Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն
‘Ուսուցիչներ եղէք’ (Եբ. 5։12)։ Երեւակայէ՛. Եհովան՝ տիեզերքի լաւագոյն Ուսուցիչը, մեզ կը հրաւիրէ, որ իր մասին ուրիշներուն սորվեցնենք։ Եհովային մասին սորվեցնելը թանկարժէք առանձնաշնորհում եւ մեծ պատասխանատուութիւն է. ըլլայ տան մէջ, ժողովքին մէջ կամ դաշտի ծառայութեան մէջ։
Պօղոս առաքեալին խօսքերը մեզի կ’օգնեն, որ այս պատասխանատուութիւնը յանձն առնենք։ Ան Տիմոթէոսին գրեց. «Միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու»։ Ապա աւելցուց. «Այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն» (Ա. Տիմ. 4։13, 16)։ Դուն կեանք փրկող պատգամ կը քարոզես։ Անոր համար, շատ կարեւոր է որ աւելի լաւ կարդացող եւ սորվեցնող ըլլաս։ Այս գրքոյկը պատրաստուած է, որ այդ մարզերուն մէջ քեզի օգնէ։ Նկատի առ այս գրքոյկին կարգ մը երեսակները։
Սուրբ Գիրքէն նշուած համար մը, որ կա՛մ դասին գլխաւոր գաղափարը կը շեշտէ, կամ ալ գործնական օրինակ մը ցոյց կու տայ։
Եհովային պէս ուսուցիչ չկայ (Յոբ 36։22)։ Ճիշդ է որ այս գրքոյկը քեզի պիտի օգնէ, որ աւելի լաւ կարդաս եւ սորվեցնես, բայց մի՛ մոռնար, թէ այն ինչ որ կը քարոզենք եւ կը սորվեցնենք Եհովայէն կու գայ եւ թէ ի՛նք մարդիկը իրեն կը քաշէ (Յովհ. 6։44)։ Անոր համար, աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ, Աստուծոյ Խօսքը շատ գործածէ եւ մարդոց ուշադրութիւնը Եհովայի՛ն վրայ հրաւիրէ եւ ոչ թէ՝ քու վրադ։ Ասկէ զատ, ջանք ըրէ որ քեզի մտիկ ընողները Եհովան սիրեն։
Եհովան քեզի հրաւէր տուած է, որ ամէնէն կարեւոր պատգամը սորվեցնես մարդոց։ Մենք վստահ ենք, որ երբ ‘Աստուծոյ զօրութեան’ վստահիս, պիտի յաջողիս (Ա. Պետ. 4։11)։
Գործակիցներդ,
Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին