ԴԱՍ 14
Աստուծոյ բարեկամները չար բաներէն կը զգուշանան
Սատանան մարդիկը կը մղէ որ չար բաներ ընեն։ Անհատ մը որ կը փափաքի Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, պէտք է ատէ ինչ որ Եհովա կ’ատէ։ (Սաղմոս 97։10) Ահաւասիկ կարգ մը բաներ, որոնցմէ պէտք է զգուշանան Աստուծոյ բարեկամները.
Սեռային մեղքեր։ «Շնութիւն մի՛ ըներ»։ (Ելից 20։14) Ամուսնութենէ առաջ սեռային յարաբերութիւն ունենալը սխալ է։—Ա. Կորնթացիս 6։18
Գինովութիւն։ ‘Գինովները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն’։—Ա. Կորնթացիս 6։10
Սպանութիւն, Վիժում։ «Սպանութիւն մի՛ ըներ»։—Ելից 20։13
Գողութիւն։ «Գողութիւն մի՛ ըներ»։—Ելից 20։15
Ստախօսութիւն։ Եհովա կ’ատէ «ստախօս լեզու»ն։—Առակաց 6։17
Սաղմոս 11։5) «Բարկութիւնները»՝ «մարմնին գործեր»ուն մէջ կ’իյնան։—Գաղատացիս 5։19, 20
Բռնութիւն եւ Անզուսպ Բարկութիւն։ Եհովան ‘կ’ատէ բռնութիւն սիրողը’։ (Բախտախաղ։ «Չխառնուիլ ... ագահ»ներուն հետ։—Ա. Կորնթացիս 5։11
Ազգային եւ Ցեղային Ատելութիւններ։ «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, ... աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն»։—Մատթէոս 5։43, 44
Աստուծոյ մեզմէ պահանջած բաները մեր բարիքին համար են։ Չար բաներէն ետ կենալը միշտ ալ դիւրին չէ։ Եհովայի եւ իր Վկաներուն օգնութեամբ, կրնա՛ք Աստուծոյ հաճելի չեղող բաներէն ետ կենալ։—Եսայեայ 48։17. Փիլիպպեցիս 4։13. Եբրայեցիս 10։24, 25