Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 71

Աստուած դրախտ մը կը խոստանայ

Աստուած դրախտ մը կը խոստանայ

ԱՀԱՒԱՍԻԿ դրախտի մը պատկերը, զոր Աստուած իր Եսայի մարգարէին ցոյց տուած է։ Եսայի Յովնանէն անմիջապէս ետքը ապրեցաւ։

Դրախտ կը նշանակէ «պարտէզ» կամ «ծառաստան»։ Ասիկա ձեզի կը յիշեցնէ՞ բան մը, որ նախապէս տեսած ենք այս գրքին մէջ։ Ասիկա ճիշդ կը նմանի այդ գեղեցիկ պարտէզին զոր Եհովա Աստուած տուաւ Ադամի եւ Եւայի, այդպէս չէ՞։ Արդեօք օր մը ամբողջ երկիրը դրախտ մը պիտի ըլլա՞յ։

Եհովա ըսաւ իր Եսայի մարգարէին որ Աստուծոյ ժողովուրդին համար վերահաս նոր դրախտին մասին գրէ։ Ան ըսաւ. ‘Գայլերը եւ գառնուկները խաղաղութեամբ միասին պիտի բնակին։ Հորթերը եւ առոյգ առիւծները միասին պիտի արածին եւ պզտիկ տղաքը անոնց հոգ պիտի տանին։ Նոյնիսկ մանուկ մը պիտի չվնասուի եթէ թունաւոր օձի մը քով խաղայ’։

‘Ասիկա բնաւ պիտի չպատահի’, պիտի ըսեն ոմանք։ ‘Երկրի վրայ միշտ դժուարութիւն եղած է եւ միշտ ալ պիտի ըլլայ’։ Բայց վայրկեան մը խորհեցէք. Աստուած ինչպի՞սի բնակարան մը տուաւ Ադամի ու Եւայի։

Աստուած Ադամն ու Եւան դրախտի մը մէջ դրաւ։ Քանի որ անոնք Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան, անոր համար անոնք իրենց գեղեցիկ բնակարանը կորսնցուցին, ծերացան եւ մեռան։ Աստուած կը խոստանայ որ զինք սիրող մարդոց պիտի տայ այն բաները զորս Ադամ եւ Եւա կորսնցուցին։

Գալիք նոր դրախտին մէջ ոչ մէկ բան պիտի վնասէ կամ փճանայ։ Կատարեալ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։ Ամբողջ մարդկութիւնը առողջ եւ ուրախ պիտի ըլլան։ Աստուծոյ սկզբնական նպատակին պէս պիտի ըլլայ։ Բայց տակաւին պիտի սորվինք թէ Աստուած ասիկա ի՛նչպէս պիտի ընէ։