Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 81

Աստուծոյ օգնութեան վստահիլ

Աստուծոյ օգնութեան վստահիլ

ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ մարդիկ Բաբելոնէն դէպի Երուսաղէմ երկար ճամբորդութեան կը ձեռնարկէ։ Բայց երբ Երուսաղէմ կը հասնին, անիկա աւերակներու հսկայ կոյտ մըն է։ Ոչ մէկը կ’ապրի հոն։ Իսրայելացիները ամէն բան պէտք է վերաշինեն։

Անոնց շինած առաջին բաներէն մէկը խորան մըն է։ Անիկա տեղ մըն է, ուր անոնք կրնան անասնական զոհեր կամ ընծաներ մատուցանել Եհովայի։ Քանի մը ամիսներ ետք Իսրայելացիները տաճարին շինարարութեան կը սկսին։ Բայց երկրին շրջակայքը ապրող թշնամիները չեն ուզեր որ Իսրայելացիները շինեն զանիկա։ Ուստի անոնք կը ջանան վախցնել զիրենք, որպէսզի անոնց գործը դադրեցնեն։ Վերջապէս, այս թշնամիները Պարսկաստանի նոր թագաւորին օրէնք մը հանել կու տան շինարարութիւնը դադրեցնելու համար։

Տարիներ կ’անցնին։ Արդ Իսրայելացիներուն Բաբելոնէն վերադարձէն 17 տարի եղած է։ Եհովա իր Անգէ եւ Զաքարիա մարգարէները կը ղրկէ ժողովուրդին ըսելու որ շինարարութիւնը վերսկսին։ Ժողովուրդը Աստուծոյ օգնութեան կը վստահին եւ մարգարէներուն կը հնազանդին։ Անոնք կը վերսկսին շինարարութիւնը, հակառակ անոր որ օրէնք մը կ’արգիլէ զայն։

Ուստի Թաթանայի անունով Պարսիկ պաշտօնեայ մը կու գայ եւ Իսրայելացիներուն կը հարցնէ թէ ի՛նչ իրաւունքով տաճարը կը շինեն։ Իսրայելացիները անոր կ’ըսեն թէ երբ իրենք Բաբելոն կը գտնուէին, Կիւրոս Թագաւորը իրենց ըսաւ. ‘Հիմա Երուսաղէմ գացէք եւ Եհովա ձեր Աստուծոյն տաճարը շինեցէք’։

Թաթանայի Բաբելոն նամակ մը կը ղրկէ եւ կը հարցնէ թէ Կիւրոս՝ որ արդէն մեռած է, իրապէս այսպիսի բան մը ըսա՞ւ։ Շուտով Պարսկաստանի նոր թագաւորէն նամակին պատասխանը կու գայ։ Ան կ’ըսէ թէ Կիւրոս իրապէս այսպիսի բան մը ըսաւ։ Ուստի թագաւորը կը գրէ. ‘Թոյլ տուէք որ Իսրայելացիները իրենց Աստուծոյն տաճարը շինեն։ Ձեզի ալ կը պատուիրեմ որ անոնց օգնէք’։ Շուրջ չորս տարուայ մէջ տաճարը կ’ամբողջացուի եւ Իսրայելացիները շատ կ’ուրախանան։

Շատ մը տարիներ կ’անցնին. տաճարին ամբողջացուելէն գրեթէ 48 տարի կ’անցնի։ Երուսաղէմի ժողովուրդը աղքատ են եւ քաղաքին ու Աստուծոյ տաճարին երեւոյթը գեղեցիկ չէ։ Բաբելոնի մէջ Իսրայելացի Եզրաս կը տեղեկանայ Աստուծոյ տաճարը բարելաւուելու կարիքին մասին։ Ուստի գիտէ՞ք ի՛նչ կ’ընէ։

Եզրաս Արտաշէսին՝ Պարսկաստանի թագաւորին՝ կը ներկայանայ եւ այս բարի թագաւորը Եզրասի շատ մը ընծաներ կու տայ որպէսզի իրեն հետ Երուսաղէմ տանի։ Եզրաս Բաբելոնի մէջ գտնուող Իսրայելացիներէն կը խնդրէ որ իրեն օգնեն այս նուէրները Երուսաղէմ տանելու։ Շուրջ 6,000 անհատներ կը յօժարին ասիկա ընել։ Անոնք մեծ քանակութեամբ արծաթ, ոսկի եւ ուրիշ թանկագին բաներ ունին իրենց հետ տանելիք։

Եզրաս մտահոգ է, քանի որ ճամբուն վրայ շատ աւազակներ կան։ Այդ մարդիկը կրնան իրենցմէ խլել արծաթն ու ոսկին եւ զիրենք սպաննել։ Ուստի Եզրաս ժողովուրդը կը հաւաքէ, ինչպէս կը տեսնէք պատկերին մէջ։ Ապա անոնք Եհովայի կ’աղօթեն որ զիրենք պաշտպանէ դէպի Երուսաղէմ իրենց կատարելիք այս երկար ճամբորդութեան ընթացքին։

Եհովա կը պաշտպանէ զիրենք եւ չորս ամսուայ ճամբորդութենէ ետք, անոնք ապահով Երուսաղէմ կը հասնին։ Ասիկա ցոյց չի՞ տար թէ Եհովա կրնայ պաշտպանել իր օգնութեան վստահողները։

Եզրասայ 28–րդ գլուխները