. «Անոնց աստուածներն ալ ձուլածոյ կուռքերուն ու ոսկեղէն ու արծաթեղէն ընտիր ամաններուն հետ իբր գերի Եգիպտոս պիտի տանի։ Անիկա մէկ քանի տարի հիւսիսի թագաւորէն աւելի պիտի զօրանայ [«հեռու պիտի մնայ», ՆԱ]»։ (Դանիէլ 11։8) Շուրջ 200 տարիներ առաջ, Պարսիկ Կամփիւսէս Բ. Թագաւորը նուաճած էր Եգիպտոսը եւ եգիպտական աստուածները՝ ‘անոնց ձուլածոյ կուռքերը’, իր հետ տարած էր։ Պարսկաստանի նախկին թագաւորանիստ Շուշան մայրաքաղաքը թալանելով, Պտղոմէոս Գ. այս աստուածները ետ առաւ ու զանոնք «գերի» տարաւ Եգիպտոս։ Ան նաեւ որպէս պատերազմի աւար մեծ քանակութեամբ «ոսկեղէն ու արծաթեղէն ընտիր ամաններ» իր հետ բերաւ։ Իր երկրին մէջ ապստամբութիւն մը զսպելու համար վերադառնալու ստիպուած ըլլալով, Պտղոմէոս Գ. ‘հեռու մնաց հիւսիսի թագաւորէն’, անոր յաւելեալ վնասներ չհասցնելով։

Սուրիացի Թագաւորը կը Հակադարձէ

23. Հիւսիսի թագաւորը հարաւի թագաւորին թագաւորութեան մէջ գալէ ետք ինչո՞ւ ‘նորէն իր երկիրը դարձաւ’։

23 Հիւսիսի թագաւորը ի՞նչպէս հակազդեց։ Դանիէլի ըսուեցաւ. «Հարաւի թագաւորին պետութեանը մէջ պիտի մտնէ ու նորէն իր երկիրը պիտի դառնայ»։ (Դանիէլ 11։9) Հիւսիսի թագաւորը՝ Սուրիոյ Սելեւկոս Բ. Թագաւորը՝ հակադարձեց։ Ան Եգիպտացի հարաւի թագաւորին սահմանին կամ «պետութեանը» մէջ մտաւ, բայց պարտութեան մատնուեցաւ։ Իր բանակին մնացած չնչին մէկ մասով, Սելեւկոս Բ. ‘իր երկիրը դարձաւ’, Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Անտիոքի մէջ քաշուելով, շուրջ Հ.Դ.Ա. 242–ին։ Իր մահուընէ ետք, իր որդին՝ Սելեւկոս Գ. յաջորդեց իրեն։

24. (ա) Սելեւկոս Գ.–ի ի՞նչ պատահեցաւ։ (բՍուրիացի թագաւոր Անտիոքոս Գ. ի՞նչպէս ‘հեղեղի պէս եկաւ ու անցաւ’ հարաւի թագաւորին հողամասէն։

24 Սուրիոյ թագաւոր Սելեւկոս Բ.–ի սերունդին մասին ի՞նչ նախագուշակուած էր։ Հրեշտակը ըսաւ Դանիէլի. «Անոր որդիները պատերազմի պիտի ելլեն ու շատ զօրքերու բազմութիւն պիտի հաւաքեն. ինք ալ անպատճառ պիտի գայ ու հեղեղի պէս պիտի անցնի եւ մինչեւ անոր ամրոցը պիտի շարունակէ պատերազմիլ»։ (Դանիէլ 11։10) Երեք տարի չբոլորած, Սելեւկոս Գ.–ի իշխանութիւնը վերջ գտաւ իր սպանութեամբ։ Իր եղբայրը՝ Անտիոքոս Գ., իր տեղ սուրիական գահին վրայ բարձրացաւ։ Սելեւկոս Բ.–ի այս որդին մեծ զօրք մը հաւաքեց յարձակելու համար հարաւի թագաւորին վրայ, որ այն ատեն Պտղոմէոս Դ.–ն էր։ Սուրիացի հիւսիսի նոր թագաւորը Եգիպտոսի դէմ յաջող պատերազմ մը մղեց եւ ետ գրաւեց Սելեւկիա նաւահանգիստը, Սիլ–Սուրիոյ գաւառը, Տիւրոս եւ Պտղոմայիս քաղաքներն ու մօտակայ գիւղաքաղաքները։ Ան Պտղոմէոս Դ. Թագաւորին բանակներէն մէկը ջախջախեց եւ Հրէաստանի քաղաքներէն շատերը գրաւեց։ Հ.Դ.Ա. 217–ի գարնան, Անտիոքոս Գ. ձգեց Պտղոմայիսը եւ գնաց դէպի հիւսիս, ‘մինչեւ իր ամրոցը’՝ Սուրիոյ մէջ։ Բայց փոփոխութիւն մը կը տեսնուէր հորիզոնին վրայ։

Խնդիրը կը Փոխուի

25. Պտղոմէոս Դ.–ը ո՞ւր պատերազմեցաւ Անտիոքոս Գ.–ին հետ, եւ Եգիպտացի հարաւի թագաւորին «ձեռքը» ի՞նչ ‘տրուեցաւ’։

25 Դանիէլի նման, մենք ալ անձկագին մտիկ կ’ընենք Եհովայի հրեշտակին յաջորդ խօսքերը. «Հարաւի թագաւորը պիտի կատղի ու պիտի ելլէ։ Անոր հետ, այսինքն, հիւսիսի թագաւորին հետ, պատերազմ պիտի ընէ, բայց բազմութիւնը հարաւի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի»։ (Դանիէլ 11։11) 75,000 հոգիէ բաղկացած զօրքով մը, հարաւի թագաւորը Պտղոմէոս Դ. դէպի հիւսիս արշաւեց թշնամիին դէմ։ Սուրիացի հիւսիսի թագաւորը Անտիոքոս Գ. 68,000 հոգինոց «բազմութիւն» մը հաւաքած էր, իրեն դէմ դնելու համար։ Բայց «բազմութիւնը հարաւի թագաւորին ձեռքը» տրուեցաւ, Եգիպտոսի սահմանէն ոչ շատ հեռու ծովեզերեայ Ռաֆիա քաղաքին մէջ մղուած պատերազմին։

26. (ա) Ռաֆիայի պատերազմին ի՞նչ «բազմութիւն» առաւ հարաւի թագաւորը, եւ հոն կնքուած խաղաղութեան դաշինքին պայմանները ի՞նչ էին։ (բՊտղոմէոս Դ. ի՞նչպէս ‘իր զօրաւոր դիրքը չգործածեց’։ (գՈ՞վ եղաւ հարաւի յաջորդ թագաւորը։

26 Մարգարէութիւնը կը շարունակէ. «Երբ այն բազմութիւնը առնէ, իր սիրտը պիտի բարձրացնէ ու բիւրաւորներ պիտի կործանէ, բայց պիտի չուժովնայ [«իր զօրաւոր դիրքը պիտի չգործածէ», ՆԱ]»։ (Դանիէլ 11։12) Պտղոմէոս Դ., հարաւի թագաւորը, սուրիական 10,000 հետեւակներ եւ 300 հեծեալներ ‘առաւ’, զանոնք սպաննելով, նաեւ 4,000 հոգի գերեվարեց։ Արդ, թագաւորները դաշինք մը կնքեցին, որով Անտիոքոս Գ. սուրիական Սելեւկիա նաւահանգիստը պահեց, բայց կորսնցուց Փիւնիկէն եւ Սիլ–Սուրիան։ Այս յաղթանակին վրայ, Եգիպտացի հարաւի թագաւորին սիրտը ‘բարձրացաւ’, մանաւանդ Եհովայի դէմ։ Հրէաստան Պտղոմէոս Դ.–ի իշխանութեան ներքեւ մնաց։ Սակայն ան ‘իր զօրաւոր դիրքը չգործածեց’ Սուրիացի հիւսիսի թագաւորին դէմ իր նուաճումները շարունակելու համար։ Փոխարէն, Պտղոմէոս Դ. անառակ կեանքի մը անձնատուր եղաւ եւ իր հինգ տարեկան որդին՝ Պտղոմէոս Ե., հարաւի յաջորդ թագաւորը եղաւ, Անտիոքոս Գ.–ի մահուընէ քանի մը տարի առաջ։

Սխրագործը կը Վերադառնայ

27. Հիւսիսի թագաւորը ի՞նչպէս դարձաւ «մէկ քանի տարիէն», Եգիպտոսէն հողամասեր ետ առնելու համար։

27 Իր բոլոր սխրագործութիւններուն պատճառաւ, Անտիոքոս Գ. կոչուեցաւ Մեծն Անտիոքոս։ Անոր մասին հրեշտակը ըսաւ. «Հիւսիսի թագաւորը պիտի դառնայ ու նախորդէն աւելի բազմութիւն ոտքի պիտի հանէ ու մէկ քանի տարիէն մեծ զօրքով ու մեծ պատրաստութեամբ անշուշտ պիտի գայ»։ (Դանիէլ 11։13) Այս «մէկ քանի տարի»ն, Եգիպտացիները Ռաֆիայի մէջ Սուրիացիները պարտութեան մատնելէն շուրջ 16 կամ աւելի տարիներ ետքն էր։ Երբ դեռատի Պտղոմէոս Ե. հարաւի թագաւորը եղաւ, Անտիոքոս Գ. ‘նախորդէն աւելի բազմութեամբ’ եկաւ, որպէսզի Եգիպտացի հարաւի թագաւորին իրմէ գրաւած հողամասերը ետ առնէ։ Այս նպատակաւ, ան իր բանակը Մակեդոնիոյ Ֆիլիփ Ե. Թագաւորին զօրքին միացուց։

28. Հարաւի դեռատի թագաւորը ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաւ։

28 Հարաւի թագաւորն ալ իր թագաւորութեան մէջ խնդիրներ ունեցաւ։ Հրեշտակը ըսաւ. «Այն ժամանակները հարաւի թագաւորին վրայ շատերը պիտի ելլեն»։ (Դանիէլ 11։14ա) Իրապէս ալ ‘հարաւի թագաւորին վրայ շատերը ելան’։ Անտիոքոս Գ.–ի ու իր Մակեդոնացի դաշնակիցին զօրքերը դիմագրաւելէն զատ, հարաւի դեռատի թագաւորը իր երկրին՝ Եգիպտոսի մէջ, խնդիրներ դիմագրաւեց։ Քանի որ իր խնամակալը Ագաթոկղ, որ իր անունով կ’իշխէր, Եգիպտացիներուն հետ շատ ամբարտաւանօրէն վարուեցաւ, շատեր ապստամբեցան։ Հրեշտակը աւելցուց. «Ու քու ժողովուրդիդ բռնաւորներուն որդիներն ալ ոտքի պիտի ելլեն՝ տեսիլքը կատարելու համար, բայց պիտի գլորին»։ (Դանիէլ 11։14բ) Նոյնիսկ Դանիէլի ժողովուրդէն ոմանք ‘բռնաւորներու որդիներ’, կամ յեղափոխականներ եղան։ Բայց իրենց հայրենիքը հեթանոսական լուծէն ազատագրելու շուրջ այսպիսի Հրեաներուն ունեցած «տեսիլքը» սուտ էր ու պիտի խափանուէր, կամ պիտի ‘գլորէր’։

29, 30. (ա) ‘Հարաւին բազուկները’ ի՞նչպէս տկարացան հիւսիսէն եկած յարձակումներով։ (բՀիւսիսի թագաւորը ի՞նչպէս ‘փառաւոր երկրին մէջ կեցաւ’։

29 Եհովայի հրեշտակը շարունակեց ըսել. «Հիւսիսի թագաւորը պիտի գայ ու հողաբլուրներ պիտի կանգնեցնէ ու պարսպապատ քաղաքները պիտի առնէ եւ հարաւի թագաւորին բազուկները ու անոր ընտրեալները պիտի տկարանան, ո՛չ ալ դիմանալու ոյժ պիտի ունենան։ Անոր վրայ եկողը իր ուզածին պէս պիտի ընէ։ Անոր առջեւ դէմ դնող պիտի չըլլայ։ Փառաւոր երկրին մէջ պիտի կենայ եւ իր ձեռքով պիտի աւերէ»։—Դանիէլ 11։15, 16

30 Պտղոմէոս Ե.–ի հրամանատարութեան ներքեւ եղող զինուորական ուժերը, կամ ‘հարաւին բազուկները’, հիւսիսէն եկող յարձակման դէմ պարտուեցան։ Պանիասի մէջ (Փիլիպպոսի Կեսարիա), Անտիոքոս Գ. Եգիպտոսի Սգոբաս Զօրավարը եւ 10,000 ընտրանիները, կամ «ընտրեալները», Սիդոն՝ «պարսպապատ քաղաք»ը քշեց։ Հոն՝ Անտիոքոս Գ. ‘հողաբլուրներ կանգնեցնելով’, Հ.Դ.Ա. 198–ին գրաւեց այդ Փիւնիկեան նաւահանգիստը։ Ան ‘իր ուզածին պէս ըրաւ’, քանի որ Եգիպտացի հարաւի թագաւորին ուժերը իր դիմաց կենալու կարող չէին։ Անկէ ետք, Անտիոքոս Գ. արշաւեց Երուսաղէմի, Հրէաստանի՝ «փառաւոր երկրին»՝ մայրաքաղաքին վրայ։ Հ.Դ.Ա. 198–ին, Երուսաղէմ եւ Հրէաստան Եգիպտացի հարաւի թագաւորին իշխանութենէն անցան Սուրիացի հիւսիսի թագաւորին իշխանութեան ներքեւ։ Իսկ Անտիոքոս Գ. հիւսիսի թագաւորը, սկսաւ ‘փառաւոր երկրին մէջ կենալ’։ Բոլոր ընդդիմացող Հրեաներն ու Եգիպտացիները ‘իր ձեռքով աւերուեցան’։ Հիւսիսի թագաւորը ո՞րքան ատեն իր ուզածին պէս պիտի ընէր։

Հռովմ կը Զսպէ Սխրագործը

31, 32. Հիւսիսի թագաւորը ինչո՞ւ ի վերջոյ «խաղաղութեան պայմաններ» կնքեց հարաւի թագաւորին հետ։

31 Եհովայի հրեշտակը հետեւեալ պատասխանը կու տայ մեզի. «[Հիւսիսի թագաւորը] պիտի դառնայ իր թագաւորութեան բոլոր ուժովը, խաղաղութեան պայմանները պիտի բերէ եւ հաստատէ զանոնք, կիներուն աղջիկը անոր պիտի տայ, որպէս զի կործանէ թագաւորութիւնը, բայց [աղջիկը] անոր հետ պիտի չկենայ կամ բան մը պիտի չշահի [«նա նորանը պիտի չլինի», Արարատ]»։Դանիէլ 11։17

32 Հիւսիսի թագաւորը Անտիոքոս Գ. ‘դարձաւ’, որպէսզի «իր թագաւորութեան բոլոր ուժովը» Եգիպտոսի վրայ տիրէ։ Սակայն ի վերջոյ հարաւի թագաւորին Պտղոմէոս Ե.–ի հետ «խաղաղութեան պայմաններ» կնքեց։ Հռովմի պահանջները պատճառ եղան որ Անտիոքոս Գ. իր ծրագիրը փոխէ։ Երբ ինք եւ Մակեդոնիոյ Ֆիլիփ Ե. Թագաւորը դաշնակցեցան Եգիպտոսի դեռատի թագաւորին դէմ, որպէսզի իր հողամասերը գրաւեն, Պտղոմէոս Ե.–ի խնամակալները պաշտպանութեան համար դիմեցին Հռովմի։ Իր ազդեցութեան ծիրը ընդլայնելու համար առիթէն օգտուելով, Հռովմ իր բազուկները պարզեց։

33. (ա) Անտիոքոս Գ.–ի եւ Պտղոմէոս Ե.–ի միջեւ խաղաղութեան պայմանները ի՞նչ էին։ (բԿղէոպատրա Ա. եւ Պտղոմէոս Ե.–ի ամուսնութեան նպատակը ի՞նչ էր, բայց այս ծրագիրը ինչո՞ւ ձախողեցաւ։

33 Հռովմի հարկադրանքին ներքեւ, Անտիոքոս Գ. հարաւի թագաւորին խաղաղութեան առաջադրած պայմանները ընդունեց։ Փոխանակ գրաւած հողամասերը վերադարձնելու, ինչպէս Հռովմ պահանջած էր իրմէ, Անտիոքոս Գ. ծրագրեց ձեւականօրէն զանոնք փոխանցել, իր աղջիկը՝ Կղէոպատրա Ա.–ը, «կիներուն աղջիկը», կնութեան տալով Պտղոմէոս Ե.–ին։ Որպէս օժիտ կարգ մը գաւառներ պիտի տրուէին, մէջը ըլլալով Հրէաստանը՝ ‘փառաւոր երկիրը’։ Սակայն, Հ.Դ.Ա. 193–ին ամուսնութեան ժամանակ, Սուրիացի թագաւորը թոյլ չտուաւ որ այս գաւառները անցնին Պտղոմէոս Ե.–ի։ Ասիկա քաղաքական ամուսնութիւն մըն էր, որու նպատակն էր Եգիպտոսը հպատակեցնել Սուրիոյ։ Սակայն անոր ծրագիրները ձախողեցան, քանի որ Կղէոպատրա Ա. ‘նորանը չեղաւ’, հետագային իր ամուսնոյն կողքին դիրք բռնելով։ Երբ պատերազմ ծագեցաւ Անտիոքոս Գ.–ի եւ Հռովմէացիներու միջեւ, Եգիպտոս Հռովմի կողմը անցաւ։

34, 35. (ա) Հիւսիսի թագաւորը ո՞ր «ծովեզերեայ երկիրներ»ուն դարձուց իր երեսը։ (բՀռովմը ի՞նչպէս վերջ դրաւ հիւսիսի թագաւորին «նախատինք»ին։ (գԱնտիոքոս Գ. ի՞նչպէս մեռաւ, եւ հիւսիսի յաջորդ թագաւորը ո՞վ եղաւ։

34 Հիւսիսի թագաւորին ձախորդութիւններուն ակնարկելով, հրեշտակը աւելցուց. «Վերջապէս [Անտիոքոս Գ.] իր երեսը դէպի կղզիները [«ծովեզերեայ երկիրները», ՆԱ] պիտի դարձնէ ու անոնցմէ շատերը պիտի առնէ, բայց իշխան մը [Հռովմ] անոր նախատինքը պիտի դադրեցնէ ու ասկէ զատ [«այնպէս որ», ՆԱ] անոր [Անտիոքոս Գ.–ի] նախատինքը անոր վրայ պիտի դարձնէ։ Իր [Անտիոքոս Գ.] երեսը դէպի իր երկրին ամրոցները պիտի դարձնէ, բայց պիտի տկարանայ, պիտի իյնայ ու պիտի չգտնուի»։—Դանիէլ 11։18, 19

35 «Ծովեզերեայ երկիրները»՝ Մակեդոնիան, Յունաստանը եւ Փոքր Ասիան էին։ Յունաստանի մէջ պատերազմ մը ծագեցաւ Հ.Դ.Ա. 192–ին, եւ Անտիոքոս Գ. ստիպուեցաւ Յունաստան գալ։ Այդ շրջանին մէջ յաւելեալ հողամասեր գրաւելու Սուրիոյ թագաւորին ջանքերէն դժգոհելով, Հռովմ պաշտօնապէս պատերազմ հռչակեց անոր դէմ։ Թերմոպիլէի մէջ ան պարտութիւն կրեց Հռովմի ձեռքով։ Հ.Դ.Ա. 190–ին Մանիսայի մէջ պատերազմը կորսնցնելէ շուրջ տարի մը ետք, ան ստիպուեցաւ Յունաստանի, Փոքր Ասիոյ եւ Տաւրոս Լեռներուն արեւմտեան շրջանին մէջ իր ունեցած բաներէն ձեռք քաշել։ Հռովմ ծանր հարկեր դրաւ եւ իր իշխանութիւնը հաստատեց Սուրիացի հիւսիսի թագաւորին վրայ։ Յունաստանէն եւ Փոքր Ասիայէն դուրս քշուած եւ գրեթէ իր ամբողջ նաւատորմը կորսնցուցած ըլլալով, Անտիոքոս Գ. «իր երեսը դէպի իր երկրին ամրոցները»՝ Սուրիա դարձուց։ Հռովմէացիները իրենց դէմ եղած ‘անոր նախատինքը իր վրայ դարձուցին’։ Անտիոքոս Գ. Հ.Դ.Ա. 187–ին մեռաւ, մինչ կը փորձէր տաճար մը կողոպտել Եղիմայիսի մէջ, Պարսկաստան։ Ուստի, ան մահանալով ‘ինկաւ’ եւ անոր յաջորդեց իր որդին Սելեւկոս Դ., հիւսիսի յաջորդ թագաւորը։

Պայքարը կը Շարունակուի

36. (ա) Հարաւի թագաւորը ի՞նչպէս շարունակեց պայքարը, բայց անոր ի՞նչ պատահեցաւ։ (բՍելեւկոս Դ. ի՞նչպէս ինկաւ, եւ անոր ո՞վ յաջորդեց։

36 Որպէս հարաւի թագաւոր, Պտղոմէոս Ե. ջանաց ձեռք ձգել այն գաւառները որոնք իրեն պէտք էր պատկանէին որպէս Կղէոպատրայի օժիտը, բայց ան թունաւորուեցաւ ու իր ջանքերը ի դերեւ ելան։ Անոր յաջորդեց Պտղոմէոս Զ.։ Իսկ Սելեւկոս Դ.–ը ի՞նչ եղաւ։ Հռովմի կողմէ իր վրայ դրուած ծանր հարկերը վճարելու համար դրամի պէտք ունենալով, ան իր գանձապահը՝ Հեղիոդորը ղրկեց, որպէսզի Երուսաղէմի տաճարին մէջ, այդպէս կարծուած, պահուած հարստութիւնը գրաւէ։ Ինք գահին վրայ աչք ունենալով, Հեղիոդոր սպաննեց Սելեւկոս Դ.–ը։ Սակայն, Պերգամոնի թագաւորը՝ Եւմենէս, եւ անոր եղբայրը Ատտաղոս, սպաննուած թագաւորին եղբայրը՝ Անտիոքոս Դ.–ը գահ բարձրացուցին։

37. (ա) Անտիոքոս Դ. ի՞նչպէս ուզեց ցոյց տալ թէ ինք Եհովա Աստուծմէ աւելի զօրաւոր էր։ (բԱնտիոքոս Դ.–ի կողմէ Երուսաղէմի տաճարին սրբապղծումը ի՞նչ բանի առաջնորդեց։

37 Հիւսիսի նոր թագաւորը՝ Անտիոքոս Դ., ուզեց ցոյց տալ թէ ինք Աստուծմէ աւելի զօրաւոր էր, փորձելով Եհովայի պաշտամունքի կարգադրութիւնը մէջտեղէն վերցնել։ Եհովայի ասպարէզ կարդալով, ան Երուսաղէմի տաճարը Զեւսի՝ կամ Արամազդի՝ նուիրեց։ Հ.Դ.Ա. 167–ի Դեկտեմբերին, բագին մը կանգնեցուցին տաճարի գաւիթին մեծ զոհասեղանին վրայ, ուր Եհովայի առօրեայ զոհեր կը մատուցանուէին։ Տասը օր ետք, այդ բագինին վրայ Զեւսի զոհ մատուցանեցին։ Այս սրբապղծութիւնը՝ Մակաբայեցիներու կողմէ առաջնորդուած հրէական ապստամբութեան առաջնորդեց։ Անտիոքոս Դ. երեք տարի անոնց դէմ պատերազմեցաւ։ Հ.Դ.Ա. 164–ին, սրբապղծութեան տարեդարձին առթիւ, Յուդա Մակաբայեցի տաճարը վերստին նուիրեց Եհովայի եւ նաւակատիքի տօնը՝ Հանուգգան, հաստատուեցաւ։—Յովհաննու 10։22

38. Մակաբայեցւոց իշխանութիւնը ի՞նչպէս վերջ գտաւ։

38 Հաւանաբար Մակաբայեցիները Հռովմի հետ դաշինք մը կնքեցին Հ.Դ.Ա. 161–ին, եւ թագաւորութիւն մը հաստատեցին Հ.Դ.Ա. 104–ին։ Բայց իրենց եւ Սուրիացի հիւսիսի թագաւորին միջեւ բախումները շարունակուեցան։ Վերջապէս Հռովմի դիմեցին որ միջամտէ։ Հռովմէացի Զօրավար Գնեոս Պոմպէոս Երուսաղէմը գրաւեց Հ.Դ.Ա. 63–ին, զայն երեք ամիս պաշարելէ ետք։ Հ.Դ.Ա. 39–ին, Հռովմի Ծերակոյտը Եդովմայեցի Հերովդէսը Հրէաստանի թագաւոր նշանակեց։ Ան Մակաբայեցւոց իշխանութեան վերջ դնելով, Երուսաղէմը գրաւեց Հ.Դ.Ա. 37–ին։

39. Դանիէլ 11։1-19–ը նկատի առնելէն ի՞նչ օգուտներ քաղեցիք։

39 Երկու թագաւորներու պայքարին շուրջ եղած մարգարէութեան առաջին մասին մանրամասնօրէն կատարուիլը տեսնելը շա՜տ խայտալի է։ Արդարեւ, ի՜նչ յուզիչ է Դանիէլի մարգարէական պատգամը տրուելէն ի վեր, շուրջ 500 տարուան պատմութիւնը քննել եւ բնորոշել այն կառավարիչները, որոնք հիւսիսի թագաւորին ու հարաւի թագաւորին դերերը ստանձնած են։ Սակայն, այս երկու թագաւորներուն քաղաքական ինքնութիւնները կը փոխուին, մինչ անոնց միջեւ պայքարը կը շարունակուի Յիսուս Քրիստոս երկիր եկած ժամանակէն մինչեւ մեր օրերը։ Պատմական իրադարձութիւնները համեմատելով այս մարգարէութեան մէջի յայտնուած հետաքրքրական մանրամասնութիւններուն հետ, պիտի կարենանք բնորոշել պայքարի մէջ եղող այս երկու թագաւորները։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Հելլենական թագաւորութիւններէն զօրաւոր թագաւորներու ի՞նչ երկու շառաւիղ ելաւ, եւ թագաւորները ի՞նչ պայքարի մէջ մտան։

Ինչպէս նախագուշակուած էր Դանիէլ 11։6–ի մէջ, երկու թագաւորները ի՞նչպէս ‘հաշտութիւն ըրին’։

Պայքարը ի՞նչպէս շարունակուեցաւ՝

Սելեւկոս Բ. եւ Պտղոմէոս Գ.–ի միջեւ (Դանիէլ 11։7-9).

Անտիոքոս Գ. եւ Պտղոմէոս Դ.–ի միջեւ (Դանիէլ 11։10-12).

Անտիոքոս Գ. եւ Պտղոմէոս Ե.–ի միջեւ (Դանիէլ 11։13-16)։

Կղէոպատրա Ա.–ի եւ Պտղոմէոս Ե.–ի միջեւ եղած ամուսնութեան նպատակը ի՞նչ էր, եւ այս ծրագիրը ինչո՞ւ ձախողեցաւ (Դանիէլ 11։17-19)։

Դանիէլ 11։1-19–ի ուշադրութիւն ընծայելը ի՞նչպէս օգտակար եղաւ ձեզի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցակ/Նկարներ՝ էջ 228]

ԴԱՆԻԷԼ 11։5-19–Ի ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ

Հիւսիսի Հարաւի

Թագաւորը Թագաւորը

Դանիէլ 11։5 Սելեւկոս Ա. Նիկատոր Պտղոմէոս Ա.

Դանիէլ 11։6 Անտիոքոս Բ. Պտղոմէոս Բ.

(կինը՝ Լաւոդիկ) (աղջիկը՝ Պերենիս)

Դանիէլ 11։7-9 Սելեւկոս Բ. Պտղոմէոս Գ.

Դանիէլ 11։10-12 Անտիոքոս Գ. Պտղոմէոս Դ.

Դանիէլ 11։13-19 Անտիոքոս Գ. Պտղոմէոս Ե.

(աղջիկը՝ Կղէոպատրա Ա.) Յաջորդը.

Յաջորդները. Պտղոմէոս Զ.

Սելեւկոս Դ. եւ

Անտիոքոս Դ.

[Նկար]

Մետաղադրամ՝ Պտղոմէոս Բ. եւ իր կինը

[Նկար]

Սելեւկոս Ա. Նիկատոր

[Նկար]

Անտիոքոս Գ.

[Նկար]

Պտղոմէոս Զ.

[Նկար]

Պտղոմէոս Գ. եւ իր յաջորդները շինեցին Հորուսի այս տաճարը՝ Իտֆուի մէջ, Վերին Եգիպտոս

[Քարտէս/Նկարներ՝ էջ 216, 217]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

«Հիւսիսի թագաւոր» եւ «հարաւի թագաւոր» անուանակոչումները կ’ակնարկեն Դանիէլի ժողովուրդին երկրի հիւսիսը եւ հարաւը գտնուող թագաւորներուն

ՄԱԿԵԴՈՆԻԱ

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

ՓՈՔՐ ԱՍԻԱ

ԻՍՐԱՅԷԼ

ԼԻՊԻԱ

ԵԳԻՊՏՈՍ

ԵԹՈՎՊԻԱ

ՍՈՒՐԻԱ

Բաբելոն

ԱՐԱԲԻԱ

[Նկար]

Պտղոմէոս Բ.

[Նկար]

Մեծն Անտիոքոս

[Նկար]

Սալաքար մը, որ կը կրէ Մեծն Անտիոքոսի արձակած պաշտօնական հրամանները

[Նկար]

Մետաղադրամ՝ Պտղոմէոս Ե.–ի պատկերով

[Նկար]

Պտղոմէոս Գ.–ի դարպասը, Գառնաքի մէջ, Եգիպտոս

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 210]

[Նկար՝ էջ 215]

Սելեւկոս Ա. Նիկատոր

[Նկար՝ էջ 218]

Պտղոմէոս Ա.