Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 4

Ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ մասին սորվիլ

Ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ մասին սորվիլ

Եհովայի մասին կրնաք սորվիլ՝ Աստուածաշունչ կարդալով։ Դարեր առաջ, Աստուած կարգ մը մարդիկ ընտրեց, որպէսզի գրի առնեն իր խորհուրդները։ Այդ գրութիւնները կը կոչուին Աստուածաշունչ։ Ներկայիս Աստուծոյ մասին կը սորվինք Աստուածաշունչ կարդալով։ Քանի որ Աստուածաշունչը Եհովայի խօսքը կամ պատգամը կը պարունակէ, անիկա նաեւ կոչուած է Աստուծոյ Խօսքը։ Աստուածաշունչին ըսած բաներուն կրնանք հաւատալ, քանի որ Եհովան բնաւ չի ստեր։ «Անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի»։ (Եբրայեցիս 6։18) Աստուծոյ Խօսքը ճշմարտութիւնը կը պարունակէ։—Յովհաննու 17։17

Աստուածաշունչը Աստուծոյ մեզի տուած ամենէն թանկագին նուէրներէն մին է։ Անիկա սիրալիր հօր մը կողմէ իր զաւակներուն ուղղուած նամակի մը պէս է։ Անիկա մեզի կը խօսի երկիրը հոյակապ վայրի մը՝ դրախտի մը, վերածելու Աստուծոյ խոստումին մասին։ Անիկա մեզի կ’ըսէ ինչ որ Աստուած ըրած է անցեալին, ինչ որ հիմա կ’ընէ եւ ինչ որ ապագային պիտի ընէ իր հաւատարիմ զաւակներուն համար։ Անիկա նաեւ կ’օգնէ որ մեր խնդիրները լուծենք եւ ուրախութիւն գտնենք։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

Եհովայի Վկաները Աստուծոյ բարեկամներն են. անոնք ձեզի պիտի օգնեն որ Աստուածաշունչի սորվեցուցած բաները հասկնաք։ Անոնց ըսէք որ կ’ուզէք Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ասոր համար անոնք դրամ չեն առներ։ (Մատթէոս 10։8) Ասկէ զատ, կրնաք քրիստոնէական ժողովներու յաճախել։ Այս ժողովները Թագաւորութեան Սրահ կոչուած վայրերու մէջ տեղի կ’ունենան։ Եթէ քրիստոնէական ժողովներու յաճախէք, Աստուծոյ մասին ձեր գիտութիւնը շուտով պիտի աւելնայ։

Աստուծոյ մասին կրնաք սորվիլ իր ըրած բաներէն։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց»։ (Ծննդոց 1։1) Երբ Եհովա «երկինք»ը ստեղծեց, ան արեւն ալ շինեց։ Արդ, անիկա ի՞նչ կ’ըսէ Աստուծոյ մասին։ Անիկա կ’ըսէ թէ Եհովա շատ մեծ զօրութիւն ունի։ Միայն ի՛նք է որ արեւուն նման ուժեղ բան մը կրնայ շինել։ Անիկա նաեւ կ’ըսէ որ Եհովա իմաստուն է, քանի որ տաքութիւն եւ լոյս տուող եւ բնաւ չմարող արեւը շինելը իմաստութիւն կը պահանջէ։

Եհովայի ստեղծագործութիւնը ցոյց կու տայ որ ան մեզ կը սիրէ։ Երկրի վրայ գտնուող այլազան պտուղներուն մասին խորհեցէք։ Եհովա կրնար մեզի միայն մէկ տեսակ պտուղ տալ, կամ բնաւ չտալ։ Ընդհակառակը, Եհովա մեզի պէսպիսի պտուղներ տուած է, որոնք տեսքով, չափով, գոյնով եւ համով իրարմէ տարբեր են։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ Եհովա ոչ միայն սիրալիր Աստուած մըն է, այլ նաեւ՝ շատ առատաձեռն, հոգատար ու ազնիւ է։—Սաղմոս 104։24