Ի՞նչպէս կը բացատրեն երրորդութիւնը
Ի՞նչպէս կը բացատրեն երրորդութիւնը
ՀՌՈՎՄԷԱԿԱՆ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը նշէ. «Երրորդութիւնը՝ Քրիստոնեայ կրօնքին կեդրոնական վարդապետութիւնը նշելու համար գործածուած արտայայտութիւնն է . . . Հետեւաբար, Աթանասեան Հանգանակին խօսքերով՝ ‘Հայրը Աստուած է, Որդին Աստուած է եւ Սուրբ Հոգին Աստուած է եւ սակայն երեք Աստուածներ չկան, այլ՝ մէկ Աստուած’։ Այս Երրորդութեան մէջ . . . Անձերը յաւիտենակից եւ հաւասարակից են. բոլորն ալ անստեղծ եւ ամենակալ են»։—Կաթողիկէ Համայնագիտարանը (Անգլերէն)։
Քրիստոնեայ Աշխարհի մնացեալ եկեղեցիներուն գրեթէ բոլորն ալ այս կէտին շուրջ համաձայն են։ Օրինակ, Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցին ալ Երրորդութիւնը կը կոչէ՝ «Քրիստոնէութեան հիմնական վարդապետութիւնը», նոյնիսկ ըսելով. «Քրիստոնեայ են միայն անոնք, որոնք Քրիստոսը որպէս Աստուած կ’ընդունին»։ Նոյն եկեղեցին՝ Մեր Ուղղափառ Քրիստոնէական Հաւատքը (Անգլերէն) գրքին մէջ, կ’ըսէ. «Աստուած եռամէկ է։ . . . Հայրը ամբողջովին Աստուած է։ Որդին ամբողջովին Աստուած է։ Սուրբ Հոգին ամբողջովին Աստուած է»։
Ուստի, Երրորդութիւնը նկատուած է որպէս «մէկ Աստուած՝ երեք Անձերու մէջ»։ Անոնց համաձայն, անոնցմէ ո՛չ մէկը սկիզբ ունեցած է, քանի որ յաւիտենական են։ Կ’ըսուի որ իւրաքանչիւրը ամենակալ է, հետեւաբար ոեւէ մէկը միւսներէն մեծ կամ պզտիկ չէ։
Ասիկա ըմբռնելը դժուա՞ր է։ Բազմաթիւ անկեղծ անհատներ ասիկա շփոթեցուցիչ, անտրամաբանական եւ արտասովոր կը գտնեն։ Անոնք հարց կու տան թէ ի՛նչպէս Հայրը Աստուած, Որդին Աստուած եւ սուրբ հոգին Աստուած կրնան ըլլալ եւ սակայն երեք Աստուածներ չկան, հապա միայն մէկ Աստուած։
«Մարդկային Տրամաբանութենէն Վեր Եղող Ըմբռնում մը»
ԱՅՍ շփոթութիւնը համատարած է։ Ամերիքանա Համայնագիտարան–ին (Անգլերէն) համաձայն, Երրորդութեան վարդապետութիւնը նկատուած է որպէս «մարդկային տրամաբանութենէն վեր եղող ըմբռնում մը»։
Երրորդութիւնը ընդունողներէն շատեր այս կերպով կը նկատեն զայն։ Գերապայծառ Էօժէն Գլարգ կ’ըսէ. «Աստուած մէկ է եւ Աստուած երեք է։ Քանի որ ստեղծագործութեան մէջ այսպիսի բան մը գոյութիւն չունի, չենք կրնար զայն հասկնալ, այլ միայն՝ կ’ընդունինք»։ Կարդինալ Ճոն Օգոնըր կը նշէ. «Գիտենք որ ասիկա շատ խորունկ խորհուրդ մըն է, զոր բնաւ չենք կրնար հասկնալ»։ Իսկ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը կը խօսի «Երրորդութեան Աստուծոյ անքննելի խորհուրդ»ին մասին։
Ուստի, Կրօնական Գիտութեան Բառարանը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Երրորդութենականները իրարու մէջ համաձայն չեն թէ այդ վարդապետութիւնը ճշգրտօրէն ի՛նչ է, կամ աւելի ճիշդը, ի՛նչպէս պէտք է բացատրուի»։
Հետեւաբար, կը հասկնանք թէ Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն) ինչո՛ւ դիտել կու տայ. «Հռովմէական Կաթողիկէ դպրեվանքերու մէջ Երրորդութեան աստուածաբանութիւնը ուսուցանող շատ քիչ թիւով ուսուցիչներ օր մը օրանց չեն անհանգստացած հետեւեալ հարցով. ‘Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ քարոզել Երրորդութիւնը’։ Իսկ եթէ այս հարցումը աշակերտներուն մտքին մէջ շփոթութիւն կը ստեղծէ, անիկա նուազ շփոթութիւն չի ստեղծեր ուսուցիչներուն մտքին մէջ»։
Այս դիտողութեան նկատմամբ ճշմարտութիւնը ստուգելու համար կարելի է գրադարան մը երթալ եւ Երրորդութեան սատար կանգնող գրքերը քննել։ Զայն բացատրելու փորձեր կատարելու նպատակով անհամար էջեր լեցուած են։ Սակայն, հետազօտողները աստուածաբանական շփոթեցուցիչ բառամթերքի եւ բացատրութիւններու լաբիւրինթոսին մէջ ճգնելէ ետք, անկէ դուրս եկած են առանց գոհացում ստանալու։
Այս մասին, Ժէզուիթ Ժոզէֆ Պրէգըն՝ Անոնք Ի՞նչ կ’Ըսեն Երրորդութեան Մասին (Անգլերէն) խորագրով իր գրքին մէջ դիտել կու տայ. «Այն վարդապետները, որոնք իրենց դպրեվանքի տարիներու ընթացքին մեծ ջանքեր թափած են . . . Երրորդութիւնը սորվելու համար, բնականաբար վարանած են բեմէն իրենց ժողովուրդին ներկայացնել զայն, նոյնիսկ Երրորդութեան Կիրակին։ . . . Ինչո՞ւ ժողովուրդը ձանձրացնել, խօսելով բանի մը մասին որ վերջաւորութեան արդէն շիտակ կերպով պիտի չհասկնան»։ Ան նաեւ կ’ըսէ. «Երրորդութիւնը ձեւական հաւատքի հարց մըն է եւ Քրիստոնեային առօրեայ կեանքին կամ պաշտամունքին վրայ շատ քիչ, կամ ո՛չ մէկ ազդեցութիւն ունի»։ Այսուհանդերձ, անիկա եկեղեցիներուն «հիմնական վարդապետութիւն»ն է։
Կաթողիկէ աստուածաբան Հէնզ Գիւնկ՝ Քրիստոնէութիւնը եւ Աշխարհի Կրօնքները (Անգլերէն) խորագրով իր գրքին մէջ դիտել կու տայ, թէ Երրորդութիւնը պատճառներէն մէկն է, որ եկեղեցիները չեն կրցած ոչ–Քրիստոնեայ ժողովուրդներուն քով յատկանշական յաջողութիւն մը գտնել։ Ան կը նշէ. «Նոյնիսկ լաւատեղեակ Մահմետականներ՝ ինչպէս նաեւ Հրեաները՝ պարզապէս չեն կրնար ընդունիլ կամ ըմբռնել Երրորդութեան գաղափարը։ . . . Մէկ Աստուած՝ երեք էութիւններ. Երրորդութեան վարդապետութեան կատարած այս զանազանութիւնները գոհունակութիւն չեն տար Մահմետականներուն, որոնք Ասորերէնէն, Յունարէնէն եւ Լատիներէնէն ծագում առած աստուածաբանական արտայայտութիւններով աւելի շփոթութեան կը մատնուին, քան թէ կը լուսաբանուին։ Մահմետականներու համար այս բոլորը բառախաղեր են։ . . . Ինչո՞ւ Աստուծոյ մէկութեան կամ անզուգականութեան վրայ ուզել բան մը աւելցնել, որ միմիայն այդ մէկութիւնը կամ անզուգականութիւնը կը լուծէ կամ կը ջնջէ»։
«Խռովութեան Աստուած չէ»
ԱՅՍՊԻՍԻ շփոթեցուցիչ վարդապետութիւն մը ի՞նչպէս ծագում առաւ։ Կաթողիկէ Համայնագիտարանը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Այսքան խորհրդաւոր վարդապետութիւն մը աստուածային յայտնութիւն կանխենթադրել կու տայ»։ Կաթողիկէ ուսումնականներ՝ Գարլ Ռահնըր եւ Հէրպէրթ Վորկրիմլըր՝ իրենց Աստուածաբանական Բառարան–ին (Անգլերէն) մէջ կը նշեն. «Երրորդութիւնը . . . բառին բուն առումով խորհուրդ մըն է . . . որ առանց յայտնութեան կարելի չէ գիտնալ եւ յայտնութենէն ետքն իսկ կարելի չէ լիովին ըմբռնել զայն»։
Սակայն, Երրորդութեան այսպիսի շփոթեցուցիչ խորհուրդի մը աստուածային յայտնութիւն ըլլալը պնդելը Ա. Կորնթացիս 14։33
ուրիշ մեծ խնդիր մը կը ստեղծէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ աստուածային յայտնութիւնը ինքնին Աստուծոյ մասին այսպիսի տեսակէտ մը չի յայտներ։ «Աստուած խռովութեան Աստուած չէ»։—Այս տեսակէտը նկատի ունենալով, կարելի՞ է Աստուած պատասխանատու նկատել իր մասին եղած այսքան շփոթեցուցիչ վարդապետութեան մը համար, զոր նոյնիսկ Եբրայերէն, Յունարէն եւ Լատիներէն լեզուի ուսումնականներ կարող չեն բացատրել։
Ասկէ զատ, մարդիկ աստուածաբաննե՞ր պէտք է ըլլան ‘միմիայն ճշմարիտ Աստուածը եւ անոր ղրկած Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալու համար’։ (Յովհաննու 17։3) Եթէ այդ ըլլար պարագան, ինչո՞ւ Հրեայ զարգացած կրօնական առաջնորդներէն շատ քիչեր Յիսուսը ընդունեցին որպէս Մեսիա։ Միւս կողմէ, Յիսուսի հաւատարիմ աշակերտները համեստ հողագործներ, ձկնորսներ, հարկահաւաքներ եւ տանտիկիններ էին։ Հասարակ խաւէ եկած այդ մարդիկը Աստուծոյ մասին Յիսուսի սորվեցուցածներուն հանդէպ ա՛յնքան վստահութիւն ունէին, որ իրենց կարգին զանոնք ուրիշներուն կրցան սորվեցնել եւ նոյնիսկ իրենց հաւատքին համար մեռնելու յօժարեցան։—Մատթէոս 15։1-9. 21։23-32, 43. 23։13-36. Յովհաննու 7։45-49. Գործք 4։13
[Նկար՝ էջ 4]
Յիսուսի աշակերտները համեստ, հասարակ մարդոցմէ կը բաղկանային, եւ ո՛չ թէ կրօնական առաջնորդներէ