Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 2

Բնական եւ անկեղծ ոճով խօսիլ

Բնական եւ անկեղծ ոճով խօսիլ

Բ. Կորնթացիս 2։17

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Խօսիլ սրտանց եւ բնական ու անկեղծ ոճով։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Աղօթէ եւ լաւ պատրաստուէ։ Աղօթէ որ կեդրոնանաս տուած պատգամիդ վրայ եւ չմտածես թէ ինչ տպաւորութիւն պիտի ձգես դիմացինին վրայ։ Նիւթին գլխաւոր կէտերը մտքիդ մէջ յստակ թող ըլլան։ Ըսելիքներդ քու բառերովդ ըսէ եւ ոչ թէ գրուածը բառ առ բառ ըսէ։

  • Սրտանց խօսէ։ Մտածէ թէ քեզի մտիկ ընողները ինչո՛ւ պէտք ունին նիւթդ լսելու։ Անո՛նց վրայ կեդրոնացիր։ Այսպէս ընելով՝ կայնած ձեւդ, շարժուձեւերդ եւ դէմքի արտայայտութիւններդ ցոյց պիտի տան որ անկեղծ եւ ընկերային ես։

  • Քեզի մտիկ ընողներուն նայէ։ Աչքի հաղորդակցութիւն պահէ։ Դասախօսութիւն տուած ատեն աչքերդ շարունակ բոլոր ներկաներուն վրայ թող չպտըտի, հապա քանի մը անհատ ընտրէ եւ անոնց նայէ։