Ինչպէ՞ս կրնամ գիջութեան սովորութիւնը կեցնել
ԳԼՈՒԽ 25
Ինչպէ՞ս կրնամ գիջութեան սովորութիւնը կեցնել
«Սկսայ գիջութիւն ընել, երբ ութ տարեկան էի։ Ետքը գիտցայ, թէ Աստուած ատիկա ինչպէ՛ս կը նկատէ։ Ամէն անգամ որ ատիկա կ’ընէի, շատ գէշ կը զգայի։ Ես ինծի հարց կու տայ.‘Աստուած ինչպէ՞ս կրնայ ինծի պէս մէկը սիրել’» (Լուիզ)։
ԱՐԲՈՒՆՔԻ շրջանին, սեռային ցանկութիւնները կրնան զօրաւոր ըլլալ։ Ասիկա կրնայ պատճառ ըլլալ, որ գիջութեան * սովորութիւնը ունենաս, որ է՝ սեռային անդամները շոյելով սեռային փափաքները գոհացնել։ Շատեր կ’ըսեն, որ անիկա մեծ հարց մը չէ, քանի որ «ո՛չ մէկը կը վնասուի»։ Սակայն, գիջութիւն չընելու կարեւոր պատճառ կայ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք... անսանձ կիրքը» (Կողոսացիս 3։5)։ Գիջութիւնը ոչ թէ սեռային ախորժակը կը մեռցնէ, հապա կ’աւելցնէ։ Ասկէ զատ, նկատի առ հետեւեալը.
● Գիջութիւն ընելով անհատը կը վարժուի իր անձին վրայ կեդրոնանալ։ Օրինակ, ան գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ ի՛ր հաճոյքին վրայ։
● Գիջութիւն ընողը հակառակ սեռի անհատներուն հանդէպ յարգանք չ’ունենար եւ զանոնք կը նկատէ միայն որպէս իր սեռային հաճոյքը գոհացնելու միջոց։
● Որովհետեւ գիջութիւն ընողը անձնակեդրոն կ’ըլլայ, ան կրնայ ամուսնութեան մէջ սեռային յարաբերութիւններէն գոհ չըլլալ կամ աւելին ուզել։
Փոխանակ զօրաւոր սեռային փափաքներդ գոհացնելու համար գիջութիւն ընելու, ջանք ըրէ որ ինքզինքդ զսպես (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։4, 5)։ Այդ մէկը ընելու համար, Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ չգտնուիս պարագաներու մէջ, ուր կրնաս սեռային գետնի վրայ գրգռուիլ (Առակաց 5։8, 9)։ Սակայն, ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ արդէն գիջութեան գերին դարձած ես. փորձած ես կեցնել, բայց չես յաջողած։ Այդ պարագային, դիւրին է մտածել, թէ քեզմէ յոյս չկայ եւ թէ բնա՛ւ չես կրնար Աստուծոյ ուզած կերպով ապրիլ։ Փետրօ անունով տղայ մը այդպէս կը մտածէր։ Ան կ’ըսէ. «Երբ նորէն գիջութիւն կ’ընէի, շատ գէշ կը զգայի։ Մտածեցի որ Աստուած բնա՛ւ ինծի պիտի չներէ, եւ ինծի համար շատ դժուար էր աղօթել»։
Եթէ այդպէս կը զգաս, յոյսդ մի՛ կտրեր։ Շատ մը պատանիներ եւ չափահասներ կրցած են գիջութեան սովորութիւնը կեցնել։ Դուն ալ կրնաս։
Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ յանցաւոր կը զգաս
Ինչպէս տեսանք, գիջութիւն ընողները յաճախ յանցաւոր կը զգան։ Անկասկած, ‘Աստուծոյ ուզածին պէս տրտմիլը’ կրնայ քեզ մղել որ ուզես այդ սովորութիւնը յաղթահարել (Բ. Կորնթացիս 7։11)։ Բայց չափազանց յանցաւոր զգալը հակառակ արդիւնքը կու տայ։ Կրնաս այնքա՛ն յուսահատիլ, որ ուզես յանձնուիլ (Առակաց 24։10)։
Ուրեմն, գիջութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է նկատես։ Անիկա անմաքուր սովորութիւն մըն է։ Անիկա կրնայ քեզ «զանազան ցանկութիւններու ու հեշտութիւններու» գերին դարձնել եւ սխալ մտածելակերպի առաջնորդել (Տիտոս 3։3)։ Բայց անիկա պոռնկութեան պէս լուրջ սեռային անբարոյութիւն չէ (Յուդա 7)։ Եթէ գիջութեան հարցը ունիս, պէտք չէ մտածես, թէ ատիկա աններելի մեղք մըն է։ Կարեւորը այն է, որ այդ ցանկութեան դէմ դնես եւ բնաւ չյանձնուիս։
Եթէ նորէն գիջութիւն ընես, դիւրին է որ յոյսդ կտրես որ պիտի կարենաս փոխուիլ։ Սակայն ատեն–ատեն ձախողիլը չի նշանակեր, որ չար մէկն ես։ Ուրեմն, մի՛ յանձնուիր, հապա մտածէ թէ ի՛նչ պարագաներ ձգեցին, որ նորէն գիջութիւն ընես, եւ ատոնցմէ հեռու կեցիր։
Ժամանակ տուր Աստուծոյ սիրոյն եւ ողորմութեան վրայ խոկալու։ Սաղմոս գրող Դաւիթ, որ ինքն ալ տկարութիւն ունեցած էր, ըսաւ. «Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։ Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք» (Սաղմոս 103։13, 14)։ Այո, Եհովան հաշուի կ’առնէ մեր անկատարութիւնը եւ պատրաստ է ներելու (Սաղմոս 86։5)։ Բայց անշուշտ կ’ուզէ որ ջանք թափենք որ բարելաւուինք։ Ուստի, ի՞նչ գործնական քայլեր կրնաս առնել, որ գիջութեան սովորութիւնը կեցնես։
Ժամանցդ աչքէ անցուր։ Կը դիտե՞ս ֆիլմեր կամ հեռատեսիլի յայտագիրներ, կամ կ’այցելե՞ս կայքեր, որոնք քեզ կը գրգռեն եւ գիջութիւն ընելու ցանկութիւնը կ’արթնցնեն մէջդ։ Սաղմոս գրողը Աստուծոյ աղօթեց. «Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն» (Սաղմոս 119։37) *։
Միտքդ ստիպէ որ ուրիշ բաներու վրայ կեդրոնանայ։ Ուիլիամ անունով քրիստոնեայ մը խրատ կու տայ. «Պառկելէ առաջ, հոգեւոր բան մը կարդա՛։ Շատ կարեւոր է որ վերջին մտածած բանդ հոգեւոր ըլլայ» (Փիլիպպեցիս 4։8)։
Խնդիրին մասին ուրիշի մը խօսէ։ Ամօթ զգալը թերեւս քեզ ետ պահէ որ վստահելի մէկու մը խօսիս խնդիրին մասին։ Սակայն, այդպէս ընելը կրնայ քեզի օգնել, որ գիջութեան սովորութիւնը կեցնես։ Նկատէ Տէյվիտ անունով քրիստոնեայի մը փորձառութիւնը։ Ան կ’ըսէ. «Հօրս հետ առանձին խօսեցայ։ Անոր ըսածը բնա՛ւ պիտի չմոռնամ։ Ան ժպտելով ըսաւ. ‘Հիմա քեզմով շա՜տ հպարտ եմ’։ Ան գիտէր որ քաջութիւն պէտք էր հաւաքէի, որ այս նիւթը բանայի իրեն հետ։ Իր խօսքերը զիս շատ քաջալերեցին եւ օգնեցին, որ վճռեմ աւելին ընել։
«Ետքը, հայրս կարգ մը համարներ ցոյց տուաւ, ինծի օգնելու որ տեսնեմ, թէ շատ հեռու չէի գացած, եւ ուրիշ համարներով ալ ինծի օգնեց, որ հասկնամ սխալ ընթացքիս լրջութիւնը։ Ան ըսաւ որ ամէն կարելիս ընեմ որ սովորութենէն հեռու կենամ, եւ որոշ ժամանակ մը ետք դարձեալ նիւթին մասին կը խօսակցինք։ Ան նաեւ ըսաւ որ յոյսս չկտրեմ, եթէ պատահի որ սովորութեան մէջ դարձեալ իյնամ, հապա շարունակեմ ամէն ջանքս թափել, որ երթալով ա՛լ աւելի երկար ժամանակ տեղի չտամ»։ Ասիկա Տէյվիտին ինչպէ՞ս օգնեց։ Ան կ’ըսէ. «Թոյլ տալը, որ մէկը իմ խնդիրիս մասին գիտնայ եւ ինծի օգնէ, ամենամեծ օգտակար բանն էր» *։
Պատահական սեռային յարաբերութիւնը անլուրջ հարց մը չէ։ Գիտցիր թէ ինչո՛ւ։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 4 Գիջութիւնը կը տարբերի այն պարագայէն, երբ անհատը սեռային գրգռութիւն կ’ունենայ առանց իր ուզելուն։ Օրինակ, տղայ մը կրնայ արթննալ սեռային գետնի վրայ գրգռուած վիճակի մէջ կամ սերմ թափած։ Նոյնպէս, կրնայ պատահիլ որ աղջիկներ սեռային գետնի վրայ գրգռուին իրենց դաշտանէն ճիշդ առաջ կամ ետք։ Միւս կողմէ, երբ մէկը գիջութիւն կ’ընէ, ինքզինք դիտմամբ կը գրգռէ՝ իր սեռային անդամները շոյելով։
^ պարբ. 15 Աւելին գիտնալու համար, տե՛ս այս գիրքին հատոր Բ., գլուխ 33 (արաբ.)։
^ պարբ. 18 Աւելին գիտնալու համար, տե՛ս այս գիրքին հատոր Բ., էջ 239-241 (արաբ.)։
ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԱՄԱՐ
«Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր ու գնա՛ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ետեւէ անոնց հետ որ Տէրոջը անունը կը կանչեն մաքուր սրտով» (Բ. Տիմոթէոս 2։22)։
ԱՌԱՋԱՐԿ
Աղօթէ՛ սեռային ցանկութիւններդ զօրանալէ առաջ։ Եհովա Աստուծմէ խնդրէ, որ սովորականէն աւելի ոյժ տայ քեզի, որպէսզի փորձութեան դէմ դնես (Բ. Կորնթացիս 4։7)։
ԳԻՏԷԻ՞Ր
Տկար անձը իր սեռային ցանկութիւններուն ետեւէն կ’երթայ։ Բայց զօրաւոր անձը ինքզինք կը զսպէ, նոյնիսկ երբ առանձին է։
ԾՐԱԳԻՐՍ
Կրնամ միտքս մաքուր բաներու վրայ պահել, եթէ ես ․․․․․
Փոխանակ ցանկութեան տեղի տալու, ես պիտի ․․․․․
Այս նիւթին շուրջ ծնողներուս կ’ուզեմ հարցնել ․․․․․
Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՍ
● Ինչո՞ւ կարեւոր է որ յիշես, թէ Եհովան ներելու պատրաստ է (Սաղմոս 86։5)։
● Եթէ Աստուած, որ սեռային ցանկութիւնները ստեղծեց, նաեւ կ’ըսէ որ պէտք է ինքզինքդ զսպես, ուրեմն ան վստահ է որ ի՞նչ կրնաս ընել։
[Մէջբերում]
«Խնդիրը յաղթահարելէ ի վեր, ունիմ մաքուր խիղճ Եհովայի առջեւ, եւ ասիկա որեւէ ուրիշ բանով չեմ փոխեր» (Սառա)։
[Նկար]
Ճիշդ ինչպէս որ վազելու ատեն իյնալը չի նշանակեր, որ պէտք է սկիզբէն սկսիս, նոյնպէս գիջութիւն դարձեալ ընելը չի ջնջեր ըրած յառաջդիմութիւնդ