ԴԱՍ 15
Աստուծոյ բարեկամները բարի բաներ կ’ընեն
Եթէ բարեկամ մը ունենաք, որու վրայ բարձր համարում ունիք եւ զինք յարգարժան մէկը կը նկատէք, կը փորձէք իրեն նմանիլ։ «Տէրը բարի եւ ուղիղ է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Սաղմոս 25։8) Աստուծոյ բարեկամը ըլլալու համար, պէտք է բարի եւ ուղիղ ըլլանք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդ՝ Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, եւ սիրով վարուեցէք»։ (Եփեսացիս 5։1, 2) Ահաւասիկ ասիկա ընելու կարգ մը կերպեր.
Ուրիշներուն օգնող եղէք։ «Բարիք ընենք ամենուն»։—Գաղատացիս 6։10
Ծանր աշխատեցէք։ «Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ գործի մը պարապի»։—Եփեսացիս 4։28
Ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս մաքուր եղէք։ «Մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք եւ սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը»։—Բ. Կորնթացիս 7։1
Ուրիշներու հանդէպ սէր ցոյց տուէք։ «Մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է»։—Ա. Յովհաննու 4։7
Երկրի օրէնքներուն հնազանդեցէք։ «Ամէն մարդ իր վրայ եղած [կառավարութիւններուն] թող հնազանդի. ... հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը»։—Հռովմայեցիս 13։1, 7