Սուրբ հոգին՝ Աստուծոյ գործօն ոյժը
Սուրբ հոգին՝ Աստուծոյ գործօն ոյժը
ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ վարդապետութեան համաձայն, սուրբ հոգին Աստուածութեան երրորդ անձնաւորութիւնն է, որ Հօրը եւ Որդւոյն հաւասար է։ Ինչպէս՝ Մեր Ուղղափառ Քրիստոնէական Հաւատքը (Անգլերէն) գիրքը կ’ըսէ, «Սուրբ Հոգին լիութեամբ Աստուած է»։
Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, «հոգի»ի համար յաճախ գործածուած բառը՝ ռուախ է, որ կը նշանակէ «շունչ, հով, հոգի»։ Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, բառը՝ բնէօմա է, որ նոյն իմաստը ունի։ Այս բառերը կը նշե՞ն որ սուրբ հոգին Երրորդութեան մէկ մասն է։
Գործօն Ոյժ մը
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ մէջ «սուրբ հոգի» բառին գործածութիւնը կը նշէ որ ան ղեկավարուած ոյժ մըն է, զոր Եհովա Աստուած կը գործածէ իր նպատակներուն տարբեր երեսակները իրագործելու համար։ Անիկա որոշ չափով կարելի է նմանցնել ելեկտրական հոսանքին, ոյժ մը, որով կարելի է այլազան գործողութիւններ կատարել տալ։
Ծննդոց 1։2–ի մէջ, Աստուածաշունչը կը նշէ որ «Աստուծոյ հոգին [Եբրայերէն՝ ռուախ] ջուրերուն վրայ կը շարժէր»։ Հոս Աստուծոյ հոգին իր գործօն ոյժն էր, որ երկիրը ձեւակերպելու համար կը գործէր։
Աստուած իր հոգին կը գործածէ իրեն ծառայողները լուսաւորելու համար։ Դաւիթ աղօթեց. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, քանզի դուն ես իմ Աստուածս. թող քու բարի Հոգիդ [ռուախ] զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ»։ (Սաղմոս 143։10) Երբ Մովսէսի օգնելու համար 70 կարող մարդիկ նշանակուեցան, Աստուած անոր ըսաւ. «Քու վրադ եղած Հոգիէն [ռուախ] պիտի առնեմ ու անոնց վրայ պիտի դնեմ»։—Թուոց 11։17
Աստուծոյ մարդիկը «Սուրբ Հոգիէն [Յունարէն բնէօմա բառէն] շարժուած» Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները գրեցին։ (Բ. Պետրոս 1։20, 21) Այս կերպով Աստուածաշունչը ‘Աստուծմէ ներշնչուած’ էր, որու համար գործածուած Յունարէն բառն է՝ թէ·ոպնեւ·ստոս, որ կը նշանակէ՝ «Աստուածաշնչութիւն»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Սուրբ հոգին կարգ մը անհատներու ուղղեց որ տեսիլքներ կամ մարգարէական երազներ տեսնեն։—Բ. Թագաւորաց 23։2. Յովելեայ 2։28, 29. Ղուկաս 1։67. Գործք 1։16. 2։32, 33
Սուրբ հոգին Յիսուսը մղեց որ իր մկրտութենէն ետք անապատ երթայ։ (Մարկոս 1։12) Հոգին կրակի նման էր Աստուծոյ ծառաներուն մէջ, պատճառ դառնալով որ անոնք այդ ոյժով տոգորուին։ Նաեւ սուրբ հոգին օգնեց որ անոնք համարձակութեամբ ու խիզախօրէն խօսին։—Միքիայ 3։8. Գործք 7։55-60. 18։25. Հռովմայեցիս 12։11. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։19
Եսայեայ 30։27, 28. 59։18, 19) Իսկ Աստուծոյ հոգին կրնայ ամէն տեղ հասնիլ, մարդոց ի նպաստ կամ անոնց հակառակ գործելով։—Սաղմոս 139։7-12
Աստուած իր հոգիին միջոցաւ մարդոց ու ազգերու վրայ իր դատաստանները կը գործադրէ։ (‘Բնականէն Գերիվեր Զօրութիւն’
ԱՍՏՈՒԾՈՅ հոգին իրեն ծառայողներուն «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւն» ալ կրնայ հայթայթել։ (Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ) Ասիկա անոնց կ’օգնէ որ հաւատքի փորձութիւններուն տոկան, կամ այնպիսի բաներ ընեն, որ ուրիշ կերպով պիտի չկարենային ընել։
Օրինակ, Սամփսոնի մասին, Դատաւորաց 14։6–ը կ’ըսէ. «Տէրոջը Հոգին անոր վրայ գալով՝ Սամփսոն ուլ մը ճեղքելու պէս առիւծը ճեղքեց։ Ձեռքին մէջ բան մը չկար»։ Արդեօք աստուածային անհա՞տ մը մտաւ Սամփսոնի մէջ, կամ անոր վրայ եկաւ, մղելով որ անոր մարմինը ընէ ինչ որ ան ըրաւ։ Ո՛չ, իրապէս «Տէրոջը ոյժը Սամփսոնը զօրացուց»։—Մերօրեայ Անգլերէն Թարգմանութիւն։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, սուրբ հոգին անոր վրայ եկաւ աղաւնիի՝ եւ ոչ թէ մարդկային՝ կերպարանքով։ (Մարկոս 1։10) Աստուծոյ այս գործօն ոյժը կարելի դարձուց որ Յիսուս հիւանդներ բժշկէ եւ մեռելներ յարուցանէ։ Ինչպէս Ղուկաս 5։17–ն (Անթիլիաս) կ’ըսէ. «Յիսուս Տիրոջ զօրութեամբ բժշկութիւններ կը կատարէր»։
Աստուծոյ հոգին Յիսուսի աշակերտներն ալ զօրացուց, որպէսզի հրաշքներ կատարեն։ Գործք 2։1-4–ը կը պատմէ որ Պէնտէկոստէին աշակերտները հաւաքուած էին, երբ «յանկարծակի երկնքէն ձայն մը եղաւ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս . . . եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար»։
Ուստի, սուրբ հոգին Յիսուսի եւ Աստուծոյ ուրիշ ծառաներուն այնպիսի բաներ ընելու զօրութիւն տուաւ, որ մարդիկ սովորաբար չեն կրնար ընել։
Անձ մը Չէ
ՍԱԿԱՅՆ Աստուածաշունչին մէջ համարներ չկա՞ն, որոնք սուրբ հոգիի մասին կը խօսին որպէս անձնաւորութիւն։ Այո կան, բայց նկատի առէք թէ Կաթողիկէ աստուածաբան Էտմունտ Ֆորթման այս մասին ինչ կ’ըսէ Եռամէկ Աստուածը (Անգլերէն) գրքին մէջ. «Թէեւ այս հոգին յաճախ նկարագրուած է անձնաւորութիւն մատնանշող արտայայտութիւններով, իրապէս յստակ է որ [Եբրայերէն Գրութիւններու] սրբազան գրագիրները ո՛չ հասկցան եւ ոչ ալ ներկայացուցին այս հոգին որպէս անջատ անձնաւորութիւն մը»։
Սուրբ Գրութիւններու մէջ արտասովոր բան մը չէ որեւէ բան մարմնաւորել։ Ըսուած է որ իմաստութիւնը որդիներ ունի։ (Ղուկաս 7։35) Մեղքը եւ մահը թագաւոր կոչուած են։ (Հռովմայեցիս 5։14, 21) Ծննդոց 4։7–ի մէջ, Նոր Անգլերէն Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մեղքը դեւ մըն է որ դրան քով կծկուած է». մեղքը մարմնաւորուած է որպէս Կայէնին դրան քով կծկուած չար ոգի մը։ Անշուշտ, մեղքը հոգեղէն անհատ մը չէ. հետեւաբար սուրբ հոգին մարմնաւորելն ալ չի նշանակեր որ ան հոգեղէն անձնաւորութիւն մըն է։
Ա. Յովհաննու 5։6-8–ի մէջ (Անթիլիաս), ոչ միայն հոգին, այլ ըսուած է որ ‘ջուրը եւ արիւնն’ ալ «վկաներ» են։ Բացայայտ է որ ջուրը եւ արիւնը անձեր չեն, հետեւաբար սուրբ հոգին ալ անձնաւորութիւն մը չէ։
Նոյն կերպով,Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, ընդհանրապէս Աստուածաշունչը «սուրբ հոգի»ն կը գործածէ որպէս անանձ բան մը, զոր օրինակ զայն բաղդատելով ջուրի կամ կրակի հետ։ (Մատթէոս 3։11. Մարկոս 1։8) Մարդոց յորդոր կը տրուի որ փոխանակ գինիի, սուրբ հոգիով լեցուին։ (Եփեսացիս 5։18) Անոնց կ’ակնարկուի որպէս սուրբ հոգիով լեցուած, ինչպէս որ իմաստութեան, հաւատքի եւ ուրախութեան նման յատկութիւններով լեցուած են։ (Գործք 6։3. 11։24. 13։52) Իսկ Բ. Կորնթացիս 6։6–ի մէջ, շատ մը յատկութիւններուն շարքին յիշուած է նաեւ սուրբ հոգին։ Այսպիսի արտայայտութիւններ այսքան յաճախ պիտի չգտնէինք, եթէ սուրբ հոգին իրապէս անձ մը ըլլար։
Դարձեալ, մինչ Աստուածաշունչի կարգ մը համարներ կ’ըսեն որ հոգին կը խօսի, ուրիշ համարներ ցոյց կու տան որ ասիկա իրապէս կը կատարուէր մարդոց կամ հրեշտակներու միջոցաւ։ (Մատթէոս 10։19, 20. Գործք 4։24, 25. 28։25. Եբրայեցիս 2։2) Այսպիսի պարագաներուն հոգիին կատարած գործողութիւնը կը նմանի ձայնասփիւռի ալիքներու, որոնք անհատի մը պատգամները կը հաղորդեն հեռաւոր տեղ գտնուող ուրիշի մը։
Մատթէոս 28։19–ի մէջ կը խօսուի ‘սուրբ հոգիի անունին’ մասին։ Բայց ‘անուն’ բառը միշտ անձնական անունի չ’ակնարկեր, ո՛չ Յունարէնի եւ ոչ ալ Հայերէնի մէջ։ Երբ կ’ըսենք՝ «յանուն օրէնքի», հոս անձի մը չենք ակնարկեր, այլ ըսել կ’ուզենք ինչ որ օրէնքը կը ներկայացնէ՝ անոր հեղինակութիւնը։ Ռապըրթսընի՝ Նոր Կտակարանի Բառապատկերները (Անգլերէն) գրքին մէջ ըսուած է. «Հոս անուն բառին (օնօմա) գործածութիւնը՝ Եօթանասնիցին եւ պապիրոսներուն մէջ սովորաբար զօրութեան կամ հեղինակութեան համազօր է»։ Ուստի, ‘սուրբ հոգիի անունով’ մկրտուողը կ’ընդունի հոգիին հեղինակութիւնը, գիտակցելով որ անիկա Աստուծմէ է եւ աստուածային կամքով կը գործէ։
«Օգնական»
ՅԻՍՈՒՍ սուրբ հոգիին մասին խօսեցաւ որպէս «մխիթարիչ [«օգնական», ՆԱ]», եւ ըսաւ որ ան պիտի սորվեցնէր, առաջնորդէր եւ խօսէր։ (Յովհաննու 14։16, 26. 16։13) Օգնականի համար իր գործածած Յունարէն բառը (բա·րագլէ·թոս) արական սեռի կը պատկանի։ Ուստի, երբ Յիսուս օգնականին ընելիքներուն մասին խօսեցաւ, ան արական անձնական դերանուններ գործածեց։ (Յովհաննու 16։7, 8) Միւս կողմէ, երբ հոգիի համար Յունարէն (բնէօմա) չէզոք բառը կը գործածուի, պատշաճ կերպով չէզոք դերանունը կը տրուի։
Երրորդութիւնը ընդունող թարգմանիչներէն շատեր այս իրողութիւնը կը ծածկեն, ինչպէս Կաթողիկէ Ամերիկեան Նոր Աստուածաշունչը (Անգլերէն) կ’ընդունի Յովհաննու 14։17–ի պարագային. «‘Հոգի’ թարգմանուած Յունարէն բառը սեռ չունի, եւ մինչ մենք Անգլերէնի մէջ անձնական դերանուններ կը գործածենք (‘he’, ‘his’, ‘him’), Յունարէն ձեռագիրներուն մեծամասնութիւնը կը գործածէ ‘it’ [չէզոք դերանունը]»։
Ուստի, երբ Աստուածաշունչը բա·րագլէ·թոս–ի կապակցաբար արական անձնական դերանուն կը գործածէ Յովհաննու 16։7, 8–ի մէջ, անիկա քերականական օրէնքներուն կը հետեւի, եւ ոչ թէ վարդապետութիւն մը կ’արտայայտէ։
Երրորդութեան Մէկ Մասը Չէ
ՏԱՐԲԵՐ աղբիւրներ կ’ընդունին որ Աստուածաշունչը չի պաշտպաներ այն գաղափարը թէ սուրբ հոգին Երրորդութեան երրորդ անձնաւորութիւնն է։ Օրինակ.
Կաթողիկէ Համայնագիտարանը (Անգլերէն). «Հին Կտակարանին մէջ ո՛չ մէկ տեղ կը գտնենք Երրորդ Անձնաւորութեան յստակ մատնանշում մը»։
Կաթողիկէ աստուածաբան Ֆորթման. «Հրեաները հոգին բնաւ չեն նկատած որպէս անձ մը. իսկ ո՛չ մէկ հաստատ ապացոյց կայ թէ Հին Կտակարանը գրողներէն ոեւէ մէկը այս տեսակէտը ունէր։ . . . Համատեսականներուն [Աւետարաններուն] եւ Գործք Առաքելոցին մէջ Սուրբ Հոգին ներկայացուած է որպէս աստուածային ոյժ կամ զօրութիւն»։
Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան (Անգլերէն). «Յստակ է որ Հ[ին] Կ[տակարանը] Աստուծոյ հոգին անձ մը չի նկատեր . . . Աստուծոյ հոգին պարզապէս Աստուծոյ զօրութիւնն է։ Եթէ երբեմն ան ներկայացուած է որպէս Աստուծմէ անջատ բան մը, պատճառը այն է որ Եահվէին շունչը արտաքնապէս կը գործէ»։ Ան նաեւ կ’ըսէ. «Ն[որ] Կ[տակարանի] համարներուն մեծամասնութիւնը կը յայտնէ որ Աստուծոյ հոգին բան մըն է եւ ոչ թէ մէկը. ասիկա մասնաւորաբար կը տեսնուի հոգիին եւ Աստուծոյ զօրութեան միջեւ զուգահեռութեան մէջ»։—Շեղագիրը մեզմէ։
Կաթողիկէ Բառարան մը (Անգլերէն). «Ընդհանուր առմամբ, Նոր Կտակարանը՝ Հինին նման՝ հոգիին մասին կը խօսի որպէս աստուածային ոյժ կամ զօրութիւն»։
Հետեւաբար, ո՛չ Հրեաները եւ ոչ ալ նախկին Քրիստոնեաները սուրբ հոգին կը նկատէին որպէս Երրորդութեան մէկ մասը։ Այդ ուսուցումը դարեր ետք ներմուծուեցաւ։ Ինչպէս Կաթողիկէ Բառարան մը (Անգլերէն) կը նշէ. «Երրորդ Անձը հաստատուեցաւ 362–ի Աղեքսանդրիոյ Խորհրդաժողովին . . . եւ վերջապէս 381–ի Կոստանդնուպոլսոյ Խորհրդաժողովին». Պէնտէկոստէին, աշակերտները սուրբ հոգիով լեցուելէն երեքուկէ՛ս դար ետք։
Ո՛չ, սուրբ հոգին անձ մը չէ եւ անիկա Երրորդութեան մէկ մասը չէ։ Սուրբ հոգին Աստուծոյ գործօն ոյժն է, զոր ան կը գործածէ իր կամքը իրագործելու համար։ Անիկա Աստուծոյ հաւասար չէ, բայց միշտ Աստուծոյ տրամադրութեան տակ է եւ անկէ՝ ստորադաս։
[Մէջբերում՝ էջ 22]
«Ընդհանուր առմամբ, Նոր Կտակարանը՝ Հինին նման՝ հոգիին մասին կը խօսի որպէս աստուածային ոյժ կամ զօրութիւն»։—Կաթողիկէ Բառարան մը
[Նկարներ՝ էջ 21]
Անգամ մը սուրբ հոգին երեւցաւ որպէս աղաւնի։ Ուրիշ առիթով մը անիկա երեւցաւ որպէս կրակէ լեզուներ, բայց բնա՛ւ՝ որպէս անձ