Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 45

Յորդանան գետէն անցնիլ

Յորդանան գետէն անցնիլ

ՆԱՅԵՑԷ՜Ք։ Իսրայելացիները Յորդանան Գետէն կ’անցնին։ Բայց ո՞ւր են ջուրերը։ Քանի որ տարուան այդ եղանակին շատ կ’անձրեւէ, գետը մի քանի վայրկեան առաջ կը յորդէր։ Բայց հիմա ամբողջ ջուրը ցամքա՜ծ է եւ Իսրայելացիները ցամաքէն կ’անցնին, ինչպէս որ ըրին Կարմիր Ծովէն։ Ո՞ւր գացին բոլոր ջուրերը։ Տեսնե՛նք։

Երբ ժամանակը եկաւ որ Իսրայելացիները Յորդանան Գետէն անցնին, Եհովա Յեսուի պատուիրեց որ ժողովուրդին ըսէ. ‘Քահանաները ուխտի տապանակը պէտք է առնեն եւ մեր առջեւէն երթան։ Երբ անոնք իրենց ոտքերը Յորդանան Գետին ջուրերուն մէջ դնեն, այն ատեն ջուրերը հոսելէ պիտի դադրին’։

Ուստի քահանաները ուխտի տապանակը կը վերցնեն եւ զանիկա ժողովուրդին առջեւէն կը տանին։ Երբ Յորդանան Գետ կը հասնին, քահանաները անվարան ջուր կը մտնեն։ Ջուրը շատ արագ կը հոսի եւ խորունկ է։ Բայց հազիւ թէ իրենց ոտքերը ջուրին կը դպչին, ջուրը հոսելէ կը դադրի։ Ի՜նչ հրաշք։ Վերէն հոսող ջուրերը Եհովա կանգնեցուցած է։ Ուստի, շուտով գետին հունը կը ցամքի։

Ուխտին տապանակը կրող քահանաները չորցած գետին մէջտեղ կանգ կ’առնեն։ Պատկերին մէջ կը տեսնէ՞ք զանոնք։ Մինչ անոնք հոն կանգնած կը կենան, բոլոր Իսրայելացիները Յորդանան Գետին ցամքա՛ծ հունէն կ’անցնին։

Երբ բոլորը կ’անցնին, Եհովա Յեսուի կ’ըսէ որ 12 զօրաւոր մարդոց ըսէ. ‘Ուխտի տապանակը կրող քահանաներուն քով գացէք եւ այդտեղէն 12 քարեր առէք, ու իրար վրայ դիզեցէք զանոնք հոն ուր այս գիշեր պիտի իջեւանինք։ Յետոյ, ապագային, երբ ձեր զաւակները հարցնեն թէ ի՛նչ կը նշանակեն այս քարերը, իրենց պիտի պատմէք թէ երբ Եհովայի ուխտի տապանակը Յորդանանէն անցաւ, անոր ջուրերը հոսելէ դադրեցան։ Այս քարերը ձեզի պիտի յիշեցնեն այս հրաշքը’։ Յեսու նաեւ 12 ուրիշ քարեր ալ կանգնել կու տայ գետին հունին մէջ քահանաներուն կեցած տեղը։

Վերջապէս, տապանակը կրող քահանաներուն Յեսու կ’ըսէ. ‘Յորդանանէն դուրս ելէք’։ Անմիջապէս որ դուրս կ’ելլեն, գետը կը վերսկսի հոսիլ։