Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 17

Աղօթքով՝ Աստուծոյ մօտեցիր

Աղօթքով՝ Աստուծոյ մօտեցիր
  • Ինչո՞ւ պէտք է աղօթենք Աստուծոյ

  • Ի՞նչ պէտք է ընենք որ Աստուած լսէ մեր աղօթքները

  • Ինչպէ՞ս կը պատասխանէ Աստուած մեր աղօթքներուն

‘Երկինքն ու երկիրը ստեղծողը’ յօժար է մեր աղօթքները լսելու

1, 2. Աղօթքը ինչո՞ւ մե՜ծ առանձնաշնորհում մը պէտք է նկատենք, եւ ինչո՞ւ պէտք է գիտնանք թէ Աստուածաշունչը աղօթքի մասին ի՛նչ կը սորվեցնէ։

ԱՆՀՈՒՆ տիեզերքին հետ համեմատած, երկիրը շա՜տ փոքր է։ Իրականութեան մէջ, ‘երկինքն ու երկիրը ստեղծող’ Եհովայի աչքին, ազգերը դոյլէն կաթած ջուրի կաթիլի պէս են (Սաղմոս 115։15. Եսայի 40։15)։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։ Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ եւ անոնց աղաղակը կը լսէ» (Սաղմոս 145։18, 19)։ Պահ մը խորհէ թէ այս խօսքերը ի՛նչ կը նշանակեն։ Ամենակալ Արարիչը մեզի մօտ է եւ մեզ պիտի լսէ, եթէ ‘ճշմարտութեամբ զինք կանչենք’։ Աղօթքով Աստուծոյ մօտենալը ինչ մե՜ծ առանձնաշնորհում մըն է։

2 Սակայն, եթէ կ’ուզենք որ Եհովա մեր աղօթքները լսէ, պէտք է աղօթենք իրեն ընդունելի կերպով։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել, երբ չենք գիտեր թէ Աստուածաշունչը աղօթքի մասին ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Ուստի կարեւոր է ասիկա գիտնալը, քանի որ աղօթքը կ’օգնէ մեզի Եհովայի մօտենալու։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՂՕԹԵԼ ԵՀՈՎԱՅԻ

3. Եհովայի աղօթելու կարեւոր մէկ պատճառը ի՞նչ է։

3 Եհովայի աղօթելու կարեւոր պատճառներէն մէկը այն է, թէ ի՛նք մեզ կը հրաւիրէ որ աղօթենք։ Իր Խօսքը մեզ կը քաջալերէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ» (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Վստահաբար, պիտի չուզենք անտեսել մեզի ի նպաստ տիեզերքի Գերիշխանին ըրած այս ազնիւ կարգադրութիւնը։

4. Եհովայի կանոնաւորաբար աղօթելը ինչպէ՞ս իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը զօրացնէ։

4 Աղօթելու այլ պատճառ մըն ալ այն է՝ թէ կանոնաւորաբար Եհովայի աղօթելը իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը զօրացնէ։ Իսկական բարեկամներ միա՛յն բանի մը պէտք ունեցած ատեն չէ որ իրարու հետ կը խօսին։ Փոխարէն, լաւ բարեկամներ մի՛շտ իրարմով կը հետաքրքրուին եւ իրենց մտածումները, մտահոգութիւններն ու զգացումները ո՛րքան իրարու ազատօրէն արտայայտեն, ա՛յնքան աւելի կը զօրանայ իրենց փոխյարաբերութիւնը։ Առումով մը, պարագան նոյնն է Եհովա Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութեան։ Այս գրքին օգնութեամբ շատ բան սորվեցար, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ՝ Եհովայի, իր անձնաւորութեան ու նպատակներուն մասին։ Զինք ճանչցար որպէս իրական Անձ։ Աղօթքը քեզի պատեհութիւն կու տայ, որ խորհուրդներդ ու ամենաներքին զգացումներդ երկնաւոր Հօրդ յայտնես, եւ մինչ ասիկա կ’ընես, Եհովայի աւելի կը մօտենաս (Յակոբոս 4։8

Ի՞ՆՉ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒ ԳՈՀԱՑՈՒՄ ՊԷՏՔ Է ՏԱՆՔ

5. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա բոլոր աղօթքները չի լսեր։

5 Եհովա բոլո՞ր աղօթքները կը լսէ։ Նկատի առ թէ ան ի՛նչ ըսաւ Եսայի մարգարէին օրերուն ապրած ըմբոստ իսրայէլացիներուն. «Երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ, վասն զի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են» (Եսայի 1։15)։ Ուստի կարգ մը արարքներ կրնան պատճառ դառնալ, որ Աստուած մեր աղօթքները չլսէ։ Հետեւաբար, որպէսզի Աստուած մեր աղօթքները լսէ, պէտք է կարգ մը հիմնական պահանջներու գոհացում տանք։

6. Ի՞նչ է գլխաւոր պահանջը, որպէսզի Աստուած մեր աղօթքները լսէ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք անոր գոհացում տալ։

6 Գլխաւոր պահանջներէն մէկը՝ հաւատք ունենալն է (կարդա՛ Մարկոս 11։24)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (Եբրայեցիս 11։6)։ Սակայն իսկական հաւատք ունենալը, շա՜տ աւելին կը նշանակէ քան՝ պարզապէս գիտնալ, թէ Ան գոյութեան ունի եւ մեր աղօթքները կը լսէ ու կը պատասխանէ անոնց։ Հաւատքը կը փաստուի մեր գործերով, եւ մեր ամէնօրեայ ապրելակերպն է որ պիտի փաստէ, թէ մենք իսկական հաւատք ունինք (Յակոբոս 2։26

7. ա) Եհովայի աղօթելու ատեն, ինչո՞ւ յարգալից պէտք է ըլլանք։ բ) Երբ Աստուծոյ կ’աղօթենք, ինչպէ՞ս կրնանք խոնարհութիւն ու անկեղծութիւն ցուցաբերել։

7 Եհովա նաեւ կը պահանջէ որ աղօթենք՝ խոնարհութեամբ ու անկեղծութեամբ։ Եհովայի հետ խոնարհաբար խօսելու իսկական պատճառ ունինք։ Երբ մարդիկ թագաւորի կամ նախագահի մը հետ խօսելու պատեհութիւնը ունենան, սովորաբար ասիկա յարգանքով կ’ընեն, գիտակցելով անոր բարձր դիրքին։ Ուստի որքա՜ն աւելի յարգանք պէտք է ունենանք, երբ աղօթքով կը մօտենանք Եհովայի (Սաղմոս 138։6)։ Իրականութեան մէջ, ան «ամենակարող Աստուած»ն է (Ծննդոց 17։1)։ Երբ Աստուծոյ կ’աղօթենք, իրեն մօտենալու մեր կերպը պէտք է ցոյց տայ, թէ խոնարհօրէն կը գիտակցինք թէ ի՛նչ է մեր դիրքը իրեն հետ համեմատած։ Այսպիսի խոնարհութիւն նաեւ մեզ պիտի մղէ, որ անկեղծօրէն ու սրտանց իրեն աղօթենք, խուսափելով մեքենաբար կրկնուած աղօթքներէ։ Յիսուս ըսաւ. «Երբ աղօթք կ’ընէք, նոյն խօսքերը նորէն ու նորէն մի՛ կրկնէք» (Մատթէոս 6։7, 8, ՆԱ

8. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր աղօթքներուն համաձայն գործել։

8 Աստուծմէ լսուելու ա՛յլ պահանջ մըն է՝ մեր աղօթքներուն համաձայն գործելը։ Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ որ մեր կարելին ընենք՝ մեր աղօթքին հետ ներդաշնակ գործելով։ Օրինակ՝ եթէ կ’աղօթենք. «Մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր», ասիկա կը նշանակէ թէ ի՛նչ գործ որ ձեռքերնիս անցնի՝ ջանասիրութեամբ կատարենք (Մատթէոս 6։11. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10)։ Իսկ եթէ մարմնաւոր տկարութիւն մը յաղթահարելու համար աղօթքով օգնութիւն խնդրենք, պէտք է խուսափինք մեզ փորձութեան տանող պարագաներէն ու կացութիւններէն (Կողոսացիս 3։5)։ Այս հիմնական պահանջներէն զատ, աղօթքի մասին կարգ մը հարցումներ կան, որոնք պատասխանի կը կարօտին։

ԱՂՕԹՔԻ ՄԱՍԻՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼ

9. Որո՞ւ պէտք է աղօթենք, եւ որո՞ւ միջոցով։

9 Որո՞ւ պէտք է աղօթենք։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ այսպէս աղօթեն. «Հայր մեր որ երկինքն ես» (Մատթէոս 6։9)։ Ուստի մեր աղօթքները պէտք է ուղղուին միա՛յն Եհովա Աստուծոյ։ Այսուհանդերձ, Եհովա կը պահանջէ որ իր միածին Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի դիրքը ընդունինք։ Ինչպէս 5–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք, Յիսուս երկիր ղրկուեցաւ իբրեւ փրկանք ծառայելու, որպէսզի մեզ մեղքէն ու մահէն ազատագրէ (Յովհաննէս 3։16. Հռովմայեցիս 5։12)։ Ան Աստուծոյ կողմէ նշանակուած Քահանայապետն ու Դատաւորն է (Յովհաննէս 5։22. Եբրայեցիս 6։20)։ Ուստի Սուրբ Գրութիւնները մեզի կը պատուիրեն, որ մեր աղօթքները մատուցանենք Յիսուսի միջոցաւ։ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս 14։6)։ Որպէսզի մեր աղօթքները լսելի դառնան, պէտք է միայն Եհովայի աղօթենք՝ իր Որդւոյն միջոցով։

10. Աղօթելու ժամանակ ինչո՞ւ որոշ դիրք կամ կեցուածք պահանջուած չէ։

10 Աղօթելու ժամանակ յատուկ դիրք կամ կեցուածք պէ՞տք է ունենանք։ Ո՛չ։ Եհովա ձեռքերու կամ մարմնի յատուկ դիրք կամ կեցուածք չի պահանջեր։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ աղօթելու ժամանակ այլազան դիրքեր կարելի է առնել, ինչպէս՝ նստած, խոնարհելով, ծնրադրելով եւ կայնած (Ա. Մնացորդաց 17։16. Նէեմիա 8։6. Դանիէլ 6։10. Մարկոս 11։25)։ Արդարեւ, ոչ թէ ուրիշներու կողմէ նկատելի յատուկ դիրքն է կարեւորը, այլ՝ սրտի ճիշդ վիճակը։ Իրականութեան մէջ, մեր ամէնօրեայ գործունէութեան կամ ստիպողական պարագայի մը ընթացքին, կրնանք լռելեայն աղօթել, ուր որ ալ գտնուինք։ Եհովա այսպիսի աղօթքներ կը լսէ, նոյնիսկ եթէ մեր շուրջինները բոլորովին չնկատեն թէ կ’աղօթենք (Նէեմիա 2։1-6

11. Ի՞նչ կարգ մը անձնական հարցեր աղօթքի յարմար նիւթեր են։

11 Ի՞նչ բանի համար կրնանք աղօթել։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, [Եհովա] պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհաննէս 5։14)։ Ուստի կրնանք աղօթել որեւէ բանի մասին, որ Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ է։ Արդեօք իր կա՞մքն է որ անձնական մտահոգութիւններու մասին աղօթենք։ Անշո՛ւշտ։ Եհովայի աղօթելը կրնայ նմանցուիլ սերտ բարեկամի մը հետ խօսելուն։ Կրնանք Աստուծոյ հետ անկեղծօրէն խօսիլ՝ ‘սրտերնիս բանալով’ (Սաղմոս 62։8)։ Տեղին պիտի ըլլայ սուրբ հոգին խնդրել, քանի որ մեզի պիտի օգնէ ճիշդը ընելու (Ղուկաս 11։13)։ Նաեւ կրնանք ուղղութիւն խնդրել խոհեմ որոշումներ կայացնելու համար, եւ զօրութիւն՝ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլելու համար (Յակոբոս 1։5)։ Իսկ երբ մեղանչենք, պէտք է մեղքերու թողութիւն խնդրենք Քրիստոսի զոհին հիման վրայ (Եփեսացիս 1։3, 7)։ Անշուշտ, մեր աղօթքները պէտք չէ ըլլան միայն անձնական հարցերու մասին։ Պէտք է անոնք ընդարձակենք ուրիշներ ալ պարփակելով, ինչպէս՝ ընտանիքի կամ ժողովքի անդամներ (Գործք 12։5. Կողոսացիս 4։12

12. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր աղօթքներուն մէջ կարեւորագոյն տեղը յատկացնել մեր երկնաւոր Հօր վերաբերող հարցերուն։

12 Մեր աղօթքներուն մէջ կարեւորագոյն տեղը պէտք է տրուի Եհովա Աստուծոյ վերաբերող հարցերուն։ Վստահաբար, ամէն պատճառ ունինք, որ զինք սրտանց փառաբանենք եւ իրեն շնորհակալութիւն յայտնենք իր բոլոր բարութեան համար (Ա. Մնացորդաց 29։10-13Մատթէոս 6։9-13–ի մէջ արձանագրուած տիպար աղօթքին մէջ, Յիսուս մեզի սորվեցուց որ Աստուծոյ անուան սրբացման համար աղօթենք (կարդա՛)։ Ետքը խնդրենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ եւ Իր կամքը ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ։ Միայն Եհովայի վերաբերեալ այս կարեւոր հարցերը նշելէ ետքն է որ Յիսուս ուշադրութեան յանձնեց անձնական հարցերը։ Նոյնպէս, երբ մենք ալ մեր աղօթքներուն մէջ կարեւորագոյն տեղը Աստուծոյ յատկացնենք, ցոյց տուած կ’ըլլանք որ միայն մեր անձնական բարօրութեամբ հետաքրքրուած չենք։

13. Ի՞նչ կը յայտնեն Սուրբ Գրութիւնները ընդունելի աղօթքներուն երկարութեան նկատմամբ։

13 Մեր աղօթքներուն երկարութիւնը որքա՞ն պէտք է ըլլայ։ Աստուածաշունչը մեր անձնական կամ հանրային աղօթքներուն երկարութիւնը չի սահմաներ։ Անոնք կրնան ըլլալ կարճ՝ ճաշէ մը առաջ մատուցուած աղօթքի մը պարագային, կամ երկար՝ անձնական աղօթքի մը պարագային, երբ Եհովայի առջեւ մեր սիրտը կը բանանք (Ա. Թագաւորաց 1։12, 15)։ Սակայն Յիսուս դատապարտեց ինքնարդար անհատները, որոնք ուրիշներու առջեւ ցուցամոլօրէն իրենց աղօթքը կ’երկնցնէին (Ղուկաս 20։46, 47)։ Այսպիսի աղօթքներ Եհովան չեն տպաւորեր, կարեւորը այն է որ սրտանց աղօթենք։ Հետեւաբար, ընդունելի աղօթքներուն երկարութիւնը կրնայ տարբերիլ կարիքներու եւ պարագաներու համաձայն։

Աղօթքդ որեւէ ատեն կրնայ լսուիլ

14. Աստուածաշունչը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, երբ մեզ կը քաջալերէ որ ‘ամէն ատեն աղօթք ընենք’, եւ ասիկա ինչո՞ւ մխիթարական է։

14 Որքա՞ն յաճախ պէտք է աղօթենք։ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘ամէն ատեն աղօթք ընենք’, ‘ստէպ աղօթքի կենանք’ եւ ‘անդադար աղօթք ընենք’ (Ղուկաս 18։1. Հռովմայեցիս 12։12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17)։ Անշուշտ, այս խօսքերը չեն նշանակեր թէ ամէն վայրկեան պէտք է Եհովայի աղօթենք։ Փոխարէն, Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ, որ կանոնաւորաբար աղօթենք, շարունակ Եհովայէ շնորհակալ ըլլալով մեզի հանդէպ իր ցուցաբերած բարութեան համար եւ իրմէ խնդրենք՝ առաջնորդութիւն, մխիթարութիւն ու զօրութիւն։ Ի՜նչ հանգստացուցիչ է գիտնալ, որ Եհովա չի սահմաներ մեր աղօթքին երկարութիւնը եւ որքա՛ն յաճախակի ըլլալը։ Եթէ աղօթքի առանձնաշնորհումը ի՛րապէս կը գնահատենք, մեր երկնաւոր Հօր աղօթելու համար բազմաթիւ առիթներ պիտի գտնենք։

15. Անձնական ու հանրային աղօթքներու վերջաւորութեան ինչո՞ւ «Ամէն» պէտք է ըսենք։

15 Աղօթքի մը վերջաւորութեան ինչո՞ւ «Ամէն» պէտք է ըսենք։ «Ամէն» բառը կը նշանակէ՝ «այնպէ՛ս ըլլայ»։ Աստուածաշնչական օրինակներ ցոյց կու տան, թէ պատշաճ է «Ամէն» ըսել թէ՛ անձնական եւ թէ հանրային աղօթքներու վերջաւորութեան (Ա. Մնացորդաց 16։36. Սաղմոս 41։13)։ Մեր անձնական աղօթքներուն վերջաւորութեան «Ամէն» ըսելով կը հաստատենք, թէ մեր արտայայտութիւնները անկեղծ են։ Իսկ երբ հանրային աղօթքի մը վերջաւորութեան լռելեայն կամ բարձրաձայն «Ամէն» կ’ըսենք, ցոյց կու տանք թէ արտայայտուած գաղափարներուն հետ համաձայն ենք (Ա. Կորնթացիս 14։16

ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՄԵՐ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒՆ

16. Աղօթքի նկատմամբ ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

16 Եհովա իրապէս կը պատասխանէ՞ աղօթքներու։ Անշո՛ւշտ։ Հաստատ հիմ ունինք վստահ ըլլալու, թէ «աղօթքի լսող»ը կը պատասխանէ միլիոնաւոր մարդոց մատուցած անկեղծ աղօթքներուն (Սաղմոս 65։2)։ Եհովա մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ այլազան կերպերով։

17. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ, թէ Աստուած մեր աղօթքներուն պատասխանելու համար կը գործածէ իր հրեշտակներն ու իր երկրային ծառաները։

17 Աղօթքներու պատասխանելու համար Եհովա կը գործածէ՝ իր հրեշտակներն ու իր երկրային ծառաները (Եբրայեցիս 1։13, 14)։ Բազմաթիւ փորձառութիւններ ցոյց կու տան, թէ երբ անհատներ Աստուածաշունչը հասկնալու համար աղօթքով օգնութիւն խնդրած են, կարճ ժամանակ ետք իրենց այցելած է Եհովայի վկայ մը։ Այսպիսի փորձառութիւններ կը փաստեն, թէ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը հրեշտակային առաջնորդութեամբ կը կատարուի (Յայտնութիւն 14։6)։ Երբ իսկապէս նեղ կացութեան մը մէջ գտնուելով աղօթենք, առ ի պատասխան՝ Եհովա կրնայ մղել քրիստոնեայ հաւատակից մը մեր օգնութեան փութալու (Առակաց 12։25. Յակոբոս 2։16

Մեր աղօթքներուն առ ի պատասխան, Եհովա կրնայ մղել քրիստոնեայ հաւատակից մը մեր օգնութեան փութալու

18. Եհովա ինչպէ՞ս կը գործածէ իր սուրբ հոգին ու իր Խօսքը պատասխանելու համար իր ծառաներուն աղօթքներուն։

18 Եհովա Աստուած իր ծառաներուն աղօթքներուն պատասխանելու համար նաեւ կը գործածէ՝ իր սուրբ հոգին եւ իր Խօսքը։ Ան կրնայ փորձութիւններու տոկալու համար մեր մատուցած աղօթքներուն պատասխանել, իր սուրբ հոգիին միջոցով մեզի տալով առաջնորդութիւն եւ զօրութիւն (Բ. Կորնթացիս 4։7)։ Իսկ ուղղութիւն ստանալու համար մեր մատուցած աղօթքներուն պատասխանը յաճախ կու գայ Աստուածաշունչէն, ուր Եհովա օգնութիւն հայթայթած է մեզի, իմաստուն որոշումներ կայացնելու համար։ Օգտակար համարներ կարելի է գտնել Աստուածաշունչի մեր անձնական ուսումնասիրութեան ընթացքին եւ քրիստոնէական հրատարակութիւնները կարդալու ընթացքին, ինչպէս այս գիրքը։ Աստուածաշնչական կէտեր, զորս պէտք ունինք նկատի առնելու, կրնան մեր ուշադրութեան յանձնուիլ քրիստոնէական ժողովի մը ընթացքին կամ մեզմով հետաքրքրուած երէցի մը խրատին միջոցով (Գաղատացիս 6։1

19. Ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք, եթէ երբեմն այնպէս թուի թէ մեր աղօթքները անպատասխան կը մնան։

19 Եթէ այնպէս թուի թէ Եհովա կ’ուշանայ մեր աղօթքներուն պատասխանելու, ասիկա բնաւ չի նշանակեր թէ ան պատասխանելու կարող չէ։ Փոխարէն, պէտք է յիշենք թէ Եհովա կը պատասխանէ իր կամքին համաձայն եղող աղօթքներուն եւ իր որոշած ժամանակին։ Ան մեզմէ շա՜տ աւելի լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ են մեր կարիքները եւ ինչպէ՛ս հոգալ։ Ան յաճախ թոյլ կու տայ որ շարունակենք ‘խնդրել, փնտռել ու զարնել’ (Ղուկաս 11։5-10)։ Այսպիսի յարատեւութիւն Աստուծոյ ցոյց կու տայ, թէ մեր փափաքը սրտանց է եւ հաւատքը՝ հարազատ։ Ասկէ զատ, Եհովա կրնայ մեր աղօթքներուն պատասխանել մեր մտքէն չանցած կերպով մը։ Օրինակ՝ ան կրնայ որոշ դժուարութեան մը նկատմամբ մատուցած մեր աղօթքին պատասխանել, ոչ թէ տուեալ դժուարութիւնը վերցնելով, այլ անոր տոկալու հարկ եղած զօրութիւնը տալով մեզի (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։13

20. Ինչո՞ւ աղօթքի թանկարժէք առանձնաշնորհումէն պէտք է լիովին օգտուինք։

20 Որքա՜ն շնորհակալ կրնանք ըլլալ, որ այս անհուն տիեզերքին Արարիչը մօտ է այն ամէնուն, որոնք աղօթքով պատշաճօրէն զինք կը կանչեն (կարդա՛ Սաղմոս 145։18)։ Թող որ աղօթքի թանկարժէք առանձնաշնորհումէն լիովին օգտուինք։ Եթէ ասիկա ընենք, Եհովայի՝ աղօթքի լսողին՝ ա՛լ աւելի մօտենալու ուրախ հեռանկարը պիտի ունենանք։