ԴԱՍ 2
Աստուած լաւագոյն Բարեկամն է զոր կրնաք ունենալ
Աստուծոյ բարեկամը ըլլալը լաւագոյն բանն է որ կրնայ պատահիլ ձեր կեանքին մէջ։ Աստուած ձեզի պիտի սորվեցնէ թէ ինչպէս կրնաք ուրախ եւ ապահով ըլլալ. ան ձեզ պիտի ազատէ շատ մը սխալ հաւատալիքներէ եւ վնասաբեր սովորութիւններէ։ Ան մտիկ պիտի ընէ ձեր աղօթքներուն։ Պիտի օգնէ որ ներքին խաղաղութիւն եւ վստահութիւն ունենաք։ (Սաղմոս 71։5. 73։28) Աստուած նեցուկ պիտի կանգնի ձեզի նեղութեան ժամանակ։ (Սաղմոս 18։18) Նաեւ՝ ձեզի կը մատուցանէ յաւիտենական կեանքի պարգեւը։—Հռովմայեցիս 6։23
Աստուծոյ մօտենալով՝ Աստուծոյ բարեկամներուն պիտի մօտենաք։ Անոնք ալ ձեր բարեկամները պիտի ըլլան։ Իրականութեան մէջ, անոնք ձեզի համար եղբայրներու եւ քոյրերու պէս պիտի ըլլան։ Անոնք ուրախութեամբ ձեզի պիտի սորվեցնեն Աստուծոյ մասին եւ պիտի օգնեն ու քաջալերեն ձեզ։
Մենք Աստուծոյ հաւասար չենք։ Մինչ Աստուծոյ բարեկամութիւնը կը փնտռէք, կարեւոր իրողութիւն մը պիտի հասկնաք։ Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնը, հաւասարակիցներու միջեւ բարեկամութիւն մը չէ։ Աստուած տարիքով եւ իմաստութեամբ մեզ կը գերազանցէ եւ մեզմէ շա՛տ աւելի զօրաւոր է։ Ինք մեր իրաւացի Իշխանն է։ Ուստի, եթէ կ’ուզենք իր բարեկամը ըլլալ, պէտք է մտիկ ընենք իրեն եւ ընենք ինչ որ մեզմէ կը պահանջէ։ Ասիկա միշտ մեր բարիքին պիտի ծառայէ։—Եսայեայ 48։18