Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւելուած

Յիսուս դեկտեմբե՞ր ամսուն ծնած է

Յիսուս դեկտեմբե՞ր ամսուն ծնած է

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ մեզի չի յայտներ թէ Յիսուս ե՛րբ ծնած է: Սակայն անիկա լուրջ պատճառ կու տայ եզրակացնելու, թէ ան դեկտեմբեր ամսուն չէ ծնած։

Նկատի առ տարուան այդ եղանակին գոյութիւն ունեցող օդի պայմանները Բեթլեհէմի մէջ, ուր Յիսուս ծնած էր: Հրէական քասղեւ ամիսը (կը համապատասխանէ նոյեմբեր/դեկտեմբեր ամիսներուն), ցուրտ ու անձրեւոտ էր: Անոր կը յաջորդէր թէբէթ ամիսը (դեկտեմբեր/յունուար), որ տարուան ամենացած ջերմաստիճանները կ’ունենար, եւ բարձունքներուն վրայ երբեմն կը ձիւնէր։ Այժմ տեսնենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ այդ շրջանի կլիմային մասին։

Աստուածաշունչի գրողներէն՝ Եզրաս, կը նշէ թէ քասղեւը արդարեւ ճանչցուած էր որպէս ցուրտ ու անձրեւոտ ամիս մը։ Նշելէ ետք թէ «իններորդ [քասղեւ] ամսուան քսաներորդ օրը» Երուսաղէմի մէջ բազմութիւն մը հաւաքուած էր, Եզրաս կը շարունակէ տեղեկագրել թէ անոնք «սաստիկ անձրեւներուն համար, դողալով նստեցան»։ Տարուան այդ եղանակի օդի պայմաններուն նկատմամբ, հոն հաւաքուած ժողովուրդը ըսաւ. «Ժամանակը անձրեւոտ է ու դուրսը չենք կրնար կենալ» (Եզրաս 10։9, 13. Երեմիա 36։22)։ Ուստի զարմանալի չէ որ այդ շրջանը ապրող հովիւները հոգ կը տանէին, որ դեկտեմբեր ամսուն իրենք ու իրենց հօտերը գիշերները դուրսը չմնային։

Սակայն Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ, թէ Յիսուսի ծնած գիշերը հովիւներ դաշտերուն մէջ իրենց հօտերը կը հովուէին։ Աւետարանագիր Ղուկաս կը նշէ, թէ այդ ատեն հովիւներ Բեթլեհէմի մօտ «դաշտին մէջ կեցած. . . իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին» (Ղուկաս 2։8-12)։ Նկատի առ թէ հովիւները բացօթեայ դաշտին մէջ գիշերը իրենց հօտերուն պահպանութիւնը կ’ընէին։ Բացօթեայ դաշտին մէջ գիշերելու նկարագրութիւնը կը յարմարի՞ դեկտեմբերին Բեթլեհէմի ցուրտ եւ անձրեւոտ կլիմային։ Ո՛չ, չի յարմարիր։ Ուստի Յիսուսի ծնունդին ընկերակցող կլիմայական պարագաները ցոյց կու տան, թէ ան դեկտեմբեր ամսուն չէ ծնած *։

Աստուծոյ Խօսքը մեզի կը յայտնէ թէ Յիսուս ճիշդ ե՛րբ մեռաւ, բայց ուղղակիօրէն չի նշեր թէ ան ե՛րբ ծնաւ։ Ասիկա մեր միտքը կը բերէ Սողոմոն թագաւորի խօսքերը. «Բարի անունը՝ հոտաւէտ իւղէն ու մահուան օրը ծննդեան օրէն աղէկ է» (Ժողովող 7։1)։ Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչը Յիսուսի ծառայութեան եւ մահուան մասին բազմաթիւ մանրամասնութիւններ կը հայթայթէ, բայց քիչ տեղեկութիւններ կու տայ անոր ծննդեան ժամանակին մասին։

Երբ Յիսուս ծնաւ, հովիւները եւ իրենց հօտերը գիշերը դաշտին մէջն էին

^ պարբ. 1 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել գիրքը, էջ 176-179 (անգլերէն), հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։