Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 13

Նիւթին գործնական ըլլալը յստակացնել

Նիւթին գործնական ըլլալը յստակացնել

Առակաց 3։21

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Քեզի մտիկ ընողներուն օգնել, որ հասկնան թէ նիւթը ինչպէ՛ս կ’ազդէ իրենց կեանքին եւ ցոյց տալ որ իրենց սորվածը ինչպէ՛ս կրնան գործադրել։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Քեզի մտիկ ընողներուն մասին մտածէ։ Մտածէ, թէ անոնք ինչո՛ւ պէտք ունին տեղեկութիւններուդ։ Եւ նկատի առ, թէ նիւթին ո՛ր մասը մասնաւորաբար օգտակար պիտի ըլլայ իրենց։

  • Երբ նիւթը կը ներկայացնես, քեզի մտիկ ընողներուն ցոյց տուր անոր գործնական ըլլալը։ Նիւթին սկիզբէն իսկ անոնք պէտք է որ իրենք իրենց ըսեն. ‘Այս նիւթը ինծի՛ համար է’։ Ամէն մէկ գլխաւոր կէտ զարգացնելէ ետք, ցոյց տուր թէ ինչպէ՛ս կարելի է ատիկա գործադրել։ Մասնայատուկ կէտեր փոխանցէ։