Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 59

Դաւիթ ինչո՛ւ պէտք է փախչի

Դաւիթ ինչո՛ւ պէտք է փախչի

ԳՈՂԻԱԹԻ վրայ յաղթանակ տանելէն ետք, Իսրայէլի բանակին հրամանատարը՝ Աբեններ՝ զինք Սաւուղին քով կը տանի։ Սաւուղ շատ կը հաւնի Դաւիթը։ Ուստի զինք իր բանակին վրայ հրամանատար կը դնէ եւ ան իր քով՝ թագաւորին պալատին մէջ կը մնայ։

Օր մը, երբ բանակը Փղշտացիներուն հետ կռուելէ կը վերադառնայ, կիները կ’երգեն. ‘Սաւուղ հազարաւորներ սպաննեց, իսկ Դաւիթ՝ բիւրաւորներ’։ Ասիկա Սաւուղի նախանձը կ’արթնցնէ, քանի որ Դաւիթի աւելի մեծ պատիւ կը տրուի քան՝ Սաւուղին։ Բայց Սաւուղի որդին՝ Յովնաթան, չի նախանձիր։ Ան շատ կը սիրէ Դաւիթը եւ Դաւիթ ալ զինք կը սիրէ։ Ուստի երկուքը իրարու խօսք կու տան որ միշտ բարեկամ պիտի մնան։

Դաւիթ շատ լաւ քնար նուագող մըն է եւ Սաւուղ անոր նուագած երաժշ­տութիւնը շատ կը սիրէ։ Բայց օր մը Սաւուղի նախանձը պատճառ կ’ըլլայ որ ան սարսափելի բան մը ընէ։ Մինչ Դաւիթ քնար կը նուագէ, Սաւուղ իր նիզակը կ’առնէ եւ կը նետէ, ըսելով. ‘Դաւիթը պատին պիտի գամե՛մ’։ Բայց Դաւիթ հարուածէն խոյս կու տայ եւ սուրը կը վրիպի։ Ուրիշ անգամ մը, դարձեալ Դաւիթ կը խուսափի Սաւուղի նիզակէն։ Ուստի Դաւիթ կը հասկնայ որ շատ զգոյշ պէտք է ըլլայ։

Կը յիշէ՞ք Սաւուղի ըրած խոստումը։ Ան ըսաւ որ իր աղջիկը կնութեան պիտի տար այն մարդուն որ Գողիաթը պիտի սպաննէր։ Սաւուղ վերջապէս կ’ըսէ Դաւիթին որ իր աղջիկը՝ Մեղքողը կրնայ առնել, բայց առաջ՝ 100 թշնամի Փղշտացիներ պէտք է սպաննէ։ Ի՜նչ խորամանկութիւն։ Սաւուղ իրապէս կը յուսայ որ Փղշտացիները պիտի սպաննեն Դաւիթը։ Բայց անոնք չեն կրնար սպաննել զայն, ուստի Սաւուղ իր աղջիկը Դաւիթի կնութեան կու տայ։

Օր մը Սաւուղ Յովնաթանի եւ իր բոլոր ծառաներուն կ’ըսէ որ ինք կը մտադրէ Դաւիթը սպաննել։ Բայց Յովնաթան իր հօր կ’ըսէ. ‘Վնաս մի՛ հասցնէր Դաւիթի։ Ան քեզի գէշութիւն մը չէ ըրած։ Հակառակը, ան ի՛նչ որ ըրած է քու օգտիդ համար եղած է։ Ան իր կեանքը վտանգեց երբ Գողիաթը սպաննեց եւ դուն ալ երբ անիկա տեսար, ուրախացար’։

Սաւուղ մտիկ կ’ընէ իր որդւոյն եւ կը խոստանայ Դաւիթի վնաս չհասցնել։ Դաւիթ ետ կը բերուի եւ առաջուան պէս ան դարձեալ Սաւուղի կը ծառայէ անոր տան մէջ։ Բայց օր մը, երբ Դաւիթ քնար կը նուագէ, Սաւուղ դարձեալ իր նիզակը կը նետէ Դաւիթի վրայ։ Դաւիթ խոյս կու տայ եւ նիզակը պատին կը գամուի։ Ասիկա ե՛րրորդ անգամն է։ Դաւիթ հիմա գիտէ թէ պէտք է փախչի։

Այդ գիշեր Դաւիթ իր տունը կ’երթայ։ Բայց Սաւուղ մարդ կը ղրկէ որ սպաննեն զինք։ Մեղքող գիտնալով իր հօր ծրագիրը, կ’ըսէ իր ամուսինին. ‘Եթէ այս գիշեր չփախչիս, վաղը մեռած պիտի ըլլաս’։ Այդ գիշեր Մեղքող կ’օգնէ Դաւիթին որ պատուհանէն փախչի։ Մօտ եօթը տարի Դաւիթ կը ստիպ­ուի մէկ տեղէն միւսը պահուըտիլ, որպէսզի Սաւուղ չկարենայ գտնել զինք։