ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 54
Ամենէն զօրաւոր մարդը
ԳԻՏԷ՞Ք երկրի վրայ ապրած ամենէն զօրաւոր մարդուն անունը։ Անիկա Սամփսոն անունով դատաւոր մըն է։ Եհովան տուած է այդ ոյժը Սամփսոնին։ Նոյնիսկ Սամփսոնը ծնելէ առաջ, Եհովա կ’ըսէ անոր մօրը. ‘Շուտով որդի մը պիտի ունենաս եւ ան Իսրայէլը պիտի ազատէ Փղշտացիներուն ձեռքէն’։
Փղշտացիները Քանանու մէջ ապրող չար ժողովուրդ մըն են։ Անոնք շատ մը պատերազմող մարդիկ ունին եւ իրապէս կը նեղեն Իսրայէլը։ Օր մը, երբ Սամփսոն Փղշտացիներուն բնակած կողմը կ’երթայ, մեծ առիւծ մը մռնչելով իր դէմ կու գայ։ Բայց Սամփսոն պարապ ձեռքով կը սպաննէ առիւծը։ Ան նաեւ կը սպաննէ հարիւրաւոր չար Փղշտացիներ։
Յետոյ Սամփսոն Դալիլա անունով կնոջ մը կը սիրահարի։ Փղշտացի առաջնորդները Դալիլայի կը խոստանան որ իրենցմէ իւրաքանչիւրը 1,100 կտոր արծաթ պիտի տայ եթէ իրենց ըսէ Սամփսոնի ոյժին գաղտնիքը։ Դալիլա կ’ուզէ ունենալ այդ ամբողջ դրամը։ Ան Սամփսոնի կամ Աստուծոյ ժողովուրդին իրական բարեկամը չէ։ Ուստի անդադար կը հարցնէ Սամփսոնի թէ ի՛նչ բան զինք այդքան զօրաւոր կը դարձնէ։
Վերջապէս, Դալիլա կը յաջողի Սամփսոնի խոստովանիլ տալ իր ոյժին գաղտնիքը։ ‘Մազերս բնաւ չեն կտրուած’, կ’ըսէ ան։ ‘Ծնելէս ի վեր, Աստուած զիս ընտրեց որ իրեն մասնաւոր ծառայ՝ ուխտաւոր մը ըլլամ։ Եթէ մազերս կտրուէին, իմ ոյժս պիտի կորսնցնէի’։
Երբ Դալիլա կը հասկնայ ասիկա, թոյլ կու տայ որ Սամփսոն իր ծունկերուն վրայ քնանայ։ Յետոյ մարդ մը կը կանչէ եւ անոր մազերը կտրել կու տայ։ Երբ Սամփսոն կ’արթննայ, ան իր ոյժը արդէն կորսնցուցած է։ Այն ատեն Փղշտացիները ներս կը մտնեն եւ զինք կը ձերբակալեն։ Իր երկու աչքերը կը փորեն եւ իրենց գերին կը դարձնեն զինք։
Օր մը Փղշտացիները իրենց Դագոն չաստուածը պաշտելու համար մեծ խնճոյք մը կը սարքեն եւ Սամփսոնը բանտէն կը հանեն որ զիրենք զուարճացնէ։ Մինչ այդ, Սամփսոնի մազերը դարձեալ երկարած են։ Սամփսոն իր ձեռքէն բռնող տղուն կ’ըսէ. ‘Ինծի թող տուր որ շէնքը վերցնող սիւներուն դպչիմ’։ Յետոյ Սամփսոն կ’աղօթէ Եհովայի որ իրեն ոյժ տայ, ուստի սիւները կը բռնէ ու կ’աղաղակէ. ‘Թող որ ես ալ Փղշտացիներուն հետ մեռնիմ’։ Հոն 3,000 Փղշտացիներ կան եւ երբ Սամփսոն ամբողջ ոյժով սիւներուն կը կռթնի, շէնքը կը փլի եւ այդ բոլոր չար մարդիկը կը սպաննէ։
Դատաւորաց 13–16 գլուխները