Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 3

Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է
  • Մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

  • Աստուծոյ ինչպէ՞ս մարտահրաւէր ուղղուած է

  • Ապագային՝ երկրի վրայ կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ

1. Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է։

ԵՐԿՐԻ նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը իրապէս հոյակապ է։ Ան կ’ուզէ որ երկիրը երջանիկ ու առողջ մարդոցմով լեցուի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Աստուած «Եդեմի մէջ՝ պարտէզ տնկեց» եւ «տեսնելու հաճելի եւ ուտելու աղէկ ամէն ծառ. . . բուսցուց»։ Ան առաջին մարդն ու կինը՝ Ադամն ու Եւան ստեղծելէ ետք, զանոնք այդ սիրուն բնակարանին մէջ դրաւ եւ ըսաւ անոնց. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք» (Ծննդոց 1։28. 2։8, 9, 15)։ Ուստի Աստուծոյ նպատակն էր որ մարդիկ զաւակներ ունենային, այդ դրախտային տան սահմանները մինչեւ երկրի ծայրերը ընդարձակէին եւ անասուններուն հոգ տանէին։

2. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը պիտի իրականանայ։ բ) Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ երկրի վրայ մարդոց յաւիտեան ապրելուն մասին։

2 Կը խորհի՞ս թէ երկրային դրախտի մէջ մարդիկը ապրեցնելու Աստուծոյ նպատակը օրին մէկը պիտի իրականանայ։ Աստուած կ’ըսէ. «Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ» (Եսայի 46։9-11. 55։11)։ Արդարեւ, Աստուած ինչ որ նպատակադրէ՝ անպայման պիտի կատարէ։ Ան կ’ըսէ թէ երկիրը «պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց» (Եսայի 45։18)։ Աստուած երկրի վրայ ինչպիսի՞ մարդիկ կ’ուզէր ապրեցնել եւ որքա՞ն ատեն։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29. Յայտնութիւն 21։3, 4

3. Երկրի վրայ այժմ ի՞նչ ողբալի վիճակ կը տիրէ, եւ ասիկա ի՞նչ հարցումներ կը յարուցանէ։

3 Բացայայտ է որ այս նպատակը տակաւին չէ իրականացած։ Մարդիկ այժմ կը հիւանդանան ու կը մեռնին. անոնք նոյնիսկ կը կռուին ու զիրար կը սպաննեն։ Ուրեմն սխալ բան մը կայ։ Վստահաբար Աստուած չէր նպատակադրած որ երկիրը հիմակուան վիճակին հասնէր։ Ի՞նչ պատահեցաւ։ Աստուծոյ նպատակը ինչո՞ւ չկատարուեցաւ։ Մարդու ձեռքով գրուած պատմական ո՛չ մէկ գիրք կրնայ մեզի ասոր պատասխանը տալ, որովհետեւ բուն խնդիրը երկնքի մէջ սկսաւ։

ԹՇՆԱՄԻԻ ՄԸ ԾԱԳՈՒՄԸ

4, 5. ա) Օձի մը միջոցաւ Եւային հետ խօսողը՝ իրականութեան մէջ ո՞վ էր։ բ) Նախապէս առաքինի ու պարկեշտ անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ գող դառնալ։

4 Աստուածաշունչի առաջին գիրքը կը խօսի Եդեմի պարտէզին մէջ ի յայտ եկող Աստուծոյ մէկ հակառակորդին մասին։ Թէեւ նկարագրուած է որպէս «օձը», բայց անիկա լոկ անասուն մը չէր։ Աստուածաշունչի վերջին գիրքը զայն կը բնորոշէ որպէս «Բանսարկու ու Սատանայ. . . որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ Ան նաեւ կոչուած է «այն առաջուան օձը» (Ծննդոց 3։1. Յայտնութիւն 12։9)։ Այս հզօր հրեշտակը կամ անտեսանելի հոգեղէն արարածը, Եւայի հետ խօսելու համար օձ մը գործածեց, ճիշդ ինչպէս որ հմուտ անհատ մը պուպրիկի կամ խամաճիկի մը միջոցաւ իր ձայնը կը գործածէ։ Անկասկած այդ հոգեղէն անձը ներկայ էր, երբ Աստուած երկիրը կը պատրաստէր մարդոց համար (Յոբ 38։4, 7

5 Քանի որ Եհովայի բոլոր ստեղծագործութիւնները կատարեալ են, ուստի ո՞վ ըրաւ այս «Բանսարկուն», այս «Սատանան»։ Մէկ խօսքով, Աստուծոյ հզօր հոգեղէն որդիներէն մէկը ինքզինք Բանսարկու ըրաւ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի եղաւ։ Գիտենք թէ առաքինի ու պարկեշտ անհատ մը կարելի է որ օրին մէկը գող դառնայ։ Ինչպէ՞ս։ Անհատը կրնայ թոյլ տալ որ իր սրտին մէջ սխալ ցանկութիւն մը զարգանայ։ Եթէ ան շարունակէ անոր մասին մտածել, այդ սխալ ցանկութիւնը կրնայ զօրանալ։ Ապա, եթէ պատեհութիւնը ներկայանայ, ան կրնայ իր մտածած ցանկութեան համաձայն գործել (կարդա՛ Յակոբոս 1։13-15

6. Աստուծոյ հզօր հոգեղէն որդիներէն մէկը ինչպէ՞ս Բանսարկու Սատանան եղաւ։

6 Բանսարկու Սատանայի պարագային ճիշդ ասիկա տեղի ունեցաւ։ Ըստ երեւոյթին, ան լսեց թէ Աստուած Ադամի ու Եւայի կ’ըսէ, որ զաւակներ ծնանին ու երկիրը իրենց սերունդով լեցնեն (Ծննդոց 1։27, 28)։ Բացայայտօրէն, ան սապէս խորհեցաւ. ‘Այս բոլոր մարդ արարածները կրնան Աստուծոյ փոխարէն զիս պաշտել’։ Ուստի անոր սրտին մէջ սխալ ցանկութիւն մը զարգացաւ։ Ի վերջոյ, ան Աստուծոյ մասին սուտեր խօսելով՝ Եւան խաբեց (կարդա՛ Ծննդոց 3։1-5)։ Այսպէս է որ ան «Բանսարկու» եղաւ, որ կը նշանակէ «Զրպարտիչ»։ Միեւնոյն ատեն, ան «Սատանայ» եղաւ, որ կը նշանակէ «Հակառակորդ»։

7. ա) Ադամն ու Եւան ինչո՞ւ մեռան։ բ) Ինչո՞ւ Ադամի ամբողջ սերունդը կը ծերանայ ու կը մեռնի։

7 Սուտեր ու խաբէութիւն գործածելով, Բանսարկու Սատանան պատճառ եղաւ որ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ անհնազանդ դառնան (Ծննդոց 2։17. 3։6)։ Առ ի հետեւանք, անոնք ի վերջոյ մահացան, ինչպէս Աստուած ըսած էր թէ պիտի պատահէր, եթէ իրեն չհնազանդէին (Ծննդոց 3։17-19)։ Քանի որ Ադամ իր մեղանչելէն ետք անկատար եղաւ, իր ամբողջ սերունդը իրմէ մեղք ժառանգեց (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։12)։ Պարագան կարելի է լուսաբանել գործածելով նկանակ եփելու կաղապարին օրինակը։ Եթէ կաղապարը փոսիկ մը ունի, անոր մէջ եփուող իւրաքանչիւր նկանակին ի՞նչ կը պատահի։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր մէջ փոսիկ կամ թերութիւն մը պիտի ունենայ։ Նոյնպէս, իւրաքանչիւր մարդ արարած Ադամէն ժառանգած է անկատարութեան «փոսիկ» մը։ Այս պատճառաւ է որ բոլոր մարդիկ կը ծերանան ու կը մեռնին (Հռովմայեցիս 3։23

8, 9. ա) Ըստ երեւոյթին, Սատանան ի՞նչ մարտահրաւէր ուղղեց։ բ) Աստուած ինչո՞ւ ըմբոստները անմիջապէս չկորսնցուց։

8 Երբ Սատանան Ադամն ու Եւան դրդեց Աստուծոյ դէմ մեղանչելու, իրականութեան մէջ ան ըմբոստութիւն մը կ’առաջնորդէր։ Ան Եհովայի իշխելու կերպին դէմ մարտահրաւէր կ’ուղղէր։ Ուրիշ խօսքով, կարծես թէ Սատանան կ’ըսէր. ‘Աստուած վատ իշխան մըն է։ Ան սուտեր կը խօսի եւ իր հպատակները բարի բաներէ կը զրկէ։ Մարդիկ հարկ չունին որ Աստուած իրենց վրայ իշխէ։ Անոնք իրենք իրենց կրնան որոշել թէ ի՛նչն է բարին ու ի՛նչն է չարը։ Եւ իմ իշխանութեանս ներքեւ անոնք աւելի լաւ պայմաններու տակ կ’ապրին’։ Աստուած ինչպէ՞ս պիտի վարուէր այս նախատալից մարտահրաւէրին հետ։ Ոմանք կը խորհին թէ Աստուած պարզապէս կրնար ըմբոստները մեռցնել։ Սակայն այսպիսով ան Սատանայի մարտահրաւէրին պատասխանած կ’ըլլա՞ր։ Ըմբոստները մեռցնելը պիտի ապացուցանէ՞ր թէ Աստուծոյ իշխելու կերպը ճիշդ է։

9 Եհովայի արդարութեան կատարեալ զգացումը թոյլ չտուաւ, որ ըմբոստները անմիջապէս մեռցնէ։ Ան որոշեց, որ Սատանայի մարտահրաւէրին գոհացուցիչ պատասխան մը հայթայթելը եւ Բանսարկուին ստախօս մը ըլլալը ապացուցանելը՝ ժամանակ կը պահանջէ։ Ուստի ան վճռեց թոյլ տալ, որ մարդիկ որոշ ժամանակ մը իրենք զիրենք իշխեն Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ։ Սոյն գիրքին 11–րդ գլուխը նկատի պիտի առնէ, թէ Եհովա ինչո՛ւ ասիկա ըրաւ եւ ինչո՛ւ այս հարցերը լուծելու համար այսքան ժամանակ թոյլատրեց։ Սակայն այժմ տեղին է որ հետեւեալ հարցումներուն մասին խորհիս. Ադամն ու Եւան ճիշդ վարուեցա՞ն հաւատալով Սատանային, որ իրենց համար բնաւ օգտակար բան չէր ըրած։ Անոնք ճիշդ վարուեցա՞ն հաւատալով թէ Եհովա, որ իրենց ամբողջ ունեցածը տուած էր, անգութ ստախօս մըն է։ Դուն ինչպէ՞ս կը վարուէիր։

10. Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովայի կողմը դիրք բռնելով Սատանայի մարտահրաւէրին պատասխան մը տալ։

10 Այս հարցումներուն մասին խորհիլը օգտակար է, որովհետեւ իւրաքանչիւրս այսօր նոյնանման հարցեր կը դիմագրաւենք։ Արդարեւ, դուն պատեհութիւնը ունիս Եհովայի կողմը դիրք բռնելով՝ Սատանայի մարտահրաւէրին պատասխան մը տալու։ Կրնաս Եհովան ընդունիլ որպէս Իշխանդ, եւ այսպիսով ցոյց տալ՝ որ Սատանան ստախօս մըն է (Սաղմոս 73։28. կարդա՛ Առակաց 27։11)։ Ցաւօք սրտի, այս աշխարհի միլիառաւոր մարդոցմէ միայն քիչեր են որ այս ընտրութիւնը կ’ընեն։ Ասիկա կարեւոր հարցում մը կը յարուցանէ. Աստուածաշունչը իրապէս կը սորվեցնէ՞ թէ Սատանան այս աշխարհին կ’իշխէ։

ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻՆ Ո՞Վ Կ’ԻՇԽԷ

Սատանան ինչպէ՞ս կրնար Յիսուսի հրամցնել աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները, եթէ անոնք իրեն չպատկանէին

11, 12. ա) Յիսուսի մէկ փորձութիւնը ինչպէ՞ս կը յայտնէ թէ Սատանան է այս աշխարհին իշխանը։ բ) Ուրիշ ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ թէ այս աշխարհին իշխանը Սատանան է։

11 Յիսուս երբեք չկասկածեցաւ թէ այս աշխարհի իշխանը Սատանան է։ Անգամ մը Սատանան հրաշալի կերպով Յիսուսի ցոյց տուաւ «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը»։ Ապա ան Յիսուսի խոստացաւ. «Ասոնք ամէնը քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս՝ ինծի երկրպագութիւն ընես» (Մատթէոս 4։8, 9. Ղուկաս 4։5, 6)։ Ասոր մասին պահ մը խորհէ։ Այս առաջարկը Յիսուսի համար փորձութիւն պիտի ըլլա՞ր, եթէ այս թագաւորութիւններուն իշխանը Սատանան չըլլար։ Յիսուս չուրացաւ որ բոլոր աշխարհիկ կառավարութիւնները Սատանային կը պատկանին։ Ան վստահաբար պիտի ուրանար, եթէ անոնց ետին եղող ուժը Սատանան չըլլար։

12 Անշուշտ Եհովան է Ամենակալ Աստուածը, սքանչելի տիեզերքին Արարիչը (Յայտնութիւն 4։10բ)։ Բայց եւ այնպէս, Աստուածաշունչը որեւէ տեղ չ’ըսեր թէ Եհովա Աստուած կամ Յիսուս Քրիստոս այս աշխարհի իշխանն է։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս յատկապէս Սատանայի ակնարկեց իբրեւ «այս աշխարհին իշխանը» (Յովհաննէս 12։31. 14։30. 16։11)։ Աստուածաշունչը նոյնիսկ Բանսարկու Սատանային կ’ակնարկէ որպէս «այս աշխարհի աստուածը» (Բ. Կորնթացիս 4։3, 4)։ Այս հակառակորդին առնչութեամբ, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ամբողջ աշխարհը Չարին ենթակայ» է (Ա. Յովհաննէս 5։19, ՆԹ

ՍԱՏԱՆԱՅԻ ԱՇԽԱՐՀԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԳՏՆԷ

13. Ինչո՞ւ նոր աշխարհի մը կարիք կայ։

13 Տարուէ տարի, աշխարհը հետզհետէ աւելի վտանգաւոր վայր կը դառնայ։ Անիկա լեցուն է պայքարող բանակներով, անպարկեշտ քաղաքագէտներով, կեղծաւոր կրօնական առաջնորդներով եւ անգութ ոճրագործներով։ Աշխարհը ամբողջութեամբ բարեկարգելը անկարելի է։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ ժամանակը մօտեցած է, երբ Աստուած չարերը պիտի բնաջնջէ իր Արմագեդոն պատերազմով։ Ասիկա ճամբան պիտի հարթէ արդար նոր աշխարհի մը (Յայտնութիւն 16։14-16

14. Աստուած ո՞վ ընտրած է Իր Թագաւորութեան Իշխանը ըլլալու, եւ ասիկա ինչպէ՞ս նախագուշակուած էր։

14 Եհովա Աստուած Յիսուս Քրիստոսը ընտրեց, որպէսզի Իր երկնային Թագաւորութեան կամ կառավարութեան Իշխանը ըլլայ։ Աստուածաշունչը վաղուց նախագուշակած էր. «Մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի. . . Խաղաղութեան Իշխան. . . անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ» (Եսայի 9։6, 7)։ Այս կառավարութեան մասին, Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։10)։ Ինչպէս այս գրքին յետագայ բաժիններուն մէջ պիտի տեսնենք, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով այս աշխարհի բոլոր կառավարութիւններուն վերջ պիտի դնէ եւ զանոնք պիտի փոխարինէ (կարդա՛ Դանիէլ 2։44)։ Այն ատեն, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։

ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ ՄԸ ՄՕՏ Է

15. Ի՞նչ է «նոր երկիր»ը։

15 Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «[Աստուծոյ] խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետրոս 3։13. Եսայի 65։17)։ Երբեմն, երբ Աստուածաշունչը «երկրի»ն մասին կը խօսի, անիկա կ’ակնարկէ երկրին վրայ ապրող մարդոց (Ծննդոց 11։1)։ Ուստի արդար «նոր երկիր»ը, Աստուծոյ հաւանութիւնը վայելող մարդկային ընկերութիւն մըն է։

16. Աստուած իր հաւանութիւնը ունեցողներուն ի՞նչ անգին պարգեւ մը պիտի շնորհէ, եւ զայն ստանալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

16 Յիսուս խոստացաւ որ մօտալուտ նոր աշխարհին մէջ, Աստուծոյ հաւանութիւնը ունեցող անհատները «յաւիտենական կեանք»ի պարգեւը պիտի ստանան (Մարկոս 10։30)։ Հաճիս Աստուածաշունչդ բաց ու կարդա՛ Յովհաննէս 3։16–ը եւ 17։3–ը, եւ տե՛ս թէ Յիսուս ինչ ըսաւ որ պէտք է ընենք յաւիտենական կեանք ստանալու համար։ Այժմ Աստուածաշունչէն նկատի առ այն օրհնութիւնները, զորս պիտի վայելեն անոնք՝ որոնք մօտալուտ երկրային Դրախտին մէջ Աստուծոյ այս սքանչելի պարգեւին համար որակեալ են։

17, 18. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, թէ երկրի վրայ ամէնուրեք խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ։

17 Չարութիւնը, պատերազմը, ոճիրն ու բռնութիւնը պիտի անհետանան։ «Ամբարիշտը պիտի չքանայ. . . սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը» (Սաղմոս 37։10, 11)։ Խաղաղութիւն պիտի տիրէ, որովհետեւ ‘Աստուած պատերազմները պիտի դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը’ (Սաղմոս 46։9. Եսայի 2։4)։ Ապա «արդարը պիտի ծաղկի ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ», այսինքն՝ յաւիտեան (Սաղմոս 72։7

18 Եհովայի երկրպագուները ապահովութեամբ պիտի բնակին։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, այնքան ատեն որ իսրայէլացիները Աստուծոյ կը հնազանդէին, անոնք ապահովութեամբ կ’ապրէին (Ղեւտացւոց 25։18, 19)։ Ի՜նչ հոյակապ պիտի ըլլայ նոյնանման ապահովութիւն մը վայելել Դրախտին մէջ (կարդա՛ Եսայի 32։18. Միքիա 4։4

19. Ուրկէ՞ գիտենք թէ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ առատ ուտելիք պիտի ըլլայ։

19 Ուտելիքի պակաս պիտի չըլլայ։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Ցորենի յորդառատութիւն պիտի ըլլայ երկրին մէջ՝ լեռներուն գագաթը» (Սաղմոս 72։16, ԱԾ)։ Եհովա Աստուած պիտի օրհնէ իր արդար ծառաները, եւ «երկիր իր պտուղը պիտի տայ» (Սաղմոս 67։6

20. Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ թէ ամբողջ երկիրը դրախտ պիտի ըլլայ։

20 Ամբողջ երկիրը դրախտի պիտի վերածուի։ Գեղեցիկ նոր տուներ ու պարտէզներ պիտի փոխարինեն ատենօք մեղաւոր մարդոց ապականած հողամասերը (կարդա՛ Եսայի 65։21-24. Յայտնութիւն 11։18)։ Ժամանակի ընթացքին, երկրի արդէն իսկ դրախտի վերածուած մասերը պիտի ընդարձակուին, մինչեւ որ ամբողջ երկրագունդը Եդեմի պարտէզին նման գեղեցիկ ու բարեբեր դառնայ։ Աստուած ‘իր ձեռքը պիտի բանայ ու ամէն կենդանիի փափաքը պիտի լեցնէ’ (Սաղմոս 145։16

21. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ մարդոց ու անասուններուն միջեւ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։

21 Մարդոց ու անասուններուն միջեւ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։ Գազանները ու ընտանի անասունները միասնաբար պիտի արածին։ Նոյնիսկ մանուկ մը՝ այժմ վտանգաւոր նկատուած անասուններէն վախնալու պատճառ պիտի չունենայ (կարդա՛ Եսայի 11։6-9. 65։25

22. Ի՞նչ պիտի պատահի հիւանդութեան։

22 Հիւանդութիւնը պիտի չքանայ։ Որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Իշխանը, Յիսուս երկրի վրայ եղած ատեն իր կատարած բուժումներէն շա՜տ աւելի մեծ տարողութեամբ բուժումներ պիտի կատարէ (Մատթէոս 9։35. Մարկոս 1։40-42. Յովհաննէս 5։5-9)։ Այն ատեն «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսայի 33։24. 35։5, 6

23. Ինչո՞ւ յարութիւնը մեր սրտերը պիտի ուրախացնէ։

23 Մեր մահացած սիրելիները պիտի վերակենդանանան, բնաւ չմեռնելու հեռանկարով։ Մահուան քունին մէջ եղող բոլոր անհատները՝ որոնք Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են, պիտի յարուցանուին։ Իրականութեան մէջ, «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15. կարդա՛ Յովհաննէս 5։28, 29

24. Դրախտային երկրի մը վրայ ապրելու նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս։

24 Ի՜նչ հոյակապ ապագայ մը կը սպասէ անոնց, որոնք կ’որոշեն մեր Մեծ Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ մասին սորվիլ ու իրեն ծառայել։ Յիսուս երկրի վրայ մօտալուտ Դրախտին էր որ ակնարկեց, երբ իր կողքին մահուան դատապարտուած չարագործին խոստացաւ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (Ղուկաս 23։43)։ Կենսական է որ աւելին սորվինք Յիսուս Քրիստոսի մասին, որուն միջոցաւ այս բոլոր օրհնութիւնները կարելի պիտի դառնան։