ԴԱՍ 1
Հետաքրքրական բացում պատրաստել
Գործք 17։22
ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Պատրաստել բացում մը՝ որ հետաքրքրութիւն կ’արթնցնէ, կը յստակացնէ թէ ինչի մասին պիտի խօսիս եւ ցոյց կու տայ, որ քեզի մտիկ ընողը ինչո՛ւ պէտք է այդ նիւթով հետաքրքրուած ըլլայ։
Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։
-
Հետաքրքրութիւն արթնցուր։ Ընտրէ հարցում մը, ժողովրդական խօսք մը, փորձառութիւն մը կամ լուր մը, որ քեզի մտիկ ընողներուն հետաքրքրութիւնը պիտի արթնցնէ։
-
Յստակացուր թէ ինչի մասին պիտի խօսիս։ Վստահ եղիր որ բացումդ յստակ կը դարձնէ նիւթդ եւ անոր նպատակը։
-
Ցոյց տուր որ նիւթը ինչո՛ւ կարեւոր է։ Այն ինչ որ պիտի ըսես, քեզի մտիկ ընողներուն կարիքներուն համաձայն թող ըլլայ։ Անոնք պէտք է յստակ կերպով հասկնան, որ ինչպէ՛ս կրնան օգտուիլ նիւթէն։