Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 17

Թագաւորութեան ծառաները մարզել

Թագաւորութեան ծառաները մարզել

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Աստուածպետական դպրոցները ինչպէ՛ս Թագաւորութեան ծառաները կը պատրաստեն իրենց նշանակումները կատարելու

1-3. Յիսուս ինչպէ՞ս քարոզչութիւնը ընդարձակեց, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

 ՅԻՍՈՒՍ երկու տարի ամբողջ Գալիլիայի մէջ քարոզեց (կարդա՛ Մատթէոս 9։35-38)։ Ան բազմաթիւ քաղաքներ եւ գիւղեր այցելեց, ժողովարաններուն մէջ սորվեցնելով եւ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով։ Ո՛ւր որ ալ քարոզէր, մարդիկ անոր շուրջը կը հաւաքուէին։ Յիսուս նկատեց թէ «հունձքը շատ է», եւ թէ աւելի՛ մշակներու պէտք կար։

2 Յիսուս քարոզչութիւնը ընդարձակելու կարգադրութիւններ ըրաւ։ Ինչպէ՞ս։ Ան իր 12 առաքեալները ղրկեց, «որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեն» (Ղուկ. 9։1, 2)։ Կրնայ ըլլալ որ առաքեալները հարց տուին թէ ինչպէ՛ս այս գործը պիտի կատարեն։ Ուստի, քարոզելու ուղարկելէ առաջ, Յիսուս սիրով զիրենք մարզեց,– ինչպէս որ իր Հայրը զինք մարզած էր։

3 Կարգ մը հարցումներ կը ծագին։ Յիսուս ի՞նչ մարզում ստացաւ իր Հօրմէն։ Յիսուս ինչպիսի՞ մարզում տուաւ իր առաքեալներուն։ Ներկայիս, մեսիական Թագաւորը իր հետեւորդները մարզա՞ծ է որ իրենց ծառայութիւնը կատարեն։ Եթէ այո՛, ինչպէ՞ս։

«Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ»

4. Յիսուս ո՞ւր եւ ե՞րբ մարզում ստացաւ իր Հօրմէն։

4 Յիսուս ընդունեց որ իր Հօր կողմէ մարզուած էր։ Իր ծառայութեան ընթացքին, ան ըսաւ. «Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ» (Յովհ. 8։28)։ Յիսուս ե՞րբ եւ ո՞ւր մարզում ստացաւ։ Բացայայտ է որ Աստուած սկսաւ իր անդրանիկ Որդին մարզել անոր ստեղծուելէն քիչ ետք (Կող. 1։15)։ Երկնքին մէջ, իր Հօր կողքին, ան անհամար տարիներ անցուց «Մեծ Ուսուցիչ»ին մտիկ ընելով եւ իր ըրածներուն նայելով (Եսա. 30։20)։ Առ ի արդիւնք, ան անզուգական գիտութիւն ստացաւ իր Հօր յատկութիւններուն, գործերուն եւ նպատակներուն մասին։

5. Հայրը Որդիին ի՞նչ ցուցմունքներ տուաւ երկրի վրայ կատարելիք իր ծառայութեան մասին։

5 Յարմար ժամանակին, Եհովան իր Որդիին սորվեցուց երկրի վրայ կատարելիք իր ծառայութեան մասին։ Նկատի առ մարգարէութիւն մը, որ կը նկարագրէ Մեծ Ուսուցիչին եւ իր անդրանիկ Որդիին փոխյարաբերութիւնը (կարդա՛ Եսայի 50։4, 5)։ Եհովան իր Որդին «ամէն առտու» կ’արթնցնէր, կ’ըսէ մարգարէութիւնը։ Այս նկարագրութիւնը մեր մտքին մէջ կը ստեղծէ ուսուցիչի մը պատկերը, որ առտուն կանուխ իր աշակերտը կ’արթնցնէ, որպէսզի իրեն սորվեցնէ։ Աստուածաշունչի մէկ աշխատասիրութիւնը կը նշէ. «Եհովան. . . կարծես իրեն,– աշակերտի մը նման,– դպրոց կը տանէր եւ կը սորվեցնէր թէ ի՛նչ եւ ինչպէ՛ս պիտի քարոզէր»։ Երկնային այդ «դպրոց»ին մէջ, Եհովան իր Որդիին սորվեցուց ‘ինչ որ պիտի ըսէր եւ ինչ որ պիտի խօսէր’ (Յովհ. 12։49)։ Հայրը նաեւ իր Որդիին ցուցմունքներ տուաւ թէ ինչպէ՛ս ուսուցանէր a։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր մարզումը ի գործ դրաւ՝ ոչ միայն իր ծառայութիւնը կատարելով, այլեւ իր հետեւորդները մարզելով որ իրենց ծառայութիւնը կատարեն։

6, 7. ա) Յիսուս իր առաքեալներուն ինչպիսի՞ մարզում տուաւ եւ ի՞նչ բանի պատրաստեց։ բ) Յիսուս վստահ եղած է որ ներկայիս իր հետեւորդները ինչպիսի՞ մարզում ստանան։

6 Յիսուս ինչպիսի՞ մարզում տուաւ իր առաքեալներուն։ Ըստ Մատթէոս 10–րդ գլուխին, ան ծառայութեան վերաբերող յատուկ ցուցմունքներ տուաւ, ինչպէս՝ ո՛ւր քարոզել (5–րդ եւ 6–րդ համարներ), ի՛նչ քարոզել (7–րդ համար), Եհովային վստահիլ (9–րդ եւ 10–րդ համարներ), տանտէրերուն ինչպէ՛ս մօտենալ (11-13–րդ համարներ), ի՛նչ ընել երբ մերժուին (14–րդ եւ 15–րդ համարներ) եւ ինչպէ՛ս հակազդել երբ հալածուին (16-23–րդ համարներ) b։ Յիսուսի տուած մարզումը առաքեալները պատրաստեց, որ առաջին դարուն բարի լուրը քարոզելուն մէջ առաջնորդութիւն առնեն։

7 Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր օրերուն մասին։ Յիսուս, Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, իր հետեւորդներուն ամէնէն կարեւոր նշանակումը տուած է. քարոզել «այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ. . . բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» (Մատ. 24։14)։ Թագաւորը մեզ մարզա՞ծ է այս ամէնէն կարեւոր գործը կատարելու։ Անշո՛ւշտ։ Երկինքէն, Յիսուս վստահ եղած է որ իր հետեւորդները մարզում ստանան ժողովքէն դուրս ինչպէ՛ս քարոզելու եւ ժողովքին մէջ իրենց իւրայատուկ պատասխանատուութիւնները ինչպէ՛ս կատարելու։

Մարզուիլ՝ աւետարանիչներ դառնալու

8, 9. ա) Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին գլխաւոր նպատակը ի՞նչ է։ բ) Այս դպրոցը ինչպէ՞ս քեզի օգնած է որ ծառայութեան մէջ աւելի՛ ազդու դառնաս։

8 Եհովային կազմակերպութիւնը շատոնց իր ժողովուրդը մարզած է ծառայութեան համար համաժողովներու եւ ժողովներու միջոցաւ,– ինչպէս՝ Ծառայութեան ժողովը։ Բայց 1940–ական թուականներէն սկսեալ, կեդրոնատեղիին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրները սկսան մարզումի կարգադրութիւններ ընել՝ զանազան դպրոցներու միջոցաւ։

9 Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց։ Ինչպէս որ տեսանք նախորդ գլուխին մէջ, այս դպրոցը սկսաւ տեղի ունենալ 1943–ին։ Արդեօք այս դպրոցին միակ նպատակն էր աշակերտները մարզել, որ ժողովներուն մէջ ազդու դասախօսութիւննե՞ր տան։ Ո՛չ։ Այս դպրոցին գլխաւոր նպատակն էր Աստուծոյ ժողովուրդը մարզել, որ իրենց խօսելու պարգեւը ծառայութեան մէջ գործածեն՝ Եհովա Աստուծոյ փառք բերելու համար (Սաղ. 150։6)։ Դպրոցը պատրաստեց բոլոր եղբայրները եւ քոյրերը,– որոնք դպրոցին մէջ արձանագրուած էին,– որ Թագաւորութեան մասին աւելի՛ ազդու կերպով քարոզեն։ Այժմ այսպիսի մարզում կը տրուի միջշաբաթային ժողովին միջոցաւ։

10, 11. Ներկայիս, որո՞նք կրնան Գաղաադի դպրոցը յաճախել, եւ անոր յայտագրին նպատակը ի՞նչ է։

10 Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոց։ Այս դպրոցը սկսաւ տեղի ունենալ երկուշաբթի, 1 փետրուար 1943–ին։ Սկիզբը, անիկա ծրագրուած էր մարզելու ռահվիրաները եւ ուրիշ լիաժամ ծառաներ, որ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ միսիոնարական ծառայութեան ձեռնարկեն։ Բայց հոկտեմբեր 2011–էն ի վեր, այս դպրոցը յաճախելու հրաւէր կը ստանան միայն անոնք՝ որոնք արդէն յատուկ լիաժամ ծառայութեան մէջ են,– մասնաւոր ռահվիրաներ, շրջագայող տեսուչներ եւ անոնց կիները, բեթէլականներ եւ միսիոնարներ, որոնք տակաւին դպրոցը չեն յաճախած։

11 Գաղաադի դպրոցի յայտագրին նպատակը ի՞նչ է։ Տարիներէ ի վեր Գաղաադի ուսուցիչ ծառայող եղբայրներէն մէկը կը պատասխանէ. «Աշակերտներուն հաւատքը զօրացնել՝ Աստուծոյ Խօսքին խոր ուսումնասիրութեամբ, եւ անոնց օգնել որ հարկ եղած հոգեւոր յատկութիւնները մշակեն, որպէսզի յաջողութեամբ գլուխ ելլեն իրենց նշանակումներուն առնչուող մարտահրաւէրներուն հետ։ Նաեւ, յայտագրին մէկ այլ հիմնական նպատակն է՝ աշակերտներուն մէջ խոր փափաք քանդակել, որ քարոզչութեան լիովին մասնակցին» (Եփ. 4։11

12, 13. Գաղաադի դպրոցը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է համաշխարհային քարոզչութեան վրայ։ Օրինակ մը տո՛ւր։

12 Գաղաադի դպրոցը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է համաշխարհային քարոզչութեան վրայ։ 1943–էն ի վեր, այս դպրոցը մարզած է աւելի քան 8500 անհատներ, որոնք աշխարհի տարածքին ծառայած են աւելի քան 170 երկիրներու մէջ c։ Միսիոնարները իրենց մարզումէն լաւագոյնս կ’օգտուին՝ նախանձախնդրութեան մէջ օրինակ հանդիսանալով եւ եղբայրները մարզելով որ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլան։ Շատ մը պարագաներու, միսիոնարները ծառայած են այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր թիւով քիչ հրատարակիչներ գոյութիւն ունէին կամ բնաւ չունէին։

13 Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Ճափոնի մէջ, ուր կազմակերպուած քարոզչութիւնը դադրեցաւ Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին։ Օգոստոս 1949–ին, տեղացի հրատարակիչներուն թիւը տասէն պակաս էր։ Բայց այդ տարուան վերջաւորութեան, Գաղաադի մէջ մարզուած 13 միսիոնարներ սկսան քարոզել այդ երկրին մէջ։ Յետոյ, ուրիշ շատ միսիոնարներ ալ եկան։ Սկիզբը, միսիոնարները իրենց ջանքերը կեդրոնացուցին մեծ քաղաքներու վրայ. յետագային անոնք անցան ուրիշ քաղաքներ։ Անոնք իրենց աշակերտները եւ ուրիշները քաջալերեցին որ ռահվիրայութեան ձեռնարկեն։ Միսիոնարներուն նախանձախնդրութեան շնորհիւ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգուեցան։ Այժմ, Ճափոնի մէջ աւելի քան 216,000 քարոզիչներ կան, եւ շուրջ 40 տոկոսը ռահվիրայ է d։

14. Աստուածպետական դպրոցները ի՞նչ բանի ապացոյց են (տես նաեւ « Թագաւորութեան ծառաները մարզող դպրոցներ» շրջանակը, էջ 212)։

14 Աստուածպետական այլ դպրոցներ։ Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցը, Քրիստոնեայ զոյգերու աստուածաշնչական դպրոցը եւ Ամուրի եղբայրներու աստուածաշնչական դպրոցը օգնած են զանոնք յաճախողներուն, որ իրենց հոգեւորութիւնը զարգացնեն եւ քարոզչութեան մէջ նախանձախնդրօրէն առաջնորդութիւն առնեն e։ Այս բոլոր աստուածպետական դպրոցները ապացոյց են որ մեր Թագաւորը լիովին պատրաստած է իր հետեւորդները, որ իրենց ծառայութիւնը լիովին կատարեն (Բ. Տիմ. 4։5

Եղբայրները մարզել, որ մասնայատուկ պատասխանատուութիւններ ստանձնեն

15. Պատասխանատուութիւններ ունեցող տղամարդիկը ո՞ր կերպով կ’ուզեն Յիսուսը ընդօրինակել։

15 Վերադառնանք Եսայիի մարգարէութեան, որ կը խօսի Յիսուսի մարզումին մասին։ Այդ երկնային «դպրոց»ին մէջ, Որդին սորվեցաւ «խօսքով օգնել յոգնածին» (Եսա. 50։4)։ Յիսուս այդ ցուցմունքը կիրարկեց. երբ երկրի վրայ էր, ան թարմացուց բոլոր «յոգնած ու բեռնաւորուածներ»ը (Մատ. 11։28-30)։ Յիսուսը ընդօրինակելով, պատասխանատուութիւններ ունեցող տղամարդիկը կ’ուզեն իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն թարմացումի աղբիւր ըլլալ։ Ասիկա իրագործելու համար, զանազան դպրոցներ հաստատուած են, որոնք որակեալ եղբայրներուն կ’օգնեն, որ իրենց հաւատակիցներուն աւելի ազդուօրէն ծառայեն։

16, 17. Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցին նպատակը ի՞նչ է (տես նաեւ ստորանիշը)։

16 Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոց։ Այս դպրոցին առաջին դասարանը իր դասընթացքը սկսաւ 9 մարտ 1959–ին, Սաութ Լէնսինկի մէջ, Նիւ Եորք։ Շրջագայող տեսուչները եւ ժողովքի ծառաները հրաւէր ստացան յաճախելու այս դպրոցը, որ պիտի տեւէր մէկ ամիս։ Յետագային, դասընթացքը անգլերէնէն թարգմանուեցաւ ուրիշ լեզուներու, եւ դպրոցը կամաց–կամաց սկսաւ տեղի ունենալ ամբողջ աշխարհի մէջ f։

Եղբայր Լոյտ Պէրին կ’ուսուցանէ Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցին մէջ, Ճափոն, 1970

17 Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցին նպատակին նկատմամբ 1962–ի Եհովայի վկաներու տարեգիրք–ը նշեց. «Այս զբաղած աշխարհին մէջ, Եհովայի վկաներու ժողովքին վերակացուն պէտք է ըլլայ մէկը, որ կրնայ իր կեանքը կազմակերպել, որպէսզի հարկ եղած ուշադրութիւնը ընծայէ ժողովքի բոլոր անդամներուն եւ անոնց համար օրհնութիւն մը ըլլայ։ Միեւնոյն ժամանակ ան պէտք չէ իր ընտանիքին կարիքները անտեսէ, այլ պէտք է խորատես եւ զգաստ ըլլայ։ Ի՜նչ հոյակապ պատեհութիւն տրուած է ժողովքներուն մէջ ծառայող բոլոր եղբայրներուն, որ Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցը յաճախեն, որպէսզի ստանան մարզում մը, որ իրենց պիտի օգնէ ընելու ճիշդ այն՝ ինչ որ Աստուածաշունչը վերակացուներէն կը պահանջէ» (Ա. Տիմ. 3։1-7. Տիտ. 1։5-9

18. Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կ’օգտուի Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցէն։

18 Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդը օգտուած է Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցէն։ Ինչպէ՞ս։ Երբ երէցները եւ օգնական ծառաները կիրարկեն այն ինչ որ սորվեցան այդ դպրոցին մէջ, Յիսուսին նման հաւատակիցներուն թարմացումի աղբիւր կը դառնան։ Արդեօք գնահատանքի արժանի չե՞ն այն երէցներն ու օգնական ծառաները, որոնք ազնիւ խօսք մը կ’ըսեն, մտիկ ընող ականջ մը կ’ըլլան կամ քաջալերական այցելութիւն մը կ’ընեն (Ա. Թես. 5։11)։ Այսպիսի որակեալ տղամարդիկ իսկապէս օրհնութիւն են իրենց ժողովքի անդամներուն համար։

19. Ուսուցումի յանձնախումբը ուրիշ ո՞ր դպրոցներուն վրայ կը վերահսկէ, եւ այդ դպրոցներուն նպատակը ի՞նչ է։

19 Ուրիշ աստուածպետական դպրոցներ։ Կառավարիչ մարմինի Ուսուցումի յանձնախումբը կը վերահսկէ այլ դպրոցներու վրայ, որոնք կազմակերպութեան մէջ պատասխանատուութիւն ունեցող եղբայրներուն մարզում կու տան։ Այդ դպրոցները պատրաստուած են օգնելու պատասխանատու եղբայրներուն,– ժողովքի երէցներուն, շրջագայող տեսուչներուն եւ Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներուն,– որ իրենց պատասխանատուութիւնները աւելի ազդուօրէն կատարեն։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասընթացքները եղբայրները կը քաջալերեն որ իրենց անձնական հոգեւորութիւնը պահպանեն եւ աստուածաշնչական սկզբունքներ կիրարկեն երբ հոգ կը տանին թանկարժէք ոչխարներուն, զորս Եհովան իրենց վստահած է (Ա. Պետ. 5։1-3

Մալաուիի մէջ Ծառաներու մարզումի դպրոցին առաջին դասարանը, 2007

20. Յիսուս ինչո՞ւ կրցաւ ըսել որ բոլորս ‘Աստուծմէ կը սորվինք’, եւ ի՞նչ վճռած ես ընել։

20 Յստակ է որ մեսիական Թագաւորը վստահ եղած է որ իր հետեւորդները լաւ կերպով մարզուին։ Այս ամբողջ մարզումին աղբիւրը Եհովան է. ան իր Որդին մարզեց եւ Որդին ալ իր կարգին իր հետեւորդները մարզեց։ Անոր համար, Յիսուս կրցաւ ըսել որ բոլորս ‘Աստուծմէ կը սորվինք’ (Յովհ. 6։45. Եսա. 54։13)։ Թող որ վճռենք լաւագոյնս օգտուիլ այն մարզումէն որ մեր Թագաւորը մեզի մատչելի դարձուցած է։ Եւ յիշենք որ այս ամբողջ մարզումին նպատակն է՝ մեզի օգնել որ մեր հոգեւորութիւնը զօրաւոր պահենք, որպէսզի մեր ծառայութիւնը լիովին կատարենք։

a Ինչպէ՞ս գիտենք որ Հայրը Որդիին սորվեցուց ինչպէ՛ս ուսուցանել։ Նկատի առ հետեւեալը. Յիսուս ուսուցանելու ընթացքին բազմաթիւ առակներ գործածեց։ Այսպիսով ան կատարեց մարգարէութիւն մը, որ իր ծնունդէն դարեր առաջ արձանագրուած էր (Սաղ. 78։2. Մատ. 13։34, 35)։ Յստակ է որ այդ մարգարէութեան Աղբիւրը՝ Եհովան կանխաւ որոշած էր որ իր Որդին լուսաբանութիւններով կամ առակներով պիտի ուսուցանէր (Բ. Տիմ. 3։16, 17

b Ամիսներ ետք, Յիսուս «ուրիշ եօթանասուն ալ որոշեց, եւ իր առջեւէն երկու–երկու ղրկեց» քարոզելու։ Ան անոնց ալ մարզում տուաւ (Ղուկ. 10։1, ԱԾ, 2-16

c Ոմանք մէկէ աւելի անգամ յաճախած են Գաղաադի դպրոցը։

d Համաշխարհային քարոզչութեան վրայ Գաղաադի դպրոցի միսիոնարներուն ունեցած ազդեցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու համար, տե՛ս Եհովայի վկաներ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ գիրքը, գլուխ 23 (անգլերէն)։

e Վերջին երկու դպրոցները փոխարինուած են Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցով։

f Ներկայիս, բոլոր երէցները կ’օգտուին Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցին դասընթացքներէն, որոնք տարբեր տեւողութիւն ունին եւ քանի մը տարին անգամ մը տեղի կ’ունենան։ 1984–էն ի վեր, օգնական ծառաներն ալ այս դպրոցը կը յաճախեն մարզում ստանալու։