Եզրափակիչ խօսք
Կը յիշե՞ս այն ուրախալի պահերը, որոնք վայելեցիր Եհովայի ժողովուրդին հետ,– քաջալերական ժողով մը, ոգեւորիչ համաժողով մը, ծառայութեան մէջ հիանալի փորձառութիւն մը կամ պարզապէս հաճելի զրոյց մը հաւատակիցի մը հետ։ Ուրեմն դուն Եհովան չես մոռցած, ոչ ալ ինք քեզ մոռցած է։ Ան քեզ եւ ծառայութիւնդ խանդաղատանքով կը յիշէ։ Եւ շատ կը փափաքի քեզի օգնել որ իրեն վերադառնաս։
«Իմ ոչխարներս պիտի փնտռեմ ու անոնց հոգ տանիմ», կ’ըսէ Եհովան։ «Ինչպէս հովիւը, երբ իր ցրուած ոչխարներուն ետեւէն կ’ըլլայ ու իր հօտը կը փնտռէ, այնպէս ալ ես իմ ոչխարներս պիտի փնտռեմ ու պիտի ազատեմ զանոնք այն տեղերէն, ուր. . . ցրուեցան» (Եզեկիէլ 34։11, ՆԱ, 12)։