Դիւահար տղան կը բուժուի
Գլուխ 61
Դիւահար տղան կը բուժուի
ՄԻՆՉ Յիսուս, Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս հաւանաբար Հերմոն Լերան վրայ տեղ մը կը գտնուին, միւս աշակերտները խնդիր մը կ’ունենան։ Իր վերադարձին, Յիսուս անմիջապէս կը նկատէ թէ բան մը պատահած է։ Իր աշակերտներուն շուրջ մարդիկ հաւաքուած են, եւ դպիրները անոնց հետ կը վիճին։ Յիսուսը տեսնելով, մարդիկը մեծապէս կը զարմանան եւ կը վազեն զինք ողջունելու համար։ «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք անոնց հետ», կը հարցնէ ան։
Ժողովուրդին մէջէն մարդ մը յառաջանալով, Յիսուսի առջեւ ծունկի կու գայ ու կը բացատրէ. «Վա՛րդապետ, իմ որդիս քեզի բերի, որ համր ոգի ունի։ Ուր որ անոր հասնի, զանիկա գետինը կը զարնէ, ան ալ կը փրփրի եւ իր ակռաները կը կրճտէ ու կը ցամքի։ Քու աշակերտներուդ բերի որ զանիկա հանեն ու չկրցան»։
Հաւանաբար դպիրները կ’օգտուին այն իրողութենէն թէ աշակերտները չկրցան բուժել տղան, թերեւս՝ ծաղրելով անոնց թափած ջանքերը։ Ճիշդ այդ պահուն Յիսուս կը հասնի, ու կ’ըսէ. «Ով անհաւատ ազգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի համբերեմ»։
Երեւութապէս Յիսուս իր դիտողութիւնները կ’ուղղէ բոլոր հոն գտնուողներուն, բայց անկասկած մասնաւորաբար՝ դպիրներուն, որոնք նեղի մէջ ձգած էին իր աշակերտները։ Ապա, տղուն ակնարկելով, կ’ըսէ. «Ինծի բերէք զանիկա»։ Բայց երբ տղան Յիսուսի կու գայ, իր մէջ եղող դեւը զինք գետին կը զարնէ եւ սաստիկ կը ցնցէ։ Տղան գետինը կը թաւալի եւ բերանը կը փրփրի։
«Ո՞րչափ ատեն է որ այդ բանը ատոր եղաւ», կը հարցնէ Յիսուս։
«Տղայութենէն ի վեր», կը պատասխանէ հայրը։ «[Դեւը] շատ անգամ կրակի ու ջուրի մէջ կը նետէ ատիկա՝ որպէս զի կորսնցնէ»։ Ապա հայրը կը պաղատի, ըսելով. «Եթէ կարողութիւն մը ունիս՝ օգնէ մեզի խղճալով մեր վրայ»։
Այս հայրը թերեւս տարիներէ ի վեր օգնութիւն կը փնտռէ։ Այժմ, աշակերտներուն ձախողութեան պատճառով անոր յուսահատութիւնը մեծ է։ Մարդուն սրտաբեկ պաղատանքը նկատելով, Յիսուս զինք քաջալերելով կ’ըսէ. «Եթէ կրնաս հաւատալ։ Ամէն բան կարելի է անոր՝ որ կը հաւատայ»։
«Կը հաւատամ», անմիջապէս կ’աղաղակէ հայրը, բայց կը խնդրէ. «Օգնէ իմ անհաւատութեանս»։
Նկատելով որ ժողովուրդը իրենց շուրջ կը հաւաքուի, Յիսուս կը յանդիմանէ դեւը, ըսելով. «Համր ու խուլ ոգի, կը հրամայեմ քեզի, ելի՛ր ատկէ, ու մէյմըն ալ չմտնես ատոր ներսը»։ Մինչ դեւը դուրս կ’ելլէ, ան դարձեալ տղուն աղաղակել կու տայ եւ սաստիկ կը ցնցէ։ Ապա տղան գետինը անշարժ կը պառկի, այնպէս որ շատեր կը սկսին ըսել. «մեռաւ»։ Բայց Յիսուս տղուն ձեռքէն կը բռնէ ու վեր կը հանէ։
Նախապէս, երբ աշակերտները քարոզելու ղրկուած էին, անոնք դեւեր հանած էին։ Ուստի, երբ տուն կը մտնեն, անոնք առանձին Յիսուսի կը հարցնեն. «Մենք ինչո՞ւ չկրցանք հանել զանիկա»։
Ցոյց տալով որ իրենց թերահաւատութեան պատճառաւ էր, Յիսուս կը պատասխանէ. «Այդ տեսակը կարելի չէ ուրիշ բանով մը հանել, բայց միայն աղօթքով»։ Բացայայտ է որ այս պարագային յատկապէս զօրաւոր դեւը հանելու համար՝ նախապատրաստութեան կարիքը կար։ Աղօթքի հետ մէկտեղ՝ զօրաւոր հաւատքի, ինչպէս նաեւ զօրանալու համար Աստուծմէ օգնութիւն խնդրելու կարիքը կար։
Ապա Յիսուս կ’աւելցնէ. «Ձեր թերահաւատութեանը համար. քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք, ‘Ասկէ անդին փոխադրուէ’, պիտի փոխադրուի ու բան մը անհնարին պիտի չըլլայ ձեզի»։ Ի՜նչ մեծ է հաւատքի զօրութիւնը։
Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր յառաջդիմութեան արգելք եղող խոչընդոտներն ու դժուարութիւնները երեւութապէս կրնան բառացի հսկայ լերան մը նման անյաղթելի ու անշարժելի թուիլ։ Սակայն, Յիսուս ցոյց կու տայ որ եթէ մեր սրտին մէջ հաւատք մշակենք, զայն ջրենք ու օգնենք որ աճի, ան պիտի հասուննայ եւ մեզի պիտի օգնէ որ այսպիսի լեռնանման խոչընդոտներն ու դժուարութիւնները յաղթահարենք։ Մարկոս 9։14-29. Մատթէոս 17։19, 20. Ղուկաս 9։37-43
▪ Հերմոն Լեռնէն վերադառնալէ ետք, Յիսուս ի՞նչ կացութիւն կը դիմագրաւէ։
▪ Յիսուս դիւահար տղուն հօրը ի՞նչ քաջալերութիւն կու տայ։
▪ Աշակերտները ինչո՞ւ չէին կրցած դեւը հանել։
▪ Հաւատքին որքան զօրաւոր ըլլալը Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց կու տայ։