Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 50

Երկու խիզախ կիներ

Երկու խիզախ կիներ

ԵՐԲ Իսրայելացիները դժուարութեան կը մատնուին, անոնք Եհովայի կ’աղաղակեն։ Եհովա անոնց կը պատասխանէ օգնութեան համար խիզախ առաջնորդներ տալով։ Աստուածաշունչը այս առաջնորդները դատաւորներ կը կոչէ։ Յեսու առաջին դատաւորն էր եւ իրմէ ետք, կարգ մը դատաւորներն էին. Գոթոնիէլ, Աւովդ եւ Սամեգար։ Բայց Իսրայէլի օգնող անհատներէն երկուքը կիներ են, որոնց անուններն են՝ Դեբօրա եւ Յայէլ։

Դեբօրա մարգարէուհի մըն է։ Եհովա անոր տեղեկութիւն կու տայ ապագայի մասին եւ յետոյ ան ժողովուրդին կը փոխանցէ Եհովայի խօսքերը։ Դեբօրա նաեւ դատաւոր մըն է։ Ան լեռնային շրջանի մը մէջ արմաւենիի մը տակ կը նստի եւ մարդիկ իր քով կու գան իրենց խնդիրներուն համար օգնութիւն ստանալու։

Այդ ժամանակ Քանանու թագաւորն է Յաբին։ Ան 900 ռազմական կառքեր ունի։ Իր բանակը այնքան զօրաւոր է որ շատ մը Իսրայելացիներ բռնութեամբ Յաբինի ծառաները եղած են։ Յաբին Թագաւորին զօրագլուխն է՝ Սիսարան։

Օր մը Դեբօրա լուր կը ղրկէ Բարակ Դատաւորին ու կ’ըսէ անոր. ‘Եհովա ըսաւ. «Քեզի հետ 10,000 մարդ առ եւ Թաբօր Լեռը ելիր։ Հոն Սիսարան քեզի պիտի բերեմ։ Ես քեզի յաղթանակ պիտի տամ անոր բանակին վրայ’։

Բարակ կ’ըսէ Դեբօրայի. ‘Կ’երթա՛մ, եթէ դուն ալ ինծի հետ գաս’։ Դեբօրա կ’երթայ իրեն հետ, բայց ան կ’ըսէ Բարակի. ‘Յաղթանակին համար դուն պատիւ պիտի չստանաս, քանի որ Եհովա Սիսարան կնոջ մը ձեռքը պիտի մատնէ’։ Իրապէս այդպէս կ’ըլլայ։

Բարակ Թաբօր Լեռնէն կ’իջնէ Սիսարայի զինուորներուն հանդիպելու։ Եհովա յանկարծ հեղեղ մը կը պատճառէ եւ թշնամի զինուորներէն շատերը կը խեղթուին, բայց Սիսարա իր կառքէն կ’իջնէ եւ կը փախչի։

Քիչ ետք, Սիսարա Յայէլի վրանը կու գայ։ Յայէլ զինք ներս կը հրաւիրէ եւ անոր կաթ կու տայ որ խմէ։ Կաթը քուն կու տայ եւ ան շուտով կը քնանայ։ Ապա Յայէլ վրանին ցիցերէն մէկը կ’առնէ եւ այս չար մարդուն գլխուն վրայ կը գամէ։ Յետոյ, երբ Բարակ կը հասնի, կինը իրեն ցոյց կու տայ մեռած Սիսարան։ Ուստի կը տեսնէք թէ Դեբօրայի ըսածը ճիշդ կ’ելլէ։ Վերջապէս Յաբին Թագաւորն ալ կը սպաննուի եւ Իսրայելացիները դարձեալ որոշ ատեն մը խաղաղ կ’ապրին։