Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 15

Համոզումով խօսիլ

Համոզումով խօսիլ

Գործք 18։4

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Ցոյց տալ, որ համոզուած ես որ ըսածդ ճշմարտութիւնն է եւ կարեւոր է։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Լաւ պատրաստուէ։ Նիւթդ լաւ սերտէ, որ հասկնաս թէ գլխաւոր գաղափարները ի՛նչ են եւ թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս կը փաստէ ատոնց ճշմարիտ ըլլալը։ Փորձէ ներկայացումիդ գլխաւոր կէտերը քանի մը բառով արտայայտել։ Մտածէ թէ ատոնք ինչպէ՛ս պիտի օգնեն քեզի մտիկ ընողներուն։ Աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ։

  • Գործածէ բառեր՝ որոնք ցոյց կու տան թէ համոզումով կը խօսիս։ Փոխանակ տպուած տեղեկութիւնը բառ առ բառ կրկնելու, քու բառերովդ արտայայտուէ։ Այնպէս մը խօսէ, որ յայտնի ըլլայ թէ ըսածովդ համոզուած ես։

  • Ինքնավստահօրէն եւ անկեղծօրէն արտայայտուէ։ Ձայնդ լսելի թող ըլլայ։ Եւ աչքի հաղորդակցութիւն պահէ։