ԴԱՍ 16
Աստուծոյ հանդէպ ձեր սէրը ցոյց տուէք
Բարեկամ մը պահելու համար, պէտք է իրեն հետ խօսիք։ Դուք իրեն մտիկ կ’ընէք, ինքն ալ՝ ձեզի։ Նաեւ՝ ձեր բարեկամին մասին լաւ բաներ կ’ըսէք ուրիշներուն։ Նոյնն է Աստուծոյ հետ բարեկամութեան պարագային։ Նկատի առէք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ այս մասին.
Կանոնաւորաբար խօսեցէք Աստուծոյ հետ՝ աղօթքով։ «Ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք»։—Հռովմայեցիս 12։12
Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ կարդացէք։ «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16
Ուրիշներուն սորվեցուցէք Աստուծոյ մասին։ «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, ... սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։—Մատթէոս 28։19, 20
Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներու յաճախեցէք։ «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով ... մէկզմէկ յորդորենք»։—Եբրայեցիս 10։24, 25
Թագաւորութեան գործին թիկունք կանգնեցէք։ «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։—Բ. Կորնթացիս 9։7