Պէ՞տք է անոր հաւատաք
Պէ՞տք է անոր հաւատաք
ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ կը հաւատա՞ք։ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ գտնուողներէն շատեր կը հաւատան։ Արդարեւ, անիկա դարեր շարունակ եկեղեցիներուն հիմնական վարդապետութիւնը եղած է։
Հետեւաբար, թերեւս խորհիք որ այս մասին աւելորդ է հարց տալ։ Բայց պարագան այդ չէ, քանի որ վերջերս զայն ջատագովողներէն ոմանք իսկ, վերարծարծած են այս հակաճառութիւնը։
Ինչո՞ւ այսպիսի նիւթ մը պէտք չէ թեթեւի առնել։ Քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ Ուստի, մեր ամբողջ ապագան Աստուծոյ բուն էութիւնը գիտնալէն կախեալ է, իսկ ասիկա կը նշանակէ Երրորդութեան հակաճառութեան արմատին երթալ։ Ուրեմն, ինչո՞ւ անձամբ չքննէք այս հարցը։—Յովհաննու 17։3
Երրորդութեան տարբեր բանաձեւեր գոյութիւն ունին։ Բայց ընդհանրապէս Երրորդութեան ուսուցումը այն է որ Աստուածութեան մէջ երեք անձեր կան՝ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին. բայց այս երեքը՝ մէկ Աստուած են։ Վարդապետութիւնը կ’ըսէ որ երեքը համահաւասար, ամենակալ եւ անստեղծ են, Աստուածութեան մէջ յաւիտեան առկայ ըլլալով։
Ուրիշներ սակայն, կ’ըսեն որ Երրորդութիւնը սուտ վարդապետութիւն մըն է, իսկ, Ամենակալ Աստուած անջատ, յաւիտենական եւ ամենազօր էութիւն մըն է։ Անոնք կ’ըսեն որ Յիսուս իր նախամարդկային գոյութեան մէջ հրեշտակներուն նման էր, Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած հոգեղէն անջատ էութիւն մը, եւ հետեւաբար, սկիզբ մը ունեցած ըլլալու է։ Անոնք կը սորվեցնեն որ Յիսուս ո՛չ մէկ առումով Ամենակալ Աստուծոյ հաւասար եղած է. ան միշտ Աստուծոյ հպատակած է եւ տակաւին կը շարունակէ հպատակիլ։ Անոնք կը հաւատան նաեւ որ սուրբ հոգին անձ մը չէ, այլ՝ Աստուծոյ հոգին, իր գործօն ոյժը։
Երրորդութեան ջատագովները կ’ըսեն որ անիկա ո՛չ միայն կրօնական աւանդութեան վրայ հիմնուած է, այլ նաեւ՝ Աստուածաշունչին։ Վարդապետութեան քննադատները կ’ըսեն որ անիկա սուրբ գրային ուսուցում մը չէ. պատմական աղբիւր մը նոյնիսկ կ’ըսէ. «[Երրորդութեան] ծագումը ամբողջովին հեթանոսական է»։—Հեթանոսութիւնը՝ Մեր Քրիստոնէութեան Մէջ (Անգլերէն)։
Եթէ Երրորդութիւնը ճիշդ է, ուրեմն Յիսուսը Աստուծոյ հաւասար չնկատելը զինք նուաստացնել պիտի նշանակէր։ Բայց եթէ Երրորդութիւնը սուտ է, ոեւէ մէկը Ամենակալ Աստուծոյ համահաւասար նկատելը, կամ աւելի վատ՝ Մարիամը «Աստուածամայր» կոչելը, Զինք նուաստացնել պիտի ըլլար։ Եթէ Երրորդութիւնը սուտ է, Աստուած կ’անպատուէ ըսել՝ ինչպէս նշուած է Կաթողիկէութիւնը (Անգլերէն) գրքին մէջ՝ «Վստահաբար, [ոեւէ մէկը] որ այս Հաւատքը ամբողջութեամբ ու անեղծութեամբ չպահէ, յաւիտենապէս պիտի կորսուի։ Իսկ Կաթողիկէ Հաւատքը հետեւեալն է. մենք կը պաշտենք մէկ Աստուած՝ Երրորդութեան մէջ»։
Ուստի, Երրորդութեան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալու լաւ պատճառներ ունիք։ Բայց անոր ծագումը եւ ճշգրիտ ըլլալը քննելէ առաջ, լաւ պիտի ըլլար այս վարդապետութիւնը աւելի մանրամասնօրէն սահմանել։ Իրապէս ի՞նչ է Երրորդութիւնը։ Զայն ջատագովողները ի՞նչպէս կը բացատրեն զայն։
[Նկարներ՝ էջ 2]
Ձախին. Եգիպտական քանդակ՝ Հ.Դ.Ա. երկրորդ հազարամեակէն, կը ներկայացնէ Ամոն−Ռա, Ռամսես Բ., եւ Մութ երրեակը։ Աջին. Երրորդութեան քանդակ՝ Հ.Դ. տասնըչորրորդ դարէն, կը ներկայացնէ Յիսուս Քրիստոս, Հայրը, եւ սուրբ հոգին։ Նկատեցէք՝ երեք անձեր, բայց միայն չորս ոտքեր։