Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 13

Կրօնքի մասին ի՞նչ ուրախ լուրեր կան

Կրօնքի մասին ի՞նչ ուրախ լուրեր կան

1. Բոլո՞ր կրօնքները լաւ են։

Բոլոր կրօնքներուն մէջ անկեղծ մարդիկ կան։ Ուրախ լուր է, թէ Աստուած այս անհատները կը տեսնէ եւ անոնցմով հետաքրքրուած է։ Սակայն ցաւօք սրտի, կրօնքը գործածուած է գէշ նպատակներու համար (Բ. Կորնթացիս 4։3, 4. 11։13-15)։ Ըստ լրատուամիջոցներու, կարգ մը կրօնքներ նոյնիսկ ահաբեկչութեան, ջարդի, պատերազմի եւ երեխաներու լլկումի միջամուխ եղած են։ Ասիկա որքա՜ն կը տխրեցնէ Աստուծոյ անկեղծ երկրպագուները։ —‏ Կարդա՛ Մատթէոս 24։3-5, 11, 12։

Մինչ ճշմարիտ կրօնքը Աստուած կը փառաւորէ, սուտ կրօնքը զինք կը տհաճեցնէ, քանի որ անաստուածաշնչական ուսուցումներ կը սորվեցնէ, ներառեալ՝ Աստուծոյ եւ մեռելներուն մասին սխալ գաղափարներ։ Սակայն, Եհովան կ’ուզէ որ մարդիկ իր մասին ճշմարտութիւնը գիտնան։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 146։4. Ա. Տիմոթէոս 2։3-5։

2. Կրօնքի մասին ի՞նչ ուրախ լուրեր կան։

Աստուած չի խաբուիր այն կրօնքներուն կողմէ, որոնք կը դաւանին զինք սիրել, բայց իրականութեան մէջ Սատանայի աշխարհով հրապուրուած են (Յակոբոս 4։4)։ Աստուծոյ Խօսքը ամբողջ սուտ կրօնքին կ’ակնարկէ որպէս «Մեծ Բաբելոն»։ Բաբելոնը այն վաղեմի քաղաքն է, ուր Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն ետք սուտ կրօնքը սկսաւ։ Շուտով, Աստուած յանկարծական կործանում պիտի բերէ մարդկութիւնը խաբող եւ հարստահարող կրօնքին վրայ։ —‏ Կարդա՛ Յայտնութիւն 17։1, 2, 5, 16, 17. 18։8։

Իսկ յաւելեալ ուրախ լուրը այն է, թէ Եհովան չէ մոռցած այն անկեղծ անհատները, որոնք աշխարհի չորս կողմը սուտ կրօնքներու մէջ ցրուած են։ Ան այսպիսիները կը հաւաքէ, ճշմարտութիւնը սորվեցնելով անոնց։ —‏ Կարդա՛ Միքիա 4։2, 5։

3. Անկեղծ մարդիկ ի՞նչ պէտք է ընեն։

Ճշմարիտ կրօնքը կը միացնէ մարդիկը

Եհովան հետաքրքրուած է այն մարդոցմով, որոնք կը սիրեն ինչ որ ճշմարիտ եւ բարի է։ Ան զիրենք կը յորդորէ որ սուտ կրօնքը լքեն։ Աստուածասէր անհատները կ’ուզեն փոփոխութիւններ ընել Աստուած հաճեցնելու համար։ —‏ Կարդա՛ Յայտնութիւն 18։4։

Առաջին դարուն, երբ անկեղծ անհատներ առաքեալներուն կողմէ բարի լուրը լսեցին, ուրախութեամբ ընդառաջեցին։ Անոնք Եհովայէն սորվեցան նոր կենցաղակերպ մը,– նպատակ ունեցող եւ յոյս տուող աւելի ուրախ ապրելակերպ մը։ Անոնք մեզի լաւ օրինակ կը հանդիսանան, քանի որ բարի լուրին ընդառաջեցին՝ Եհովան առաջին տեղը դնելով իրենց կեանքին մէջ։ —‏ Կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։8, 9. 2։13։

Եհովան երկրպագուներէ բաղկացած իր ընտանիքին մէջ սիրով կ’ընդունի սուտ կրօնքը լքողները։ Եթէ Եհովայի ջերմ հրաւէրին ընդառաջես, իր բարեկամութիւնը պիտի վայելես, իր երկրպագուներէն բաղկացած նոր եւ սիրալիր ընտանիք մը պիտի շահիս ու յաւիտենական կեանք պիտի ստանաս։ —‏ Կարդա՛ Մարկոս 10։29, 30. Բ. Կորնթացիս 6։17, 18։

4. Աստուած ամբողջ երկրագունդի մարդոց ինչպէ՞ս ուրախութիւն պիտի բերէ։

Սուտ կրօնքին վրայ գալիք դատաստանը ուրախ լուր է։ Ատիկա ամէնուրեք կեղեքումին վերջ պիտի դնէ։ Սուտ կրօնքը այլեւս մարդկութիւնը պիտի չմոլորեցնէ եւ չբաժնէ։ Բոլոր ողջ անհատները միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ պիտի միանան։ —‏ Կարդա՛ Յայտնութիւն 18։20, 21. 21։3, 4։