Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 97

Յիսուս որպէս Թագաւոր կու գայ

Յիսուս որպէս Թագաւոր կու գայ

ԵՐԿՈՒ կոյր մուրացկանները բուժելէն քիչ ետք, Յիսուս Երուսաղէմի մօտ պզտիկ գիւղ մը կը հասնի։ Ան իր երկու աշակերտներուն կ’ըսէ. ‘Գիւղ գացէք եւ հոն աւանակ մը պիտի գտնէք։ Զանիկա քակեցէք եւ ինծի բերէք’։

Երբ էշը իրեն կը բերեն, Յիսուս անոր վրայ կը նստի։ Ապա ան իշուն վրայ նստած Երուսաղէմ կ’ուղղուի, որ շատ հեռու չէ։ Երբ Յիսուս քաղաքին կը մօտենայ, հսկայ բազմութիւն մը զինք դիմաւորելու կու գայ։ Անոնցմէ շատեր իրենց վերարկուները կը հանեն եւ ճամբուն վրայ կը փռեն։ Ուրիշներ արմաւենիի ճիւղեր կը կտրեն եւ զանոնք ալ ճամբուն վրայ կը դնեն ու կ’աղաղակեն. ‘Աստուած օրհնէ այն թագաւորը որ Եհովայի անունով կու գայ’։

Անցեալին Իսրայէլի մէջ նոր թագաւորները աւանակի մը վրայ նստած Երուսաղէմ կը մըտ­նէին ժողովուրդին ներկայանալու համար։ Յիսուս ասիկա է որ կ’ընէ, իսկ ժողովուրդը ցոյց կու տայ թէ կ’ուզեն որ Յիսուս ըլլա՛յ իրենց թագաւորը։ Բայց ամէն մարդ չուզեր Յիսուսը։ Ասիկա կը տեսնենք տաճարին մէջ Յիսուսի պատահած դէպքէն։

Տաճարին մէջ Յիսուս կը բուժէ կոյրերը եւ կաղերը։ Երբ երախաները կը տեսնեն ասիկա, բարձրաձայն Յիսուսը կը փառաբանեն։ Բայց ասիկա կը բարկացնէ քահանաները եւ անոնք Յիսուսի կ’ըսեն. ‘Կը լսե՞ս թէ երախաները ի՛նչ կ’ըսեն’։

‘Այո կը լսեմ’, կը պատասխանէ Յիսուս։ ‘Բնաւ Աստուածաշունչին մէջ չէ՞ք կարդացեր, ուր կ’ըսէ. «Մանուկներուն բերնէն Աստուած գովութիւն պիտի կատարէ»’։ Ուստի երախաները կը շարունակեն փառաբանել Աստուծոյ թագաւորը։

Մենք ալ կ’ուզենք այս երախաներուն նման ըլլալ, այնպէս չէ՞։ Կարգ մը մարդիկ կը ջանան արգելք հանդիսանալ որ մենք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսինք։ Բայց մենք պիտի շարունակենք ուրիշներուն խօսիլ մարդոց ի նպաստ Յիսուսի ընելիք սքանչելի բաներուն մասին։

Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, տակաւին ժամանակը եկած չէր որ ինք որպէս թագաւոր սկսէր իշխել։ Այս ժամանակը ե՞րբ պիտի գայ։ Յիսուսի աշակերտները ուզեցին գիտնալ։ Այս մասին պիտի տեղեկանանք։