ԴԱՍ 3
Հարցումներ գործածել
Մատթէոս 16։13-16
ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Փափկանկատ հարցումներ հարցնել՝ քեզի մտիկ ընողին հետաքրքրութիւնը արթնցնելու եւ զինք հետաքրքրուած պահելու, իրեն հետ տրամաբանելու եւ կարեւոր կէտեր շեշտելու համար։
Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։
-
Անհատին հետաքրքրութիւնը արթնցուր եւ զինք հետաքրքրուած պահէ։ Միտք գրգռող կամ հետաքրքրութիւն արթնցնող հարցումներ հարցուր։
-
Նիւթի մը շուրջ տրամաբանէ։ Շարք մը հարցումներ հարցուր, որոնք քեզի մտիկ ընողներուն կ’օգնեն, որ տրամաբանական եզրակացութեան հասնին։
-
Կարեւոր կէտերը շեշտէ։ Հետաքրքրական հարցում մը հարցուր կարեւոր գաղափար մը ներկայացնելու համար։ Կարեւոր կէտի մը մասին խօսելէ ետք կամ ներկայացումդ եզրափակելու ատեն հարցումներ հարցուր՝ վերաքաղի համար։