ՄԱՍ Ե
Բաբելոնի գերութենէն մինչեւ Երուսաղէմի պարիսպներուն վերաշինութիւնը
Երբ Բաբելոնի մէջ գերիներ էին, Իսրայելացիները հաւատքի շատ մը փորձերէ անցան։ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով կրակէ տաք հնոցի մը մէջ նետուեցան, բայց Աստուած զանոնք ողջ պահեց։ Վերջը, երբ Բաբելոն գրաւուեցաւ Մարերու եւ Պարսիկներու կողմէ, Դանիէլ առիւծներուն գուբի մը մէջ նետուեցաւ, բայց Աստուած պահպանեց նաեւ զինք, առիւծներու բերանները գոցելով։
Վերջապէս, Պարսիկ Կիւրոս Թագաւորը ազատագրեց Իսրայելացիները։ Անոնք իրենց հայրենիքը վերադարձան Բաբելոն գերի տարուելէն ճիշդ 70 տարի ետք։ Երբ Երուսաղէմ վերադարձան, անոնք անմիջապէս Եհովայի տաճարին շինարարութեան սկսան։ Սակայն, թշնամիները շուտով գործը կեցնել տուին։ Ուստի Երուսաղէմ վերադառնալէն 22 տարի ետքն էր որ անոնք վերջապէս ամբողջացուցին տաճարին շինարարութիւնը։
Ապա, Եզրասի մասին կը սորվինք, որ Երուսաղէմ ճամբորդեց տաճարը գեղեցկացնելու համար։ Ասիկա տաճարի շինութիւնը վերջանալէն 47 տարի ետքն էր։ Եզրասի ճամբորդութենէն 13 տարի ետք, Նէեմիան օգնեց որ Երուսաղէմի փլած պարիսպները շինուին։ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ Մասը 152 տարուայ պատմութիւն մը կը ծածկէ։
ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 77
Անոնք երկրպագութիւն չըրին
Աստուած այս երեք հաւատարիմ տղամարդիկը վառող հնոցէն պիտի ազատէ՞։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 79
Դանիէլ առիւծներու գուբին մէջ
Դանիէլ մահուան դատապարտուեցաւ, բայց արդեօք կրնա՞ր անկէ խուսափիլ։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 80
Աստուծոյ ժողովուրդը Բաբելոնէն դուրս կ’ելլեն
Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորը մարգարէութիւն մը կատարեց երբ Բաբելոնը գրաւեց, եւ այժմ ուրիշ մարգարէութիւն մը կը կատարէ։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 81
Աստուծոյ օգնութեան վստահիլ
Իսրայէլացիները մարդկային օրէնքներ կը բեկանեն Աստուծոյ հնազանդելու համար։ Արդեօք Աստուած զիրենք պիտի օրհնէ՞։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 82
Մուրթքէ եւ Եսթեր
Հակառակ որ Վաշթի թագուհին գեղեցիկ էր, Ասուերոս թագաւորը զինք փոխարինեց Եսթերին հետ։ Ինչո՞ւ։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 83
Երուսաղէմի պարիսպները
Մինչ պարիսպը կը վերաշինեն, աշխատաւորները պէտք է իրենց սուրը եւ նիզակը ցերեկ ու գիշեր իրենց հետ ունենան։