Խոնարհութեան դաս մը
Գլուխ 62
Խոնարհութեան դաս մը
ՓԻԼԻՊՊՈՍԻ Կեսարիոյ մօտ դիւահար տղան բժշկելէ ետք, Յիսուս կը փափաքի Կափառնայում՝ իր տունը վերադառնալ։ Սակայն, կ’ուզէ իր աշակերտներուն հետ առանձին ճամբորդել, որպէսզի զանոնք աւելի եւս պատրաստէ իր մահուան, եւ անկէ ետք անոնց ստանալիք պատասխանատուութիւններուն համար։ Յիսուս կը բացատրէ. «Որդին մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը եւ զանիկա պիտի մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։
Թէեւ Յիսուս նախապէս խօսած էր այս մասին, եւ երեք առաքեալները իր այլակերպումը տեսած՝ եւ հոն ‘իր մեկնումին’ մասին եղած խօսակցութիւնը լսած էին, բայց իր հետեւորդները տակաւին այս հարցին շուրջ լաւ հասկացողութիւն մը չունէին։ Թէեւ անոնցմէ ոչ մէկը կը ժխտէ իր սպանութիւնը, ինչպէս նախապէս Պետրոս ըրած էր՝ սակայն անոնք կը վախնան այս մասին աւելի եւս հարցնելու։
Վերջապէս կը հասնին Կափառնայում, որ Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին կերպով մը կեդրոն մը եղած է։ Անիկա նաեւ Պետրոսի եւ կարգ մը առաքեալներուն ծննդավայրն է։ Հոն տաճարի տուրքը հաւաքողները Պետրոսի կը մօտենան։ Թերեւս փորձելով ընդունուած սովորութեան մը չհետեւելու շուրջ Յիսուսի վրայ թերացում մը գտնել, անոնք կը հարցնեն. «Ձեր վարդապետը երկդրամեանը [2 դահեկան] չի՞ հատուցաներ»։
«Այո՛», կը պատասխանէ Պետրոս։
Յիսուս, որ թերեւս անկէ քիչ ետք տուն կը մտնէ, անցուդարձէն տեղեակ է։ Ուստի, Պետրոս նիւթը բանալէն առաջ, Յիսուս կը հարցնէ, ըսելով. «Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Սի՛մոն, երկրի թագաւորները որմէ՞ կ’առնեն հարկը կամ տուրքը. իրենց որդիներէ՞ն թէ օտարներէն»։
«Օտարներէն», կը պատասխանէ Պետրոս։
«Ուրեմն որդիները ազատ են», դիտել կու տայ Յիսուս։ Քանի որ Յիսուսի Հայրը տիեզերքի Թագաւորն է, եւ Ա՛ն է որ տաճարին մէջ կը պաշտուի, ուստի օրինաւորապէս պահանջուած չէ որ Աստուծոյ Որդին տաճարին տուրքը վճարէ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Բայց չըլլայ թէ զանոնք գայթակղեցնենք, գնա՛ ծովը եւ կարթը ձգէ ու առաջին ձուկը որ կ’ելլէ՝ ա՛ռ եւ անոր բերանը բանալով սատեր մը [չորս դահեկան] պիտի գտնես։ Անոնց տուր ինծի եւ քեզի համար»։
Աշակերտները Կափառնայում վերադառնալէ ետք, երբ հաւանաբար Պետրոսի տունը կը հաւաքուին, կը հարցնեն. «Ո՞վ է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ»։ Յիսուս գիտէ թէ ի՛նչ է այդ հարցումին դրդապատճառը, Փիլիպպոսի Կեսարիայէն վերադարձին իր ետեւէն եկող աշակերտներուն մէջ տեղի ունեցած անցուդարձէն տեղեակ ըլլալով։ Ուստի ան կը հարցնէ. «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք ճամբան իրարու հետ»։ Աշակերտները շփոթած՝ լուռ կը կենան, քանի որ իրարու հետ կը վիճէին թէ ո՞վ մեծ պիտի ըլլայ։
Մօտաւորապէս երեք տարի իրենց սորվեցնելէ ետք, անհաւատալի չի՞ թուիր որ աշակերտները տակաւին այսպիսի վէճ մը ունենան։ Ասիկա ցոյց կու տայ մարդկային անկատարութեան զօրաւոր ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց ունեցած կրօնական ենթահողը։ Հրէական կրօնքը՝ որու մէջ մեծցած էին աշակերտները, շատ շեշտ կը դնէր դիրքի վրայ, կեանքի բոլոր գործառնութեանց մէջ։ Ասկէ զատ, երկնքի Թագաւորութեան որոշ «բանալիներ» ստանալու Յիսուսի խոստումին ի տես, թերեւս Պետրոս ինքզինք գերադաս կը զգար։ Թերեւս Յակոբոս եւ Յովհաննէս ալ նոյնանման գաղափարներ ունեցան, քանի որ Յիսուսի այլակերպումը տեսնելու առանձնաշնորհումը ունեցած էին։
Ի՛նչ որ ալ էր պարագան, Յիսուս իրենց մտավիճակը սրբագրելու համար ազդու ցուցադրութիւն մը կ’ընէ։ Ան տղայ մը կը կանչէ, իրենց մէջ կը կայնեցնէ եւ զայն գրկելով կ’ըսէ. «Եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք։ Ուստի ով որ իր անձը այս տղուն պէս խոնարհեցնէ, անիկա է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ, եւ ով որ այսպիսի տղայ մը կ’ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի»։
Աշակերտները սրբագրելու ի՜նչ հոյակապ կերպ մը։ Յիսուս անոնց դէմ բարկանալով, զանոնք ինքնահաւան, ագահ կամ փառասէր չի կոչեր։ Ո՛չ, այլ՝ իր ուղղիչ ուսուցումը կը յստակացնէ, փոքրիկ տղոց օրինակը գործածելով, որոնք յատկանշականօրէն համեստ եւ փառասիրութենէ զերծ են, եւ ընդհանրապէս իրարու մէջ դասակարգի գաղափարն իսկ չեն ունենար։ Ուստի, Յիսուս կը սորվեցնէ որ իր աշակերտներն ալ այս յատկութիւնները պէտք է զարգացնեն, որոնցմով կը յատկորոշուին խոնարհ մանուկները։ Ան կ’եզրափակէ, ըսելով. «Ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ»։ Մատթէոս 17։21-26. 18։1-5. Մարկոս 9։30-37. Ղուկաս 9։43-48
▪ Կափառնայում վերադառնալէ ետք, Յիսուս ի՞նչ ուսուցում կը կրկնէ, եւ անիկա ի՞նչպէս կ’ընդունուի։
▪ Յիսուս ինչո՞ւ ստիպուած չէ տաճարի տուրքը վճարելու, բայց ինչո՞ւ կը վճարէ։
▪ Հաւանաբար ի՞նչ բան սատարեց աշակերտներու վիճաբանութեան, եւ Յիսուս ի՞նչպէս կը սրբագրէ զանոնք։