Իմ վշտովս ի՞նչպէս կրնամ ապրիլ
«ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՍ զսպելու համար ինքզինքս շատ ճնշուած զգացի», կը բացատրէ Մայք, իր հօրը մահը մտաբերելով։ Մայքին համար, իր զգացումները զսպելը առնականութիւն էր։ Բայց վերջը անդրադարձաւ որ կը սխալէր։ Ուստի, երբ Մայքին բարեկամը իր մեծ–հայրը կորսնցուց, ան գիտցաւ թէ ի՛նչ պիտի ընէ։ Ան կ’ըսէ. «Քանի մը տարիներ առաջ, թերեւս ես ուսը ծեծէի ու ըսէի՝ ‘Տղամա՛րդ եղիր’։ Բայց հիմա իր թեւը բռնեցի ու ըսի. ‘Զգացումներդ մի՛ պահեր. անիկա քեզի կ’օգնէ։ Եթէ կ’ուզես որ երթամ՝ կ’երթամ։ Եթէ կ’ուզես որ մնամ՝ կը մնամ։ Բայց զգացումներդ յայտնելու մի՛ վարանիր’»։
Մարի–Անն ալ իր ամուսնոյն մահուան ինքզինքին պարտադրեց որ իր զգացումները զսպէ։ Ան կը յիշէ. «Ա՛յնքան հոգ կ’ընէի որ լաւ օրինակ ըլլամ ուրիշներուն, որ ես ինծի թոյլ չտուի որ բնական զգացումներս արտայայտեմ։ Բայց վերջապէս սորվեցայ որ ուրիշներուն զօրութեան սիւն ըլլալու իմ ջանքերս ինծի չէին օգներ։ Իմ կացութիւնս վերլուծեցի եւ ես ինծի ըսի. ‘Եթէ կ’ուզես լալ՝ լա՛ց։ Մի՛ փորձեր շատ զօրաւոր ըլլալ։ Մէջդ մի՛ պահեր’»։
Ուստի, թէ՛ Մայք եւ թէ Մարի–Անն հետեւեալը կը յանձնարարեն. Ձեր վիշտը ապրեցէ՛ք։ Իրաւունք ալ ունին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ սգալը զգացականօրէն թեթեւնալու համար անհրաժեշտութիւն մըն է։ Ձեր զգացումները դրսեւորելը կրնայ ձեր վրայ եղած ճնշումը թեթեւցնել։ Յուզումներու բնական արտայայտութիւնը՝ հասկացողութեան եւ ճշգրիտ տեղեկութեան հետ՝ թոյլ կու տայ որ ձեր զգացումները կապէք իրական հեռանկարներու հետ։
Անշուշտ, ամէն մարդ իր վիշտը նոյն կերպով չ’արտայայտեր։ Իսկ կարգ մը ազդակներ, ինչպէս՝ սիրելիի մը անակնկալ մահը, կամ երկար հիւանդութենէ մը ետք մեռնիլը, կրնան ազդեցութիւն ունենալ ողջ եղողներուն յուզումներու հակազդեցութեան վրայ։ Բայց կա՛յ բան մը որ որոշ է. Ձեր զգացումները զսպելը կրնայ վնասակար ըլլալ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ զգացական գետնի վրայ։ Շատ աւելի առողջարար է ձեր զգացումները դրսեւորել։ Ի՞նչպէս։ Սուրբ Գիրքը կարգ մը գործնական խրատներ կու տայ։
Ի՞նչպէս Վիշտը Դրսեւորել
Խօսիլը օգտակար է թեթեւնալու համար։ Իր տասը զաւակներուն մահուընէ եւ ուրիշ կարգ մը ողբերգութիւններէն ետք, երբեմնի նահապետ՝ Յոբ ըսաւ. «Հոգիս կեանքէս ձանձրացաւ։ Համարձակ [Եբրայերէն՝ «ազատօրէն»] պիտի Յոբայ 1։2, 18, 19. 10։1) Յոբ այլեւս չէր կրնար իր վիշտը զսպել։ Զայն դուրս տալու՝ ‘խօսելու’ պահանջք զգաց։ Նոյն կերպով Անգլիացի թատերագիր Շէյքսփիր Մագպէթ–ին մէջ գրեց. «Ցաւդ արտայայտէ՛. չարտայայտուած վիշտը՝ լռելեայն կը համակէ սիրտը եւ զայն կը ճաքեցնէ»։
գանգատիմ, հոգիիս դառնութիւնովը պիտի խօսիմ»։ (Ուստի, համբերութեամբ ու կարեկցութեամբ մտիկ ընող «բարեկամ»ի մը ձեր զգացումներուն մասին խօսիլը կրնայ որոշ թեթեւութիւն մը պատճառել։ (Առակաց 17։17) Ձեր գլուխէն անցած բաներուն եւ զգացումներուն մասին խօսիլը յաճախ կ’օգնէ որ աւելի դիւրութեամբ հասկնաք զանոնք ու անոնց հետ գլուխ ելլէք։ Իսկ եթէ ձեզի մտիկ ընող անհատը ինքն ալ հարազատ մը կորսնցուցած է եւ իր կորուստէն կրցած է լաւ կերպով դուրս գալ, իրմէ կրնաք կարգ մը թելադրութիւններ քաղել։ Իր զաւակը կորսնցուցած մայր մը կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ նոյն կորուստը ունեցած ուրիշ կնկայ մը հետ խօսիլը օգնեց իրեն. «Ինծի իրապէս ոյժ տուաւ գիտնալ թէ ուրիշ մը, որու գլուխէն նոյն բանը անցած է, կրցած է անկէ լաւ դուրս գալ, եւ թէ ան տակաւին կ’ապրի եւ որոշ չափով իր կեանքը կարգ կանոնի մտած է»։
Իսկ եթէ ձեր զգացումներուն մասին հանգիստ կերպով չէք կրնար խօսիլ, ի՞նչ կրնաք ընել։ Սաւուղի եւ Յովնաթանի մահուընէ ետք, Դաւիթ շատ յուզիչ սգերգ մը յօրինեց, որու մէջ իր վիշտը պարպեց։ Այս ողբը հետագային Աստուածաշունչի Երկրորդ Թագաւորաց գրքին արձանագրութեան մաս կազմեց։ (Բ. Թագաւորաց 1։17-27. Բ. Մնացորդաց 35։25) Նոյն կերպով, ոմանք գրելով իրենք զիրենք աւելի դիւրաւ կ’արտայայտեն։ Այրի կին մը կը տեղեկագրէ թէ իր զգացումները գրի կ’առնէր եւ քանի մը օր ետք իր գրածը կը կարդար։ Ասիկա իրեն օգնեց որ թեթեւութիւն ստանայ։
Ձեր զգացումները հաղորդելը՝ խօսելով կամ գրելով, կրնայ ամոքել ձեր վիշտը։ Անիկա նաեւ կ’օգնէ որ թիւրիմացութիւնները հարթուին։ Զաւակ կորսնցուցած մայր մը կը բացատրէ. «Ամուսինս եւ ես լսած էինք ուրիշ ամուսնացած զոյգերու մասին, որոնք զաւակ մը կորսնցնելէն ետք ամուսնալուծուած են, եւ մենք չուզեցինք որ ասիկա մեզի պատահի։ Ուստի, ամէն անգամ որ կը բարկանայինք եւ կ’ուզէինք զիրար մեղադրել, այդ մասին կը խօսէինք ու կը հասկցուէինք։ Ես կը խորհիմ որ իրականութեան մէջ այդպէս ընելով, իրարու աւելի մօտեցանք»։ Ուստի, ձեր զգացումները գիտցնելը կրնայ օգնել որ դիմացինը հասկնայ որ թէեւ նոյն կորուստը ունեցած էք, բայց ուրիշներ տարբեր կերպով կը ցաւին՝ իրենց չափով եւ իրենց կերպով։
Վիշտը մեղմացնելու նպաստող ուրիշ ազդակ մըն է լալը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «լալու ժամանակ» կայ։ (Ժողովողի 3։1, 4) Վստահաբար սիրելիի մը մահը այսպիսի ժամանակ մըն է։ Վշտի արցունքներ թափելը երեւութապէս ինքզինք գտնելու գործընթացին անհրաժեշտ մէկ մասն է։
Երիտասարդ կին մը կը բացատրէ թէ երբ իր մայրը մեռաւ, մտերիմ բարեկամուհի մը ի՛նչպէս Հռովմայեցիս 12։15) Ձեր թափած արցունքներուն համար պէտք չէ ամչնաք։ Ինչպէս տեսանք, Աստուածաշունչը լեցուն է հաւատքի տէր այրերու ու կիներու օրինակներով՝ մէջը ըլլալով Յիսուսի օրինակը, որոնք վշտի արցունքներու անձնատուր եղան, առանց քաշուելու։—Ծննդոց 50։3. Բ. Թագաւորաց 1։11, 12. Յովհաննու 11։33, 35
օգնեց իրեն։ Ան կը յիշէ. «Բարեկամուհիս միշտ քովս էր։ Ան ինծի հետ կու լար. հետս կը խօսէր։ Ես ազատօրէն իմ զգացումներս կը դրսեւորէի եւ ասիկա կարեւոր էր ինծի համար։ Չէի քաշուեր լալու»։ (Տես՝Թերեւս որոշ ժամանակ մը ձեր յուզումներուն տէրը չըլլաք։ Արցունքները կրնան հոսիլ անզգալաբար։ Որբեւայրի մը կը նկատէր որ գնումի համար Սուբըրմարգէթ երթալը (ուր յաճախ իր ամուսնոյն հետ կ’երթար) պատճառ կ’ըլլար որ իր արցունքները հոսէին, մանաւանդ երբ, առ ի սովորութիւն, կը հասնէր այն ուտելիքներուն դիմաց, որոնք իր ամուսնոյն նախասիրած բաներն էին։ Դուք ձեզի հետ համբերող եղէք։ Իսկ մի՛ խորհիք որ ձեր արցունքները պէտք է զսպէք։ Յիշեցէք որ անոնք վշտին բնական եւ անհրաժեշտ մէկ մասն են։
Յանցապարտութեան Զգացումը Յաղթահարել
Ինչպէս նախապէս նշեցինք, ոմանք սիրելիի մը կորուստէն ետք, յանցապարտութեան զգացումներ կ’ունենան։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ հասկնալու հաւատարիմ Յակոբին սուր վիշտը, երբ իրեն հաւատացուցին որ իր որդին՝ Յովսէփը «չար գազան»ի մը կողմէ սպաննուած էր։ Յակոբ ի՛նք ղրկած էր Յովսէփը, որպէսզի իր եղբայրներուն որպիսութիւնը հարցնէր։ Ուստի, հաւանաբար Յակոբ յանցապարտութեան այսպիսի զգացումներով կը տանջուէր. ‘Ինչո՞ւ առանձին ղրկեցի Յովսէփը։ Ինչո՞ւ ղրկեցի շրջան մը, ուր գազաններ կը վխտան’։—Ծննդոց 37։33-35
Դուք ալ թերեւս կը խորհիք որ ձեր կողմէ անտարբերութիւն մը նպաստեց ձեր սիրելիին մահուան։ Իրական ըլլայ թէ՝ երեւակայական, այդ յանցապարտութեան գիտակցութիւնը, որ ինքնին բնական հակազդեցութիւն մըն է, կրնայ օգտակար ալ ըլլալ։ Հոս դարձեալ, այսպիսի զգացումներ դուք ձեզի մի՛ պահէք։ Ձեր որքան յանցաւոր զգալուն մասին խօսիլը հարկ եղած հանգստութիւնը կու տայ։
Սակայն պէտք է ընդունինք, որ ո՛րքան ալ Ժողովողի 9։11) Ասկէ զատ, դուք սխալ շարժառիթով չըրիք բան մը։ Օրինակ, բժիշկէն ժամադրութիւնը շուտ չառնելով, ձեր սիրելիին հիւանդանալ եւ մեռնի՞լը ուզեցիք։ Բնական է որ ոչ։ Ուստի, անոր մահուան պատճառը իրապէս դո՞ւք էք։ Ո՛չ։
սիրենք ուրիշ անհատ մը, չենք կրնար անոր կեանքին վրայ հսկել, ոչ ալ կրնանք մեր սիրելիներուն պատահած ‘ժամանակին ու դիպուածին’ արգելք հանդիսանալ։ (Մայր մը, որու աղջիկը ինքնաշարժի արկածի մը զոհ գացած էր, սորվեցաւ յանցապարտութեան զգացումը յաղթահարել։ Ան կը բացատրէ. «Ես ինծի յանցաւոր կը զգայի որ զինք ղրկած էի։ Բայց անդրադարձայ որ այդպէս խորհիլը յիմարութիւն էր։ Հօրը հետ յանձնարարութեան մը համար ղրկելուն մէջ սխալ մը չկար։ Պարզապէս ահաւոր արկածի մը հանդիպած էր»։
Բայց թերեւս ըսէք. ‘Շատ բաներ կան, որոնց մասին կը փափաքէի իրեն հետ խօսած կամ ըրած ըլլալ’։ Ճիշդ է, բայց մեզմէ ո՞վ կրնայ ըսել թէ ինք կատարեալ հայր, մայր կամ զաւակ մըն է։ Աստուածաշունչը կը յիշեցնէ մեզի. «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք. եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել»։ (Յակոբու 3։2. Հռովմայեցիս 5։12) Ուստի, ընդունեցէք որ կատարեալ չէք։ Եթէ ձեր ժամանակը անցընէք ամէն տեսակ «եթէներով», անիկա եղելութենէն բան մը պիտի չփոխէ, հապա միայն ձեր ապաքինումը պիտի դանդաղեցնէ։
Եթէ կը խորհինք որ ձեր յանցապարտութեան զգացումը երեւակայական չէ, այլ՝ իրական է, այդ պարագային յանցապարտութիւնը ամոքելու ամենէն կարեւոր ազդակը նկատի առէք՝ Աստուծոյ թողութիւնը։ Աստուածաշունչը հետեւեալ երաշխիքը կու տայ մեզի. «Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ։ Բայց քու քովդ է թողութիւնը»։ (Սաղմոս 130։3, 4) Չէք կրնար ետեւ երթալ եւ բան մը փոխել։ Բայց անցեալի սխալներուն համար Աստուծմէ թողութիւն կրնաք խնդրել։ Իսկ անկէ ե՞տք։ Եթէ Աստուած կը խոստանայ ձեր անցեալի սխալները սրբել, դուք ալ դուք ձեզի պէտք չէ՞ ներէք։—Առակաց 28։13. Ա. Յովհաննու 1։9
Բարկութիւնը Յաղթահարել
Որոշ բարկութիւն մը կը զգա՞ք թերեւս բժիշկներու, հիւանդապահներու, բարեկամներու, կամ նոյնիսկ հանգուցեալին դէմ։ Պէտք է ընդունիք որ ասիկա կորուստի բնական հակազդեցութիւն մըն է։ Թերեւս, ձեր բարկութիւնը ձեր զգացած ցաւին մաս կը կազմէ։ Գրող մը ըսաւ. «Ձեր բարկութեան գիտակցութիւնն իսկ՝ ոչ թէ անոր համաձայն վարուիլը, այլ գիտնալը որ այդպէս կը զգաք՝ կրնայ ձեզ ձերբազատել անոր կործանարար ազդեցութենէն»։
Անիկա ձեր բարկութիւնը արտայայտելու եւ բաժնելու ալ կը նպաստէ։ Ի՞նչպէս։ Անշուշտ անզուսպ պոռթկումով չէ։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ որ երկարատեւ բարկութիւնը վտանգաւոր է։ (Առակաց 14։29, 30) Բայց հասկացող բարեկամի մը հետ այդ մասին խօսիլը կրնայ հանգստացնել ձեզ։ Իսկ ոմանք կը զգան որ բարկութեան ժամանակ առոյգ մարզանք մը օգտակար կրնայ ըլլալ։—Տես նաեւ՝ Եփեսացիս 4։25, 26
Մինչ ձեր զգացումները բացայայտելն ու անոնց հանդէպ պարկեշտ ըլլալը կարեւոր է, բայց կէտ մը կայ որմէ պէտք է զգուշանաք։ Մեծ տարբերութիւն մը կայ ձեր զգացումները արտայայտելուն՝ եւ զանոնք ուրիշներուն վրայ թափելուն միջեւ։ Ձեր բարկութեան կամ ընդվզումին համար ուրիշները մեղադրելու կարիքը չկայ։ Ուստի, ձեր զգացումներուն մասին խօսեցէք, բայց ո՛չ թշնամական կերպով։ (Առակաց 18։21) Վշտին հետ գլուխ ելլելու շա՛տ ուշագրաւ կերպ մը կայ, եւ հիմա անոր մասին պիտի խօսինք։
Աստուծմէ Օգնութիւն
Աստուածաշունչը հետեւեալ երաշխիքը կու տայ մեզի. «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը Սաղմոս 34։18) Այո, որեւէ բանէ աւելի, Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը կրնայ օգնել, սիրելիի մը կորուստին հետ գլուխ ելլելու։ Ի՞նչպէս։ Մինչեւ հիմա հրամցուած բոլոր գործնական թելադրութիւնները հիմնուած էին կամ ներդաշնակ են Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին հետ։ Զանոնք կիրարկելը կրնայ օգնել ձեզի։
կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ»։ (Ասկէ զատ, աղօթքին արժէքը մի՛ նսեմացնէք։ Աստուածաշունչը կը յորդորէ. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ»։ (Սաղմոս 55։22) Եթէ կարեկից բարեկամի մը ձեր զգացումները յայտնելը կրնայ օգտակար ըլլալ, հապա որչա՛փ աւելի ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծոյն’ ձեր սիրտը թափելը պիտի օգնէ ձեզի։—Բ. Կորնթացիս 1։3
Պարզապէս աղօթելը չէ որ պատճառ պիտի ըլլայ որ աւելի լաւ զգանք։ «Աղօթքի լսող»ը կը խոստանայ իր սուրբ հոգին տալ իր ծառաներուն, որ անկեղծօրէն կը խնդրեն իրմէ։ (Սաղմոս 65։2. Ղուկաս 11։13) Իսկ Աստուծոյ սուրբ հոգին կամ գործօն ոյժը, կրնայ ձեզի տալ «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը», որպէսզի ձեր կեանքը շարունակէք։ (Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ) Մի՛ մոռնաք որ Աստուած կրնայ իր հաւատարիմ ծառաներուն օգնել որ որեւէ խնդրի տոկան։
Երախայ մը կորսնցուցած կին մը կը յիշէ թէ աղօթքի զօրութիւնը ի՛նչպէս օգնեց իրեն եւ իր ամուսնոյն, այս կորուստին ժամանակ։ «Եթէ իրիկունը տունը ըլլայինք եւ մեր վիշտը անտանելի դառնար, իրարու հետ բարձրաձայն կ’աղօթէինք», կը բացատրէ ան։ «Երբ առաջին անգամ առանց իրեն բան մը պիտի ընէինք՝ առաջին ժողովին կամ համաժողովին որ գացինք, կ’աղօթէինք որ ասիկա ընելու ոյժ ունենայինք։ Երբ առաւօտուն կ’արթննայինք եւ իրողութիւնը ա՛նտանելի կը թուէր, Եհովայի կ’աղօթէինք որ մեզի օգնէր։ Իրապէս ահաւոր կը գտնէի տան մէջ առանձին ըլլալ։ Ուստի, ամէն անգամ որ տուն կու գայի առանձին, Եհովայէ կը խնդրէի որ ինծի օգնէր որ կերպով մը հանդարտիմ»։ Այս հաւատարիմ կինը զօրաւոր եւ իրաւացիօրէն կը հաւատայ որ այդ աղօթքները շա՛տ մեծ տարբերութիւն ըրին։ Դուք ալ կրնաք տեսնել որ աղօթքի մէջ յարատեւելով, «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7. Հռովմայեցիս 12։12
Աստուծոյ տուած օգնութիւնը շա՛տ մեծ տարբերութիւն կ’ընէ։ Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ նշեց որ Աստուած «մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են»։ Ճիշդ է որ աստուածային օգնութիւնը ցաւը չի վերացներ, բայց կ’օգնէ որ զայն աւելի դիւրութեամբ տանինք։ Անիկա չի նշանակեր որ այլեւս պիտի չլաք կամ պիտի մոռնաք ձեր սիրելին։ Բայց կրնաք որոշ չափով ապաքինիլ եւ ձեր ձեռք ձգած փորձառութեամբ, կրնաք նման կորուստ ունեցողներուն օգնելու մէջ աւելի հասկացող եւ կարեկից ըլլալ։—Բ. Կորնթացիս 1։4